ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
«Ափսո՜ս, հները մեռան, իրենց կարգն
ու սարքը գերեզման տարան»
ԱՏՐՊԵՏ
Մեռելատունը այն վայրն է, ուր հանգուցեալներ վերջին անգամ ըլլալով իրենց երկրային անշնչացած ներկայութիւնը կը պարտադրեն ողջերուն եւ անոնցմէ կ՛ակնկալեն յարգանք, մրմունջ մը աղօթք եւ լրջութիւն:
Ներկայիս մեռելատունը դարձած է հանդիսավայր, ուր մարդիկ կը զրուցեն, կը շաղակրատեն, կը խօսին` իրենց առօրեայէն, ընտանիքէն, գործէն, քաղաքականութենէն, կը խնդան անպատկառօրէն, կը կորսնցնեն պահուան լրջութիւնը եւ մթնոլորտը կը դարձնեն անպատշաճ:
Կարգ մը մարդոց համար մեռելատունը զուարճատուն է, ուր անուշ զրոյցին կ՛ընկերացնեն նաեւ® տաք ու համեղ սուրճը: Կ՛ըմբոշխնեն երկու, երեք գաւաթ անզգալաբար: Խօսակցութեան զանազան նիւթերով տարուած` անոնք կը մոռնան, որ եկած են յարգելու յիշատակը իրենց մէկ սիրեցեալին:
Մտերմիկ խօսակցութեան պահերը կը շարունակուին անշուշտ հոգեճաշի ատեն: Պահ մը կը յիշեն հանգուցեալը, եւ կենաց կոնծելու համար բաժակները կը լեցուին ոգելից ըմպելիներով: Բաժակաճառերուն կը գովաբանուին ննջեցեալին ունեցած եւ չունեցած առաւելութիւններն ու առաքինութիւնները: Ապա մեռելատան մէջ կրկին տարածուող աղմուկը, ժխորը, իրարանցումը կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ կարծէք արեւելեան բաղնիքի մէջ էք:
Մեկուսի նստած, աջ-ձախ դիտելով, կը մտածէի. «Այս ի՛նչ հիանալի ու երջանիկ առիթ է, որ կ՛ընծայէ մեզ ննջեցեալը»:
Վերջապէս, չենք առաջարկեր, որ սգաւորները լաց ու կոծ բարձրացնեն, ոչ ալ անհարկի տխրութիւն սփռեն, բայց ո՞ւր մնացին` պահուան լրջութիւնը, պատշաճութիւնը, սգաւոր ընտանիքին կորուստի ցաւը, մխիթարութիւնը:
Արդարեւ, հիները ունէին կարգ ու սարք, կը կատարէին ամէն ինչ ամենայն կանոնաւորութեամբ ու բծախնդրութեամբ: Բայց այսօր փոխուած է ամէն ինչ, ինչե՜ր գերեզմանուած են հիներուն հետ: Ներկայիս մարդիկ փոխուած են անճանաչելիօրէն:
Երանի՜ վերադառնանք դէպի մեր ակունքները, մեր հաստատ ու անխախտ սովորութիւններուն` գէթ նուազագոյն չափով յարգանք ցուցաբերած ըլլալու համար հանգուցեալին հանդէպ: