Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայրապետական Մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 26-րդ Տարեդարձին Առիթով
Թեհրան
27 յունիսին, յընթացս Ս. պատարագին, Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք` ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով:
Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան նախագահեց եւ այս առիթով իր պատգամը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յորդորեց ներկաները աղօթելու Արամ Ա. կաթողիկոսի արեւշատութեան եւ առողջութեան համար` շեշտելով, որ կաթողիկոսին համար Աստուածային իմաստութիւն, շնորհներու եւ կարողութեան հայցումը ազգին հովուելու ազդակներէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը անցնող 26 տարիներուն իր կեանքին առանցքը դարձուց իր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ ծառայութիւնը: Գործընթաց մը, որ դեռ կը շարունակուի ի խնդիր իր բանաւոր հօտին ապահովութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը կոչ ուղղեց, որ բոլորը վեհափառին կողքին կանգնին` վաւերապէս եւ իրապէս տէր ըլլալու համար մեր ժողովուրդին:
Նոր Ջուղա
Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, 27 յունիսին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան, օծման եւ գահակալութեան 26-ամեակին առթիւ:
Հայրապետական մաղթանքէն ետք սրբազան հայրը իր, եկեղեցականաց դասուն եւ թեմի ժողովականութեան ու ժողովուրդին անունով շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց հայրապետին` մաղթելով անոր առողջութիւն եւ ամենաբարին:
Այս բարեբաստիկ առիթով կիրակնօրեայ Ս. պատարագի ընթացքին Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Ատրպատական
27 յունիսին Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին Հայրապետական յատուկ մաղթանքով հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձը:
Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով, պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռի կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգի կեանքին մէջ, որուն ժամանակակից պատմութեան 26 տարիները եղան եւ կը շարունակեն ըլլալ աննախընթաց ներդրում` Արամ Ա. կաթողիկոսի բազմաբեղուն գահակալութեամբ: Ան հաստատեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս անունը կը նշանակէ բաշխուող նուիրում եւ անսպառ ծառայութիւն` շեշտելով, որ վեհափառը երբեք տարբերութիւն չի դներ իր իշխանութեան ներքեւ գտնուող թեմերուն մէջ ապրող զաւակերուն միջեւ, ըլլան անոնք աղքատ թէ հարուստ, հանգամանաւոր թէ պարզ հաւատացեալներ, այլ` բոլորը կը սիրէ իր հայրական ջերմ սրտէն բխած անկեղծ սիրով:
Յայտնենք, որ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս, Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք:
Միացեալ Նահանգներ
Գուրգէն Սարգիսեանի «Իմ Յուշերը (1914-1921)» Գիրքի Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին, 13 յունիսին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութեան` Գուրգէն Սարգիսեանի «Իմ յուշերը (1914-1921)» երկլեզու հատորին ներկայացումը, զոր կատարեց առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ հատորին խմբագիրն ու թարգմանիչն է: Հայերէն ու անգլերէն իր խօսքին մէջ բանախօսը անդրադարձաւ հատորի պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն` յայտնելով, թէ 1970-ական թուականներէն անաւարտ եւ անտիպ մնացած ձեռագիրը զինք անակնկալի բերած էր, հանդիպելով դէմքի մը, որուն վաստակը մոռացութեան մատնուած էր, եւ որուն յուշագրութիւնը, իր անաւարտ վիճակով հանդերձ, ուշադրութեան արժանի էր: «Հեղինակին ինքնատիպ մանրամասնութիւնները այդ ժամանակաշրջանին մասին,- յայտնեց դոկտ. Մատթէոսեան, ափսոսալ կու տան, որ ան չէ ամբողջացուցած 1921-էն ետք իր կեանքի նկարագրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր թատերական աշխատանքը, Փրակայի համալսարանի ուսանողական շրջանը, ռումանահայ համայնքին մէջ գործունէութիւն եւ Սիպերիոյ մէջ անցուցած աքսորի դաժան ժամանակաշրջանը»: Ան դիտել տուաւ, թէ հատորին տեղեկութիւններու ճոխութիւնը կը պարտադրէր մանրակրկիտ աշխատանք մը թէ՛ հեղինակին կենսագրութիւնը վերականգնելու, եւ թէ բնագիրը ծանօթագրելու համար: Մէկ հատորի մէջ ամփոփուած են հայերէն բնագիրը եւ անգլերէն թարգմանութիւնը, այդ ժամանակաշրջանին Արեւելեան Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հեղինակին թոռնիկը Վիքթոր Սարգիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին` սոյն հատորի հրատարակութեան նախաձեռնութիւնը ստանձելուն, ինչպէս նաեւ դոկտ. Մատթէոսեանին` հատորի հրատարակութիւնը գիտական մակարդակով իրագործելուն համար:
Առաջնորդ սրբազանը եզրափակիչ իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Գ. Սարգիսեանը` իբրեւ մեր անցեալի խոնարհ հերոսներէն մին, որ իր պարտքը կատարած էր հայրենիքին հանդէպ, նաեւ գնահատեց դոկտ. Մատթէոսեանի կատարած բծախնդիր աշխատանքը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Համազգայինի Պատուիրակութիւն Մը
Չորեքշաբթի, 23 յունիսին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ընդունեց Համազգայինի արեւելեան շրջանի նորընտիր Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեան, գանձապահ Հուրի Սամուէլեան, խորհրդականներ Վարդիվառ Քէշիշեան եւ Մարուշ Նայկօ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորընտիր վարչականները եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ աշխատանքներուն մէջ: Համազգայինի գործունէութիւնը եւ առաջնորդարանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննուեցան հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան` Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան` Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ եւ Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեան` առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն:
Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին Նուիրուած Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Սիաթըլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող «Հայ տուն» կեդրոնին, 12 յունիսին տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Գրական երեկոյի բացումը կատարեցին Ս. Յարութիւն վարժարանի աշակերտները` ասմունքելով Շ. Ազնաւուրի հայերէն թարգմանուած բանաստեղծութիւնները, իսկ ջութակահար Գայիանէ Գրիգորեան եւ կիթառահար Մհեր Աբրամեան իրենց կատարումներով արժեւորեցին տաղանդաշատ երգահանին համամարդկային արուեստը: Մարիանա Ղազարեան Ազնաւուրի կատարմամբ Սայաթ Նովայի «Ես քո ղիմեթը» երգի հնչիւններու ներքոյ ներկայացուց նազպար մը, իսկ Ֆրանց, Սոնա, Արմենակ եւ Անի Բդոյեաններ հանդէս եկան Ազնաւուր-էտիթ Փիաֆ ստեղծագործական զոյգի պոհեմական պատմութիւնները ներկայացնող բեմադրութեամբ:
Երեկոյին համացանցային ուղիղ կապով միացաւ անուանի երգիչ Մարթին Եորկանզ, որ Ազնաւուրի մեծագոյն երկրպագուն է, եւ որուն երգացանկին մէջ միշտ ներառուած են Ազնաւուրի երգերը: Ան ողջունեց Սիաթըլի հայութիւնը` նկատել տալով, որ մեր ժողովուրդին համար այս դժուարին ժամանակներուն ողջունելի է այն, որ չենք կորսնցուցած արուեստի նկատմամբ սէրը, որ կը շարունակենք ապրիլ եւ ապրեցնել մեր ժողովուրդի տաղանդաշատ զաւակները` վկայ մեծանուն հայուն Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած երեկոն: Եորկանզ նաեւ մեկնաբանեց Ազնաւուրի առաջին երգերէն «Իլ Ֆօ Սավուար»-ը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ` Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, յայտագիրին մասնակից աշակերտներուն, արուեստագէտներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ կեանքի կոչուած էր այդ հանդիսութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ գիրը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու երգը միշտ եղած են, կան եւ կը մնան իբրեւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ նկարագիրի երաշխիք:
Սպանիա
Սեւան Ղարիբեան Պարգեւատրուեցաւ Սպանիոյ Թագուհիին Կողմէ
22 յունիսին Սպանիոյ Սոֆիա թագուհիին անուան բարձրագոյն երաժշտական դպրոցի ուսանող Սեւան Ղարիբեան հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին Սպանիոյ Սոֆիա թագուհիին կողմէ արժանացաւ «Լաւագոյն ուսանող» վկայականին:
Յայտնենք, թէ Սեւան Ղարիբեան «Ալպենիս» հիմնարկի կրթաթոշակառու է եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու դափնեկիր:
Նոր Ջուղա
Կրէթա Յովհաննէսեան` Սպահանի Միջնակարգ Դպրոցներու Լաւագոյն Ուսուցչուհի
Նոր Ջուղայի մէջ հասակ առած, միջնակարգ դպրոցներու անգլերէն լեզուի դասատու Կրէթա Յովհաննէսեան ճանչցուած է որպէս լաւագոյն ուսուցիչ` Սպահանի միջնակարգ դպրոցներու մակարդակով: Յովհաննիսեան` մասնակցելով «Ուսուցիչներու վարքային որակներու բացայայտումն ու ծանօթացումը` ուսուցման եւ վերապատրաստման համապարփակ համակարգում» մրցութային ձեռնարկին այս ծիրին մէջ սահմանուած չափորոշիչներու հիմամբ գնահատուած է որպէս լաւագոյն ուսուցչուհին` նահանգի միջնակարգ դպրոցներու մակարդակով:
Կրէթա Յովհաննէսեան 2006 թուականէն որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի կը գործէ Սպահանի ուսումնա-դաստիարակութեան 2-րդ շրջանի հիմնարկի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ եւ անցնող ուսումնական տարեշրջանին դասաւանդած է «Ռահմաթ 2» եւ «Ֆարզանեգան Ամին» փայլուն տաղանդներով աշակերտներու միջնակարգ աղջկանց դպրոցներուն մէջ:
Ան իրանական 1393-94 եւ 1396-97 ուսումնական տարեշրջաններուն, մասնակցելով «Ռոշդ»-ի անուան ներքեւ կազմակերպուած ելեկտրոնային բովանդակութեան ստեղծման փառատօնին` լաւագոյնս ճանչցուած է Իրանի մէջ:
Վրաստան
Քննարկուեցաւ «Ապագայ Հայկականը» Հանրային Նախաձեռնութեան Տեսլականը
Օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի, 22 յունիսին «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, «Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում նախագիծի համաֆինանսաւորող «Հայաստանի զարգացման հիմնադրամ»-ի եւ «Աւրորա» բարեսիրական նախագիծի համանախագահ Ռուբէն Վարդանեանի հետ: Առցանց հանդիպումը վարԵց հասարակական գործիչ Լեւոն Չիդիլեան:
Հանդիպումը կը նպատակադրէր «Ապագայ հայկականը» նախագիծի քննարկում թիֆլիսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագիծը կը ներառէ այն 15 կէտերը, որոնք կ՛ուրուագծեն մինչեւ 2041 թուականը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան զարգացման, Հայաստանի եւ հայկականի հզօրացման ուղղուած ծրագրային ուղղութիւնները:
Ռուբէն Վարդանեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Արցախեան պատերազմին, մայր հայրենիքի տնտեսական, մշակութային, կրթական համակարգի եւ այլ մարզերու զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ նախագիծի իրականցման համար համայն հայութեան ներուժի ընդգրկման:
Ռուբէն Վարդանեան խոստացաւ մօտիկ ապագային այցելել Թիֆլիս եւ հանդիպում ունենալ թիֆլիսահայ համայնքին հետ: