Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փանահ Ալի Խանի Հաշտութիւնը Մելիքներուն Հետ Եւ Սպանութիւնը Շիրազի Մէջ

Յունիս 30, 2021
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սիմէոն Ա. Երեւանցի`
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Իպրահիմ Խալիլ` Ղարաբաղի Խան

Գանձակի Շահվերտի խան բարեկամական մօտիկ կապեր ունէր Ջրաբերդի մելիք Հաթամի եւ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի հետ:

Շահվերտի խան Ղաջար ցեղի Զիատօղլու ընտանիքէն էր: Հայրը` Ուղուրլու խան երբ մահացաւ, եղբայրը` Մամատ խան ուզեց սպաննել զայն եւ տիրանալ խանական իշխանութեան: Շահվերտի խան փախաւ Ջրաբերդ եւ մելիք Հաթամի մօտ ասպնջականութիւն գտաւ: Յետոյ մելիք Հաթամ իր զօրքով զայն Գանձակ տարաւ եւ Մամատ խանը խեղդել տալով Շահվերտի խանը հաստատեց իշխանութեան մէջ:

Մամատ խանի դուստրն էր Ղամար Սոլթան: Գիւլիստանի մելիք Աբով Գետաշէն գիւղի մօտակայ Դուլուսու լեռներուն վրայ բանակած հովիւներու վրաններէն առեւանգած էր զայն, Գիւլիստանի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը տանելով քրիստոնեայ մկրտել տուած եւ յետոյ ամուսնացած էր հետը: Մելիք Աբովի եւ Ղամար Սոլթանի որդին էր մելիք Յովսէփ:

Շահվերտի խան վրացական զօրքերու ձեռքէն գերեվարութենէ ազատեցաւ մելիք Հաթամի եւ մելիք Յովսէփի շնորհիւ:

Շահվերտի խան, որ պարսկական արքունիքէն ճանչցուած պէյլէրպէկի էր եւ գերադաս դիրք ունէր Դերբենդի, Թափասարանի, Ղուբայի, Ճաւատի, Պաքուի եւ Թալիշի խաներէն, երախտապարտ մնաց մելիք Հաթամի եւ մելիք Յովսէփի եւ փափաքեցաւ զանոնք հաշտեցնել Փանահ Ալի խանի հետ:

Երկարատեւ պատերազմները, որոնք այնքան արիւնահեղութիւններու եւ դժբախտութիւններու պատճառ դարձած էին, սպառած էին երկու կողմերու ուժերը: Ժողովուրդը յոգնած էր շարունակական կռիւներէն եւ խաղաղութիւն կը ցանկար:

Մելիք Հաթամ եւ մելիք Յովսէփ, բոլոր հանգամանքները կշռադատելով, ընդունեցին Շահվերտի խանի հաշտութեան առաջարկը: Փանահ Ալի խան եւս համաձայն գտնուեցաւ հաշտութեան առաջարկին:

Շահվերտի խանի միջնորդութեամբ կայացած հաշտութեան գլխաւոր պայմաններն էին.

ա) Ղարաբաղի Փանահ Ալի խան տէր պիտի մնայ Շուշի բերդին.

բ) Ղարաբաղի խանը որեւէ իրաւունք չունէր միջամտելու մելիքութիւններու գործերուն.

գ) Ղարաբաղի դէմ արտաքին թշնամիներու դէմ եթէ հարկ ըլլայ պատերազմիլ, ատիկա պէտք է վճռուի ընդհանուր համաձայնութեամբ.

դ) Փանահ Ալի խան ինքնագլուխ ոչ ոքի հետ պատերազմելու իրաւունք պիտի ունենայ.

ե) Հայոց մելիքները իրենց երկիրներէն հաւաքուած տուրքերը պէտք է ի գործ դնեն տեղական պէտքերու համար.

զ) Փանահ Ալի խան Ղարաբաղի մէջ նոր նուաճումներ կատարելու իրաւունք պիտի չունենայ:

***

Փանահ Ալի խանի որդի Իպրահիմ Խալիլ աղա Ֆաթհ Ալի խան Աֆշարի կողմէ գերի տարուած էր եւ արգելափակուած Ուրմիոյ բերդին մէջ:

Փանահ Ալի խան բանակցութեան մտած էր Քերիմ խան Զանտի հետ, միացեալ զօրքերով գրաւելու համար Ուրմիան:

Քերիմ խան Զանտ, իր գլխաւոր մրցակիցները ընկճելէն ետք 1762-ին քալեց Ատրպատականի վրայ, նուաճեց Աֆշար ցեղը, Ուրմիոյ Ֆաթհ Ալի խանը եւ Խոյի Շահպազ խան Տոնպոլին եւ 1763 փետրուարին գրաւեց Թաւրիզը եւ Ուրմիան: Նոյն օրերուն Քերիմ խանի ուժերը գրաւեցին Ղարադաղը: Ֆաթհ Ալի խան, Շահպազ խան Տոնպոլի եւ Ղարադաղի Քազիմ խան անձնատուր եղան:

Քերիմ խան Զանտ Ուրմիոյ բերդին մէջ արգելափակուած Իպրահիմ Խալիլ աղան հետը Շիրազ տարաւ:

Փանահ Ալի խան, որդին ստանալու դիտաւորութեամբ, մեծ նուէրներով մեկնեցաւ Շիրազ` Քերիմ խան Զանտի մօտ:

Փանահ Ալի խան ընծաները մատուցանելով շնորհակալութիւն յայտնեց Քերիմ խանի, որդին ազատելուն համար: Քերիմ խան նուէրները ընդունեց, բայց Փանահ Ալին եւ Իպրահիմ Խալիլը իր մօտ պատանդ պահեց:

Քերիմ խան Զանտի մօտ պատանդ կը մնային նաեւ Ֆաթհ Ալի խան Աֆշար եւ իր ընտանիքը, Խոյի Շահպազ խան Տոնպոլի, Ղարադաղի Քազիմ խան եւ այլ խաներ:

Քերիմ խան Զանտ վճռեց պատանդ պահուող խաները մէջտեղէն վերցնել: Պատանդները  զգացին իրենց սպառնացող վտանգը եւ փորձեցին փախուստի դիմել, բայց չյաջողեցան: Ֆաթհ Ալի խանի դէմ մահապատիժ սահմանուեցաւ, որովհետեւ անցեալին ան սպաննած էր Քերիմ խանի եղբայր Ասքար խանը, ինչպէս նաեւ համարձակած էր ձեռք բարձրացնել Տաթեւի վանքին վրայ:

Փանահ Ալի խան խորամանկութեան դիմեց: Անոր մերձաւորները զայն դագաղի մը մէջ պառկեցուցին եւ Քերիմ խանի յայտնեցին, որ Փանահ Ալի խան մահացած է: Անոնք Քերիմ խանէն խնդրեցին, որ թոյլ տայ հանգուցեալին մարմինը, կտակին համաձայն, հայրենիք տանելու եւ հոն թաղելու: Քերիմ խան հասկցաւ խորամանկութիւնը եւ ըսաւ. «Ան իմ լաւ բարեկամն էր: Ես զայն պատիւով ու յարգանքով պէտք է յուղարկաւորեմ եւ Ղարաբաղ ուղարկեմ: Անոր մարմինը ճանապարհին կը հոտի: Հարկաւոր է փորոտիքը թափել եւ մարմինը զմռսել»:

Քերիմ խանի հրամանով դահիճները դուրս թափեցին կենդանի Փանահ Ալի խանի փորոտիքը այնպէս, ինչպէս կ՛ընեն դիակները զմռսելու համար:

Այնուհետեւ դահիճները Փանահ Ալի խանի դիակը անոր մերձաւորներուն յանձնեցին, ըսելով որ հիմա կրնաք տանիլ:

Ճակատագիրը 1763-ին այսպիսի մահ մը նախապատրաստած էր ողջ կեանքը խարդաւանքներու մէջ անցուցած, աւազակապետ դարձած երբեմնի մունետիկին. կեանքի ալիքները զայն խանի աստիճանին բարձրացուցած էին` հոնկէ իբրեւ հասարակ խաբեբայ ցած գլորուելու համար:

Փանահ Ալի խանի գերեզմանը Աղտամի մօտակայ Իմարէթի մէջ

Փանահ Ալիի մարմինը Շիրազէն Ղարաբաղ փոխադրուեցաւ: Ղարաբաղի երբեմնի խանին կտոր մը հող անգամ չէր մնացած Արցախի մելիքութիւններու տարածքէն, որ իբրեւ գերեզման ծառայէր անոր: Հարազատներ անոր դիակը Աղտամի մօտակայ Իմարէթ կոչուող վայրին մէջ թաղեցին:

***

Յովսէփ Էմին, Հայաստան այցելութենէն ետք վերադարձած էր Անգլիա: Անգլիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանէն յանձնարարական ստանալէ ետք 1761-ի աշնան ան մեկնեցաւ Պետերբուրգ, ուր վարչապետ Միխայիլ Վորոնցովի եւ փոխ վարչապետ Տմիթրի Կոլիցինի ներկայացուց Հայաստանը ազատագրելու եւ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ հայ-վրացական միացեալ պետութիւն ստեղծելու իր ծրագիրը:

Յովսէփ Էմինի գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու գաղափարները մեծապէս հետաքրքրեցին ռուսահայ մտաւորականներն ու առեւտրականները: Յովհաննէս Լազարեան եւ մոսկուաբնակ ուրիշ հայեր նիւթապէս օժանդակեցին անոր: Մուսկուայի մէջ Էմինի միացաւ անոր հեռաւոր ազգական արցախցի Մովսէս Բաղրամեան:

Էմին եւ Բաղրամեան 1763 փետրուարին դուրս ելան Մոսկուայէն եւ մեկնեցան Աստրախան: Հոն Էմին ծանօթացաւ Արցախի հերոս Աւան Իւզպաշիի կնոջ` Գոհար խանումի եւ անոր թոռնուհի Մարիամի, որուն հետ խոստացաւ ամուսնանալ եթէ յաջողութեամբ վերադառնայ Արցախէն:

Աստրախանէն, հայրենիքի ազատագրութեան համար կռուելու պատրաստ երեսուն կամաւորներու ընկերակցութեամբ Էմին եւ Բաղրամեան ճամբայ ելան դէպի Թիֆլիս, ուր հասան 1763 ապրիլի վերջաւորութեան եւ դիմաւորուեցան հայ-վրացական հեծելազօրային ջոկատի մը կողմէ:

***

Յակոբ Ե. Շամախեցի իր երեքուկէս տարուան կաթողիկոսութեան ընթացքին խաղաղ ու հանդարտ եւ վիշտերէ ազատ օր մը չտեսաւ: Աշխատութիւններէ ու տառապանքներէ յոգնած, Աւագ Ուրբաթ, 21 մարտ 1763-ին ան վախճանեցաւ: Մարմինը Սուրբ Գայեանէի վանքի բակին մէջ ամփոփուեցաւ:

Սուրբ Զատկուան տօնը անցնելէն ետք Մայր աթոռի միաբանութիւնը ձեռնարկեց նոր կաթողիկոսի ընտրութեան: Հինգերորդ նիստին ընտրուեցաւ Սիմէոն եպիսկոպոս Երեւանցի:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս օծուեցաւ 20 ապրիլ 1763-ին, Երեւման Խաչի կիրակին:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի աւանդութեան մը համաձայն Պռոշեան իշխաններու սերունդէն էր: Կրթութիւնը Մայր աթոռի հոգեւոր դպրոցին մէջ ստացած էր իբրեւ ուսուցիչ ունենալով աստուածաբան Յովսէփ վարդապետը եւ ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Շամախեցին: Տակաւին դպիր, Յարութիւն Ջուղայեցի եպիսկոպոսին մօտ Պայազիտի նուիրակութեան օգնական, իսկ սարկաւագ եղած ատեն ալ Հնդկաստանի նուիրակութեան օգնական եղած էր: 1747-ին Էջմիածին վերադարձած եւ վարդապետ ձեռնադրուած էր: Այնուհետեւ անցած էր Պոլիս, Երուսաղէմ ուխտի գացած էր եւ 1752-ին վերադարձած Էջմիածին: Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի կաթողիկոսէն 1754-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր: Իբրեւ Էջմիածնի նուիրակ 1755-ի վերջաւորութեան մեկնած էր Պոլիս եւ 1763-ին վերադարձած Էջմիածին:

Սիմէոն Ե. Երեւանցի ճանչցուած էր իբրեւ հեզ, բարեբարոյ եւ աղօթասէր հոգեւորական: Անոր ընտրութիւնը համահունչ էր երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին: Ան արդէն մեծ համբաւ ունեցող գործիչ էր եւ ընդունելի բոլորին համար: Ան անձնական լաւ յարաբերութիւններ ունէր թէ՛ օսմանեան եւ թէ՛ Երեւանի պարսկական իշխանութիւններուն եւ թէ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին հետ:

Սիմէոն Ա. Երեւանցիի ընտրութեամբ փոխուեցաւ կաթողիկոսներու ընտրութեան հարցին մէջ Պոլսոյ որոշիչ դերը: Անցեալին, օսմանեան իշխանութիւնները աշխուժօրէն կը միջամտէին կաթողիկոսներու ընտրութեան, եւ այդ ընտրութիւնները առաջին հերթին Պոլսոյ մէջ կը կատարուէին: Այս անգամ, պայմանաւորուած նաեւ քաղաքական փոփոխութեամբ, ընտրութեան հարցին մէջ վճռորոշ դեր ունեցան պարսկական իշխանութիւնները եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր:

Կաթողիկոսական օծումէն անմիջապէս ետք Սիմէոն Երեւանցի պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երեւանի Հիւսէյն Ալի խանին, իսկ հայ հոգեւորականները ուղերձ յղեցին Հերակլ Բ. թագաւորին:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի համոզուած էր, որ օտար լուծերու տակ տուայտող հայ ազգի փրկութեան միակ տապանը ազգային եկեղեցին է: Այդ համոզումով ան որոշեց բարձր պահել ամենայն հայոց ընդհանրական հայրապետութեան հեղինակութիւնը, ունենալ մէկ գերագահ կաթողիկոս եւ զօրացնել Էջմիածնի տնտեսական եւ քաղաքական նշանակութիւնը: Ան ամէն ջանք գործադրեց նուազեցնելու Պոլսոյ պատրիարքութեան դերը, մասնակցութիւնը եւ ազդեցութիւնը հայ հոգեւոր կեանքին մէջ:

***

Փանահ Ալի խան ամուսնացած էր Քեպիրլիներու Հաճի Սահլիալի բէկի դստեր հետ. ունէր նաեւ այլ կիներ: Որդիներն են` Իպրահիմ Խալիլ, Մեհրալի, Թալեպխան, Քելպալի, Աղասի, Ալիմատաթ, Նասէր եւ Ալիփաշա:

Իպրահիմ Խալիլի գերեվարութենէն եւ Փանահ Ալի Խանի Շիրազ ուղեւորութենէն ետք Մեհրալի ինքզինք Ղարաբաղի խան հռչակած էր:

Քերիմ խան Զանտ, Փանահ Ալի խանի սպանութենէն ետք, մտածելով որ իր մօտ գտնուող Իպրահիմ Խալիլ աւելի հաւատարմութեամբ կը ծառայէ Պարսկաստանի քան խորամանկ հայրը, անոր խանութեան աստիճան շնորհեց եւ ուղարկեց Ղարաբաղ:

Մեհրալի չուզեց ճանչնալ եղբօր աւագութեան իրաւունքը եւ իր շուրջ համախմբեց դաշտային Ղարաբաղի քոչուոր շարք մը ցեղախումբեր:

Շուշիի խանական պալատը

Իպրահիմ Խալիլ խան իր կողմը գրաւեց Շուշիի բնակիչները: Միաժամանակ, կողմնակիցներ շահելու եւ եղբօրը չէզոքացնելու համար ամուսնացաւ աւարներու Ումմա խանի քրոջ հետ:

Իր կարգին Մեհրալի դաշինք կնքեց Ումմա խանի թշնամի Ղուբայի Ֆաթհ Ալի խանին հետ:

Մեհրալի գրաւեց Ղարաբաղի դաշտային շրջանները եւ սպասեց իր դաշնակիցին, որպէսզի յարձակի Շուշիի վրայ: Բայց այդ ժամանակ Մեհրալիի ուժերը յարձակման ենթարկուեցան ու ջախջախուեցան: Ժառանգական վէճը այսպիսով լուծուեցաւ յօգուտ Իպրահիմ Խալիլ խանի:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները
Պատմական

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?