Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտին առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նանոր Գոչունեան-Թաշճեանի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Տէր Խաչատուրեան-Պաստաճեանի, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախապէս տարբեր առիթներով «Ազդակ»-ի մէջ անդրադարձանք նախորդ փուլի ձեր աշխատանքներուն, այս հարցազրոյցով անդրադառնանք ներկային, առցանց դրութենէն ետք այսօր արդէն ֆիզիքական ներկայութեամբ կը սկսին դասերը, աշխատանքները: Խնդրեմ խօսինք ձեր այդ որոշման մասին:
ՆԱՆՈՐ Գ. Թ.- Նախքան վերամուտի աշխատանքներու մասին խօսիլը կ՛ուզեմ կրկին անդրադառնալ կարգ մը կէտերու: Համազգայինը դարաւոր մշակութային հաստատութիւն մըն է, որ 90 տարիէ շարունակ կը գործէ սփիւռքի մէջ եւ մեծ ներդրում ունի սփիւռքի մշակոյթի պահպանման եւ տարածման մէջ: Հայապահպանումը ինքնին դժուար աշխատանք է, մանաւանդ հայրենի հողի բացակայութեան, հետեւաբար այդ հայեցի կրթութիւնը, մշակոյթի փոխանցումը եւ ազգային զգացումներու մշակումը աշակերտներուն մէջ կը մնայ մեր մարտահրաւէրէն մէկը: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները կարեւոր եւ առաջնահերթ են այնքան, որքան կրթական դպրոց մը, ուր սերունդներ հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան, իսկ մեր մօտ նաեւ մշակոյթ կը փոխանցուի անոնց: Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ծանր իրավիճակին, Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրը այն է, որ չփակուին Գեղարուեստի դպրոցները, այլ շարունակեն գործել, որպէսզի մշակոյթը չնահանջէ: Վարչութիւնը նաեւ հետամուտ է, որ Գեղարուեստի դպրոցներու որակը պահպանուի, եւ զայն արդիականացնելու նպատակով քառանդամ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ հայրենիք, ուր վերանորոգուեցան կարգ մը համաձայնագիրներ. Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոցի հետ համաձայնութիւնը վերաբիւրեղացաւ եւ նորոգուեցաւ, Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիայի հետ համաձայնագիր կնքելու եւ գործակցելու կարելիութիւնները ընթացքի մէջ են: Համաձայնագիրներ կնքուեցաւ վաստակաւոր բեմադրիչ Գալուստ Ներսիսեանի հետ` որ ստանձնէ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը, եւ ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեանի հետ` որ ստանձնէ ջութակի ամպիոնը: «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերու, նաեւ Պալէի դպրոցներու գեղարուեստական ղեկավարներ, տաղանդաւոր պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեան ամոլին հետ համաձայնագիրը վերանորոգուեցաւ: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տնօրէն Մարիլու Փափազեանի հետ` քննարկելու ճամբարներու փոխանակման եւ գործակցութեան կարելիութիւնները: Հետեւաբար, ներկայ պայմանները նկատի ունենալով, կրնանք ըսել, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը տքնաջան աշխատանք տարած է, որպէսզի այս դպրոցները գոյատեւեն, եւ անոնց որակը չնահանջէ: Շրջանային վարչութիւնը ունի նաեւ «Կարօտ» շաբաթօրեայ դպրոցը, ուր օտար դպրոց յաճախող փոքրիկներուն կը դասաւանդուի հայերէն լեզու: «Քորոնա» համաճարակին ընթացքին արտասահմանէն մեծ թիւով փոքրիկներ հեռակայ կարգով սկսան հետեւիլ սոյն դպրոցին, որ պիտի շարունակէ առցանց գործել այս տարեշրջանին եւս: Այս դպրոցին կրնան մասնակցիլ նաեւ Լիբանանի մէջ հեռաւոր շրջաններ բնակող երեխաները:
«ԱԶԴԱԿ».- Այս տարեշրջանին համար ի՞նչ նորութիւններ որդեգրած է վարչութիւնը:
ՆԱՆՈՐ Գ. Թ.- Այս տարեշրջանին Շրջանային վարչութիւնը որդեգրեց դրամահաւաքի նոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Սան որդեգրելու նախագիծ», ուր բարերարը կը տրամադրէ աշակերտի մը տարեկան կրթաթոշակը:
«ԱԶԴԱԿ».- «Քորոնա»-ի շարունակուող սպառնալիքի լոյսին տակ ի՞նչ միջոցառումներու պիտի դիմէք` առողջապահական չափանիշերը յարգելու եւ վտանգը կարելի եղածին չափ հեռացնելու նպատակով:
ԼԻԶԱ Տ. Խ. – Պ.- Մենք անցնող երկու տարիներու ընթացքին այս բոլոր միջոցառումներ ձեռք բերած էինք: Ջերմութիւնը չափել, հականեխիչ դեղեր գործածել, ընկերային հեռաւորութիւն պահել, դիմակի գործածութիւն եւ այլն: Դարձեալ այս բոլոր նախազգուշական միջոցներու պիտի դիմենք: Իւրաքանչիւր աշակերտի կողմէ գործիքի մը օգտագործումէն ետք անմիջապէս գործիքը պիտի հականեխուի նախքան յաջորդ աշակերտը ընդունիլը: Կ՛ուզեմ նշել, որ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուրղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն մասնագէտներ այցելեցին մեր կեդրոնը եւ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուին: Ներկայ պայմաններուն մէջ որոշուեցաւ որդեգրել կրթական նախարարութեան ճշդած ուղեգիծը:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ամառնային դպրոցին մասին:
ՄԱՐԱԼ Հ.- Մենք ունեցանք վեց շաբթուան տեւողութեան մշակութային ամառնային ծրագիր, անոր միացան 83 աշակերտներ, որոնք հետեւեցան մշակութային ծրագիրներու, ինչպէս` թատրոն, երգ, պար, գործիքներու ծանօթացում եւ նկարչութիւն: Ունեցանք նոյնիսկ 3,5 տարեկան աշակերտներ: Այս ծրագիրը ունեցաւ եզրափակիչ հանդէս մը, եւ ծնողները հիացան, որ վեց շաբթուան ընթացքին իրենց զաւակները կարծես «մէկական աստղեր» էին իւրաքանչիւր մարզի մէջ:
ԼԻԶԱ Տ. Խ. – Պ.- Կ՛արժէ նշել, որ մեր ամառնային դպրոցը կազմակերպեցինք «Քորոնա» ժահրի ծանր պայմաններուն մէջ, սակայն ոեւէ պարագայ չունեցանք:
«ԱԶԴԱԿ».- Վերամուտը ինչպէ՞ս նախատեսած էք:
ՄԱՐԱԼ Հ.- Մենք տարեշրջանը փակեցինք աւարտական հանդէսով մը, ունէինք «Կարօ Սվաքճեան» ու «Մելքոն Տեմիրճեան» հունձքերը, նաեւ «Թորոս Ռոսլին»-ի աւարտական մը: Ասիկա մեզի խթան հանդիսացաւ, որ աւելի աշխուժ ու կայտառ քով քովի գալով, նոր ծրագիրներու մասին մտածենք: Հանդէսէն անմիջապէս ետք մեր աշակերտներէն` երկու ջութակահար եւ մէկ դաշնակահար, իրենց մասնակցութիւնը բերին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ֆիէսթալոնիա» մրցումին եւ մէկ ամիս ետք յայտարարուեցաւ, որ անոնք պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած են, ինչ որ մեծ ուրախութիւն էր մեզի համար:
Հիմա մեր վերամուտի ազդանշանը տրուած է, եւ թուականը կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որ կապուած է մեր մշակոյթին, գրականութեան եւ լեզուին:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս է աշակերտներուն եւ ծնողներուն մօտեցումը, գո՞հ են այս վերադարձէն:
ՄԱՐԱԼ Հ.- Ծնողներուն հետաքրքրութիւնը մեծ է, արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են: Մեծ թիւով անձեր հեռաձայնով կը հետաքրքրուին: Հակառակ տնտեսական դժուար տագնապին, ծնողները կ՛ուզեն Համազգայինէն հեռու չպահել իրենց զաւակները, որովհետեւ քաջատեղեակ են կառոյցին եւ անոր գործունէութեան: Երկրորդ` արուեստէն չեն ուզեր զրկել իրենց զաւակները: Երրորդ` այս երկու տարուան ընթացքին կառոյցէն հեռու մնալը եւ ներկայիս կրկին յաճախելը բաւական գոհունակութիւն պատճառեց իրենց, եւ ոմանք մէկ նիւթի արձանագրութեան փոխարէն երկու կամ երեք նիւթերու կ՛արձանագրեն իրենց զաւակները, որպէսզի մոռնան անցնող երկու տարուան իրենց մտահոգութիւնը, վախը, լարուածութիւնը եւ այլն:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք անջատաբար դպրոցներուն մասին (նկարչական, երաժշտական, պար եւ այլն), բոլորն ալ պիտի գործե՞ն բնական կերպով, ծրագիրներու փոփոխութիւններ կա՞ն, նորութիւննե՞ր:
ՄԱՐԱԼ Հ.- Ամառնային աշխատանքներուն մէջ մենք Խնամակալութեան եւ Շրջանային վարչութեան, նաեւ մեր թեքնիք յանձնախումբերուն հետ ժողովներ գումարելով մեր բոլոր դպրոցներուն ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկեցինք: Ուսուցիչներուն համար յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին, որպէսզի այսօրուան կարիքներն ու մեր ծրագիրները զուգահեռ ընթանան, ինչ որ այսօր կը պահանջուի մեզմէ: Մեր անձնակազմին պիտի միանան նոր ուսուցիչներ, որովհետեւ աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ, այս տարեշրջանին նաեւ նկատի ունինք երաժշտանոցէն ներս նոր գործիքներու որդեգրում` քլարինեթ, սաքսոֆոն եւ թրոմբեթ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք կրթաթոշակի մասին: Գիները մատչելի՞ են:
ԼԻԶԱ Տ. Խ.- Պ.- Կրթաթոշակի յարմարութիւններ եւ դիւրութիւններ ընծայած ենք ծնողներուն, որ ամսական դրութեամբ նուազագոյն գումարով կատարեն իրենց վճարումները: Շրջանային վարչութեան պատգամը այն է, որ ոեւէ հայ աշակերտ նիւթականի չգոյութեան պատճառով Համազգային դռներէն դուրս չմնայ: Կրթաթոշակներուն սակերը մատչելի պահեցինք, որպէսզի աշակերտները նիւթականի պատճառով չհեռանան արուեստէն եւ մշակոյթէն:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք քարոզչական աշխատանքներու մասին:
ՄԱՐԱԼ Հ.- Մենք մեր դպրոցներուն գործունէութեան թափ տալու նպատակով մշակեցինք քարոզչական յայտագիրներ եւ շաբաթական դրութեամբ ծրագիր ներկայացուեցաւ անոնց աշխատանքներուն մասին. իւրաքանչիւր շաբաթ հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ, որպէսզի մարդիկ ծանօթանան մեր գործունէութեան: Հիմա, երբ Գեղարուեստի դպրոցները ֆիզիքական ներկայութեամբ պիտի գործեն, յուսանք, որ անցեալ տարուան հարցազրոցները արդիւնք պիտի տան, որպէսզի ժողովուրդը ծանօթացած ըլլայ մեր աշխատանքներուն եւ ծնողներ իրենց զաւակները արձանագրեն եւ միացնեն Համազգայինին:
ՆԱՆՈՐ Գ. Թ.- Կ՛ուզեմ աւելցնել, թէ Շրջանային վարչութիւնը անցնող երկու տարուան ընթացքին որդեգրած է նաեւ քաղաքականութիւն մը, որ հայ մշակոյթը ոչ միայն հայ ժողովուրդին փոխանցէ, այլ նաեւ ծանօթացնէ օտարներու եւ համագործակցութիւն ըլլայ անոնց հետ:
ԼԻԶԱ Տ. Խ.- Պ.- Դուրսի աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան իմաստով արդէն խնամակալութիւնը եւ Շրջանայինը սկսած են կապեր հաստատել Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսութիւններուն հետ` ռուսական, գերմանական, կիպրական, յունական, ֆրանսական եւ այլն, որպէսզի անոնք ներկայ ըլլան մեր ձեռնարկներուն եւ ծանօթանան հայ մշակոյթին: Մենք «Քորոնա»-էն առաջ փորձառութիւն մը ունեցանք: Չայքովսքիի նշանաւոր «Nutcracker»-ի բեմականացման հրաւիրեցինք օտար դեսպանատուներէ պաշտօնատարներ: Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի խնամակալութեան եւ Շրջանայինի ճիգերով:
«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր խօսքը` մեր լիբանանահայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն` միանալու Համազգայինին:
ԼԻԶԱ Տ. Խ.- Պ.- Համազգայինը միայն հայ մշակոյթը ներմուծելու վայրը չէ: Հոն պատանիին հոգեմտաւոր աշխարհը կը զարգանայ: Երաժշտութիւն սորվելով, թատրոնի մասնակցելով, հայ պատմութիւնը ճանչնալով հոգեմտաւոր աշխարհին սնուցում կու տայ: Խնամակալութիւնը Համազգայինի մէջ կ՛ընդունի նաեւ քաղաքապետարան այցելող պատուիրակութիւնները` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ անոնց կը բացատրէ Համազգայինի առաքելութիւնը: Անոնք կը շրջին կեդրոնին մէջ, եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Համազգայինի աշխատանքներուն եւ մեծապէս կը գնահատեն Համազգայինի առաքելութիւնը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր վերջին խօսքը:
ՆԱՆՈՐ Գ. Թ.- Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, որուն անդամները կամաւոր եւ անձնուիրաբար կ՛աշխատին, առանց ճիգ խնայելու, իրենց անկարելին կարելի կը դարձնեն` վառ պահելու համար հայ մշակոյթը: Բարձրակարգ եւ որակեալ մշակոյթ սնուցելով եւ մատակարարելով կարելի է շարունակել մեր երթը:
ԼԻԶԱ Տ. Խ.- Պ.- Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել ուսուցիչներուն, որ անցնող երկու տարիներուն հեռակայ ուսուցման դրութեան շատ արագ ընտելանալով, յաջողեցան դասաւանդութիւններ հեզասահօրէն կատարել: Այս աշխատանքին արդիւնքը հանդէսն էր, նաեւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցոյթը, այդ բոլորը մեր ուսուցիչներուն անխոնջ աշխատանքին արգասիքն են: Շնորհակալութիւն նաեւ հայ ծնողներուն, որոնք, գիտնալով Համազգային առաքելութիւնը, վստահած են իրենց զաւակները մեզի, եւ մենք քաջ գիտենք, որ հայապահպանման միակ միջոցը հայ մշակոյթի ծաղկիլն է, զայն պաշտպանելն ու սերունդներուն փոխանցելը: