Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն 150 Օրեր Առաջ. Նահատակները, Հերոսները, Գերիները Եւ Քաղաքական Բանտարկեալները Չշահագործել Ընտրական, Կեղծ Եւ Նեղ Հաշիւներու Համար

Նոյեմբեր 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Լիբանանեան քաղաքական մտածողութեան մէջ հասարակութիւնը հաւաքելու եւ ընտրազանգուածը համախմբելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է «նահատակները կենդանացնել»-ը եւ անոնցմով շարքերը քով-քովի բերելը: Յանկարծ ընտրութիւններու սեմին վերստին ականատես կը դառնանք տարիներ յիշատակութիւններու արժանի չդարձած այս կամ այն խումբի հերոսներու «ոգեկոչման» հաւաքներուն, ուր նահատակներէն աւելի` թեկնածուներուն կամ «ղեկավարներուն» մասին կը խօսուի, ուր հերոսներու սխրագործութիւններէն անդին` ընտրական «ծրագիր»-ի մասին կը զեկուցուի…

Իրականութիւն մը, որ լիբանանեան ներքին «մշակոյթ»-ին մաս կը կազմէ, եւ այս իրողութիւնը երկրի համայնքային դրուածքը առաւել եւս շեշտակի կը դարձնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր համայնք իր հերոսներու, անհետ կորածներու, բանտարկեալներու եւ նահատակներու արեամբ կ՛ուզէ ամրապնդել իր գոյութիւնը, համայնքին ներկայութիւնը` ի խնդիր նոյնինքն «ղեկավարութեան» շարունակականութեան ապահովութեան` վերընտրութեան:

Ներհայկական առումով, դժբախտաբար անմասն չենք այս պատկերէն, որովհետեւ նոյնինքն ընկերութեան մէկ օղակն ենք, եւ դժբախտաբար օրըստօրէ կ՛ազդուինք եւ երբեմն ալ կը նոյնանանք լիբանանեան «յատկանիշներուն»` կորսնցնելով մեր իւրայատկութիւններն ու նոյնիսկ դիմագիծը: Կեանքի ամբողջ 44 տարիներու ընթացքին Արցախի մասին ոչ մէկ բառ արտայայտած հրաժարեալ երեսփոխանը յանկարծ 44-օրեայ պատերազմի մասին կը դառնայ պահապան եւ ջատագով, եւ 44 տարիներու դատարկութիւնն ու անտարբերութիւնը 44 օրերու ընթացքին կը փորձէ ֆէյսպուքեան փոսթերով լեցնել եւ ցոյց տալ իր ազգային պատկանելիութիւնը, որպէսզի իր շուրջ համախմբուած, այսպէս կոչուած, համակիրներուն ցոյց տայ, որ ինք ազգային իրականութենէն հեռու չէ եւ ժողովուրդին հետ կը տառապի:

Տակաւին, ամենացաւալին, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին զինեալ պայքարներու դէմ արտայայտուած ենթական յանկարծ Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման մասին եւս ըսելիք կ՛ունենայ եւ անակնկալօրէն կը հասկնայ «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններու իմաստն ու արժէքը, գործադրողները, զգետնելու գաղափարը եւ քաղաքական բանտարկեալին ազատ հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը: Ժողովուրդներու ինքնորոշման պայքարները եւ ազատագրական շարժումները «ահաբեկչութիւն» անուանող անհատը յանկարծ Սասունեանին մասին կ՛արտայայտուի` հակասելով իր տարիներու արտայայտութիւններուն եւ կեցուածքներուն:

Չէ՜, արցախեան պատերազմի գերեվարութենէ ազատ արձակուած հայորդիները «ճաշ»-երու հրաւէրներով օգտագործուելիք տարրեր չեն, որպէսզի ցոյց տրուի այսպիսի մարդոց կեղծ գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը: Չէ՜, մեր նահատակները, հերոսները եւ քաղաքական բանտարկեալները միջոցներ չեն, որպէսզի պատեհ առիթներուն շահագործուին` նեղ, ընտրական, կեղծ եւ անհատական հաշիւներու համար: Աւելի լաւ է, որ այսպիսիները աղբերով զբաղին, որովհետեւ հոն օգտագործուելիքը առաւելագոյնը աղբերու վերամշակման խնդիրներն են…

Ընտրապայքարը բոլորին արդար ու ժողովրդավարական իրաւունքն է: Ընտրութիւնը խաղ է, որ ունի իր կանոնները: Լիբանանահայութեան համար նահատակներու եւ հերոսներու շահագործումը կարմիր գիծ է:

Չէք կրնար մեր ազգի մարտիկներու զոհաբերութեամբ ներլիբանեան «մարտ»-ին մէջ մարտ ամսուան ընթացքին կէտ արձանագրել ու քանի մը քուէ «շահիլ»: Վերջացուցէ՛ք ձեր մակերեսային ազգայնականութիւնը եւ ձեւական «շօ»-երը, որոնց համար պաշտօնեայ նշանակած էք:

Վստահ եղէ՛ք, որ չենք ձգեր, որ մեր հերոսները ընտրական դրամագլուխի վերածուին: Երբե՛ք:

1 նոյեմբեր 2021

Նախորդը

Կարօտցանք

Յաջորդը

Հայ Դատի Համար Ազատազրկուած Որդին Վերջապէս Իր Մայր Հայրենիքում Է…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?