Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Պատմաբան Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ

Յունիս 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հայոց ցեղասպանութեան հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի համաքաղաքացի` արտահանցի թուրք պատմաբան Ճանտան Պատեմը զրուցակից հիւրն էր «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հանրային հերթական առցանց զրոյցներու շարքի (քանի)-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ին, Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ:

Լեհահայ եւ ընդհանրապէս հայկական նիւթերու նուիրուած առցանց «Իմ Հայաստան, իմ հայեր» հարցազրոյցները, որոնք գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը ներկայացուին, կազմակերպուած են Լեհաստանի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կողմէ:

Լեհաստանի մէջ առաջին հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 21 սեպտեմբեր 2019-ին, Քրաքովի մէջ: Այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ հեղինակութիւն վայելող «Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիա»-ի կառուցուածքի մէկ ստորաբաժանումը:

Օրուան անգլերէն լեզուով հարցազրոյցի զրուցավարն էր Եակելոնեան համալսարանի դասախօս եւ Հայ մշակոյթի կեդրոնի գիտաշխատողներէն պատմաբան դոկտ. Եագուպ Օշեցքին, որ հանրածանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան, արցախեան հակամարտութեան, հայատեացութեան քաղաքականութեան դէմ հայանպաստ աշխատանքով եւ իր տուած դասախօսութիւններով` Քրաքովի, Վարշաւայի, Պրիւքսելի մէջ եւ այլուր:

Պատեմի հայոց լեզուին ծանօթ ըլլալը նպաստած է անոր` հայկական աղբիւրներու ուսումնասիրման գործին: Այդ աղբիւրներով հարստացած են իր պատմական ուսումնասիրութիւնները, հրատարակած յօդուածները եւ գիրքերը: Մասնաւորաբար անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Հայաստանի Գիտութիւններու եւ ազգային ակադեմիայի  Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ իր փորձուսման կեցութիւնը 2011-2013 ժամանակաշրջանին: Ներկայիս կը վարէ Քրաքովի Հայ մշակութային ընկերութեան (OTK)  ատենադպրութեան պաշտօնը:

Օրուան առցանց զրոյցը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի մէջ 2009 թուականին առաջին թուրք պատմաբան` Ճանտան Պատեմի կատարած ուսումնասիրութիւններու մասին էր: Զրուցակից հիւրը իրեն ուղղուած հարցումներու ընդմէջէն ներկայացուց Արտահանի եւ Կարսի շրջաններու ընդհանուր մանրանկարը, հայութեան եւ այնտեղ ապրած ազգերու հետ առնչուած որոշ յիշողութիւններ, իր ընտանեկան յարկի մասին որոշ յուշեր:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած պատմաբանը կը միտի աւելի խորացնել Հայկական հարցի իր ուսումնասիրութիւններու ծաւալը` հաստատելով նաեւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողները արհամարհուած պատմաբաններ են:

Արտահանցի Ճ. Պատեմ ծնած է 1970-ին, ռուսական բանասիրութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ մագիստրոսի կոչումը ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ Պըրմինկհամ համալսարանէն, 2001-ին, իսկ 2007-ին օսմանեան պատերազմներու պատմութեան ծիրին, Ղրիմի պատերազմի մէջ դոկտորական` Պոլիսի Սապանչը համալսարանէն: Ութ տարի դասախօսած է յիշեալ համալսարանին մէջ եւ մշակոյթի պատմութեան, Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պատմութեան, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուի թարգմանութեան դասընթացքներ տուած է: Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու: Հեղինակ է գիտական շարք մը յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու, որոնք առնչուած են Օսմանեան կայսրութեան, Կովկասի եւ Թուրքիոյ պատմութեան հետ: Ուսումնասիրութիւններ ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Գերմանիոյ պետական արխիւներու մէջ` հանդիսանալով առաջին թուրք պատմաբանը, որ 2009 թուին ընդունուած է Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային արխիւի հաւաքածոյին ծանօթանալու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Յիշենք, որ ան կը տիրապետէ նաեւ ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

2016-ին Ճ. Պատեմը մասնակցած է հանրային խնդրագիրի մը ստորագրահաւաքին, որուն մէջ մասնակիցները կոչ ուղղած են Թուրքիոյ իշխանութեան` երկխօսութիւն վերսկսելու երկրի հարաւարեւելեան շրջաններու փոքրամասնութիւններուն հետ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ստորագրողները մեղադրած է ազգային դաւաճանութեամբ, ահաբեկչութիւնը խթանելու եւ Թուրքիոյ «բարի» անունը վիրաւորելու յանցանքով:

2016-ի օգոստոսին Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛արգիլէ Ճանտան Պատեմին` պետական բոլոր համալսարաններու ու գրասենեակներու մէջ աշխատելէ:

2019-ի փետրուարին պատմագէտը իր ստորագրութեան համար իբրեւ մեղաւոր կը դատապարտուի երկու տարուան ազատազրկման` սահմանափակ դարձնելով նաեւ իր ճամբորդութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ սպառնալիքներու տակ, միաժամանակ հետազօտական եւ դասաւանդման իր իրաւունքներէն զրկուած պատմաբանը անապահով վիճակի մէջ կը փորձէ յարմար ելքեր փնտռել միջազգային կրթական շրջանակներու ծրագիրներու օգնութեամբ:

Նկատի առնելով, որ պատմաբան Ճ. Պատեմ վերջին տարիներուն սպառնալիքներու եւ բռնաճնշումներու ենթարկուած է (մանաւանդ` Թուրքիոյ համալսարաններու մէջ աշխատանքէն հեռացումի ալիքի պատճառով) եւ իր երկրին մէջ չկրնալով իր հետազօտական գործունէութիւնը անվտանգ շարունակել` դիմած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի մէջ գործող Villa Decius-ի Մշակոյթի միջազգային հիմնարկին, որ կը համագործակցի տեղւոյն Եակելոնեան համալսարանի հետ` իրականացնելու «Scholars At Risk» «Գիտնականներ սպառնալիքի տակ» կրթաթոշակի ծրագիրներ, որոնք վտանգի, հետապնդումներու, սպառնալիքներու եւ անհանդուրժելի պայմաններու տակ գործող գիտնականներուն օգնութիւն ու կրթաթոշակներ կը տրամադրեն անոնց ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները շարունակելու համար:

Ճ. Պատեմը առաջին թուրք պատմաբանն է, որ կրթաթոշակ ստացած է սոյն ծրագրէն եւ օգտուելով անկէ` նոյեմբեր 2020-էն մինչեւ ապրիլ 2021 ուսումնասիրութիւններ կատարած է Քրաքովի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ:

Լեհաստանի մէջ հանրային առցանց զրոյցի առիթով թրքահպատակ այս մտաւորականի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կու գայ հարստացնելու երկար ցանկը բոլոր այն թուրք մտաւորականներուն, հասարակական գործիչներուն, արուեստի, գրականութեան եւ   համալսարաններու դասախօսներուն, որոնք օրըստօրէ կը բազմացնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունողներու, ճանչցողներու եւ վկայողներու անուանացանկը` հակառակ իրենց թուրք պետութեան ժխտողական եւ ուրացող քաղաքականութեան: Նման թուրք անձնաւորութիւններ հաւատարիմ մնալով իրենց գիտութեան, խիղճին ու կոչումին` քաջութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ բացայայտ ձեւով արտայայտելու 1915-ի հայոց բնաջնջումի ողբերգութեան իրականութիւնը եւ անուրանալի ճշմարտութիւնը:

Հարցազրոյցը  կարելի է ունկնդրել այս կապով` https://youtu.be/Bct8icHju6I.

Նախորդը

«Խաչեալ Մանուկը»

Յաջորդը

Յաղթանակը Յետաձգուած Է

RelatedPosts

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ
Անդրադարձ

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ

Դեկտեմբեր 6, 2025
303  Երեխաներու  Հովանաւորութիւն`  «Յասմիկ Ջլուտեան»  Կտակին  Միջոցով
Անդրադարձ

303 Երեխաներու Հովանաւորութիւն` «Յասմիկ Ջլուտեան» Կտակին Միջոցով

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…
Անդրադարձ

Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?