Երգի Մը Պատմութիւնը. Զուլումաթին Նուիրուած Հայերէն Եւ Քրտերէն Երգերու Ուսանելի Խորհուրդները (Նահատակութեան 110-Ամեակի Առիթով)
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Զուլումաթ (Պասեցի Յովհաննէս) Արեւմտահայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ մեծ տարածում գտաւ հայդուկային կամ ֆետայական շարժումը: Հայդուկային շարժումը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սկսաւ 19-րդ դարու 1880-ական թուականներու կէսերուն: Անոր հարուածը ուղղուած էր ամէն տեսակի ճնշում բանեցնողներուն եւ բռնակալներուն: Մեծ մասամբ իբրեւ ճնշող եւ բռնակալ հանդէս կու գային քիւրտ ռազմական աւագանին` ցեղապետները եւ թուրք պաշտօնէութիւնը: Չհանդուրժելով լլկանքները` հայ գիւղացին ոեւէ քիւրտ աղա...



















