Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկիրը Արտերկրէն»

Յունիս 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ

«2002-ի աշնան, առաջին անգամ ըլլալով, առիթը ունեցայ Հայաստան այցելելու քանի մը շաբաթով: Իբրեւ սփիւռք ծնած-մեծցած դաշնակցական մամուլի գործիչ` ես այսպէս նկարագրած եմ այցելութիւնս ու տպաւորութիւններս, օրին, այցելութենէս քանի մը շաբաթ վերջ: Մէկը, որուն մանկութեան թէ գիտակցական կեանքին առանցքը եղած է (ու կը մնայ) Հայաստանը. ա՛յն Հայաստանը, զոր տեսած էի միայն դասագիրքերուս, լուսանկարներու, «Նահապետ»-ին ու նման ժապաւէններու կամ վաւերագրական գործերու մէջ: Մէկ խօսքով, տեսած էի միայն ոգեղէն Հայաստանը: Հիմա, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի տեսնէի իրական, շօշափելի ու ֆիզիքական աչքերով տեսանելի Հայաստանը ու զգայի անոր ուժը ներբաններէս դէպի վեր: Ես այսպէս տեսայ ու նկարագրեցի Հայաստանը»:

Թերեւս շատերու համար քիչ մը միամիտ եւ պարզունակ հնչեն այս տողերը, բայց սփիւռքի մէջ ծնած-մեծցածիս համար շա՜տ հարազատ այս պատկերով կը սկսի Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկրէն» յօդուածներու ժողովածուն:

392 էջանի գիրքը տպուած է Երեւանի «Լուսակն» հրատարակչատան մէջ եւ ունի հիմնական երեք գլուխներ. «Հայաստան», «Սփիւռք» եւ «Քաղաքական-գաղափարական»:

Միայն քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ հրապարակուած այս գիրքը, ըստ էութեան, ժամանակագրութիւն եւ իր արծարծած նիւթերով մեր վերջին տարիներու պատմութեան օրագիրը կարելի է նկատել:

Ինքնատիպ ժամանակագրութիւն է, պիտի ըսեմ, որովհետեւ արծարծուած բազմազան նիւթերը ներկայացուած են գաղափարական քուրայէ մը անցած եւ այդ գաղափարներով կոփուած, այդ գաղափարներով ապրող հայու մը, դաշնակցակա՛ն հայու ակնոցով: Սակայն գաղափարական պատկանելիութիւնը չի փակեր, չի խանգարեր յօդուածներու հեղինակին տեսողութիւնը: Եւ այս մէկը նկատելի է գիրքի երեք գլուխներու յօդուածներուն մէջ: Նոյնիսկ գաղափարական նիւթով յօդուածներուն մէջ Վ. Բրուտեան կ’ընդգծէ. «Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ հաւատամքը ոչ մէկ ատեն տոկմաթիք, քարացած վարդապետութիւն եղած են: Անոնք յատկանշուած են համաշխարհային ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային զարգացումներուն հետ քայլ պահելու, անոնց բացուած մնալու լայնախոհութեամբ»:  Կաղապարուած, քառակուսի, չոր մօտեցում չկայ, այլ` գերազանցապէս ազգային եւ պետականամէտ:

Հեղինակը հայութիւնը յուզող, հայ ժողովուրդի թէ՛ առօրեան եւ թէ՛ ապագան ձեւաւորող գրեթէ բոլոր անցուդարձերուն մասին գրած, կարծիք յայտնած եւ մտածելու մղած է: Կարկինը լայն բացուած է. ներքին եւ միջազգային կեանք, արտաքին եւ ազգային քաղաքականութիւն, ընկերային եւ տնտեսական հարցեր, լեզուական եւ մշակութային խնդիրներ եւ այլն…

Երբ գիրքը կը կարդայի, բնականաբար աւելի կանգ կ’առնէի այսօրուան մեր կեանքին մէջ աւելի ուժեղ հնչեղութիւն ունեցող երեւոյթներուն եւ միտքերուն վրայ: Օրինակ` որդեգրումը ապրիլեան պատերազմի օրագրութեան մէջ կարեւորութեամբ ընդգծուած ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ քաղաքականութեան, որուն նահանջի հետեւանքները կը զգանք մեր կեանքին մէջ` բանակէն մինչեւ արտաքին քաղաքականութիւն, մինչեւ մշակութային կեանք եւ պատմութեան ներկայացում: Այդ օրերուն առաջնագիծ այցելած յօդուածագիրը տպաւորութիւններուն հետ կը կատարէ նաեւ առաջարկներ: Օրինակ` «Երկրի ներքին մթնոլորտի բիւրեղացման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հաւաքական կամքի ամրապնդումին համար շատ օգտակար կ’ըլլայ այն, որ յայտարարուի կազմութիւնը մասնագիտական այն խումբին, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ անաչառօրէն երեւան հանել թէ՛ թերացումները, թէ՛ թերացողները եւ միաժամանակ կատարէ իր յանձնարարականները, որպէսզի ապագային առաջքը առնուի նմանօրինակ թերացումներու: Պայման է նաեւ, որ կատարուելիք յանձնարարականները գործադրուին պետական համապատասխան օղակներուն կողմէ:

«Կիրքերէ, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տրամաբանութենէ հեռու պէտք է պահուի այս գործընթացը, որպէսզի շահաւորը ըլլան միայն Հայաստանն ու հայութիւնը: Եւ ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այս գործընթացի աւարտին, ինչքան աւելի ուժեղացած դուրս կրնայ գալ Հայաստանը:

«Նաեւ պէտք չէ մտահան ընել, որ պատերազմը չէ աւարտած: Ատոր ուժգնութեան աստիճանն է միայն, որ նուազած է: Ներելի չէ պաշտպանութեան բնագաւառը քաղաքականացնել. մեր այս հաստատումը ուղղուած է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ անոր հակադրուած տարրերուն»:

Հաճելի է Վաչէի յօդուածներով շրջիլ, ծանօթանալ Հայաստան աշխարհի այս կամ այն անկիւնին, Հալէպին, Պէյրութին… Ընթերցողին ձեռքը բռնած` յօդուածագիրը մէկ հարթութեան վրայ կը քալէ աշխարհագրական այդ վայրի ճամբաներով, ուրիշ հարթութեան վրայ` կը տանի պատմութեան արահետներով:  Օրինակ` Անիի փողոցներով կը քալէ եւ ահա՛ կը հասնի Բագրատունեաց թագաւորի թագադրման պերճաշուք արարողութեան: Կարսի բերդէն կը տեսնէ երկու մեծ դաւաճանութիւնները: Աւարայրի ճակատամարտէն կը հասնի այսօրուան Մեծն Բրիտանիա եւ Աֆղանիստան ու կը վերադառնայ Նուարսակի դաշնագիրին…

Թէ՛ մեր կեանքի իրադարձութիւններու, թէ՛ նկարագրած վայրերու  մասին պատմական background-ը անպայմա՛ն կայ, եւ կը կարծեմ, որ այս մօտեցումը կը հարստացնէ մատուցուած նիւթը ու կը նպաստէ, որ ընթերցողը աւելի լաւ ընկալէ յօդուածագիրին առաջարկները: Ընթերցողը աւելի լայն գաղափար կ’ունենայ, թէ ո՛ւր է տուեալ դէպքի (կամ հարցի) արմատը, ինչո՛ւ այդպէս պատահեցաւ, կամ` հակառակը….

Միջին Արեւելքէն (աւանդական գաղութէ) Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափ հասած ըլլալու հանգամանքի դրական, եթէ կարելի է այդպէս բնութագրել, ազդեցութիւնը կա՛յ իր յօդուածներուն մէջ: Կլոպալիզմի յորձանուտին մէջ ազգայինը պահպանելու արմատական իր գիծը անչա՜փ անհրաժեշտ է այսօր մեզի, մանաւա՛նդ մեր երիտասարդութեան համար, որ շատ դիւրաւ կը շլանայ համաշխարհայնացման շղարշին տակ հրամցուած ազգակործան «արժէքներով»: Բրուտեանի յօդուածներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ թեման բոլորովին այլ վերնագիր ունի, այդ ծրագիրները շերտ առ շերտ կը բացուին, կը բացատրուին…  Այս իմաստով շահեկան օրինակ է «Քալիֆորնիոյ հայութեան ներքին դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)» յօդուածաշարքը: Այս շարքը սփիւռքագիտութեան նիւթով հետաքրքրուողներուն համար շատ լաւ խմոր է:

Բարոյախօսութիւնն ալ առկայ է այս յօդուածներուն մէջ: Քարոզ չկայ, բայց անպայմա՛ն բան մը հասկցնելու, դրական արժէք մը վեր հանելու ճիգ կայ: Յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ճիգերով կառուցուած ճամբայէն անցնելու մէկ դրուագը.

«Արցախի հիւսիս-հարաւ ճամբան կը սկսինք կտրել դէպի վեր: Ճամբան շատ սահուն է, մաքուր ու խնամուած: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանգանակած գումարներով կառուցուած է, եւ տակաւին շինարարական խումբերը կ’աշխատին, ճամբու եզերքի փայլուն նշանները կը տեղադրեն, գիծերը կը քաշեն ու նոյնիսկ կ’աւլեն եզերքները:

Սագոն յանկարծ կը դանդաղեցնէ սուրացող ինքնաշարժը ու ապա կանգ կ’առնէ: Ճամբուն երկու կողմերը արտեր են. գիւղացին իր թրաքթորով հերկած-վերջացուցած է մէկ կողմի արտը ու հիմա պիտի անցնի միւս կողմը` հերկելու: Բայց քանի որ ճամբան նոր ասֆալթապատուած է, ան երկու տախտակէ կամրջակներ կը զետեղէր ճամբուն լայնքին, որպէսզի անոնց վրայէն թրաքթորը միւս կողմ անցընէր, որպէսզի անոր ծանր թրթուրները [թրթռացումները] չաւրշտկէին նորակառոյց ճամբան: Հողը սիրելը, անոր վրայ գուրգուրալը նաեւ ա՛յս ձեւով կը պատկերանար մեր դիմաց, Արցախ աշխարհի` աշխարհէն կտրուած այս վայրին մէջ»:

Այս պահը շատերու կողմէ աննկատ կրնար մնալ, կամ` «ինչո՞ւ կը սպասենք»-ի տրամաբանութեամբ մը ջղայնութեան առիթ դառնալ: Բայց յօդուածագիրը որսացած է դրականը:

Գիրքին մէկ կողքէն միւսը անցնելու ճամբուն կ’անցնիս նաեւ մեր վերջին տարիներու իրադարձութիւններուն մէջէն: Ամենալուրջ քաղաքական զարգացումէն մինչեւ Կլենտէյլի մէջ դիտած աննշան մէկ ժապաւէնը, մինչեւ գիրքերու հրատարակութիւն, մինչեւ Շուշիի մէջ մշակութային երեկոները, մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը եւ… եւ… եւ… այս հրապարակախօս-հրապարակագիրին ուշադրութենէն չեն վրիպիր: Յիշեմ փետրուար 2011-ի «Երրորդ Համաշխարհային պատերազմը սկսա՞ծ Է արդեօք» յօդուածի վերջին պարբերութիւնը անուղղակի, բայց յստակ զգուշացում էր Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ընկերային-տնտեսական ձախող քաղաքականութիւնը, որուն ծանր արդիւնքները այսօր ալ կը կրենք, ցաւօք:

Վաչէ Բրուտեան մեր այսօրուան հրապարակագրութեան ճակատին վրայ այն քիչերէն է, որուն խօսքը կը հասնի ընթերցողին: Յաճախ ըսած եմ. «Վաչէն իր խօսելուն պէս կը գրէ, գրելուն նման ալ կը խօսի»: Արեւմտահայերէնի հանդէպ տածած մեծ գուրգուրանքը պահելով հանդերձ, չի խուսափիր ժողովրդային խօսքէն: Ու սա կ’առաջնորդէ աւելի հաճելի ու պարզ մատուցման:

Կը շնորհաւորեմ Վաչէ Բրուտեանը, որովհետեւ այս օրերուն մտածեց հայ, դաշնակցական մտքի արձագանգներու հատոր մը հայաստանցի եւ սփիւռքահայ ընթերցողին հրամցնելու մասին: Թերեւս եթէ այս յօդուածները առանձին-առանձին կարդանք, ուրիշ տպաւորութիւններ կ’ունենանք: Հոս` բոլորին մէջէն անցնող գիծը յստակ է եւ համոզիչ. ազգայինն է առաջնայինը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ Ա՞յս Կացութեան Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?