Ակնարկ. Համակարգուած Զիջումներ
Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին վրայ ազրպէյճանական անցակէտեր եւ մաքսակէտեր հաստատելու որոշումի հաղորդումը պաշտօնապէս կը նախանշէ արդէն նոր գործընթացի մը արագացման միտումները: Ըստ էութեան, սահմանազատումը գործնապէս կատարման ընթացքի մէջ է: Յայտնաբար նաեւ կայ քարտէս, որուն հիմամբ կը սահմանազատուին Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը: Այս գործընթացի արագացումը ազդարարեց պաշտօնական Մոսկուան, երբ ակնարկեց սահմանազատման եւ սահմանագծման անհրաժեշտութեան` երկարատեւ խաղաղութեան ձգտող անհրաժեշտ գործողութիւն իբրեւ: Խնդիրը այն է,...



















