Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Մամուլի Օր»

Հոկտեմբեր 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մամուլը իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ    հասարակութեան համար նկատուած է անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ եւ ստանձնել անոր կեանքին մէջ:

Արդ, այս կարճ յառաջաբանէս ետք, քիչ մըն ալ պատմութիւն:

1512-ին Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ գիրք` «Ուրբաթագիրքը»-ը, առաջին անգամ ըլլալով հայ տպագրութեան հիմը կը դնէր: Իսկ շուրջ երեք դար ետք, ճիշդ 16 հոկտեմբեր 1794-ին, հայ անուանի մտաւորական եւ ազգային գործիչ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան (գաղթած` Իրանի Նոր Ջուղայէն) Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ կը հիմնադրէր իր սեփական տպարանը, իր իսկ յօրինած տառերով: Այս ձեւով ան կարողացաւ տպագրել կրօնական եւ ազգային գիծ ունեցող հատորներ, թիւով` եօթը:

Ժամանակ մը ետք Շմաւոնեան հրապարակեց, իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ պարբերական մը «Ազդարար» անունով: Խորքին մէջ հայերէն առաջին պարբերական «Ազդարար»-ը, որ ամսական դրութեամբ լոյս սկսած էր տեսնել, շատերու համար ամսագիր նկատուած էր, իսկ ոմանց` լրագիր: Պէտք է շեշտել, որ «Ազդարար»-ը, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայ հասարակական-քաղաքական մտքի ձեւաւորման, գաղափարներու հասունացման եւ տարածման գործին մէջ:

Ու պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամսագիրը իր սկիզբին ունեցած էր միայն 28 բաժանորդ: Բայց հետաքրքրականը այն էր, որ նաեւ ունեցած էր իր խմբագրական կազմը, այլ խօսքով` յատուկ մարմին մը, բաղկացած` իր շուրջ համախմբուած երիտասարդներէ: Ըստ երեւոյթին, այս մարմինի անդամներն էին ընդհանրապէս տպարանի աշխատողները, որոնք տպագրութեան յանձնուելիք գրութիւնները կամ «յօդուածները», լուրերն ու յայտարարութիւնները նախ կը կարդային եւ միասնաբար քննարկելէ եւ ապա փոփոխութիւններ կատարելէ ետք միայն կ՛ուղարկէին «շարուելու»:

«Ազդարար»-ի մէջ «լոյս կը տեսնէին» կամ կը տպագրուէին` բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, լուրեր ու զանազան յայտարարութիւններ: Թերթի էջերուն մէջ նաեւ տեղ կը գրաւէին անգլերէն թերթերէն քաղուածքներ եւ թարգմանական նիւթեր ու թղթակցութիւններ: Օրինակի համար` Անդրկովկասի քաղաքական անցքերը: Այդ օրերուն Մահմետ խանի արշաւանքները բաւական տեղ գրաւած էին:

Նիւթերու լեզուն գրաբար էր, մերթ ընդ մերթ ալ` ջուղայեցիներու ռամկախառն աշխարհաբառով, որովհետեւ ընթերցողներու մեծ մասը կը կազմէին Իրանի Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած հայերը:

Շմաւոնեան լաւատեղեակ ըլլալով իր համաքաղաքացիներու հետաքրքրութիւններուն,  կը տպէր նաեւ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն պարսից» բաւական մեծ պատմական ուսումնասիրութիւնը, որ պատմական ակնարկներու նկարագրական հաւաքածոյ մըն էր` համեմուած կրօնաբարոյախօսական դատողութիւններով եւ խոհերով:

Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»-ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանութեան` միշտ փորձելով ընթերցողներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, միաժամանակ ամրապնդելով ազատատենչութեան եւ հայրենասիրութեան վսեմ ոգին: Շմաւոնեան նաեւ իր թերթին միջոցով հանրութիւնը ուսման եւ դաստիարակութեան կը մղէր եւ այս ձեւով կը փորձէր օժանդակել հայ ժողովուրդի վերելքին, մտային զարգացման եւ քաղաքական ազատութեան:

Թէեւ «Ազդարար»-ի նիւթերն ու յօդուածները բարձրորակ չէին, ինչպէս նաեւ` ձեւաւորումը պարզ, սակայն պէտք է ըսել, որ ան ունէր բաւական թիւով ընթերցողներ: Չմոռնանք նաեւ, որ այս հայ իրականութեան մէջ առաջինն էր, եւ որ ասիական այս երկրին մէջ եւ այդ օրերուն կղերականներու ստեղծած կամ որդեգրած սահմանափակումներուն տակ, կը հրատարակուէր օժանդակութեամբը հայ վաճառականներու: Շմաւոնեան միշտ փորձած էր վաճառական-կղերական այս երկու հատուածներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան լեզու եւ միջոց գտնել: Սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ պայքարը անհաւասար էր ու, այսպէս, սոյն լրագիրը վերջնականապէս փակուեցաւ, երբ դժբախտաբար Շմաւոնեան մեկուսացուեցաւ իր այս ասպարէզէն: Յիշենք, որ «Ազդարար»-ը լոյս տեսած էր միայն 18 թիւ, իսկ վերջինը` 1796-ին:

Յարութիւն քահանան պարզ կամ սոսկ հրատարակիչ մը չէր, այլ` ազատագրական վսեմ գաղափարներու դրօշակակիր մը, որուն շնորհիւ «Ազդարար»-ը դարձաւ այն հաստատ հիմքը, որուն վրայ տարիներ ետք ստեղծուեցան լրագրական զանազան գործեր: Այսպէս, յաջորդաբար լոյս աշխարհ եկան «Ազդարար»-ի նման լրագիրներ: Յիշատակելի են. հնդկահայ` «Շտեմարան» (1822), «Ազգասէր» (1845-1848), «Ազգասէր Արարատեան» (1848-1852), «Ուսումնասէր» (1849-1853, Սինկափուր), «Եղբայրասէր» (1862-1863) եւ այլ պարբերականները: «Ազդարար»-ի դերը մեծ էր, որովհետեւ դարեր ետք, Հնդկաստանէն շա՜տ շատ հեռու լոյս տեսան` Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»-ը (Թիֆլիս), «Նոր դար»-ը (Թիֆլիս), «Արեւելքը» (Կ. Պոլիս), Յարութիւն Սւաճեանի «Մեղու»-ն (Թիֆլիս), Յակոբ Պարոնեանի «Թատրոն»-ը, Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ»-ը (Կ. Պոլիս), «Ապագայ» (Փարիզ), «Պայքար» (Պոսթըն), «Ազգագրական Հանդէս» (առաջին հայ ազատագրական պարբերական, Շուշի, ապա` Թիֆլիս, 1895-1916), «Բազմավէպ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզի, կը հրատարակուի մինչեւ օրս) եւ Մ. Նալբանդեանի «Հիւսիսափայլ»-ը (Ս.  Փեթերսպուրկ):

***

Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մէջ շատ հին ժամանակներէն մարդիկ գիրին եւ գրականութեան յատուկ պաշտամունքի հասնող յարգանքով կը մօտենային: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է ընթերցասէր, քաջալերած է գիրն ու գրողը: Ո՛չ մէկ կասկած: Աւելի՛ն. հայ մամուլը միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:

Հայ մամուլը իր դարերու կեանքով ու գործով, իբրեւ ծառայասէր, մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ  հակառակ ներկայի իր ծանր դժուարութիւններուն, մեզ բոլորս ալ, ազգային ինքնութեան հետ կապած: Հայ մամուլը միշտ դէպի իր ժողովուրդը քալած եւ գացած է իր ազգային խորքով եւ չափով: Մակերեսէն անդին եւ մեր ժողովուրդի ակնկալութիւններով բեռնաւոր: Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՛ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու նիւթաբարոյական նեցուկին:

Բայց չէ՞, որ մեր հայ մամուլին մէջ կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան մեր պատկերները, անոր համար էական է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գորատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն:  Որովհետեւ հայը, իր հայ մամուլով, հաղորդ մնալով հանդերձ աշխարհին, հայրենիքին եւ սփիւռքին հետ, իր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ:

Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 16-ը նուիրուած է հայ մամուլին: Այս առթիւ կը շնորհաւորենք հայ մամուլի բոլոր գործընկերները եւ կը մաղթենք, որ մամուլը ըլլայ իսկապէս ազատ եւ թափանցիկ, իսկ լրագրողներն ալ իրենց գրիչը օգտագործեն` առաջնորդուելով միայն լրատուամիջոցի եւ երկրի ապագայի շահերէն: Լաւ յիշենք. ազատ մամուլն ու կարծիք յայտնելու ազատութիւնը ժողովրդավարական պետութեան հիմքերն են:

Ու պատի՛ւ իրեն, մամուլին վերապահուած է այս դերը:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Վարսենիկ Ճանսըզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 10-րդ Թիւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?