Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Զաւակներն Ալ Գողցան…

Հոկտեմբեր 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այո՛, այդպէս է:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տան մէջ արտագաղթի նիւթը արծարծելէ, այդ մասին մտածելէ կամ նման բան առաջարկելէ առաջ տասը անգամ կը մտմտայինք: Յաճախ այդ մասին կը մտածէինք, բայց քաջութիւնը չէինք ունենար մեր ծնողներուն առջեւ այս նիւթը արծարծելու:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ընդհանրապէս Լիբանանը լքելն ու Լիբանանէն հեռանալը` մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ, քիչ կ՛արծարծուէր: Աւելի լաւ պայմաններ ունեցող եւ լաւ վիճակի մէջ եղող ընտանիքներ կը գաղթէին, իսկ երիտասարդութեան համար, մանաւանդ ուսման եւ աշխատանքի, դուրսի երկիրներու կարելիութիւնները այսքան շատ եւ այսքան այլազան չէին:

Եկաւ խաղաղութիւն: Աւարտեցաւ քաղաքացիական պատերազմը: Սերունդ մը հասակ նետեց` ո՛չ պատերազմ գիտցաւ, ո՛չ տագնապ, ո՛չ առօրեայ հացի, ջուրի, պենզինի, հերթերու պատմութիւն:

Ունեցանք անկախ Հայաստան. «Դէպի երկիր» լոզունգով պարբերաբար եւ հանգրուաններով ընտանիքներ տեղափոխուեցան Հայաստան:

Հասաւ 2019 հոկտեմբեր 17-ի ժողովրդային ընդվզումը: Երկիրը տակնուվրայ եղաւ: Դրամատնային համակարգը փուլ եկաւ: Դրամը արժեզրկուեցաւ: Տնտեսական եւ զանազան տեսակի տագնապներ սրեցան: Արտագաղթի նոր ալիք մը սկսաւ:

Ճգնաժամը սուր է, բոլորս վնասեցինք:

Տարիներու վաստակ, խնայողութիւն, ծերութեան թոշակ, կալուած շոգիացան, լիբանանեան թղթոսկին մեծապէս արժեզրկուեցաւ, դրամատնային, հիւանդանոցային առողջապահական համակարգերը քանդուեցան, իսկ այս բոլորէն ետք եւ բոլորին վրայ եկաւ ճնշելու մեր զաւակներուն արտագաղթը:

Ամէն բան առին մեզմէ, մեր զաւակներն ալ առին, անոնք հեռացան Լիբանանէն, եւ այսօր կեանքի մէկ հանգրուանին, երբ որոշ տարիներու աշխատանքէ ետք կ՛երազես վայելել, զաւակդ, թոռնիկդ, ընտանիքդ, կը նկատես, որ անոնք հոս չեն, այդ  վայելքէն ալ զրկուած ես:

Փաստօրէն, միայն մեր նիւթական ինչքերը եւ դրամները չկորսնցուցինք, մեր զաւակներն ալ կորսնցուցինք, ժամանակի արդիական ձեւերով մեր կարօտի ու վայելքի պահերով կը բաւարարուինք եւ հոգեպէս տակաւին կը մխիթարուինք, որ առողջ ենք եւ ոտքի:

Այս բոլորէն ետք եւ այս բոլորէն անդին, մեր ու մեր շրջապատին  գոյատեւելու, ոտքի մնալու, տոկալու, յարատեւելու, շարունակելու եւ դիմանալու կամքը պէտք է զօրացնենք:

Ուրիշ լուծում չունինք:

Ուրիշ ելք չկա՛յ:

Իրականութիւնները ընդունիլ եւ մեր չափը գիտնալ: Ամէնէն կարեւորը ա՛յդ է:

Եւ վերջապէս` բոլորին հասնիլ:

 

 

Նախորդը

Ափսո՜ս…

Յաջորդը

«Երդիք»` Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?