ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդրանիկ Ընդհանուր ժողովը (Թիֆլիս, 1892) իր մշակած ծրագրին կցած է կանոնագրային բնոյթ ունեցող սեղմ բաժին մը` «Կազմակերպութիւն» խորագրով: Կուսակցութիւնը գաղափարական որոշակի տեսլական ունեցող եւ որոշակի գործելակերպով գործող կենդանի հաւաքականութիւն է: Անոր կանոնները կը հպատակին կազմակերպական ընդհանուր կառոյցի մը, որ իր կարգին կը բխի կուսակցութեան գաղափարաբանութենէն: Ժողովները, մարմինները եւ անհատները շաղկապող կանոնները ինքնանպատակ չեն. անոնք կը մշակուին ծրագրուած գործերուն միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու, նպատակն իրականացնելու համար:
Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, գործելակերպին, բարոյական ըմբռնումներուն, վարած քաղաքականութեան ու որդեգրած ռազմավարութեան համապատասխան պէտք է ըլլայ:
Ծրագրի բնութագրումով, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով կը պայքարի հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան համար»: Իսկ ծրագրի Ընդհանուր տեսութեան եզրակացութիւնը աւելի կը յստակեցնէ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան` յանուն ազատ հայի, ազատ քաղաքացիի եւ ազատ հայրենիքի կերտման»:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազգային է: «…ազգը` իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ` համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման էական գործօն»: Դաշնակցութեան գործը հայ ազգին կը վերաբերի: Կարեւորելով հանդերձ հայ ազգը, Դաշնակցութիւնը կը մերժէ բացառիկութեան ամէն նկրտում:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական է: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը Հայաստանը կը սահմանէ իբրեւ «սոցիալական» պետութիւն: Աշխատանքի արժեւորումը, արդար հատուցման ու գնահատման անհրաժեշտութիւնը, ընկերային կարիքներու (ուսում, առողջապահութիւն, բժշկութիւն, մանուկներու եւ տարեցներու խնամատարութիւն եւ այլն) գոհացումը կը յառաջացնեն համերաշխ եւ բարգաւաճող հասարակութիւն: Դաշնակցութիւնը կ՛ընդունի սեփականութեան տարբեր ձեւերը` մասնաւոր, համագործակցական, պետական ու խառն: Ժողովուրդին սեփականութիւնը կը հանդիսանան` մշակոյթը, հողը եւ ընդերքը, բնական միջավայրը եւ պաշարները:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը յեղափոխական է: Յեղափոխութիւն (ի-եղ-ա-փոխ-ութիւն) կը նշանակէ «եղածը, գոյութիւն ունեցածը փոխել»: Հայ ազգին ու հայոց հայրենիքին վիճակը` ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան բացակայութիւն, երկրի փոքրացում, ժողովուրդի ցրւում, անընդունելի է, ուրեմն ենթակայ` փոխուելու: Միջոցը փոփոխութեան կը ճշդուի համաձայն պայմաններուն եւ չ՛ենթադրեր անպայման բռնամիջոց, սակայն կ՛ենթադրէ համաժողովրդային մասնակցութիւն:
Գաղափարական այս վարդապետութիւնը կիրարկելու, գործի վերածելու համար Դաշնակցութիւնը ստեղծած է կազմակերպութիւն եւ մշակած` համապատասխան կառոյց: Կազմակերպութիւնը գաղափարի իրագործման համար է: Ան ենթակայ է ո՛չ միայն գաղափարական հաւատամքի պահանջներուն, այլ նաեւ` քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային պայմաններու թելադրանքին, տուեալ ժամանակաշրջանի մը մէջ ծրագրուած գործի տեսակին ու ծաւալին: Ուրեմն կազմակերպական կառոյցը, պահպանելով գաղափարական հիմնական սկզբունքները, ենթակայ է փոփոխութեան, հոլովոյթի:
Իր հիմնադրութեան օրէն իսկ Դաշնակցութիւնը կոչուած էր գործելու առնուազն երեք տարբեր միջավայրերու մէջ` Օսմանեան կայսրութիւն, Ռուսական կայսրութիւն, Պարսկաստան: Երեք միջավայրերուն մէջ ապրող հայութեան կարգավիճակը, պահանջները, հնարաւորութիւնները կը տարբերէին իրարմէ: Կեդրոնէ մը ղեկավարուող միատեսակ աշխատանքի ոճի մը որդեգրումը անխուսափելիօրէն պիտի ստեղծէր հակասութիւններ, տարակարծութիւններ, վէճեր ու, կազմակերպութիւնը իր հիմնական գործէն շեղելով, զայն պիտի վերածէր ներքին տարակարծութիւններու թատերաբեմի: Անհրաժեշտ էր որդեգրել այնպիսի կառոյց, որ կը պահպանէր քաղաքական-գաղափարական միասնութիւնը, միաժամանակ տեղական պայմաններուն պատշաճող նախաձեռնութեան հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէր տարբեր միջավայրերու մէջ գործող միաւորներուն: Առաջին Ընդհանուր ժողովը` գումարուած Թիֆլիս, 1892 թ., կ՛որդեգրէ ապակեդրոնացման սկզբունքը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ երկու տարուան գործունէութեան ընթացքին դադրած էր տարբեր յեղափոխական խմբակներու «դաշնակցութիւն» ըլլալէ, դարձած էր միասնական գաղափարաբանութիւն ունեցող կուռ ու միաձոյլ կազմակերպութիւն, կ՛որդեգրէ աշխատանքային, գործի «դաշնակցութեան» սկզբունքը:
Ազգային-ազատագրական պայքարի կազմակերպութիւն հանդիսացող Դաշնակցութիւնը կ՛որոշէ գաղափարական խիստ կեդրոնացումով գործել` բոլորին համար խստօրէն պարտադիր դարձնելով Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն անշեղ գործադրութիւնը: Ազատօրէն գործելու հնարաւորութիւնը` կազմակերպական ապակեդրոնացումը, կը վերաբերի տեղական միջոցներուն, հնարաւորութիւններուն: Կազմակերպական ապակեդրոնացման ու գաղափարական կեդրոնացման հանգանակը կը պայմանաւորուի բարոյական սկզբունքով: Արդարեւ, Ա. Ընդհանուր ժողովը կը պատգամէ, որ` «Յեղափոխական գործի մէջ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ միմիայն` բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր»: Սիմոն Զաւարեանի յստակեցումով, «Թող Ընդհանուր ժողովը որոշէ սկզբունքներն ու տակտիկը, բայց թող իւրաքանչիւր վայրի ընտրեալ մարմինը ինքը վարէ տեղական գործերը, ինքը նախաձեռնէ եւ կատարէ` ղեկավարուելով նոյն ընդհանուր սկզբունքներէն»:
1892 թ. Ա. Ընդհանուր ժողովէն մինչեւ 1919 թ. Թ. Ընդհանուր ժողովը կազմակերպական կառոյցի հարցը մի՛շտ եղած է օրակարգի վրայ` բացառութեամբ Ը. Ընդհանուր ժողովին (1914), որ վաղաժամ աւարտած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկսելուն պատճառով: Բոլոր ընդհանուր ժողովներուն կատարուած են կարեւոր փոփոխութիւններ` միշտ կառոյցը պատշաճեցնելով քաղաքական կացութեան թելադրած պահանջներուն: Այսպէս, Դաշնակցութիւնը գործած է երկու, նոյնիսկ երեք բիւրոներով, որոնք թէեւ օժտուած էին գործադիր մարմինի իրաւասութիւններով, սակայն աւելի շատ համադրող, տեղեկութիւնները փոխանցող եւ նիւթական միջոցները կեդրոնացնող ու բաշխող հեղինակաւոր մարմիններ էին: Բիւրոներու ընտրութիւնը ընդհանրապէս կատարուած է Ընդհանուր ժողովի մէջ, բայց նաեւ երբեմն անոնց կազմը ամբողջացուած է ռայոնական կոչուած ժողովներու մէջ, որոնք ընդարձակ շրջանի մը յատուկ մասնակի ընդհանուր ժողովներ էին: Դաշնակցութիւնը, տակաւին, յառաջացուցած է պատասխանատու մարմիններ (կամ պատասխանատու կեդրոնական կոմիտէներ)` զանոնք ամբողջապէս եւ երբեմն մասամբ ընտրելով Ընդհանուր ժողովի կողմէ: Ընդհանուր ժողովները ընտրած են նաեւ ոչ տարածքային այլազան մարմիններ, ինչպէս` Ցուցական մարմինը կամ Ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական կոմիտէն: Այս բոլոր մարմիններուն մէջ յեղափոխական պայքարի ընթացքին յառաջացած բացերը լրացնելու, նոր կացութիւններու պատճառով ծրագիրները վերանայելու համար Դաշնակցութիւնը ունեցած է «Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող մարմին», աւելի ուշ` «Դաշնակցութեան խորհուրդ»:
Վերջին մարմիններուն կ՛անդամակցէին բիւրոներու եւ պատասխանատու կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները: Բոլոր պատշաճեցումները եւ փոփոխութիւնները կատարուած են Գ. Ընդհանուր ժողովի ուղենշային որոշումին նկատառումով. «Դաշնակցութեան նպատակի եւ կազմակերպութեան սիստեմի վերաբերեալ որեւէ արմատական փոփոխութիւն չի կրնար որոշել Ընդհանուր ժողովը, եթէ նախապէս այդ խնդիրը չէ ներկայացուած կեդրոնական կոմիտէներուն»:
(Շար. 1)