Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԲ. Հայկազեանի Հրթիռները

Նոյեմբեր 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ուսումնական տարեշրջանի աւարտէն (16 յունիս) քանի մը օրեր առաջ, 5-10 յունիս 1967-ին, տեղի ունեցաւ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, որուն Լիբանանը  թէեւ պաշտօնապէս մասնակից չէր, սակայն պաղեստինեան դիմադրութեան զինեալ ներկայութիւնը («Գահիրէի համաձայնագիր»-ով որոշուած) ներքին կեանքին վրայ վատ հետեւանք ունեցաւ: Յաճախակի ցոյցեր, գործադուլներ, զինեալներու անցարգելներ, լիբանանեան բանակին դէմ խռովութիւններ եւ այլն:

1. Հայկազեանի ելեկտրոնային գիտաշխատանոցի դասապահ մը: Կռնակը դարձած` Յարութ Չէքիճեան ճօճացոյցին (oscilloscope) վրայ զանազան օղակաձեւ շարժումներ կը ներկայացնէ: Ձախէն երրորդը Յովհաննէս Մարտիրոսեան, Անի Ղազարեան, Մանուկ Գարալէքեան: Աջէն առաջինը` Ժոզեֆ Թութիկեան եւ երկրորդը ակնոցով` Հրայր Սահակեան (1):

Պաղեստինցիները, որոնք` իբրեւ հայրենիքէն տեղահանուած գաղթականներ, Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ յատուկ գաղթակայաններու մէջ կը բնակէին, անոնցմէ էր եւ ցարդ է Տըպպայէի բլուրներէն մէկը, մեր հրթիռարձակման կեդրոնին մօտ: 1967-ի վերջաւորութեան լուր եկաւ, որ պաղեստինցի զինեալները գրաւած են այդ ռազմավարական դիրքը, եւ լիբանանեան բանակը հազիւ կրցած էր կարգ մը սարքեր վերցնել այդտեղէն, եւ մեզմէ խնդրեցին, որ իբրեւ ոչ զինուորականներ եւ «չէզոք»` պարպենք Տըպպայէի հրթիռներու մեր կեդրոնին սարքերը: Շնորհիւ մեր հայ տղոց այդ մէկը որոշ չափով կատարուեցաւ: Ուրեմն մեր հրթիռարձակման վայրը տարիներ շարունակ գրաւուած մնաց եւ մատչելի չէր:

Հայկազեանի երկրորդ տարիս` 1967-1968 տարեշրջանին, արդէն սկսայ ելեկտրոնային առաջին դասանիւթին հետեւիլ, որուն դասախօսն էր Հրայրը Սահակեանը: Հրայրը նկատելով ելեկտրոնային ունակութիւններս, յատկապէս գիտաշխատանոցի գործնական` կիրառական մարզին մէջ, քանի որ ինչպէս նախապէս նշած էի, տան մէջ եղբայրներուս հետեւելով` արդէն շուրջ 4 տարիներէ ի վեր ելեկտրոնային սարքեր կը շինէի` իբրեւ զբաղում եւ նոյնիսկ պատրաստած էի քանի մը ապսպրանքներ: Շինած սարքերէս օրինակներ տեսնելով` Հրայրը վստահ եղաւ կարողութիւններուս եւ անմիջապէս զինուորագրեց զիս Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան մէջ:

2. Այդ օրերուն Ամերիկեան համալսարանէն յայտնի բժիշկի մը` Մ.Շ. ապսպրած HAROUT մակնիշով սթերէօ բարձրախօսը, որուն ելեկտրոնիքը, մետաղը եւ փայտը շինեցի եւ իր Համրայի տան մէջ տեղադրեցի: 3. Մեր տան համար շինած ռատիօ բարձրախօսս, ձայնապնակի սարքը եւ «արդիական» կարասին:

Հարկ է նշել, որ 1967-1968 տարեշրջանէն սկսեալ Հայկազեանի քաթալոկէն վերցուած էր «Հրթիռներու ակումբ»-ը: Սակայն Լիբանան երբե՛ք չէր յայտարարած Լիբանանեան հրթիռներու Ընկերակցութեան լուծարումը, եւ Հրայրը կը մնար անոր նախագահը: Այս քաթալոկին նկարներու բաժինին մէջ իւրաքանչիւր կաճառին համար նկարով էջ մը ներկայացուած է: Գիտութեան բաժանմունքին նկարը (վերի նկար 1-ը) ելեկտրոնային գիտաշխատանոցը կը ներկայացնէ, ուր Յարութ Չէքիճեան ճօճացոյցին (oscilloscope) վրայ զանազան օղակաձեւ շարժումներ ցոյց կու տայ (lissajous figures) ուղղահայեաց եւ հորիզոնական մուտքին` յաճախականութիւն արտադրող սարքերով (frequency generator) տարբեր ալիքներ մտցնելով: Նկարին մէջ աջէն երկրորդը, մութ ակնոցով` Հրայր Սահակեանն է (1):

Քիմիագիտութիւն ուսանող Արսէն Թերճիմանեան նաեւ նշանակուեցաւ Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան անդամ: Մեր երեքով նիստերուն Հրայրը գաղտնաբար յայտնեց, որ հրթիռային փորձերու 6 տարիներուն ամէնէն տկար մարզը ելեկտրոնային չափագրութիւնը եւ հրթիռին հետ հաղորդակցութիւնը եղած է: Նախ` հրթիռին «գլուխը»` պատեանը, որուն մէջ կը գտնուէին ելեկտրոնային սարքերը, օդին հետ ներշփումին տաքութենէն կը վնասուէր եւ սխալ տուեալներ կ՛արձակէր, կամ բնաւ չէր արձակեր: «Մայրի 7»-էն սկսեալ էր, որ «գլուխը» ուրուաքարով պատուեցաւ, սակայն տակաւին արդիւնքը գոհացուցիչ չէր, վստահելի չէր:

Յայտարարուած արդիւնքներուն մեծ մասը ընդհանրապէս լիբանանեան մարտանաւերուն ռատիօտեղորոշիչով (ռատար) եւ երկրաչափական հաշիւներով կատարուած էին եւ ո՛չ թէ` հրթիռէն արձակուած տուեալներուն հիման վրայ, որոնք երբեմն տարօրինակ թիւեր կ՛ըլլային: Մարտանաւերէն, քանի որ լիբանանեան բանակը տակաւին ռատար չունէր, եւ հրթիռային վերջին տարիներուն է, որ ունեցաւ Պէյրութի օդակայանի զինուորական բաժինին մէջ, որուն մասնագէտն էր  մեր հրթիռներուն ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից հարիւրապետ Ժոզեֆ Սֆէյրը:

4. Լիբանանեան Հրթիռներու Ընկերակցութեան բառանշանը (logo): 5. Կարծր վառելանիւթի ձուլուած գլաններուն կեդրոնի պարապութեան ձեւերը եւ իւրաքանչիւրին մղիչ ուժը:

Երկրորդ դժուարութիւնը կարծր, փոշի վառելանիւթի խառնուրդին պատրաստութիւնն էր, որ ձեռքով կը կատարուէր, հին թնդանօթներու նման, փոշին լեցնելով, թխմելով հրթիռին մարմնին մէջ: Շատ ժամանակ կը խլէր եւ վտանգաւոր էր. թէեւ վերջաւորութեան աւելի ապահով եւ ուժեղ, պատրաստի ֆրանսական կարծր վառելանիւթ կ՛օգտագործուէր: Քիմիական փոշիները խմորի կամ մեղրամոմի նման նիւթով միաձուլուած որոշ երկայնքով գլանաձեւ (grain), կեդրոնը կլոր կամ աստղաձեւ պարապութեամբ մասերէ կը բաղկանային (տես` նկար 5)` հրթիռի մարմինին ներքին տրամագիծին չափով ձուլուած, որ հրթիռին մէջ մաս առ մաս կը սահեցնէին (այս ապահով ֆրանսական վառելանիւթէն երկու կտոր օրինակ կար բնագիտութեան գիտաշխատանոցին մէջ, որ օր մը Հրայրին ներկայութեան եղբօրս ցոյց տուի): Սակայն մենք մեր միջոցներով ալ պատրաստելու կարելիութիւնը պէտք էր ունենայինք, եթէ արտասահմանէն կարելի չըլլար այս նիւթը ապահովել: Ուրեմն այս պարտականութիւնները տրուեցաւ Արսէնին եւ ինծի` մտածելու, ծրագրելու եւ ուսումնասիրելու:

1968-ին, հաւանաբար մայիսին, Հրայր Սահակեան զիս ծանօթացուց հրթիռներու ծրագիրին լիբանանեան բանակին մնայուն ներկայացուցիչ, այն ատեն հազարապետ դարձած Եուսեֆ Ուահպէին: Հրայրին հետ հետիոտն ուղղուեցանք Հայկազեանէն ոչ հեռու, Վերտէօն փողոցին սկիզբը` սինեմա Քոնքորտ շէնքին 7-րդ յարկը, փոքր, առանց քարտուղարուհիի գրասենեակ մը, որուն պատերուն քանի մը հին ռազմական օդանաւերու եւ շարժակներու նկարներ կախուած էին, ան համազգեստ հագած չէր: Պէտք է նշել, որ շնորհիւ լիբանանեան մեր հրթիռներուն` Միացեալ Նահանգներ իրենց հրթիռային կեդրոններէն մէկը` Ֆլորիտայի Քէյփ Քանաւերըլ հրաւիրած էին Ուահպէն (2):

6. Կարծր վառելանիւթը եւ հրթիռին ներսիդին` կեդրոնը կլոր պարապութեամբ: 7. «Մայրի 6»-ը արձակելու կը պատրաստուի, կ՛երեւի փողածայրը եւ արձակման կայծը տալու ելեկտրական թելը:

Հրայր ներկայացուց զիս իբրեւ իր յաջորդը երբ որ ինք վերջնականապէս Լիբանանէն մեկնի: Ուահպէ բարի գալուստ մաղթեց եւ ցարդ հրատարակուող 3-4 «Տը Էրոնոթիքալ ճըռնըլ» (The Aeronautical Journal) տուաւ ձեռքս` ըսելով, որ ասոնք ձեզի են. հաւանաբար ակումբին հասցէով ղրկուած էին, այն ժամանակուան լաւագոյն օդանաւային, հրթիռային եւ անջրպետային գիտական ամսաթերթն էր:

Հարցուցի, թէ ի՛նչ էր այժմու մեր ծրագիր-յայտագիրը. ընդհանրական բաներ ըսաւ, սակայն շեշտեց, որ մեր առաջին աշխատանքը գրասենեակ մը պէտք էր ունենայինք, եւ ինծի տուաւ այդ պարտականութիւնը: Զարմանքով հարցուցի, որ հրթիռային աշխատանոցի՞ համար: Ո՛չ, ըսաւ, պէտք է գրասենեակ մը ունենանք` իբրեւ կազմակերպութիւն, կեդրոն մը, հասցէ մը: Ո՞ր շրջանին մէջ, հարցուցի, կարեւոր չէ, ըսաւ, քանի որ այս շրջաններուն ծանօթ չեմ աւելցուցի, ծանօթ եմ Էշրեֆիէէն Պուրճ Համուտ-Տորա շրջանին, հոգ չէ, կրկնեց ան:

Այս հանդիպումէն յուսախաբ դուրս ելայ, քանի որ գիտական նիւթեր չարծարծուեցան: Կարծես Հրայրն ալ զարմացաւ, սակայն թելադրեց, որ կապի մէջ մնամ Ուահպէին հետ: Այս նոր, անակնկալ կացութեան մէջ ահագին հարցումներ ունէի` գրասենեակին պիւտճէն, չափը, ո՛վ եւ ինչպէ՛ս պիտի վճարէր ո՛վ պիտի յաճախէր այնտեղ եւ այլն: Այս բոլորին համար քովը գացի եւ կրկին յստակ պատասխաններ չտուաւ` ըսելով, որ գտնելէս ետք կը նայէր… Շատ սուղ ժամանակէս Տորայի մէջ քանի մը նոր շէնքերու մէջ գրասենեակ փնտռեցի, ապա այս ծրագիրն ու Ուահպէն ժամանակի մը համար մոռցայ եւ Հրայրին թելադրած  ծրագիրներուն վրայ աշխատեցայ:

8. Իմ հնարած եւ շինած փոշի խառնելու մեքենացած սարքին մօտաւոր ուրուագիծը: 9. «Մայրի 4»-ը եւ Տըպպայէի հրթիռարձակման գրաւուած ծովահայեաց կարեւոր դիրքը:

1968-ին, Հայկազեանի մէջ ուսումիս կողքին, ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանական (biochemistry) կաճառին մէջ պաշտօնավարեցի իբրեւ տնօրէնին տարրալուծարանի օգնականը: Այն ժամանակ հետազօտութեան համար «լաքթօպասիլըս փլանթարըմ» մանրէներ կ՛աճեցնէինք, որ 12 ժամ թուխսի (incubate) պէտք էր ենթարկէինք, գիշերը ժամը 20:30-էն առաւօտեան ժամը 8:30: Քանի, որ գիշերները, գործի ժամէս դուրս, պէտք էր շուրջ մէկ ժամ կրկին գործի երթայի թուխսի նիւթերուն պատրաստութեան համար, տնօրէնը լայն ազատութիւններ տուած էր ինծի` Հայկազեանի դասերս եւ գործունէութիւնս շարունակելու, իրարմէ ոչ հեռու` շուրջ 900 մեթր, համալսարանէ համալսարան, երբեմն օրական քանի մը անգամ հետիոտն երթալ գալով եւ գիշերային դասեր ընտրելով:

Գործատեղիիս Վան Տայք շէնքին (AUB) հսկայ ձեղնայարկին մէջ (կղմինտրին տակ) միջակ չափի խառատի հաստոց (lathe, թnռնօ) մը կար, որուն վրայ քիչ մը վարժութիւններէ ետք (առաջին անգամ կը գործածէի), փոշի խառնելու մանրակերտ մեքենան շինեցի (նկար 8): Քանի որ փոշիները զանազան չափի մարմիններու կը վերածուէին, պէտք էր նախ մաղուէին, կրկի՛ն փոշիի վերածուէին եւ իրարու հետ ճշգրիտ համեմատութեամբ խառնուէին:

10. Ամերիկեան համալսարանի Վան Տայք բժշկական համալիրը, երկրորդ յարկի գործատեղիս եւ ձեղնայարկի աշխատանոցը: 11. Ամերիկեան համալսարանի աստղադիտարանը, ուր 1969-ին հոլանտացի դասախօսէ մը աստղագիտական մէկ դասընթացքի հետեւեցայ:

Սարքը երեք դարձող մաղերէ կը բաղկանար (տես` նկար 8), կակուղ խոզանակներ կը պարտադրէին, որ երկու տեսակ փոշիները իրենց կշռուած չափերով, իւրաքանչիւրը իջնէ մաղէն վար ձագարէն եւ խառնուին վարի երրորդ մաղին մէջ: Ճիշդ է, որ գնահատուեցաւ այս աշխատանքս` իբրեւ մեքանիք բանող սարք մը, սակայն գործի տնօրէնս եւ այլ քիմիագէտ մը երբ տեսան գործիքը եւ գիտցան ատոր նպատակը (գիտէին, որ հրթիռներու ակումբի անդամ եմ), զգուշացուցին դարձող եւ շփուող մետաղներու վտանգէն, որ կրնար կայծ յառաջացնել եւ բոցավառել խառնուրդը: Զգուշացումը տեղին էր, որ սակայն, իբրեւ վառելանիւթի հարցին լուծում մը, կատարուած աշխատանք մը Սահակեանին կողմէ գնահատուեց

10 հոկտեմբեր 2021

(Շար. 12)

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)  Haigazian College catalogue 1968-1969, An-Nafir printers, Beirut, էջ 35:

(2)  https://flarmenians.com/2013/05/24/the-forgotten-apogee-of-lebanese-rocketry/

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

Օսմանեան Բռնագրաւումի Տակ Չմնացած Յունական Շրջանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?