Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութեան Առաջին Հայկական Վարժարանէն` Ազգային Միացեալ Վարժարան

Նոյեմբեր 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական վարժարանին դերակատարութեան, յատկապէս ազգային վարժարանին առաքելութեան մասին տասնամեակներ շարունակ շատ բան գրուած ու շատ բան ըսուած է: Ազգային արժէքներն ու գաղափարախօսութիւնները կուլ տուող այս 21-րդ դարու համաշխարհայնացման հսկայ հոսանքին դէմ տակաւին կը շարունակենք շեշտը դնել հայ դպրոցին ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնենք ազգային վարժարանին եզակի կոչումը` սերունդներ դաստիարակելու, եւ հիացումով կը դիտենք անոր սրբազան նուիրումը` սերունդներու հայեցի դիմագիծի կերտման մէջ:  Դիմագիծ` զինուած ինքնագիտակցութեամբ, ինքնաճանաչումով եւ պայքարը շարունակելու անսասան հաւատքով:

Տասնամեակներ շարունակ լիբանանահայ գաղութին մէջ ազգային վարժարանները եղան այն օճախները, ուրկէ շրջանաւարտ սերունդները դարձան Լիբանանի օրինակելի քաղաքացիներ, ազգին նուիրեալ հսկաները, եւ որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ հաւատարիմ իրենց վարժարաններուն ներշնչած կտակին ու դաստիարակութեան: Տասնամեակներու ընթացքին կրթական, քարոզչական եւ դաստիարակչական զանազան ծրագիրներ` իրենց շունչն ու ոգին ուղղեցին դէպի այսօր` պատրաստելու այն հայ մարդը, որ գիտէ տէրը կանգնիլ ստեղծուած որեւէ կացութեան եւ յաղթական դուրս գալ յուսալքիչ ամէն տեսակի հարուածներէ:

Այսօր` սկսած 2017 թուականի սեպտեմբեր ամսուան իր անդրանիկ վերամուտէն, Ազգային Միացեալ վարժարանը, որ իր մէջ կը միացնէ վեց ազգային վարժարաններ` անոնց մէջ ունենալով լիբանանահայ առաջին հայկական վարժարանը` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը, կը շարունակէ իր նախկին սրբազան գործը` հանդէս գալով իբրեւ անոնց բնական շարունակութիւնը` 21-րդ դարու արհեստագիտական բոլոր պայմաններուն յարմարող:

2021-2022 տարեշրջանին Ազգային միացեալ վարժարանը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան հինգերորդ տարին:

Հինգ տարիներ` լեցուն զանազան փուլերով ու բազմապիսի մարտահրաւէրներով, հարստացուցին այս վարժարանին փորձառութեան քսակը, մարզեցին անոր անձնակազմը` դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ շարունակելու երթը, հակառակ ամէն տեսակ խոչընդոտի ու արգելքի:

Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին ականատես դարձանք ու ապրեցանք այն, ինչ որ տեսաւ ու ապրեցաւ լիբանանցին, յատկապէս լիբանանահայը, սկսած 2019-ի ժողովրդային շարժումներու օրերէն` անցնելով «Քորոնա»-ի պարտադրած անբնական կեանքի փուլը, հասնելով մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու արցախեան 44-օրեայ պատերազմը: Վարժարանին մեծ ու միասնական ընտանիքը` պատասխանատուներ, ուսուցչական կազմ, պաշտօնէութիւն, ծնողներ ու աշակերտներ, ոգի ի բռին աշխատեցան, շատ անգամներ սիրայօժար ու մեծ հաճոյքով իրենց անձերը զրկելով իրենց հանգիստէն ու արձակուրդէն, կանգուն պահեցին լիբանանահայութեան եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի ազգային այն օճախը, ուրկէ դուրս պիտի գան գիտակից ու արժանապատիւ հպարտ հայորդիներ` ծառայելու հայութեան, հայրենիքին ու Լիբանանին:

Իրօք, Ազգային Միացեալ վարժարանը այսօր վերադարձած է 2019-ին ծայր առած Լիբանանը հարուածող տագնապին նախորդող իր բնական առօրեային: Այսօր, հակառակ տնտեսական ահաւոր ճգնաժամին, յաջողեցանք ունենալ կրթական բնական վերամուտ եւ յուզմունքով կը նայինք մեր աշակերտներուն աչքերուն մէջէն ցոլացող հաւատքի ու նոր յոյսի հայեացքներուն: Միացած ազգային վարժարաններուն նախկին շրջանաւարտները, տարբեր երկիրներէ մինչեւ օրս մեզի հետ կապ պահելով, շարունակ կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը` բոլոր ձեւերով փութալու վարժարանի օժանդակութեան, թէկուզ` համեստ ներդրումներով, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող նուիրեալ ազգայիններ կը շարունակեն ժայռի նման մեզի նեցուկ կանգնիլ այս հայ դպրոցին, որովհետեւ կը հաւատան այս վարժարանի իւրայատկութեան ու սրբազան առաքելութեան, առանց որուն, անվարան ու համեստաբար կ՛ըսենք, շատ բան պիտի կորսնցնէ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ  լիբանանահայութիւնը` յատկապէս:

Մօտաւորապէս դար մը առաջ հիմնուած լիբանանահայ առաջին վարժարանէն մինչեւ Ազգային Միացեալ վարժարան կը հասնի կտակը այն սերունդներուն ու նուիրեալներուն, որոնք պահեցին այս գաղութի հայեցի ազգային դիմագիծը:

Տէ՛րն ենք այս կտակին ու կը շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր, վճռական հայեացքներով նայիլ ապագային, գօտեպնդուած` մարդկային ու ազգային արժէքներով, միշտ մնալով միացեալական եւ հպա՛րտ:

ՄԻԱՑԵԱԼԱԿԱՆ

Նախորդը

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?