ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
1915-1918 թթ. դէպքերը, հայութեան տեղաշարժերը, գաղթականութիւնը փաստօրէն կազմալուծեցին Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին մաս կազմող մարմինները: Կազմակերպական քաոսին վերջ դրաւ 1919 թ. աշնան Երեւանի մէջ գումարուած Թ. Ընդհանուր ժողովը:
Թ. Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի իբրեւ պետական դարձած կուսակցութեան ժողով: Այս ժողովով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նուիրագործէ պետութիւն կերտող եւ պետութիւն կառավարող կուսակցութեան իր նոր հանգամանքը: Այս պայմաններուն մէջ երբեմնի երկու (նոյնիսկ երեք) բիւրոներ եւ քանի մը պատասխանատու մարմիններ հաշուող Դաշնակցութիւնը կ’որդեգրէ մէկ բիւրոյով գործելու դրութիւնը: Բիւրոն կը դառնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն գործադիր մարմինը, որուն կը վերապահուի կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ղեկավարութիւնը: Միաժամանակ, ապակեդրոնացման սկզբունքին շեշտումով, կեդրոնական կոմիտէները կը պահեն իրենց տրուած նախկին իրաւասութիւնները ամբողջական կերպով: Բիւրոն Հայաստանի մէջ կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան վարիչն է, սակայն պարտաւոր է խորհրդակցիլ թէ՛ կեդրոնական կոմիտէներուն եւ թէ՛ խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիային հետ: Ընդհանուր ժողովի կողմէ չնախատեսուած հարցերու քննութեան համար բոլորին մասնակցութեամբ կը գումարուի խորհրդաժողով մը, որ նորութիւն է Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ: Խորհրդաժողովը կը գումարուի Բիւրոյի անդամներու երկու երրորդի կամ առնուազն երեք կեդրոնական կոմիտէներու պահանջով: Խորհրդաժողովի որոշումները պարտադիր են Բիւրոյին եւ բոլոր մարմիններուն համար:
Թ. Ընդհանուր ժողովին որդեգրուած կառոյցը կը համապատասխանէ պետութեան վարչական բաժանումներուն. գիւղական եւ թաղային ժողովներ, գաւառակային ժողով, գաւառային եւ քաղաքային ժողովներ, շրջանային ժողով եւ ժողովներէն բխած համապատասխան մարմիններ: Ռայոնական ժողով կը կոչուի իւրաքանչիւր պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող կեդրոնական կոմիտէներու եւ շրջանային ժողովներու ներկայացուցիչներու ընդհանուր ժողովը:
1920 թուականի մայիսէն սկսեալ դէպքերը արգելք եղան այս կառոյցին գործադրութեան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նախատեսուած կառոյցը դարձաւ ժամանակավրէպ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարկադրուեցաւ վերակազմաւորուիլ արտասահմանի մէջ, ուր նորանոր գաղութներ կը կազմաւորուէին: Նոր կազմաւորուող գաղութներու ազգային դիմագիծի պահպանման, քաղաքականացման անհրաժեշտութիւնը մղեց Ժ. Ընդհանուր ժողովը (Փարիզ, 1924) յառաջացնելու այժմու կառոյցին մօտիկ համակարգ մը, որ մինչեւ 1997-ի ԻԷ. արտակարգ Ընդհանուր ժողովը մասնակի փոփոխութիւններով կարելի դարձուց Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան գոյառումը եւ գործունէութիւնը:
Հայաստանի համար Թ. Ընդհանուր ժողովը յառաջացուց Պատասխանատու մարմին մը, որ պահպանեց հայաստանեան կառոյցը մինչեւ ԺԲ. Ընդհանուր ժողովը (փետրուար-մարտ, 1933, Փարիզ), որուն, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի կազմակերպութիւնը չէր մասնակցեր: Այս ժողովը Երկրի հին կազմակերպութիւնները լուծարուած յայտարարեց:
1990-ի յուլիսին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումէն տարի մը առաջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս բացայայտեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ:
Հայաստանեան երիտասարդ կազմակերպութիւնը կազմաւորուեցաւ շնորհիւ առժամեայ ներքին կանոնագիրներու` միշտ նկատի ունենալով կազմակերպական կանոններու հիմնական սկզբունքները: Հայաստանեան կազմակերպութիւնը մասնակցեցաւ ԻԵ. եւ ԻԶ. Ընդհանուր ժողովներուն` իբրեւ կեդրոնական կոմիտէութիւն: Շարքերու ուռճացման իբրեւ արդիւնք եւ նկատի ունենալով Հայաստանի դաշնակցական կազմակերպութեան իւրայատուկ պայմանները, որոնք մասամբ կը յիշեցնեն 1918-1920-ի դրութիւնը, ԻԶ. Ընդհանուր ժողովը որոշեց Դաշնակցութեան ծրագրին եւ կառոյցին նուիրուած արտակարգ Ընդհանուր ժողով մը գումարել, որ տեղի ունեցաւ 1997-ին, Պէյրութի մէջ: ԺԷ. արտակարգ Ընդհանուր ժողովը, փոքր սրբագրումներ կատարելով արտասահմանեան շրջաններու կանոնագրային տրամադրութիւններուն մէջ, յառաջացուց Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ կառոյց մը: Այսպէս, համաձայն Հայաստանի վարչական բաժանումներուն, կը յառաջանան կոմիտէութիւններ, մարզային կոմիտէութիւններ, Երեւանի քաղաքային կոմիտէութիւն, Հայաստանի կազմակերպութիւն: Համապատասխանաբար կը հետեւին խումբի ժողովը, կոմիտէութեան կամ առանձնակի խումբի ժողովը, մարզային ժողովը կամ Երեւանի քաղաքային ժողովը եւ գերագոյն ժողովը: Իւրաքանչիւր ժողովէն կը բխի մարմին մը (բացի խումբէն): Նոր կանոնագիրը կը հաստատէ, որ` «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ ՀՅԴ քաղաքականութիւնը կը ներկայացնէ եւ կը գործադրէ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը: ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի կողմէ որոշուած ռազմավարութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերու պարագային Հայաստանի Գերագոյն մարմինն ու ՀՅԴ Բիւրոն կը գործեն համախորհուրդ: Այս ծիրին մէջ վերջին որոշումը կը պատկանի ՀՅԴ Բիւրոյին»: Միւս կողմէ` Բիւրոն պարտաւոր է տարին անգամ մը գումարելու «ՀՅԴ Բիւրոյի ու շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողով»: Այդ ժողովը, լսելէ ետք Բիւրոյի տարեկան տեղեկագիրը, նոր պայմաններէ ու կացութիւններէ բխող ՀՅԴ ռազմավարութեան եւ ընդհանուր քաղաքականութեան պատշաճեցումներ եւ յարմարեցումներ կ’առաջարկէ: Որոշման իրաւունքը կը պատկանի Բիւրոյին:
Շուրջ քառորդ դար կիրարկուած է արտասահմանեան շրջաններու համար նախատեսուած կառոյցին վրայ հայաստանեան կազմակերպութեան պատուաստումով ստացուած ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցը: Արտասահմանեան շրջաններէն ոմանք այս դասաւորումին մէջ տեսան հայաստանեան երիտասարդ ու բնականաբար քիչ փորձառու կազմակերպութեան տրուած անհամաչափ իրաւասութիւններ: Փոփոխութեան փորձեր եղան, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ գանգատողները չյաջողեցան առաջարկել տարբեր` Դաշնակցութեան կազմակերպական աւանդները յարգող, գործնական եւ աւելի արդիւնաւէտ կառոյց մը:
Ո՞րն է հարցին էութիւնը:
Ինչպէս հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը, այնպէս ալ ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան շրջաններուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը գտնուի Հայաստանէն դուրս: Արտասահմանեան կազմակերպական շրջանները բնականաբար ունին տեղական գործեր, որոնք գաղութներուն համար կարեւոր են ու անշրջանցելի: Կարեւոր են, սակայն` ոչ հիմնական: Դաշնակցական հասկացողութեամբ, սփիւռքը ժամանակաւոր երեւոյթ է, քանի որ ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակը հողահաւաքի ու հայահաւաքի իրականացումն է: Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ: Կը հետեւի, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործը, ուր ալ կատարուի անիկա, Հայաստանի համար է: Հայաստանէն դուրս դաշնակցականները ուժ եւ հեղինակութիւն կը կուտակեն` զանոնք ի սպաս դնելու համար Հայաստանին ու Հայ դատին: Նոյնիսկ սփիւռքը հզօրացնելու ճիգերը նո՛յն մտասեւեռման, նո՛յն առաջադրանքին կը ծառայեն:
Այս պայմաններուն նկատառումով` արտասահմանեան կազմակերպութիւնները կրնա՞ն միայն դիտողի դեր ստանձնել Հայաստանի մէջ կատարուածին նկատմամբ, անոր մասին ըսելիք չունենալ: Եղան դաշնակցականներ, որոնք երկու բիւրոներու միջոցով կարծեցին հարցին լուծում գտնել: Ճիշդ է, որ արտասահմանեան դաշնակցական կազմակերպութիւններու եւ հայաստանեան կազմակերպութեան գործառոյթները իրարմէ տարբեր են: Առաջինները դուրսի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, տարբեր քաղաքական վարչակարգեր ունեցող միջավայրերու մէջ Հայաստանի համար գործող գաղութային կամ համայնքային կազմակերպութիւններ են: Երկրորդը պետական կազմակերպութիւն է, Հայաստան պետութեան մէջ իսկ գործող կազմակերպութիւն: Աշխատանքի ոճն է տարբեր, ձեւն է տարբեր, պարունակութիւնն է տարբեր: Միջոցը տարբեր է, բայց առաջադրանքը` միեւնոյնը:
Ապակեդրոնացման նուիրականացած սկզբունքով` Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւն կիրարկելու իրաւունքը կը պատկանի Հայաստանի Գերագոյն մարմինին, անշուշտ, Ընդհանուր ժողովի կողմէ հաստատուած ռազմավարութեան սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ հարկ է ըմբռնումով մօտենալ Հայաստանէն դուրս գտնուողներուն շահագրգիռ հետաքրքրութեան ու գործին մասնակից դառնալու ձգտումին, պայմանաւ որ սրբութեամբ պահպանուի համայն Դաշնակցութեան գաղափարական միասնութիւնը:
Երկու (թէ բազմաթիւ) անյայտներով այս հաւասարումին լուծում գտնելու կոչուած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հաղորդակցական միջոցներու մերօրեայ դիւրութիւնները թոյլ կու տան, որ Դաշնակցութիւնը գործէ մէկ բիւրոյի աչալուրջ հսկողութեան ներքոյ: Միաժամանակ կարելի է, օրինակի համար, պարբերաբար գումարել խորհրդաժողով մը, որ իրաւասու ըլլայ նոր կացութիւններու նկատառումով որոշումներ կայացնելու: Որոշումներ, որոնք պարտադիր ըլլան թէ՛ ՀՅԴ Բիւրոյին եւ թէ՛ բոլոր մարմիններուն համար: Նախընթացը կայ, թէեւ` չգործադրուած: Թ. Ընդհանուր ժողովին նախատեսած խորհրդաժողովը ունէր նման իրաւասութիւն, սակայն պիտի գումարուէր Բիւրոյի երկու երրորդին կամ առնուազն երեք կեդրոնական կոմիտէներու պահանջով: Պայմանները այժմ տարբեր են, լուծումն ալ կրնայ տարբեր ըլլալ, պատշաճ` ժամանակակից պայմաններուն: Օրինակի համար` Թ. Ընդհանուր ժողովի օրերուն արտասահմանեան մարմինները փոքրաթիւ էին (հազիւ քանի մը հատ), մինչդեռ այժմ անոնք մեծ թիւ կը կազմեն:
Կառոյցի փոփոխութիւնները կամ ստեղծուած պայմաններուն պատշաճեցումները կը վկայեն բոլոր վիճակներուն համապատասխան աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու ՀՅ Դաշնակցութեան ունակութեան մասին:
Միշտ հաւատարիմ` գաղափարական միասնութեան, միշտ հետամուտ` բարոյական սկզբունքներուն, գործի կուսակցութիւն հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէ կաշկանդուած կազմակերպական ամուլ մաքրակրօնութեամբ ու գիտցած է իր կազմակերպական կառոյցը յարմարեցնել գործի հրամայականներուն:
(Շար. 2 եւ վերջ)