Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Ժողով
Չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին ժողով մը` ի հետեւումն 2021-ի սկիզբը առցանց հանդիպումի իրենց որոշումին:
Բացման աղօթքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը Zoom-ի միջոցով միացաւ թեմակալ առաջնորդներուն: Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց սրբազաններուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը` միացեալ ճիգերով յաղթահարելու պսակաձեւ ժահրին ստեղծած տագնապի մարտահրաւէրները: Ան դրուատեց Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մեր բարեպաշտ ժողովուրդին ցուցաբերած նիւթաբարոյական շօշափելի օժանդակութիւնը լիբանանահայոց աննախընթաց տագնապին առթիւ: Հայրապետը յիշեցուց, որ ծուխերու հզօրացումը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը պէտք է սեւեռակէտ ըլլան հաւաքական աշխատանքներուն: Ան յայտնեց, որ շուտով չորս երիտասարդ վեղարաւոր հայրեր կը ժամանեն Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի օժանդակեն ներկայ զինուորագրեալ հոգեւոր եղբայրներուն եւ ընդարձակեն հոգեւոր առաքելութիւնը: Այնուհետեւ վեհափառը հրաժեշտ տուաւ` յաջողութիւն մաղթելով ժողովական հայրերուն:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Սրբազանները զեկոյցներ լսեցին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան ու թեմերուն մէջ նախատեսուած ծրագիրներու մասին, նաեւ քննարկեցին պսակաձեւ ժահրին պատճառով ստեղծուած աննախընթաց իրավիճակը: Առ այդ, առաջնորդները`
«1. Յանուն թեմերու հոգեւորականաց դասերուն, Ազգային իշխանութիւններուն եւ ժողովրդեան` իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ, որ կոչուած է անսակարկ ծառայելու մեր ժողովուրդին եւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ հայրապետին, որ աստուածապարգեւ իմաստութեամբ, կորովով ու հեռատեսութեամբ կ՛առաջնորդէ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնող մեր ժողովուրդը եւ իր հայրական յորդորներով յոյսի նոր հորիզոններ կը բանայ բոլորիս առջեւ:
«2. Ի հետեւումն Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, կը շարունակեն լիբանանահայոց զօրակցութիւնը` այս փուլին առաւելաբար կեդրոնանալով դպրոցներու եւ աշակերտութեան վրայ:
«3. Սրբազան հայրերը որոշեցին.
«ա. Վերաշխուժացնել վեհափառին առաջադրած թեմերու յառաջիկայ տասնամեայ գործունէութեան ծրագիրը:
«բ. Վերատեսութեան ենթարկել Հոգեւորականաց ուղեցոյցը, որ կ՛ընդգրկէ ծիսական, խորհրդակատարական, կրթական, ժողովական, կարգապահական եւ յարաբերական կեանքի բազմազան երեսները:
«գ. Վերակենդանացնել յառաջիկայ տարի միջթեմական հոգեւորականաց համագումարը, որ տեղի կ՛ունենար 2000-էն ի վեր, եւ որ ընդհատուեցաւ պսակաձեւ ժահրին պատճառով:
«դ. Երկարաձգել պսակաձեւ ժահրին պատճառով ստեղծուած ծիսական փոփոխութիւնները` ցնոր տնօրինութիւն:
«ե. Յառաջացնել Քրիստոնէական դաստիարակութեան միացեալ յանձնախումբ մը, որ եկեղեցին ներկայութիւն դարձնէ երիտասարդներու կեանքին մէջ:
«զ. Թափ տալ դաստիարակչական եւ հրատարակչական միջթեմական ծրագիրներու` արհեստագիտական արդիական միջոցները օգտագործելով:
«է. Պարբերաբար ունենալ, վեհափառին օրհնութեամբ, նման հանդիպում-ժողովներ` միացեալ աշխատանքներու սատարելու համար:
«Առաջնորդները ժողովէն բխած այս որոշումները ըստ կարելւոյն կեանքի կոչելով` կը յուսան եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորել հայ կեանքին մէջ, ի փառս Աստուծոյ»:
Սուրիա
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայ Անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի Եւ Նախկին Անդամ Մանուէլ Հալլաճեանի Յիշատակին
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի եւ Քանատայի մէջ մահացած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Հալէպի մասնաճիւղի հաւատաւոր երէց անդամ Մանուէլ Հալլաճեանի մահուան առիթներով:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Ա. Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
Մանուէլ Հալլաճեանի յիշատակին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անունով դամբանական կարդաց Յովիկ Սիւլահեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ բոլորին սիրելի եւ հոգեհարազատ եղբ. Մանուէլ Հալլաճեանի նկարագրային գիծերը, ՀՄԸՄ-էն եւ ազգային կեանքէն ներս անոր տարած անսակարկ ծառայութիւնը, նշելով, որ` «Եղբ. Մանուէլ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղին անդամագրութեան օրէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ, ապա Կեդրոնական վարչութեան անդամ նշանակուիլը տէր ու պաշտպան եղած է միութեան անշեղելի սկզբունքներուն եւ ազգային բարոյական արժէքներուն: Ան մեծ ներդրում ունեցած է «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան հողաշերտի եւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի բանակավայրի կալուածի ապահովման մէջ: 1988-ին ան արժանացած է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին: 2007-ին, ՀՄԸՄ-ի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին ան արժանացած է միութեան «Արժանեաց» պատուանշանին»:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան Կեդրոնական վարչութեան անունով դամբանական արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան վաստակաւոր անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի յիշատակին` շեշտելով, որ հաւաքականութիւն մը կ’անմահացնեն այնպիսի մարդիկ, որոնք իրենց զոհողութեամբ, ծառայասիրութեամբ, ազնիւ ոգիով ու բարի գործերով անկարելին կարելի կը դարձնեն տուեալ հաւաքականութեան վերելքին ու զարգացման համար: «ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` իբրեւ մարզական ու սկաուտական մարդակերտման համազգային հաւաքականութիւն, վստահաբար պիտի անմահացնէ 40 տարուան անձնուրաց ծառայող Արմանտօ Թորգոմեանի յիշատակը: ՀՄԸՄ-ական եղբ. Արմանտոն 40 օրեր առաջ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, շատ սիրած ու պաշտած միութեան եւ կազմակերպութեան, ան աւելի քան 40 տարիներ ապրած եւ գործած է ՀՄԸՄ-ի դրօշին ներքոյ ու նպաստած է միութեան յառաջդիմութեան ու հզօրացման:
«Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն` որպէս գայլիկ, սկաուտ եւ մարզիկ, հասած է մինչեւ վարչութիւն, Շրջանային վարչութեան ատենապետ, 2015-ին ընտրուած է Կեդրոնական վարչութեան անդամ, իսկ 2019-ին կրկին վերընտրուած է կեդրոնական վարչական մինչեւ իր մահը: Եղած է հաւատաւոր դաշնակցական ու անկեղծ զինուոր, վարած է շատ մը պաշտօններ: Եղբ. Արմանտոն պարտականութեան գիտակից նուիրեալ միութենական էր, հաւատաւոր, չընկրկող եւ պատնէշի վրայ մնացող ղեկավար», իր խօսքին մէջ նշեց Մանուկ Քէօշկերեան:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը ներկաներուն ուղղեց ՀՄԸՄ-ի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, որ յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ը այն միութիւնն է, որուն անդամները քոյր եւ եղբայր կոչուելով` փոքր տարիքէն կ’անդամակցին միութեան եւ հասակ առնելով միութեան շարքերէն ներս` վաւերական ուսուցիչի նման խօսքը գործի կը վերածեն եւ իրենց կեանքով օրինակ կը հանդիսանան նոր սերունդներուն: Ան նշեց, որ այսպիսի անձնաւորութեան տէր էին հանգուցեալ եղբայրները, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջին շունչը միութեան աւանդը փոխանցեցին նոր սերունդներուն:
Քահանայ հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` հանգուցեալ եղբայրներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Իրան
Պատգամաւորական Ժողովի Նիստ
29-30 սեպտեմբերին եւ 1-2 հոկտեմբերին Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան նորակառոյց սրահին մէջ գումարուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի 16-րդ շրջանի Պատգամաւորական ժողովի հերթական նիստը: Նիստի սկզբնաւորութեան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան աղօթեց հանգուցեալ պատգամաւորներուն, նաեւ «Քորոնա» համաճարակի պատճառով անցնող երկու տարուան ընթացքին մահացած հայրենակիցներու հոգիներու խաղաղութեան համար, ապա նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ ատենապետութեամբ Ժոզեֆ Մեհրապեանի եւ ներկայութեամբ Իրանի իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի, ժողովը սկսաւ իր աշխատանքին:
Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի, Կրօնական խորհուրդի եւ հաշուեքննիչ մարմինի ընտրութեան օրակարգով գումարուած ժողովը նախ ընտրեց քուէախոյզ եւ բանաձեւային յանձնախումբերը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Թեմական խորհուրդի ու յարակից մարմիններուն եւ խորհուրդներուն առնչուող երկամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, ապա Արազ Սիմոնեան կարդաց Թեմական խորհուրդի կողմէ պատրաստուած գրաւոր եւ համապարփակ բարոյական զեկոյցը, որուն մասին պատգամաւորները լուսաբանութիւններ ստացան Թեհրանի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեանէն եւ խորհուրդի անդամներէն:
Ներկայացուեցան նաեւ թեմական եւ կրօնական խորհուրդներու զեկոյցները, որոնց մասին պատգամաւորները ներկայացուցին իրենց տեսակէտները, քննադատութիւնները եւ գնահատանքները:
Աւարտին տեղի ունեցան Թեմական խորհուրդի, Կրօնական խորհուրդի եւ հաշուեքննիչ մարմիններու ընտրութիւնները:
Իրաք
Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ Քաղաքին Մէջ` Հայկական Եկեղեցւոյ Հիմնարկէք
2 հոկտեմբերին իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մէջ, ձեռամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կատարուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը` ներկայութեամբ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոս Ալիք Ղարիբեանի եւ Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Անդրանիկ Յարութիւնեանի:
Ըստ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակարգին, շարականներու եւ սաղմոսներու երգեցողութեամբ նախ ջուրով, ապա գինիով լուացուեցան եկեղեցւոյ հիմերուն մէջ զետեղուելիք 16 քարերը` Քրիստոսի 12 առաքեալներու, Պօղոս առաքեալի, երկու աւետարանիչներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուններով, որմէ ետք սրբազանը եւ հոգեւորականները ս. միւռոնով օծեցին եկեղեցւոյ հիմերուն քարերը, եւ աղօթեցին: Օծումէն ետք քարերը երեսուներկու խաչքաւորներու կողմէ զետեղուեցան եկեղեցւոյ հիմերուն մէջ:
Պրիւքսել
«Լեռնային Ղարաբաղ. Անուշադրութեան Մատնուած Պատերազմի Թատերաբեմ» Իրազեկման Ձեռնարկ
1 հոկտեմբերին, արցախեան պատերազմի զոհերու երկրորդ տարելիցին առիթով, Պրիւքսելի Իքսել համայնքի հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. անուշադրութեան մատնուած պատերազմի թատերաբեմ» խորագրով ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը` հայկական երաժշտական երեկոյի շարունակութեամբ:
Իքսելի թաղապետ Քրիստոս Տուլքերիտիս իր ելոյթին մէջ նշեց, որ իրազեկման սոյն ձեռնարկը կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ հասարակութեան համար, աւելցնելով, որ Իքսելսի եւ հայ համայնքին միջեւ գոյութիւն ունի ամուր կապ մը, որ յատկապէս կ՛արտացոլայ Անրի Միշոյի հրապարակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի ներկայութեամբ:
Նշենք, որ նկարները տեղադրուած էին 27 սեպտեմբերին, եւ նոյն օրը Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կազմակերպած էր մոմավառութիւն` ի յիշատակ պատերազմի զոհերուն:
Նկարներու ցուցադրութեան հեղինակներն էին երկու տաղանդաւոր լուսանկարիչներ` Ռոպերթօ Տրաւան` Իտալիայէն եւ Օլիվիէ Պապենիէ` Պելճիքայէն, որոնք ներկայ գտնուած են պատերազմի ժամանակ եւ իրենց աշխատանքներուն մէջ կը յայտնաբերեն հակամարտութեան դաժան առօրեան ու հետեւանքները:
Պելճիքայի հայերու կոմիտէի նախագահ Նիկոլա Դաւիթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իքսելի համայնքին ձեռնարկի նախաձեռնութեան եւ կազմակերպման համար` նշելով, որ խօսքը չի վերաբերիր միայն հայերուն, որովհետեւ յառաջիկայ աշխարհը կ՛ըլլայ այնպէս, ինչպէս մենք կը կառուցենք. ուժի, պատերազմներու եւ անտարբերութեա՞ն աշխարհ, թէ՞ մարդասէր եւ միասնական: Ընտրութիւնը մերն է:
Պուլկարիա
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
25 սեպտեմբերին Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանը հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պուլկարիա` հանդիսապետելու Փլովտիվի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Արդարեւ, 26 սեպտեմբերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Երեւան», «Երազանք» եւ «Աստղիկներ» պարախումբերը: