Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կարգ մը երկիրներու կամ շրջաններու աշխարհագրական դիրքերը այնպէս եղած են, որ բռնագրաւող ուժերը չեն յաջողած իրենց հակակշիռին տակ առնել այդ վայրերը, որոնք անկախ կամ կիսանկախ մնացած են` հակառակ ամբողջ երկրին բռնագրաւումին: Երբեմն բնակիչները մարտունակ եղած են, լաւ պաշտպանութիւն կազմակերպած են, եւ տարածքը անառիկ մնացած է: Մեր պատմութեան մէջ անշուշտ ունինք այդպիսի օրինակներ: Այս պարագային Յունաստանի Ակրաֆա շրջանին մասին է Ալեքս Սաքալիսի յօդուածը, որ հրապարակուած է Թրեւըլ կայքին մէջ:
Ն.
Յունական Շրջանը Չափազանց
Հեռու Է Քարտէսներու Համար
Միջնադարուն այս շրջանը այնքան անհասանելի էր, որ բառացիօրէն «ակրաֆա» (չգրուած) էր` իր բնակիչները պատելով վայրի ու անկախ շղթայով, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Յունաստանի մէջ կայ տարածք մը, որ քիչ յայտնի է եւ նոյնիսկ` աւելի քիչ այցելուած:
Երկրի խորքին մէջ, լեռներով անջատուած մնացեալ աշխարհէն, կը գտնուի Ակրաֆա շրջանը:
Անոր անունը յունարէնի մէջ բառացի կը նշանակէ «չգրուած», որովհետեւ երբ բիւզանդացի գրագիրները առաջին անգամ հանդիպեցան այդ շրջանին, անոնք գտան, որ անիկա չափազանց հեռու է իրենց քարտէսներուն վրայ արձանագրելու համար, նշելով որպէս ակրաֆա` չբացայայտուած տարածք:
Օսմանցիները նոյնպէս այդ տարածքը չափազանց անհասանելի նկատեցին իրենց հսկողութեան տակ առնելու համար, եւ այդպիսով, Ակրաֆան դարձաւ Յունաստանի այն սակաւաթիւ շրջաններէն մէկը, որ երբեք չյայտնուեցաւ օսմանեան բռնագրաւումի տակ:
Ակրաֆացիերը` այս շրջանի տոկուն, անկախ մտածողութեամբ ապրող բնակիչները, օգտագործեցին այս անկախութիւնը իրենց հողը մշակելու համար` վերածելով յեղափոխական գործունէութեան կեդրոնի:
Այստեղ ծնած է անկախութեան առասպելանման մարտիկ Անթոնիս Կացանթոնիսը:
Յեղափոխական առաջնորդ Եորղոս Քարայսքաքիսի համար Ակրաֆան եղած է խարիսխ մը` ահաբեկելու համար օսմանեան ուժերը հարթավայրերու մէջ: 1823 թուականին օսմանեան կայազօրը, նահանջելով ծովեզերեայ Միսոլոնքի քաղաքէն, ճակատագրական սխալ մը ըրաւ` անցնելով Ակրաֆա շրջանէն:
Լեռներու, անտառներու եւ ձորերու անողոք բնավայրէն, ապակողմնորոշուած, անոնք դարանակալուեցան 800 յոյն մարտիկներէ բաղկացած խումբի մը կողմէ, որոնք բոլոր թուրքերը ոչնչացուցին Ագիոս Վլասիոս գիւղին մօտ, յունական յեղափոխութեան ամէնէն յայտնի մարտերէն մէկուն մէջ: Օսմանցիները ատկէ ետք այլեւս երբեք չմօտեցան շրջանին:
Քանի մը տարի ետք Ակրաֆան դարձաւ նորանկախ Յունաստանի թագաւորութեան մէկ մասը:
Այդ անկախութիւնը շատ մեծ օգուտ չբերաւ Ակրաֆային: Շրջանը մնաց աղքատ եւ մեկուսացած:
19-րդ դարու վերջաւորութեան բազմաթիւ ակրաֆացիներ սկսան աւելի բարեկեցիկ կեանք փնտռել այլուր:
Ոմանք գացին հարթավայրեր, ուրիշներ` Աթէնք: Շատեր հասան մինչեւ Ամերիկա, մասնաւորապէս` Հիւսիսային Քարոլինայի Շարլոթ քաղաք:

«Առաջին գաղթող ակրաֆացին ձեւով մը հասաւ Ամերիկա: Ան գրեց գիւղի իր ընկերներուն, որ Ամերիկան լաւ տեղ է, աշխատանքի բազմաթիւ առիթներ կան, եւ շատերը հետեւեցան անոր», բացատրեց Էլիսաւետ Փափատոփուլոն, որ Ակրաֆայի Ֆրակիսթա գիւղէն է:
«Այժմ Շարլոթ քաղաքը Յունաստանէն դուրս ակրաֆացիներու ամէնէն մեծ համայնքը ունի», աւելցուց ան:
Երկար ու ոլորապտոյտ ճամբաներ
Ես Ֆրակիստա հասած էի Կարպենիսի լեռնադահուկային քաղաքէն, երկար ու ոլորապտոյտ ճամբորդելէ ետք:
Ակրաֆայի մէջ շատ քիչ տափարակ հող կայ: Բնակավայրերը սփռուած են լեռներու լանջերուն: Ֆրակիստան երկու գիւղ է, բաժնուած` մեծ կիրճով:
Ես Անատոլիքի (Արեւելեան) Ֆրակիստանի մէջ էի, իսկ Դիտիքի (Արեւմտեան) Ֆրակիստանը կը փայլէր հեռուն: Այդ երեկոյ տեղւոյն ճաշարանին մէջ մտիկ ըրի քովի սեղանին շուրջը նստած տարեց տղամարդիկը, որոնք կը խօսէին յունարէն եւ ամերիկեան առոգանութեամբ անգլերէն:
Անոնք իրենք զիրենք ներկայացուցին որպէս Կոնստանդինոս «Տինօ» Փանուրկիաս եւ եղբայրը` Եւանկելոս «Վան»:
Երկուքէն աւելի տարեցը` Տինոն, վերջերս նշած էր իր 91-ամեակը:
«Երբ ես փոքր էի, այստեղի դպրոցը ունէր 70 աշակերտ: Բոլորը մէկ սենեակի մէջ էին,- ըսաւ Տինոն: – Ձմեռները ծանր էին, իւրաքանչիւր աշակերտ դասարան կը բերեր փայտի կտոր մը, որպէսզի տաքնայ: Հիմա աշակերտներ չկան: Դպրոցը փակուած է 20 տարի առաջ»:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ շրջանը ինկաւ նացիներու ձեռքը, թերեւս` Ակրաֆան առաջին բռնագրաւողները:
«Անոնք, հաւանաբար, լեռներու վրայէն գացած են հովիւներու հին արահետներով,- ըսաւ Տինոն: Երբ զանոնք տեսանք, բոլորս վազեցինք քարանձաւներու մէջ պահուըտելու, երկու օր մնացին, յետոյ գիւղը այրեցին»:

Բայց տեղական դիմադրութեան շարժումը հզօր էր, եւ Ակրաֆան դարձաւ Յունաստանի առաջին վայրը, որ ազատագրուեցաւ նացիական իշխանութենէն` 1943 թուականի օգոստոսին հռչակելով «Ազատ Յունաստանը»-ը լեռներէն:
Բայց վատագոյնը չէր աւարտած:
Պատերազմի նոյնիսկ աւարտէն առաջ Յունաստան մխրճուեցաւ դաժան քաղաքացիական պատերազմի մէջ` ազգայնականներու եւ համայնավարներու միջեւ:
Իրադարձութիւնները, որոնք պառակտեցին երկիրը, աւելի փոքր չափով հարուածեցին Ակրաֆան:
Ֆրակիստան ոչինչով կը տարբերէր: Այստեղ ընտանիքները իրարու դեմ ելան, եւ գիւղի մեկուսացումը կը նշանակէր, որ բռնութենէն փրկութիւն չկայ:
«Ես երբեք չեմ հանդիպած հօրս,- հանդիսաւոր ըսաւ Վանը: – Զայն սպաննած են իմ ծնելէս առաջ»:
1951 թուականին 21-ամեայ Տինոն մեկնեցաւ Աթէնք, ուր ան բարձրացաւ Նիւ Եորք ուղղուող նաւը, իսկ յետոյ անմիջապէս գնացք նստաւ դէպի Շարլոթ:
Ան քանի մը տարի աշխատեցաւ այնտեղ` նախքան տեղափոխուիլը Շիքակօ, ապա Նիւ Եորք, ուր բացաւ իր ճաշարանը: 1963 թուականին Վանը եւ իրենց մայրը միացան անոր:
Եղբայրները դեռ կը բնակին Նիւ Եորք, բայց կը վերադառնան` ամառները անցընելու իրենց հին գիւղին մէջ: Այստեղ դրախտ մըն է, ըսին:
Դէպի Ակրաֆա
Յաջորդ օրը ես ինքնաշարժով գացի աւելի դէպի Ակրաֆայի սիրտը:
Ես անցայ Դիտիկի Ֆրակիստայէն, որ նկատելիօրէն աւելի մեծ եւ աշխուժ էր, քան` իր արեւելեան եղբայրը, լեցուն` սրճարաններով, աշխատասէր մարդոցմով եւ նոյնիսկ փոքրաթիւ աշակերտ ունեցող դպրոցով:
Աւելի ետք բնավայրը դարձաւ սքանչելի, գրաւիչ:
Ակրաֆայի լեռներէն վար ես տեսայ երեք մեծ գետերը` Աչելոսը, Ակրաֆիոտիսը եւ Մեկտովասը, որոնք կ՛անցնին շրջանէն սառոյցէ կապոյտ ճիւղերու պէս:
Անծայրածիր եղեւիններու անտառները կը տարածուին հեռաւորութեան վրայ, ուր կ՛ապրին արջերն ու գայլերը: Գահավէժ գիւղերը խեցիի նման կառչած են լեռներու կողերէն, անոնց կարմիր տանիքները պարուրուած են կանաչ անտառով:
«Դուք կը զգաք, որ այլ աշխարհ մը կը մտնէք, – նկարագրած է լրագրող Նաթաշա Պլացիու: Ակրաֆայի աշխարհը»:

Երբեմն շրջանը գրեթէ ալպիական կը թուի, եւ Ակրաֆան յաճախ տեղացիներու կողմէ ստացած է «Յունաստանի Զուիցերիա» որակումը:
Քանի մը լեռնադահուկային հանգստավայրերու կը հանդիպիք Ակրաֆայի շուրջը, թէեւ շրջանին մէջ այդպիսիք չկան:
Ի վերջոյ, այս Ակրաֆան է` չգրուած երկիր:
Մինչեւ 1950-ական թուականները այստեղ պաշտօնական մարդահամար չէ իրականացուած (այսօր բնակչութիւնը միայն 11000 է), ելեկտրականութեան հոսանքը եկած է 1980-ական թուականներուն, իսկ բազմաթիւ գիւղեր տակաւին կը սպասեն կուպրապատ ճամբաներուն:
«Այս մեկուսացումը եղած է ե՛ւ օրհնութիւն ե՛ւ անէծք Ակրաֆայի համար», կ՛ըսէ տեղւոյն բնակիչ Թոմաս Նտաւարինոս: «Ան պահպանած է աւանդական կենսակերպը` բուսական եւ կենդանական աշխարհի եդեմը, բայց այս նոյնպէս դժուար վայր է ապրելու համար: Ձմեռները երկար են ու դաժան, եւ մեկուսացումը անխուսափելի է»:
Հպարտ ակրաֆացի Նտաւարինոս մեծցած է 11 քոյր-եղբայր ունեցող տան մը մէջ եւ` առանց ելեկտրականութեան: Անոր ծնողները հովիւներ էին, այս չգրուած շրջանին մէջ` ապրուստի քանի մը միջոցներէն մէկը:
Ան պերճախօս է Ակրաֆայի եւ անոր աշխարհագրական հակասութիւններու մասին` գեղեցիկ եւ թշնամական:
Թէեւ ան շահաւէտ տարիներ անցուցած է` աշխատելով Աթէնքի եւ յունական կղզիներու մէջ, սակայն անոր սիրտը միշտ մնացած է այստեղ` Ակրաֆայի մէջ:
Տասը տարի առաջ ան վերադարձաւ` հիմնելու «Ակրաֆա» լեռնագնացներու միութիւնը:
«Այստեղ ոչինչ կար: Ոչի՛նչ: Ակրաֆա: Միայն լեռներ, անտառներ եւ գետեր,- ժպտաց ան: – Ուրեմն ես ստիպուած էի սկսիլ զերոյէն»:
Հիմնականին մէջ առանձին աշխատելով` ան սկսաւ մաքրել իր գիւղի շրջակայքը` Թոփոլիանա, Ակրաֆայի արեւմտեան կողմը: Ան սկսաւ կառուցել արահետներ` ամրացնելով ժայռ մագլցելու պտուտակներ եւ կազմակերպել գործունէութիւններ:
Սկիզբը տեղացիները կը կարծէին, որ ան խելագար է: Բայց յետոյ զբօսաշրջիկները, հիմնականին մէջ` լաւ կրունկներով աթէնացիներ, որոնք բան մը կը փնտռէին, սկսան ժամանել մաշած ճամբէն:
«Ակրաֆա» լեռնագնացներու միութիւնը այժմ ունի 200 անդամ, ներառեալ` քանի մը փորձառու ուղեցոյց:
«Ես կ՛ուզէի ցոյց տալ, որ այստեղ զբօսաշրջութեան ներուժ կայ: Ես կ՛ուզէի Ակրաֆան դնել քարտէսի վրայ», ըսաւ ան:

Ֆրակիստայի մէջ Տինոն անպայման կ՛ուզէր ինծի ցոյց տալ իր ընտանիքին տունը, գիւղի հրապարակին մօտ գտնուող տպաւորիչ քարաշէն տունը:
Ես կը զգայի, որ ան բաւական յաջողութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, բայց ես չէի գիտակցեր, թէ որքան:
Անոր տունը լեցուն է Նիւ Եորքի իր ճաշարանը այցելած յաճախորդներու հետ նկարներով. յոյն-ամերիկացի թագաւորական ընտանիքի անդամները` Մայքլ Տուքաքիս, Թելի Սաւալաս, Արիսթոթել Օնասիս, նոյնպէս Նիւ Եորքի այլ յայտնի դէմքեր` Ռուտոլֆ Նուրէեւ, Լիպերաչի, Ժա Ժա Կապոր:
«Մենք Պրոտուէի կենացն էինք,- ժպտաց Տինոն: Բոլորը եկան իմ ճաշարանս»:
Հակառակ իրենց յաջողութեան, ամէն տարի, առնուազն երեք ամիս, կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը:
Ինծի կը թուի` նոյն գիւղն է, ուր ես մեծցած եմ,- ժպտաց Տինոն: Ան աւելի փոքր է, ճամբաները աւելի լաւ են, բայց ուրիշ ոչինչ փոխուած է: Ես տակաւին կրնամ այստեղ տեսնել դպրոցի իմ հին ընկերներս»:
Ան ընտանիքն ալ կը բերէ, թէեւ ո՛չ եղբայրը ամուսնացած է, ո՛չ ալ երեխաներ ունին, սակայն անոնց քոյրերը ունին զաւակներ, թոռնիկներ:
«Կարեւոր է չկորսնցնել կապը ձեր արմատներուն հետ: Արդէն 70 տարի է Միացեալ Նահանգներու մէջ եմ, բայց միշտ Ակրաֆայի տղայ պիտի մնամ», ըսաւ ան: