Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

July 1, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՛անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ` քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը:

Բողոքի այս գործողութիւնները սակայն հետզհետէ կը վերափոխուին անհնազանդութեան աւելի համարձակ նախաձեռնութիւններու: Վերջինը` Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան դէմ կատարուած պատանդառումի գործողութիւնն էր, որ յատկանշուեցաւ բռնարարքով եւ գումարի բռնափոխանցումով դէպի Թուրքիա:

Հետաքրքրական է, որ գումարային փոխանցումներու իբրեւ վայր ամէնէն շատ կը խօսուի Թուրքիոյ մասին, ուր յատուկ կեդրոններ կը գործեն Լիբանանէն դուրս եւ դէպի Լիբանան գումարներու փոխանցման արտակարգ եղանակներ կիրարկելով:

Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան մէջ պատահածը հոլիվուտեան շարժապատկերի տեսարաններ յիշեցուց, երբ դրամատան դէմ յարձակում գործողները, պատանդ վերցնելով պաշտօնեաները, պարտադրեցին բռնի գումարային փոխանցում:

Ասիկա նախադէպ է եւ կը յուշէ, որ սառեցուած հաշիւներու տէրերը կրնան գումարներու ապասառեցման նման ոճի դիմել, երբ ո՛չ հրաժարեալ կառավարութիւնը, ո՛չ Կեդրոնական դրամատունը հանգուցալուծման միջոցներ կ՛որդեգրեն` անորոշ եւ անհեռանկար կացութիւն ստեղծելով քաղաքացիներուն առջեւ:

Այս պայմաններուն մէջ աշխուժ է նման իրավիճակներու մէջ ամէնէն արագ աշխուժացող քաղաքը: Բացառապէս բնակչային աղքատութեան ամէնէն ցած աստիճանաչափին կարելի չէ վերագրել արագօրէն նման քայլերու դիմելու Թրիփոլիի մէջ բնակողներուն արարքներու մղիչ պատճառները: Աղքատութիւնը համատարած է թշուառութեան ամէնէն տխուր պատկերները պարզելով, հետեւաբար այլեւս միայն նման պատճառներու վրայ յենելով պէտք չէ բացատրել այդ քաղաքին ցուցաբերած աշխուժութիւնը այս առումով:

Թրիփոլին դրսեւորեց թէ՛ փառատօնային ոճի զանգուածային անհնազանդութիւն եւ թէ՛ հիմա կը ցուցադրէ ոճային վերափոխում դէպի աւելի համարձակ եւ բռնութեան բաղադրիչ ունեցող բողոքի գործողութիւն:

Այս բոլորին դիմաց բանակն է, որ ստանձնած է իրաւապահ մարմիններու բոլոր գործառոյթներուն իրականացման պարտականութիւնը: Մինչ ոստիկանութիւնը նոյն համբաւը չի վայելեր այլեւս միջադէպերուն վերահսկելու կամ որեւէ բողոքի տրամադրութեան առարկայացում չէզոքացնելու ուղղութեամբ: Պետական աշխատավարձերը եւս ենթարկուած են ահաւոր արժեզրկումի, ինչ որ բնականաբար կ՛ազդէ նաեւ անոնց վտանգաւոր կացութիւններ դիմակայելու  նուիրուածութեան վրայ:

Բանակը պետական հիմնական  կառոյցն է, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային վստահութիւն: Նաւահանգիստի պայթումի օրերուն բանակին վստահուեցաւ գումարներու  տրամադրումը: Շրջանցելով կառավարական բոլոր օղակները` օգնող պետութիւնները կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները բանակի հրամանատարութեան փոխանցեցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները: Բանակայիններն էին, որոնք այցելեցին մարդոց վաճառատուները, հաստատութիւններն ու բնակարանները` ուսումնասիրելու, գնահատելու եւ չափագրելու համար գործուած աւերին տարողութիւնը: Դարձեալ բանակայիններն էին, որ վաճառատուն առ վճառատուն կամ բնակարան առ բնակարան այցելելով  կատարեցին հատուցումները:

Ֆինանսական շրջափակումով պետական հաստատութիւններու կազմաքանդման գործընթացին նպաստողները, ֆինանսաւորելով եւ աջակցելով բանակին, կ՛առաջադրեն պահել երկրի համեմատական կայունութիւնը: Վերահսկել քաոսը: Ստեղծել քաոսը, ապա վերահսկել զայն:

Անհնազանդութեան շարժումները կը դրսեւորեն նոր ոճ: Ոճ, որուն նախադրեալները երեւցած էին դրամատուներու պետական հաստատութիւններու դէմ բողոքի բռնարարքային դրսեւորումներով եւ որոնք մարած էին աւելի ուշ: Հիմա կը վերաձեռնարկուին այդ բոլորը Լիբանանի տարածքին:

Պատահական չէ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը գումարէր նիստ` ապահովական միջադէպերու կանխարգիլման նախապատրաստութիւններու դիմելու որոշումը կայացնելու:

Տակաւին վերահսկելի քաոսի սահմաններուն մէջ է երկիրը: Իսկ անոր գրաւականը կը թուի, որ բանակն է գէթ մինչ այժմ:

«Ա.»

Նախորդը

Եօթը Հայ Ռազմագերիներու Վերաբերող Դիմում Ներկայացուեցաւ Եւրոպական Դատարանին

Յաջորդը

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»ի. Ուաշինկթըն Շուրջ Հազար Զինուոր Պիտի Ձգէ Աֆղանիստանի Մէջ` Իր Դեսպանատան Եւ Քապուլի Օդակայանի Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.