Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Հոկտեմբեր 19, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ի՞նչն Է Որ Ցնորուն Միտքերը (Wandering Thoughts) Կը Վերածէ Աւելի Վատ Բանի
–
Merck-ը FDA-ի Թոյլտուութեան Կը Սպասէ «Քորոնա»-ի Բուժման Առաջին Դեղահատի Համար
–
Որոշ Պատուաստանիւթերու Ազդեցութիւնը Ամբողջ Կեանք Մը Կը Տեւէ. Ահա Թէ Ինչո՛ւ «Քորոնա»-ի Պատուաստները Այդպէս Չեն

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ի՞նչն Է Որ Ցնորուն Միտքերը (Wandering Thoughts)
Կը Վերածէ Աւելի Վատ Բանի

Համաճարակի բոլոր արգելափակումներով եւ ֆիզիքական հեռաւորութեամբ, միլիոնաւոր մարդիկ իրենց անձին տրամադրելու շատ ժամանակ ունեցան: Շատերը թերեւս այդ ժամանակը ճաշեր եփելով անցուցին, երկար ժամանակ քալելու ելան կամ տունը նստած` համակարգչային խաղերով զբաղեցան, բայց այս ժամանակաշրջանին անխուսափելի էին նաեւ մտքի թափառումներն, որոնց հետեւանքներէն էր ընկճուածութեան եւ անձկութեան անխուսափելի աճը: Վերջինը կրնայ կապուած ըլլալ ուղեղի այն նոյն ցանցին հետ, որ ենթադրաբար կ’աջակցի թափառող մտքին, որ կը կոչուի լռելեայն կարգի ցանց (Default Mode Network):

Այս ցանցով հետաքրքրուած գիտնականները կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնան ցնորուն միտքերը որոշ մարդոց տանիլ մտորումներու վիճակի մը, ուր նոյն բացասական միտքերը բազմիցս կը կրկնուին: Այս օրինաչափութիւններու վերաբերեալ որոշակի պատկերացում կազմելու համար անոնք արձանագրեցին աւելի քան 2000 մտածումներ, որոնք բարձրաձայն ըսուած էին հետազօտութեան 78 մասնակիցներու կողմէ, որոնք միայն 10 վայրկեան իրենց մտքին թափառելու առիթ տուին:

Աւագ գիտաշխատող, Արիզոնա համալսարանի հոգեբանութեան փրոֆեսէօր Ժեսիքա Անտրիւզ-Հաննա եւ իր գործընկերները յոյս ունէին, որ գիտակից այս մտորումներու վերլուծութիւնը կրնայ պատկերացում կազմել, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը խրուին հոգեկան բացասական պարոյրներու մէջ (Spirals):

Անոնք պարզած են, որ մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ներկայի կամ ապագայի մասին կը մտածէր ո՛չ բացասական, ո՛չ ալ դրական ձեւով, այլ չեզոք էր: Մտքերու գրեթէ երեք քառորդը երեւակայական էր կամ կը դառնար անձին շուրջ:

Բացասականութիւնը բացասականութիւն կը ծնի

Քննիչները հետաքրքրական օրինաչափութիւն (pattern) մը գտան բացասական միտքերու հետ կապուած. որքան որ մէկու մը միտքերը բացասական դառնային, այնքան աւելի հաւանական էր, որ անոր յաջորդ մտածումը կապուած ըլլար իր նախորդներուն հետ: Այլ խօսքով, բացասական միտքերը ստեղծեցին աւելի բացասական միտքերու շղթայական հակազդեցութիւն:

Ի տարբերութիւն դրական միտքերուն, որոնք հակուած էին յաջորդելու բոլորովին իրարու հետ կապ չունեցող մտորումներ` ցոյց տալով իսկական մտային թափառում մը: Օրինաչափութիւնն այն էր, որ բացասականութիւնը հակում ունի մտային հորիզոնը նեղցնելու, մինչդեռ դրականութիւնը զայն կ՛ընդլայնէ միտքը թափառած ժամանակ:

Գիտնականները նաեւ «ոչ զարմանալիօրէն» պարզեցին, որ բացասական միտքերը, որոնք կը դառնային անձին եւ անոր անցեալին շուրջ, աւելի քիչ հաւանական կը դարձնեն դրական միտքերու ծագումը:

Ուսումնասիրութեան մասնակիցներու մեծ մասը երիտասարդ եւ կրթեալ էր եւ հաւանաբար կ՛ըսէր միայն այնպիսի բաներ, որոնք իրեն համար յարմար էր ըսել հետազօտողներուն դիմաց: Եւ քանի որ անոնք մասնակիցներուն չէին հարցներ իրենց տրամադրութեան մասին, քննիչները չէին կրնար մտածելակերպի օրինաչափութիւնները կապել հոգեկան առողջութեան որեւէ վիճակի հետ:

Այս բոլորը չեն հասնիր ընկճուածութեան կամ անձկութեան լուծումներուն, սակայն անոնք կրնան մեկնակէտ հանդիսանալ ապագայ հետազօտութիւններու համար, թէ ինչպէ՛ս սկիզբ կ՛առնեն միտքերու բացասական գնացքները, եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի զանոնք հունէն հանել:

Աղբիւր` Medscape

Merck-ը FDA-ի Թոյլտուութեան Կը Սպասէ
«
Քորոնա»-ի Բուժման
Առաջին Դեղահատի Համար

Merck դեղագործական ընկերութիւնը երկուշաբթի, 11 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութենէն (FDA) խնդրեց արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման թոյլտուութիւն` «Քորոնա»-ի բուժման առաջին դեղահատը հանրութեան տրամադրելու համար:

«Մոլնուփիրաւիր» (Molnupiravir) հակաժահրային բերնի դեղամիջոցը նախատեսուած է բուժելու մեղմ եւ չափաւոր «Քորոնա» այն մեծահասակներուն մօտ, որոնք կը գտնուին ծանր «Քորոնա» -ի պարագայի կամ հիւանդանոցային վտանգի տակ:

FDA-ի կողմէ ցարդ ընդունուած բոլոր բուժումները կը պահանջեն ներերակային ներարկում: Այս դեղահատը, որ կրնայ տան մէջ օգտագործուիլ «Քորոնա»-ով ախտորոշուելէ կարճ ժամանակ անց, ներուժ ունի թեթեւցնելու ծանրաբեռնուած հիւանդանոցային համակարգերը, օգնելով մարդոց վերադառնալու առողջութեան` առանց խիստ բժշկական ուշադրութեան: Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ժըռնըլ»-ի, բուժման կարգը 40 դեղահատ է. որ կ՛առնուի օրական 8 դեղահատ` ախտանիշներու յայտնուելուն յաջորդող հինգ օրուան ընթացքին:

3-րդ փուլի քլինիքական փորձարկման(1) 775 մասնակիցներու վերլուծութիւնը ցոյց տուաւ, որ «Մոլնուփիրաւիր»-ը մօտ 50 տոկոսով նուազեցուցած է հիւանդանոցային կարգի կամ մահուան վտանգը: «Մոլնուփիրաւիր» ստացած հիւանդներու միայն 7 տոկոսը հիւանդանոցային կարգի անցած է փորձարկման 29 օրուան ընթացքին, համեմատած` «Փլասիպօ»-ի(2) (Placebo) խումբի 14.1 տոկոսին, որուն անհատները հիւանդանոցային կարգի անցած կամ մահացած են:

Փորձարկման ժամանակ մահացած է «Փլասիպօ» ստացած ութ մարդ, սակայն «Մոլնուփիրաւիր» առնողներու խմբակին մէջ մահուան դէպքեր չեն արձանագրուած: Ուսումնասիրութեան սկիզբը բոլոր հիւանդներէն կը պահանջուէր ունենալ առնուազն մէկ վտանգի գործօն` հիւանդութեան մը հետ կապուած, ինչպիսիք են արեան գերճնշումը, շաքարախտը կամ գիրութիւնը:

«Մեզ շատ կ՛ոգեւորեն վերլուծութեան արդիւնքները, եւ յոյս ունինք, որ «Մոլնուփիրաւիր»-ը, եթէ թոյլատրուի օգտագործել, կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ համաճարակի վերահսկման վրայ», կ՛ըսէ  Merck-ի նոր դեղամիջոցներու մշակման գործընկեր Ridgeback Biotherapeutics-ի ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ուէնտի Հոլման:

Ե՞րբ «Մոլնուփիրաւիր»-ը հասանելի կը դառնայ հանրութեան: Տակաւին անյայտ է, բայց վարակիչ հիւանդութեան մասնագէտ եւ կանխարգելիչ բժշկութեան եւ Նաշվիլի առողջութեան քաղաքականութեան փրոֆեսէօր Ուիլիըմ Շաֆնըր կ՛ակնկալէ, որ FDA-ը կրնայ արտակարգ թոյլտուութիւն տալ յաջորդ 8-10 շաբաթներուն ընթացքին:

«Դեղը դեռ հաստատուած չէ, բայց սա կրնայ ըլլալ շատ կարեւոր նոր բուժում մը «Քորոնա»-ի հիւանդութեան համար»,  կ՛ըսէ Շաֆնըր: «Դեղահատեր կառավարելն ու օգտագործելը շատ աւելի դիւրին է, քան` ներկայիս մոնոքլոնըլ հակամարմինները(3) (monoclonal antibodies), որոնք կը պահանջեն ներարկումներ եւ ներերակային միջոցներ»:

Ռոպերթ Շաֆըր` Սթանֆորտի համալսարանի բժշկութեան փրոֆեսէօր, որ մասնագիտացած է վարակիչ հիւանդութիւններու բուժման մէջ, կը նշէ, որ մոնոքլոնըլ հակամարմիններու վերաբերեալ հիմնական տուեալները մինչ այժմ ցոյց կու տան, որ անոնք աւելի արդիւնաւէտ են հիւանդանոցային կարգը կանխելու համար: «Ռեմտեսիվիր»-ի (ապրանքանիշը ` Վեքլուրի) քլինիքական փորձարկումներու 3-րդ փուլի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ մոնոքլոնըլ հակամարմինները 87 տոկոսով արդիւնաւէտ եղած են վաղաժամ ախտորոշուած մեծ վտանգով հիւանդներու հիւանդանոցային կարգի նուազեցման համար:

«Կը կարծեմ, թէ մեծ վտանգ ունեցող անհատներու համար յանձնարարութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, տակաւին մոնոքլոնըլ հակամարմինները կը մնան, բայց յառաջիկայ քանի մը շաբաթուան ընթացքին տուեալներու զգուշ հետապնդում մը պիտի ըլլայ, յատկապէս երբ անոնք կը հասնին FDA` արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման թոյլտուութիւն ստանալու համար, պարզելու, թէ ո՛վ պէտք է ստանայ մոնոքլոնըլ հակամարմիններ, եւ որո՛նք կրնան ստանալ «Մոլնուփիրաւիր» բերնի միջոցով»,  կ’ըսէ բժիշկ Շաֆըր:

Թոյլտուութեան ակնկալիքով, Merck կը նպատակադրէ մինչեւ 2021 թուականի աւարտը արտադրել դեղանիւթի 10 միլիոն տուփ, իսկ 2022-ին աւելին կը նախատեսուի:

«Էսոշիէյթըն Փրես»-ը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը համաձայնած է գնել դեղահատերէն 1,7 միլիոն տուփ` մօտ 700 տոլարով, դեղահատի իւրաքանչիւր տուփի համար: Լրատուութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Merck-ի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքի աւագ փոխնախագահ Նիքոլաս Քարցոնիս ըսաւ, որ 700 տոլարի ցուցանիշը չի ներկայացներ դեղամիջոցին վերջնական գինը, աւելցնելով, որ Merck-ը կը ցանկայ «այս դեղամիջոցը հասանելի դարձնել մադոց այնքան, որքան որ կրնան»:

Աղբիւր`  «Էվրիտէյ Հելթ»

(1) Քլինիքական փորձարկման 3-րդ փուլ.- Քլինիքական փորձարկման III փուլը սովորաբար կը ներառէ շուրջ 3000 մասնակից, որոնք ունին դեղամիջոցի բուժելու նախատեսուած պայմանը (հիւանդութիւնը): Այս փուլի փորձարկումները կրնան տեւել քանի մը տարի:

3-րդ փուլին նպատակն է գնահատել, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ նոր դեղամիջոցը` նոյն վիճակի համար գոյութիւն ունեցող դեղամիջոցներու հետ համեմատած:

(2) «Փլասիպօ».- Նիւթ կամ դեղահատ, որ նախատեսուած է ոչ թէ  ֆիզիոլոքլիական (physiological) նշանակութիւն ունենալու, այլ հիւանդին հոգեբանական օգուտ տալու համար: Ան չունի բուժման ազդեցութիւն, որովհետեւ չի պարունակեր դեղանիւթ, այլ կ՛օգտագործուի նոր դեղերու հսկողութեան համար` փորձարկումներու ժամանակ:

(3)Մոնոքլոնըլ հակամարմիններ (monoclonal antibodies).- Տարրալուծարաններու մէջ պատրաստուած սպիտակուցի (protein) տեսակ մը, որ կրնայ կապուիլ մարմնի մէջ գոյացած նիւթերու հետ, ներառեալ` քաղցկեղի բջիջները: Կան շարք մը մոնոքլոնըլ հակամարմիններ: Մոնոքլոնըլ հակամարմինը կը պատրաստուի այնպէս, որ ան կապուի միայն մէ՛կ նիւթի հետ:

Որոշ Պատուաստանիւթերու Ազդեցութիւնը
Ամբողջ Կեանք Մը Կը Տեւէ. Ահա Թէ Ինչո՛ւ
«
Քորոնա»-ի Պատուաստները Այդպէս Չեն

Հետազօտողները հաշուարկած են այլ պատուաստանիւթերու պաշտպանութեան տարիներու տեւողութիւնը. «Քորոնա»-ինը տակաւին առեղծուած կը մնայ:

Ինչո՛ւ «Քորոնա»-ի պատուաստումները աւելի երկար չեն տեւեր:

Հարսանիթի (կարմրուկ, measles) դէմ պատուաստումները օգտակար են առողջութեան համար, ջրծաղիկի (chickenpox) պատուաստումները կը պաշտպանեն 10-20 տարի, իսկ պրկախտի (tetanus) պատուաստները կը տեւեն տասնամեակ մը կամ աւելի: Սակայն Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները կը կշռադատեն, թէ արդեօք պէ՞տք է թոյլատրել «Քորոնա»-ի խթանիչ (booster) պատուաստումներ մեծահասակներու համար` առաջին պատուաստումէն վեց ամիս ետք:

Պատուաստանիւթի նպատակը բնական վարակներէ պաշտպանութիւն ապահովելն է` առանց ծանր հիւանդութիւն մը կամ մահուան վտանգ պատճառելու:

«Իսկապէս լաւ պատուաստանիւթը կը ստիպէ, որ անհատը չվարակուի, նոյնիսկ եթէ ան ենթարկուի ժահրին», կ՛ըսէ Էմորի համալսարանի կենսաբանութեան փրոֆեսէօր Ռոստոմ Անտիա, որ մարմնի դիմադրականութեան հակազդեցութիւնները կ՛ուսումնասիրէ: «Սակայն բոլոր պատուաստանիւթերը իտէալական չեն»:

Անոր խօսքով, պաշտպանութեան երեք աստիճանաւորումներն են` վարակի եւ փոխանցման լիարժէք պաշտպանութիւն` պաշտպանութիւն ծանր հիւանդութիւններէ եւ փոխանցումէ, կամ պաշտպանութիւն` միայն ծանր հիւանդութիւններէ:

Արդիւնաւէտութիւնը կախում ունի` պատուաստանիւթին յառաջացուցած մարմնի դիմադրականութեան պատասխանի սաստկութենէն եւ անոր իբրեւ արդիւնք յառաջացած հակամարմիններու (antibodies) քայքայման արագութենէն, ժահրերու կամ մանրէներու նենգափոխման (mutation) հակուածութենէն եւ մարմնի մէջ վարակի տարածուած տեղէն:

Պաշտպանութեան երաշխիքը դիմադրականութեան մակարդակն է, որ պէտք է  բաւարար ըլլայ հիւանդութենէ զերծ մնալու համար: Իւրաքանչիւր վարակի համար ան տարբեր է, եւ տարբեր է նոյնիսկ, թէ ինչպէս կ՛որոշուի այդ մէկը:

«Հիմնականին մէջ այդ մէկը հակամարմիններու մակարդակն է արեան մէկ միլլիլիթրին մէջ», կ՛ըսէ Օրեկոնի առողջութեան եւ գիտութեան համալսարանի փրոֆեսէօր Մարք Սլիֆքա:

(T բջիջները(2) նոյնպէս կը նպաստեն պաշտպանութեան, սակայն հակամարմինները չափելը աւելի դիւրին է):

1942-ին պրկախտի համար հաստատուած է 0,01 միջազգային միաւոր (IU) մէկ միլլիլիթրի համար, երբ զոյգ գերմանացի հետազօտողներ գիտակցաբար ենթարկուած են թոյնին` կենդանիներու վրայ կատարուած նախորդ հետազօտութիւններու արդիւնքները ստուգելու համար:

«Անոնցմէ մէկը իրեն թեթանոսի երկու մահացու չափաբաժին տուաւ իր ազդրին մէջ եւ վերահսկեց, թէ որքանո՛վ ազդեց չափաբաժինը անոր վրայ,-  ըսաւ բժիշկ Սլիֆքա, – իսկ անոր համահեղինակը` երեք մահացու չափաբաժին»:

Ոչ մէկը հիւանդացաւ:

Հարսանիթի նուազագոյն չափաբաժինը սահմանուեցաւ 1985 թուականին, երբ քոլեճի հանրակացարանը արեան տուչութենէ անմիջապէս ետք ենթարկուեցաւ հիւանդութեան: Հետազօտողները ստուգեցին հակամարմիններու խտացումը (concentration) ուսանողներու արեան նուիրատուութիւններուն մէջ եւ յայտնաբերեցին 0,02 միջազգային միաւոր մէկ միլլիլիթրի մէջ` որպէս վարակի կանխարգիլման համար անհրաժեշտ մակարդակ:

Այս հիւանդութիւններու պարագային, պատուաստանիւթերուն արձագանգման ծաւալը` հակամարմիններու քայքայման կարգին հետ միասին, կը յառաջացնէ կայուն դիմադրական պատասխաններ: Հարսանիթի հակամարմինները դանդաղ կը քայքայուին: Պրկախտի հակամարմինները աւելի արագ կը քայքայուին, սակայն պատուաստանիւթը կը ստիպէ մարմնին արտադրել շատ աւելի շատ, քան անհրաժեշտ է` փոխհատուցելով անոնց անկումը:

«Մենք բախտաւոր ենք պրկախտի, տիֆթիրիայի, հարսանիթի պատուաստանիւթերով», ըսաւ տոքթոր Սլիֆքա: «Մենք պարզած ենք, թէ ո՛րն է պաշտպանութեան շեմը անոր: Կը հետեւիք ժամանակի ընթացքին հակամարմիններու անկման, եւ եթէ գիտէք պաշտպանութեան շեմը, կրնաք հաշուարկել պաշտպանութեան ամրութիւնը: «Քորոնա»-ի պարագային, այդ մէկը չենք գիտեր»:

Պատմականօրէն ամէնէն արդիւնաւէտ պատուաստանիւթերը օգտագործած են կրկնուող ժահր(1) (replicating virus), որոնք էապէս կը յառաջացնեն ցմահ դիմադրականութիւն:

Հարսանիթի եւ ջրծաղկի դէմ պատուաստանիւթերը կ՛օգտագործեն կրկնուող ժահրի տեսակը:

Չկրկնուող պատուաստանիւթերը եւ սպիտակուցի վրայ հիմնուած (protein-based) պատուաստանիւթերը (օրինակ` պրկախտի պատուաստանիւթը) այնքան ալ երկար չեն տեւեր, սակայն անոնց արդիւնաւէտութիւնը կրնայ բարձրանալ օժանդակ նիւթի մը յաւելումով, նիւթ մը, որ կը բարձրացնէ արձագանգի մեծութիւնը:

Պրկախտի եւ լերդաբորբ A-ի (hepatitis) պատուաստանիւթերուն մէջ օգտագործուած են օժանդակ նիւթեր:

«Ճոնսըն էնտ ճոնսըն»-ի եւ «ԱսթրաԶենեքա»-ի «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերը կ՛օգտագործեն չկրկնուող ժահրեր եւ չեն պարունակեր օժանդակ նիւթ: «Ֆայզըր» եւ «Մոտերնա- mRNA» «Քորոնա» պատուաստանիւթերը, որոնք տարբեր կերպ կը գործեն, բնաւ ժահր չեն պարունակեր:

Բարդութիւնները բարդացնելով ` ժահրերն ու մանրէները, որոնք նենգափոխման կ՛ենթարկուին` խուսափելով մարմնի դիմադրականութենէն, աւելի դժուար կը դարձնեն զանոնք վերահսկելու աշխատանքը:

Հարսանիթը, ականջուկը (խոզուկը) (mumps), վարդախտը (rubella) եւ ջրծաղիկը գրեթէ չեն նենգափոխուիր, բայց SARS-CoV-2 ժահրի` “Քորոնա»-ի ժահրի առնուազն ութ տարբերակ յայտանբերուած է, այս մասին յայտնած է British Medical Journal-ը:

«Այդ մէկը աւելի կը բարդացնէ պատուաստանիւթի աշխատանքը», ըսաւ տոքթոր Սլիֆքա: «Ժամանակի ընթացքին դուք կը հետապնդէք բազմաթիւ թիրախներ: Կրիփի ժահրը նոյնպէս նենգափոխման կ՛ենթարկուի: Կրիփի պարագային, մենք համակերպած ենք` ամէն տարի պատրաստելով կրիփի նոր պատուաստանիւթ, որ կարելի եղածին չափ սերտօրէն կը համապատասխանի կրիփի նոր տեսակին»:

(1)  Կրկնուող ժահր.- Կրկնուող ժահրի տեսակի պատուաստանիւթերը կ՛արտադրեն նոր ժահրային մասնիկներ իրենց վարակած բջիջներուն մէջ, որոնք այնուհետեւ կը վարակեն նոր բջիջներ, եւ որպէս արդիւնք այս բոլորին` պատուաստանիւթն անթիժենի կը վերածուի ու անոր համար հակամարմիններ կը յառաջանան:

(2) T բջիջները դիմադրականութեան համակարգի մէկ մասն են: Անոնք կը մշակուին ոսկրածուծին մէջ (Bone marrow): Անոնք կ՛օգնեն պաշտպանելու մարմինը վարակներէ եւ կրնան օգնել պայքարելու քաղցկեղի դէմ:

Աղբիւր` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Մեծ Վարպետ Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մարզական Միջոցառում

RelatedPosts

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արտաքին Ականջի Ընդոծին Տձեւութիւն Եւ Լսողութեան Կորուստ

Մայիս 20, 2022
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Մայիս 9, 2022
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Ապրիլ 14, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In