Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արդարադատութեան Տեսութիւնը Եւ Քաղաքական Առաջադրանքները

October 14, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաջին լուրջ հարուածը ստացաւ գործող կառավարութիւնը: Ամէնէն կնճռոտ հարցը` նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան եւ պատասխանատուութիւններու ճշդումի ընթացակարգը գերքաղաքականացուած է արդէն, եւ իւրաքանչիւր կողմ քաղաքական հաշուեյարդարի  մօտեցումներ կը տեսնէ:

Արդարադատութիւնը տեսականօրէն ապաքաղաքական է եւ անկախ` երկրի գործադիրէն ու օրէնսդիրէն: Տեսական բառը այս պարագային իր հեգնական երանգով պէտք է ընկալել, որովհետեւ անիկա չի վերաբերիր միայն Լիբանանին:

Պատերազմական ոճիրներու հեղինակներ միջազգային ատեաններու կը յանձնուին այն պետութիւններուն կողմէ, որոնք օրին իրենց քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին իբրեւ գործիք զիրենք գործածած են տարբեր առաջադրանքներ իրականացնելու համար:

Լիբանանէն դուրս պահանջուած բարեկարգումներու մէջ արդարադատութիւնը առաջնային մարզ է:  Միջոց է սակայն. այս կամ այն գերտէրութիւնը Լիբանանի մէջ անկախ արդարադատութիւն հաստատելէ աւելի համակարգ փոխելու համար որոշ անձնաւորութիւններու հեղինակազրկումը կը նպատակադրէ: Այդ հեղինակազրկումը տալով քաղաքացիական շարժումներու պահանջներու արծարծման կ՛ազդէ ընտրական արդիւնքներուն վրայ:

Արտաքին զօրակցութիւնը` լիբանանցի դատաւորին նկատմամբ, բացայայտ է: Առաջադրանքը դատաւորին յանդգնութիւնն ու արդարամտութիւնը բարձրաձայնելու չի նպաստեր արդարադատական կարգերու կայացման:

Միջազգային զօրակցութիւնը այս կամ այն դատաւորին`  նման դիւրաբեկ կառավարութիւնը եւ ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններու մթնոլորտը նկատի ունենալով երբեք չի նպաստեր հետաքննութեան եւ անոր հետեւելիք դատավարութեան: Ընդհակառակն` կ՛արգելակէ բնական իրաւակարգը: Բաժանարար նոր գիծ կը ստեղծէ եւ կ՛առաջնորդէ կառավարութեան կաթուածահարման. նոյնիսկ առկախման, որուն երկարատեւ նախընթացներուն ականատես եղած է լիբանանեան հասարակութիւնը:

«Զօրակցական» նման միջամտութիւններ ուրեմն, այս բոլորը նկատի ունենալով, կ՛առաջնորդեն ցնցումներու: «Զօրակցութիւնը» կ՛ընկալուի իբրեւ հրահրում, իսկ հրահրումը կը շարժէ փողոցը: Փողոցը  իր հերթին կը վերալարէ կացութիւնը. փողոցին վրայ կառավարութեան վերահսկողութեան բացակայութիւնը կը հեղինակազրկէ այն կառավարութիւնը, որուն կազմութեան համար բազմաչարչար ոդիսականէ ետք կանաչ լոյս վառած էին գլխաւոր խաղցողները:

Միջազգային ուղերձները կը կասեցնեն նորակազմ կառավարութեան երթը: Այդ երթի վերջնակայանը խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Նման վարքագիծ նախանշել կու տայ, որ ցնցումներով պիտի յատկանշուի այդ երթը: Այդ ցնցումները անպայման արդարութեան հաստատման, անպատժելիութեան վերացման վեհ նպատակներէ կամ Լիբանանի համակարգը առողջացնելէ չեն բխիր: Կը բխին առնչուող պետութիւններու, գլխաւոր խաղցողներու շահերէն:

Լիբանանեան կողմերէն կ՛ակնկալուի լիցքաթափել մթնոլորտը եւ խուսափիլ առճակատումներէ: Փաստօրէն կան զսպիչ գործօններ, որոնք կը յաջողին շրջանցել նոր անդամալուծումներու եւ նոր բախումնային իրավիճակներու յառաջացման համար տեղադրուած ականները:

Լիբանանը ներկայ կուտակուած ճգնաժամերու վրայ չի  կրնար յաւելել տագնապի նոր տեսակներ:

«Ա.»

Նախորդը

Երգեհոնային Նուագոյթ

Յաջորդը

Անհեթեթ Նկատելով Իրանի Յայտարարութիւնները. Ալիեւ Կը Դժգոհի Ռուս Խաղաղապահներէն

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.