Յօդուածներ

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքապետները Չեղեալ Կը Յայտարարեն Ազրպէյճանի Յորդորով Հրապարակուած Ստայօդ Հռչակագիրները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր» Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չի գիտեր, որ միշտ կարելի չէ ուզածդ ստանալ` կաշառելով քաղաքական գործիչներ եւ վճարելով անոնց: Սահման մը կայ, որմէ անդին չես կրնար դրամով բան մը գնել: Երբեմն ճշմարտութիւնը աւելի մեծ արժէք է: Ըստ երեւոյթին, Ազրպէյճանի ղեկավարները այս կարեւոր դասը չեն սորված: Անոնք տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած են` վճարելով լոպիիստական ընկերութիւններուն եւ...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ. Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Տասնեակ տարիներ Լիբանանի ժողովուրդը ստրկացուցած իշխանութիւնները համայնքային լարուածութիւններ ստեղծելէ անդին իրենց գոյութիւնը պահպանելու ուրիշ ելք չունին: Տնտեսական անկումը վերականգնելը հրաշք կը պահանջէ, իսկ ընկերային ծառայութիւնները երբեք պիտի չգոհացնեն մարդոց կարիքները: Այո՛, անցնող օրերու քաղաքացիական բախումներէն բոլորն ալ օգտուեցան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուժ իր դասարանին զանգը հնչեցուց եւ սկսաւ հօտը հաւաքելու աշխատանքներուն: Դէպքերը եւ ոճը համայնքային-կրօնական ուժերու վերջին փամփուշտներն են`...

Երեւանցիի Վրձինով Մուսալեռցի Տիպարը Պարսելոնայի Մէջ. Հարցազրոյց` Արուեստագէտ Եւ Նկարիչ Միքայէլ Յարութիւնեանի Հետ

Երեւանցիի Վրձինով Մուսալեռցի Տիպարը Պարսելոնայի Մէջ. Հարցազրոյց` Արուեստագէտ Եւ Նկարիչ Միքայէլ Յարութիւնեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 24-ամեայ երիտասարդ երեւանցի Միքայէլ Յարութիւնեանի գործը արդէն համաշխարհային դիրքերու վրայ է: «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից, լուսանկարիչ, այնճարցի Գաբրիէլ Փանոսեանի դիմանկարով «Hey, how are you» գեղանկարը այսօր կարելի է գտնել ոչ թէ ազգային կառոյցի մը յարկին տակ, այլ Եւրոպայի հեռաւոր արեւմուտքը` Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ: Դիմանկարը այն քիչերէն էր, որ այս պատիւին արժանացաւ: Ի՞նչ է սակայն այս դիմանկարի...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Բազմավաստակ Կրթական Մշակ Ասատուր Պօղոսեանն Ալ Միացաւ Անկրկնելի Հալէպի Անմահներու Շարքին

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Այսօր, երբ հայաշխարհի տարբեր անկիւններէ կը հասնին կրթական օճախներու կրակները մարելու բօթերը, հեռաւոր Ֆրեզնոյի հողին կը յանձնուի անզուգական կրթական մշակ մը, որ սերունդներու դաստիարակութեան վսեմ գործին առընթեր, դերակատար եղած է մաշտոցեան ամրոցներ հիմնելու աշխատանքին, արեւելքի ջերմ գաղութներուն մէջ: Ասատուր Պօղոսեան ծնած էր 1938-ին, Գամիշլի, ծնողքը` Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդէն, սասունցիներ` Պօղոս եւԿարինէ, կ՛ունենան երեք զաւակներ` Սիրանուշ, Ասատուր ու Խաթուն:...

Վազգէն Էթիեմեզեանին  (Մահուան 25-ամեակին Առիթով)

Վազգէն Էթիեմեզեանին (Մահուան 25-ամեակին Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Տարբեր առիթներով եւ տարբեր պայմաններու մէջ ծանօթացած եմ ընկ. Վազգէնին: Սկիզբը` Հայագիտականի ուսանողութեան տարիներուս, հայ մտքի իմաստասիրութեան իբրեւ դասախօսի, աւելի ուշ, ԶՈՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի տարիներուն, իբրեւ կուսակցական գաղափարական կազմաւորման գլխաւոր դասախօսներէն մէկը, ապա` Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ: Աւելի ուշ` հրատարակչական մարզին մէջ, թաղային կոմիտէի, հոգաբարձութեան եւ կրթական աշխատանքներուն ընդմէջէն: Շատ անգամ` իբրեւ խորհրդատու, Աքսոր Գասարճեան ազգային...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Փոլ Անդոնոփուլոս 13 հոկտեմբեր 2021-ին վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ին մէջ (1), ստորեւ` թարգմանութիւնը եւ քանի մը խօսք. «Ազրպէյճանը Թուրքիոյ եւ սուրիացի վարձկաններու օժանդակութեամբ անվիճելի յաղթողն էր 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին` վերագրաւելով հայկական իշխանութեան տակ գտնուող հողերուն մեծ մասը: Կ՛ակնկալուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը Պաքուի հսկողութեան տակ դառնալով` առեւտուրի եւ փոխադրութեան նոր միջանցքներ...

Ուրուական Քաղաքներ

Ուրուական Քաղաքներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ուրուական քաղաք կամ լքուած քաղաք կ՛անուանուին այն նախկին բնակավայրերը, ուր ժամանակին ապրած եւ այժմ լքած բնակիչներու շէնքերը, ենթակառոյցները եւ այլ մնացորդացներ տակաւին տեսանելի են: Անշուշտ ամբողջովին լքուած քաղաքներ կը զարմացնեն եւ կը սարսափեցնեն հաւասարապէս: Հակառակ ատոր,  սակայն, որոշ ուրուական քաղաքներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը պահպանեն ժամանակաշրջանին բնորոշ ճարտարապետութիւնը, դարձած են զբօսաշրջային վայրեր: Ն. ԱՆԻ  Հայաստանի սահմանին, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաքներ. Որո՞ւ Հաւատանք…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կապանի համայնքապետը (նաեւ ընդդիմադիր աղբիւրներ եւ անձնաւորութիւններ) կը հաստատեն, որ Կապանի մօտակայ Փելա սար բարձունքը հոկտեմբերի կիսուն յանձնուած է ազերիական ուժերուն, որոնք անմիջապէս ամրութիւններ հաստատած են հոն, փակած` շրջանի հայկական գիւղերու ճամբաները, նոր վտանգ ստեղծած` Կապանի շրջակայ հայկական գօտիին, մասնաւորաբար Ագարակ գիւղին: (Բարձունքը հաւանաբար թրքերէն անուն ունի, Էյվազլիի եւ այլոց նման, այսինքն`... Պելա՞ սար է, պարզ խօսքով` փորձանք...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Ալիք Եւ Անահիտ Թոփչեաններու Յիշատակին. Զոյգ Մը Գագաթներ…

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Բա՛ եղա՞ւ, Ալի՛ք ջան, սա՞ էր մեր պամանաւորուածութիւնը: Երեւան գալէս առաջ, երբ զանգեցի, ասացիր, որ «մի քիչ շուտ արի», որպէսզի քո կազմած եւ խմբագրած` Պետրոս Հերեանի գիրքի շնորհահանդէսը անենք բացօթեայ, նկատի առած անձրեւների մօտալուտ լինելու հաւանականութիւնն ու հայրենիքում համաճարակի սանձարձակօրէն տարածուած լինելու իրողութիւնը: Սակայն, երբ սեպտեմբերի չորսին Երեւան հասայ, յաջորդ օրը իսկ ինձ տեղեկացրին, որ իմ ժամանումից...

Միջազգային Գիտաժողովը Եւ Համազգային Նոր Ճանապարհային Քարտէսը

Միջազգային Գիտաժողովը Եւ Համազգային Նոր Ճանապարհային Քարտէսը

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Երեւանի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովը` Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին առիթով, բազմակիօրէն կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցէր: Նախ պէտք է նշել միջազգայնօրէն գիտական միտքի` պատմական, իրաւական եւ քաղաքական առումներով լայն ընդգրկուածութիւնը: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ներկայացուած մասնագէտներուն առընթեր, ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Եգիպտոսէն եւ Յունաստանէն հայկական հարցերուն իրազեկ փորձագէտներ, որոնք ուշագրաւ զեկուցումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին գիտաժողովին: Գիտական աշխարհագրութիւնը ունէր...

2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ

Դաշնակցութեան Խիղճը… Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 108-ամեակ

Յ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ «Եւ ես կողջունեմ քեզ, ո՛վ փրկարար Փոթորիկ, Ով իմ մեռեալս մեծարժէք, ո՛վ իմ ընկերս անխարդախ Դուն քու խաչդ ուսիդ, գողգոթայէն վեր մագլցող Ո՛վ սրբակրօն Սիմէոն, ո՛վ եղերական Մարդ-Յիսուս...» Սիամանթօ Դաշնակցութեան խիղճը... Այսպէս կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանը իր ժամանակակից ղեկավարներուն եւ երեւելիներուն կողմէ, ու ան յատկանշուեցաւ որպէս գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի գլխագիր Մարդն ու Հայ յեղափոխական...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ինչ Որ Կրնանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ինչպէս գիտէք, մեր ժողովուրդին կարիքները շատ են: Մենք ալ պարտաւոր ենք լաւապէս կազմակերպուելու եւ հասնելու բոլորին: Դեղորայքի, հիւանդանոցի, ուտեստեղէնի, ապրուստի եւ անմիջական կարիքներու համար զանազան մակարդակի վրայ աշխատանքներ կը տարուին: Կրթական, բարեսիրական, հոգեւոր, ընկերային եւ միութենական կեանքը աշխուժ պահելու որոշումն ու կամքը կա՛յ: Անցնող ամիսներուն զանազան փուլերով աշխատանք տարուեցաւ նպաստընկալ ընտանիքներու ցանկերը առաւելագոյն չափով զտելու, բաժնելու եւ արդար...

Տառադարձութիւն

Հայոց Գիրերը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Հին աշխարհի այբուբեններէն միակը, որուն ծննդաբանութիւնը գրաւոր վկայուած է ժամանակակիցի մը կողմէ, հայերէ՛նն է, մնացեալներունը` փիւնիկերէնի, եբրայերէնի, արամերէնի, յունարէնի, լատիներէնի, ղպտերէնի ու ասորերէնի... կը մնան այսպէս կամ այնպէս անծանօթ: Այս  բացառութիւնը կը պարտինք Մեսրոպի աշակերտներէն Կորիւնին: Արդարեւ, Մեսրոպի մահէն (440) ետք անոր աշակերտները` Յովսէփ կաթողիկոսական տեղապահի գլխաւորութեամբ, խնդրեցին Կորիւնէն, որ շարադրէ Ուսուցչապետի կեանքն ու գործը յաւերժացնող կոթող մը:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ճեմարանականներու Աւանդոյթը Կը Շարունակուի Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, ներկայութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ` Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու աշակերտութեան, 16 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ս. պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Արարողութեան աւարտին Ճեմարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ճեմարանի հիմնադիրներու եւ հանգուցեալ կրթական մշակներու հոգիներուն համար:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Հայաստանէն Ճիշդ Ուղղութեամբ… Կիսաքայլ Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի լրատու աղբիւրները, հազուադէպ միաձայնութեամբ, հինգշաթբի, 14 հոկտեմբերին հաղորդեցին գոհունակութիւն առթող լուր մը: Հայաստան, Ազրպէյճանի դէմ մեղադրանքներու հսկայական թղթածրարով մը, դիմած է Լա Հէյի միջազգային դատարան` ներկայացնելով արդար պահանջներ: (Ուշ լինի, նուշ լինի...): Հայաստանի ներկայացուցիչն ու տարբեր ազգերէ օրէնսգէտներ, իրաւաբաններ Ազրպէյճանը մեղադրած են Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի դէմ թշնամական արարքներով, դիրքորոշումներով ու այդ ընթացքը անշեղօրէն շարունակելու յանցանքներով: Նիստերը...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Եթէ Դու Մտահոգ Ես…

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Իմ առջեւ ծոյլ, թմրած, իր ոչնչացմանը յօժարակամ սպասող մեր երկրի լուրերն են, իսկ ականջներումս դժժում է աշխարհի տարբեր երկրների անհանգիստ պայքարի տեղատարափը: Ֆրանսան ատամ-ատամի պայքարում է Ճրզիի ջրերում իր ձկնորսական իրաւունքների Անգլիոյ սահմանափակման դէմ: Անգլիան դարձել է մէկ այլ Լիբանան, կազ չկայ, ուտելիքի ահաւոր պակաս, ժողովրդին սնունդ մատակարարող հաստատութիւններն են բարեփոխումներ պահանջում իշխանութիւնից: Ողջ Եւրոպայի հայեացքը կրկին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինը Լոյս Ընծայեց «Վասպուրականի Արծիւը Հայ Գրականութեան Անդաստանում» Խորագրով Գիրքը` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Ծննդեան 200-Ամեակին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ Հայ եկեղեցւոյ 125-րդ կաթողիկոս, հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական եւ գրող Խրիմեան Հայրիկի մասին «Վասպուրականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» խորագրով գիրքը, որուն հեղինակը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեանն է: Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակը լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու Հայոց պատմութեան...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը Ռուսական Նուաճողական Եւ Հայերու Հաշուոյն Գործարք Կատարելու Ծրագիրներուն Նկատմամբ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը Ռուսական Նուաճողական Եւ Հայերու Հաշուոյն Գործարք Կատարելու Ծրագիրներուն Նկատմամբ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական կառավարութիւնը, Անդրկովկասը իր տիրապետութեան ենթարկելու ծրագիրի իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն նախատեսած էր հայերուն: Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին պատուէր ստացած էր փաղաքշելու հայերը եւ Ռուսաստանի նկատմամբ բարի տրամադրութիւններ պահպանելու անոնց մէջ: Հայեր պատրաստ պէտք է ըլլային կատարելու այն ձեռնարկութիւնները, որոնք կը պահանջէին հանգամանքները եւ Ռուսիոյ շահը: Զօրավար Փոթեմքին սկսաւ պատրաստութիւններ տեսնել Անդրկովկասեան արշաւանքին համար: Պետերբուրգէն մեծ գումարներ ուղարկուեցան անոր,...

Սթափելու Ժամանակը

Հայաստանին Ու Լիբանանին Պէտք Է Ազգային Միասնական Ռազմավարութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Կը պատրաստուէի արձագանգել «Ազդակ»-ի 11 հոկտեմբեր 2021-ի թիւին մէջ Միհրան Քիւրտօղլեանի տեսակէտին, երբ տեղի ունեցաւ լիբանանեան տագնապի շղթայական հանգրուաններուն ամէնէն անսպասելին. զինեալ բախումը: Քանի մը ժամ տեւած բախումը պատճառած է 7 զոհ եւ 31 վիրաւոր: Պատճա՞ռը բախումին: 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատական հետաքննութեան շուրջ քաղաքական սուր տարակարծութիւն մը, որուն մասնակիցները թքած ունին իշխանութիւններու տարանջատման ու դատական...

Նահատակութեան Ա. Տարելիցին.  Այնճարի Հայութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Արցախեան Նահատակ Գէորգ Հաճեանի

Նահատակութեան Ա. Տարելիցին. Այնճարի Հայութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Արցախեան Նահատակ Գէորգ Հաճեանի

«Գէորգ Հաճեան» Փողոցի Եւ Յուշաքարի Բացում Այնճարի զաւակ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան առաջին տարելիցին առիթով Այնճարի մէջ կազմակերպուեցան տարբեր ձեռնարկներ եւ կատարուեցան նախաձեռնութիւններ: Արդարեւ, շաբաթ 16 հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ յուշաքարի զետեղում ու «Գէորգ Հաճեան» անունով փողոցի բացում: Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, 16 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն սկիզբ...

Page 390 of 1112 1 … 389 390 391 … 1,112

Արխիւներ