Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կովկասի Մէջ Միացեալ Նահանգներուն Համար Գետնի Ականներ կը Վխտան – Ազրպէյճանը Հարուստ Է Դիւանագիտական Կարելիութիւններով, Հայաստանը Կը Կնճռոտէ Խնդիրը» (1)

Յուլիս 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս է խորագիրը Ուոլթըր Ռասըլ Միիտի (2) Պաքուէն ղրկած 21 յունիս 2021-ի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի «Համաշխարհային դիտակէտ» սիւնակին, որ կը վերլուծէ արտաքին քաղաքականութեան ընթացիկ զարգացումները` կիզակէտ ունենալով ամերիկեան ռազմավարութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը: Սիւնակը կայքէջին մէջ լոյս կը տեսնէ ամէն երկուշաբթի երեկոյ եւ թերթին մէջ կը տպուի երեքշաբթի: Ստորեւ` թարգմանութիւնը:

1.- Յօդուածին նկարը` Պաքու:

«Ազրպէյճան շաբաթ օր 15 հայ ռազմագերիներ ազատ արձակեց` նախորդ աշնան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին իր վերագրաւած տարածքին 97.000 հայկական ցամաքային ականներու քարտէսին դիմաց: Այս մէկը ողջունելի նշան մըն էր, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը Կովկասի մէջ ներկայ է եւ առողջ:

«Երկուշաբթի` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յաղթանակը արտակարգ ընտրութիւններուն կը թելադրէ, որ դիւանագիտութեան պատուհանը բաց կը մնայ: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշ պիտի ըլլայ իր քայլերուն մէջ: Մեծաթիւ աշխարհաքաղաքական ականներ մնացած են, եւ ամերիկացի դիւանագէտները, որոնք օգնեցին կարգադրելու (գերիներուն*) փոխանակումը, կրնան իրենց ասպարէզին վերջ տուող պայթումներ յառաջացնել, եթէ սխալ շարժում մը կատարեն:

«Կովկասը մէկն է այն բարդ, հեռաւոր, սակայն ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջաններէն, զորս ամերիկացիները յաճախ կ՛անտեսեն: Այդ միակ ելքն է, ուրկէ քարիւղն ու կազը կրնան Կեդրոնական Ասիայէն հասնիլ Արեւմուտք` առանց Ռուսիոյ կամ Իրանի հողերէն անցնելու: 1990-ին Հարաւային Կովկասի նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները իրենց անկախութիւնը հռչակելէն ետք, Վրաստանի մէջ բազմաթիւ բախումներ տեղի ունեցան, երկու` Ռուսիոյ` Չեչենիոյ անհանգիստ շրջանին մէջ, եւ երկու` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ` Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին շուրջ, որ բնակուած է հայերով, սակայն միջազգայնօրէն ճանչցուած (իրա՞ւ*) իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

«Կովկասեան հակամարտութիւնները համեմատութենէ դուրս ազդեցութիւն կրնան ունենալ համաշխարհային կարգին վրայ: 1999-ին Չեչենիոյ երկրորդ պատերազմը օգնեց Վլատիմիր Փութինին` Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկը ամուր կերպով իր հակակշիռին տակ առնելու: (Ռուսիոյ*) 2008-ին Վրաստանի վրայ յարձակումը սկիզբն էր  Պաղ պատերազմէն ետք Ռուսիոյ համաշխարհային կարգին դէմ մարտահրաւէրին: Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմը, երբ ազերի բանակը զինուած էր թրքական եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերով, պարտադրեց խայթող անկում մը` Հայաստանի` ռուսական զինամթերքով մատակարարուած բանակին, որ նաեւ փոփոխութիւն մտցուց աշխարհաքաղաքականութեան մէջ, երբ բարձր արհեստագիտութեամբ անօդաչու թռչող սարքերով պատերազմը որոշիչ դերակատարութիւն կ՛ունենայ փոքր ուժերու հակամարտութիւններուն մէջ:

«Կովկասեան քաղաքականութեամբ զբաղող Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներուն խնդիրը այն է, որ ամերիկեան արժէքներն  ու ամերիկեան շահերը կրնան Ուաշինկթընը տանիլ տարբեր ուղղութիւններու*: Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներուն կապերը ամուր են եւ խորունկ: 19-րդ դարուն ամերիկացի միսիոնարներն ու մանկավարժները սերտօրէն կապուած էին Օսմանեան կայսրութեան հայ համայնքներուն հետ, եւ  Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամենալուրջ եւ սրտաճմլիկ վկայութիւնները մեզի հասած են ամերիկացի միսիոնարներէն, որոնք ականատես եղան 1915-ին իրենց ծանօթներուն եւ աշխատակիցներուն ջարդին` սպանութեան:

«Միացեալ Նահանգներուն մէջ գտնուող հայկական սփիւռքի մեծ համայնքը վառ կը պահէ յիշողութիւնը, եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր ամերիկահայերը աշխուժօրէն աջակցած եւ ջատագովն են իրենց պայքարող հայրենիքին: Գործնականօրէն Ուաշինկթըն չի կրնար կովկասեան քաղաքականութիւն մը վարել, որ կ՛անտեսէ ամերիկահայերուն եւ քրիստոնեայ դաշնակիցներուն մտահոգութիւնը:

«Միեւնոյն ժամանակ Ազրպէյճանը չափէն աւելի կարեւոր է* անտեսուելու համար: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը օրական մէկ միլիոն տակառ քարիւղ կը մղէ դէպի Եւրոպա եւ Իսրայէլ*: Թուրքմենիստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յունուարին գոյացած համաձայնութիւնը` Կասպից ծովու «Տոսթլուխ»-ի քարիւղի եւ կազի դաշտերու միացեալ շահագործումին, խողովակաշարին կարեւորութիւնը կը մեծցնէ:

«Ազրպէյճանը նաեւ միակ երկիրն է, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ սահման ունի, եւ` գերակշռօրէն շիի բնակչութեամբ, կը վայելէ սերտ ու բարեկամական յարաբերութիւններ Իսրայէլի հետ*: Ազերիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի  ժամանակակից Իրանի մէջ: Իրանի եւ Ազրպէյճանի ազերիներուն միջեւ մշակութային եւ տնտեսական սերտ կապերը կարեւոր նշանակութիւն ունին արեւմտեան պետութիւններուն համար, որոնք տեղեկութիւններ կ՛ուզեն հաւաքել Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ այլ զգայուն հարցերու վերաբերեալ: Ազերի պաշտօնատարներ բացայայտօրէն կը խօսին Արեւմուտքին հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու մասին:

«Մինչ այդՀայաստանը մէջընդմէջ կը վայելէ սերտ յարաբերութիւններ Մոսկուայի եւ Թեհրանի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին Ռուսիան Իրանի վրայով կը մատակարարէր Հայաստանը, որուն պատճառով ցոյցեր տեղի ունեցան իրանցի ազերիներուն կողմէ` ահազանգի մատնելով Թեհրանի իշխանութիւնները: Անցնող աշնան հակամարտութենէն ետք Քրեմլինը իր հսկողութիւնը աւելի խստացուցած է Հայաստանի վրայ: Ինչպէս յաճախ պատահած է, երբ քրիստոնեայ հայերը անցեալին պաշտպանութեան համար աղաղակած են, միայն Մոսկուան ընդառաջած է: Ռուս խաղաղապահներն ու անոնց սպառնալիքն են մի՛այն, որ ետ կը մղեն Ազրպէյճանը` ամբողջացնելու Ղարաբաղի վերագրաւումը:

«Եթէ Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւնը չըլլար, Ազրպէյճանը, որ Հայաստանէն երեք անգամ աւելի բնակչութիւն ունի եւ 3,5 անգամ աւելի ներքին համախառն արդիւնք, կրնար դառնալ Միացեալ Նահանգներու` Կովկասի քաղաքականութեան կեդրոնը, նոյնիսկ եթէ մարդու իրաւունքներուն եւ փտածութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները ժամանակ առ ժամանակ կը խաթարէին յարաբերութիւնները: «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ը Ազրպէյճանը դասաւորած է «ոչ ազատ» եւ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընըլ»-ը 180 երկիրներէն 129-րդ դիրքը` փտածութեան մէջ (երբ առաջին դիրքը զերօ փտածութիւն է*):

«Մինչ Միացեալ Նահանգները Աֆղանիստանէն կը քաշուին եւ կը նուազեցնեն իրեց ուժերը Միջին Արեւելքի մէջ, ան պէտք ունի բնիկ դաշնակիցներու, որոնք կը պաշտպանեն Ամերիկայի շահերը*: Ազրպէյճանը առաջիններէն է, որ թէ՛ կը փափաքի եւ թէ՛ ալ կարող է օժանդակելու: Առանց հայերը օտարելու` Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելը դժուար է, սակայն Ուաշինկթըն ունի անհամատեղելի դաշնակիցներ կառավարելու երկար պատմութիւն: Հարաւային Քորէա եւ Ճափոն, Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա` ամերիկացի դիւանագէտները մասնագիտացած են «կատուներ արածեցնելու» համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր:

«Բանտարկեալներուն անցեալ շաբթուան ազատ արձակումը երկու երկիրներուն հետ աշխատելու ողջունելի հնարաւորութիւն կու տայ: Յոյսով եմ, որ Պայտընի վարչակազմը կրնայ հիմնուիլ այս յաջողութեան վրայ` Կովկասը աւելի խաղաղ եւ Ռուսիոյ կողմէ նուազ խոցելի դարձնելու»:

Եզրակացութիւն

Ա.- Արդէն խորագիրը կը հաստատէ, որ Հայաստանը կը «կնճռոտեցնէ»` խանգարիչ տարր է Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան ռազմավարութեան մէջ եւ ինքնին որեւէ արժէք չի ներկայացներ` ի բացառեալ 19-րդ դարուն միսիոնարական վկայութիւններն ու այժմու ամերիկահայերուն քարոզչական աշխատանքը: Ուրեմն լռելեան կերպով կը յանձնարարէ.

  1. Մոռացութեան մատնել ցեղասպանութիւնը եւ
  2. Քայքայել հայկական լոպին:

Բ.- Ամերիկեան արժէքներն ու քաղաքական բարոյականութիւնը մի՛այն իրենց թշնամիներուն համար են` հակառակ Ազրպէյճան ոչ ազատ` բռնապետութիւն ըլլալուն եւ փտածութեան շատ բարձր ցուցանիշ ունենալուն, ըստ հեղինակին, Ամերիկան պէտք է դաշնակցի անոր հետ, քանի որ քարիւղ, կազ եւ խողովակաշար ունի:

26 յունիս 2021

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները իմս:

(1).- https://www.wsj.com/articles/land-mines-for-u-s-abound-in-the-caucuses-11624313860?st=e550fsl4ee1817n&reflink=article_email_share

(2).- Walter Russell Mead

Ուոլթըր Ռասըլ Միիտը Հատսըն հիմնարկի ռազմավարութեան եւ պետական գործի մասնագէտ է, «The Wall Street Journal» – ի «Global View»-ի յօդուածագիր եւ Արտաքին գործերու ու մարդկային գիտութիւններու դասախօս է ՆիւԵորքի Պարտ քոլէճին մէջ:

Ան նաեւ Իտալիոյ Ասփեն հիմնարկի եւ խորհուրդի անդամ է: Նախքան Հատսընին միանալը, Միիտը արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ էր, իբրեւ Հենրի Քիսինճըրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան աւագ գիտաշխատող: Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու: Իր յաջորդ գիրքը վերնագրուած է «Ուխտի կամարը. Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ եւ հրեայ ժողովուրդի ապագան»:

 

Նախորդը

«Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի 60 Փոքրիկներ Յաջորդ Տարի Մուտք Կը Գործեն Մանկապարտէզ

Յաջորդը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտընի Կրօնական Ազատութեան Խորհրդականը Այցելեց Անթիլիաս

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?