Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք-Ազերիին Առհաւական (Atavique) (Չ)Բարոյական Աւազակի Անցագիրը

Յունիս 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Յ.

Քաղաքական մեծ տեսութիւններէն, բանակցութիւններէն, միջազգային յարաբերութիւններու ներկայացումէն պահ մը պէտք է հեռանալ եւ տեսնել մարդոց ու ժողովուրդներու առհաւական նկարագիրը, հասկնալու համար անոնց վերաբերումը բարոյականի, իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ… քաղաքականութեան հանդէպ:

Այսօր, երբ Հայաստան կը քուէարկէ եւ կը ներկայացնէ պատկերազարդ անհասկնալի եւ անընդունելի տեսարաններ, համացանցի վրայ հանդիպեցայ «Ժողովուրդ» թերթի18 յունիսի հրապարակած շատերու կողմէ մանրուք համարուելիք զաւեշտա-ողբերգական տեղեկութեան մը:

Ազրպէյճանցինները Հայաստանի սահմաններէն ներս անարգել կը թափանցեն` այս անգամ յագեցնելու համար իրենց յափշտակողի առհաւական (atavique) սովորութիւնը եւ անասուն կը գողնան, կ’առնեն, կը տանին: Քաղաքակիրթ երկիրներու բարի-միամիտ մարդիկ կրնան բացագանչել` «ո՞ր դարը կ’ապրինք» եւ կ’երթան իրենց բանին: Նաեւ` քաղքենիացած հայերը:

Այս մասին խօսած է պատգամաւոր եւ թեկնածու Թագուհի Թովմասեան:

Ո՛չ տեսութիւն, ո՛չ ընտրական ճառ:

Հայ գիւղացին եւ անասնապահը կը գտնուին ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ, անոնք անզէն են ազրպէյճանցի զինուորներու կամայականութիւններուն դէմ:

Այս մանրամասնութեամբ չեն զբաղիր ո՛չ ռուս սահմանապահները, ո՛չ Եւրոմիութիւնը, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը: Անոնք գործ-բան ձգած` կովի, հորթի եւ ձիու գողութեա՞մբ պիտի զբաղին:

Բայց Թագուհի Թովմասեան խօսած է, թերթն ալ գրած է. լաւ կ’ըլլայ, որ հայ ընթերցողն ալ իմանայ, գէթ ան իմանայ հասկնալու համար, թէ ո՛վ է իր դրացին, որո՛ւ հետ դատապարտուած է ապրելու, որու հետ սիրաբանութիւն խաղցողներ կան:

Կ’ենթադրեմ, որ Հայաստանի ղեկավարները արդէն գիտեն:

Թագուհի Թովմասեան ըսած է. «Մինչ իշխանութիւնը, մրցակիցներին մուրճով վախեցնելով, քարոզարշաւ է իրականացնում, երէկ ազրպէյճանական 9 զինծառայող գողացել են Վերին Շորժայի արօտավայրի հովուի կովը եւ նոր ծնուած հորթը»… Թերթը կ’աւելցնէ. «Պատգամաւորն ահազանգում է` ազրպէյճանական զինծառայողները կատարում են բացայայտ յանցաւոր արարքներ` Հայաստանի քաղաքացիական բնակիչներին կեանքի եւ այլ կենսական իրաւունքներից, անասնապահութեամբ զբաղուելու եւ ընտանիքի եկամուտը վաստակելու հնարաւորութիւնից զրկելու դիտաւորութեամբ»:

Կը կարդանք նաեւ. «ArmLur.am-ի պարզ հաշուարկով, օրինակ, կութեցիները կորցրել են 32 միլիոն 400 հազար դրամի խոշոր եղջերաւոր անասուն, իսկ եթէ հաշուարկենք այն, որ իւրաքանչիւր ընտանիք մէկ օրում մէկ կովից ստանում էր 3000 դրամի եկամուտ, կորուստները զգալի չափերի են հասնում. այն գերազանցում է 3 միլիոն դրամը»:

Հաշուապահական պատկեր. «Մէկ գլուխ ձիու արժէքը մօտ 250 հազար դրամ է. Կոռնիձորում առեւանգուած ձիերի ընդհանուր արժէքը մօտ 1,5 միլիոն դրամ է»:

Հարցում. Ռուս խաղաղապահները եւ Մինսքի խումբի համանախագահները այս գողութեան հատուցումը ինչպէ՞ս պիտի պահանջեն Ազրպէյճանէն եւ ինչպէ՞ս հայ գիւղացիին վերադարձնեն, որպէսզի ան չթշուառանայ: Հայ գիւղացին պետական թոշակով չ’ապրիր եւ մեծ ընկերութիւններէ դիվիդենտներ չի ստանար:

Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէ հայ անասնապահը, հովիւը, հողի տէր բնիկը: Գրասենեակներու մէջ նստած եւ քարտէսներու վրայ սահման գծող, դելեմիտացիա-դեմարկացիա խաղցողները, հայ թէ օտար, բարեկամ եւ թշնամի, պատասխան մը ունի՞ն այս պարզ մարդկային հարցումին:

Այս անտառի օրէնքի նախնականութիւնը կը յիշեցնէ, կը յիշեցնէ՞, կը յիշե՞նք օսմանի լուծին տակ իրենց բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ ապրած հայերուն անցեալը, որ կը կրկնուի, կը շարունակուի միջազգային հանդիսատեսներու աչքին առջեւ, եւ այս անգամ` մեր մեղսակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ:

Հայ ժողովուրդին համար քաղաքական իրաւ բովանդակութեամբ (ոչ տեսաբանական շատախօսութեամբ) օրակարգ կը դառնա՞ն «Հայաստանի քաղաքացիական բնակիչներին կեանքի եւ այլ կենսական իրաւունքներից, անասնապահութեամբ զբաղուելու եւ ընտանիքի եկամուտը վաստակելու հնարաւորութիւնից զրկելու դիտաւորութեամբ» գործուող մեծ կամ պզտիկ չարագործութիւնները:

Հարցը քանի մը եղջերաւոր անասունի պաշտպանութիւնը չէ, այլ` ժողովուրդի մը իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը:

Կրնա՞նք այս պզտիկ համարուող կենսական խնդիրը փոխադրել միջազգային բեմ եւ իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչած մեծերը, մանիթուները եւ կուրուները կանգնեցնել իրենց բարձրագոչ պատասխանատուութիւններուն առջեւ:

Նաեւ` անոնց ներսի եւ դուրսի հայ կախարդի աշկերտները… որոնք ընտրութիւն կը խաղան յոյսի, յուսալքման եւ իշխանատենչութեան ալիքներուն վրայ, surf կ’ընեն, բայց գողցուած կովը, անոր հորթը եւ ձին կը մնան սահմանին միւս կողմը, մինչեւ որ օր մը այդ սահմանն ալ չմնայ:

20 յունիս 2021, Փարիզ

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Յաջորդը

Ընտանիք Մը Տուն Կ՛ուզէ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?