Յօդուածներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ .  Դեսպան Ստեփան Դաւթեան Պետերբուրգի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ . Դեսպան Ստեփան Դաւթեան Պետերբուրգի Մէջ

Մելիքներուն Դիմումը Զօրավար Փոթեմքինի Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Յանձնարարութիւնները Եւ Նամակագրական Կապերը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պետերբուրգ Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսին կողմէ ռուսական կառավարութեան մօտ Արարատեան դեսպան տիտղոսով հայութեան ներկայացուցիչ նշանակուած էր Ստեփան Դաւթեան: Կաթողիկոսին յանձնարարական գրութիւնը եւ երեւանցիներու համախօսական խնդրագիրը առնելով Ստեփան ճամբայ ելաւ դէպի Թիֆլիս: Նախազգուշական նկատառումներով, կաթողիկոսին յանձնարարական գրութիւնը հասցէագրուած էր ոչ թէ ցարական արքունիքին, այլ` Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին:...

Անդունդէն Հեռու

Անդունդէն Հեռու

«Ժամանակ»-ի 28 հոկտեմբերի խմբագրականը ահազանգային է: Խնդիրը յայտնապէս դասական մամուլին դիմագրաւած դասական տագնապէն աւելին է: Թերթը յատկապէս` համայնքային թերթը, բնականաբար կարեւոր մասամբ կ՛ապրի համայնքային կառոյցներու նեցուկով, աջակցութեամբ: Այդ նեցուկը  բնական է եւ անհրաժեշտ: Համայնքի հայելին ըլլալու համար որեւէ թերթի խմբագրութիւն մօտէն կը հետեւի համայնքային իրադարձութիւններուն, կ՛արձագանգէ, կը լուսաբանէ, կը վերլուծէ: Եւ նոյնքան բնական է, որ իր մեկնաբանութիւններուն մէջ խմբագրութիւնը գնահատէ...

Սլաք.   Շուշիի Նռնակին Լուսաւորումը

Սլաք. Շուշիի Նռնակին Լուսաւորումը

ՍՏՊ Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ին, Արցախի Հանրապետութեան մէջ` Ստեփանակերտ-Բերձոր միջպետական ճամբուն վրայ, Շուշի քաղաքի անցակէտին մօտ արձանագրուեցաւ յատկանշական դէպք մը, երբ ազրպէյճանցի զինուորներու սադրիչ գործողութիւններուն ի պատասխան անյայտ անձ մը քաջաբար պայթուցիկ սարք նետեց անցակէտի հատուածին վրայ: Մանրամասնութիւնները կարեւոր չեն, աքթն է յատկանշականը: Ժամանակը չէ՞, որ արթննանք: Դաշնակցութիւնը նման պարագաներու մէջ վստահաբար չի հեռանար ազատութեան պայքարէն եւ ի հարկին կը...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Յուշերէս Կտորիկ Մը. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Մասին (2)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Աւելի քան երեսուն տարիներ անցած ըլլալուն` ճշգրիտ թուականը չեմ յիշեր: Եղիշէ պատրիարքի յառաջացեալ տարիքի օրերուն էր: Սաղիմահայ կեանքը խռովութեան մատնուած էր  տեղւոյն դաշնակցականներուն եւ պատրիարքին միջեւ ծայր առած սուր հակադրութեան պատճառով: Փոխադարձ ատելութիւնը հասած էր այն աստիճանին, որ պատրիարքը, ըստ իր ըսածին «ստիպուած եղած է» փողոցի արաբ հեղինակութիւններու դիմելու` անոնց վստահելով վանքի պաշտպանութիւնը «հաւանական յարձակումի մը դէմ»: Ձգտուած...

«Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»-ը Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Մէջ

«Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»-ը Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Մէջ

Գործին Կարեւորութիւնը Եւ Ազգային Վարժարաններուն Մէջ Գիրքին Շնորհահանդէսները - Ես ուրկէ՞ եկած եմ: - Ինչպէ՞ս աշխարհը ստեղծուեցաւ: - Ինչո՞ւ մարդիկ կը մկրտուին: - Ինչո՞ւ պատերազմ կայ: - Մահը վերջաւորութի՞ւնն է: - Ինչո՞ւ Աստուած արտօնեց բնական աղէտները: - Արդեօք աշխարհին վե՞րջն է... Հարցումներ, որոնց պատասխանները երեխաները միշտ կը փնտռեն, եւ ծնողներն ալ միշտ չեն կրնար ճիշդ պատասխանը եւ մեկնաբանութիւնը տալ: Հարցումներ,...

«Ինչքան Կայ Հայրենիքում Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Լինենք Արցախի Կողքին». Ռ. Ճանպազեան

«Ինչքան Կայ Հայրենիքում Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Լինենք Արցախի Կողքին». Ռ. Ճանպազեան

ԿԱՐԻՆԷ ԴԱԴԱՄԵԱՆ «Ամարաս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերի տնօրէնն է: Ծնունդով Քանատայից է, մի տարի է, ինչ տեղափոխուել է Հայաստան ու փետրուարից ի վեր աշխատում է «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամում: «Արցախի ժողովրդին օգնելու համար ամենազդեցիկ ձեւը կենտրոնանալն է աշխարհագրական մէկ վայրի վրայ` համագործակցելով պատկան մարմինների հետ, եւ պատերազմից յետոյ որոշեցինք, որ այդ վայրը լինեն Մարտունու շրջանի...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Ի՞նչ Պէտք Է Գիտնալ Երկաթի Թունաւորման Մասին - Ինչո՞ւ Առաջնորդներ Չեն Գիտակցիր, Որ Սխալ Են (Բոլորն Ալ Կը Սխալին, Բայց Բարձր Պաշտօններու Վրայ Եղողները` Աւելի) Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ի՞նչ Պէտք Է Գիտնալ Երկաթի Թունաւորման Մասին Երկաթի թունաւորումը կը յառաջանայ, երբ մարմնի մէջ աւելորդ քանակով երկաթ կը կուտակուի: Այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ բնական ձեւով կամ պատահական: Մեծ քանակով երկաթ ունենալը...

Ակնարկ.   Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած  Դերը Լիբանանի Մէջ

Ակնարկ. Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած Դերը Լիբանանի Մէջ

Պաշտօնական Պէյրութի հրաւէրով վաղը Լիբանան կը հասնի  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Այցելութիւնը, ոեւէ  բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութեան նման, ուշագրաւ է նաեւ երկրին դէմ կիրարկուող պաշարումը նկատի ունենալով: Լիբանանը կը գտնուի կուտակուող ճգնաժամերու երկարատեւ փուլի մէջ եւ փաստօրէն կ՛ենթարկուի տնտեսաքաղաքական պաշարումի: Օտարերկրեայ պաշտօնատարներու այցելութիւնները, եթէ նոյնիսկ կայանան, ապա կ՛ունենան պայմանական բնոյթ, երբեմն նոյնիսկ ժամկէտներ ներփակող դիւանագիտական սպառնալիքներով յատկանշուող փոխանցումներով: Անգարայի առած քայլը...

Սթափելու Ժամանակը

Նահանջը Կը Շարունակուի. Մինչեւ Ո՞ւր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 2020 թուականի աշնանային 44-օրուան պատերազմի աւարտի միամեակին կը սպասուէր նոր յայտարարութեան մը կամ համաձայնագիրի մը ստորագրումը: Այդ մտավախութեամ համար կային հիմնաւոր պատճառներ, բան մը, որ մղեց ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպելու եւ դիմադրութեան նոր փուլի մը սկզբնաւորումը յայտարարելու: Ընդդիմութեան նախատեսութիւնը սխալ չէր: Թէեւ եռակողմ հանդիպում, նոյնիսկ հեռակապի միջոցով, տեղի չունեցաւ, սակայն հրապարակայնօրէն բացայայտուեցաւ արդէն յայտնապէս գոյացած համաձայնութեան մը բաժիններէն մէկը:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Կեղծիքի Եւ Երեսանցութեան Աշխարհ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կեղծիքն ու խաբէութիւնը ամէն օր նոր բարձունքներ կը նուաճեն մարդկայնութեան եւ արդարութեան դէմ իրենց խօլ մրցումին մէջ: Արձանագրենք նորագոյն օրինակներէն մէկ քանին: *** Ա) Քանի մը օրէ ի վեր միջազգային մամուլը լուսարձակները կեդրոնացուցած է Պիելոռուսիա-Լեհաստան սահմանագծին վրայ: Հսկայ փոթորիկ յառաջացաւ ի լուր այն իրադարձութիւններուն, թէ սահմանին արեւելեան երկայնքին բազմահազար գաղթականներ կուտակուած են, կ՛ուզեն Լեհաստանէն անցնելով` երթալ Եւրոպական Միութեան...

Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով  Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը` ՀՅԴ 131-ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան

Այսօրուան խորհուրդը իր մէջ կ՛ամփոփէ հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը իր ժողովուրդին: Բոլորդ գիտէք, որ սփիւռքի յանձնառու հայորդիներս հայրենազուրկ սերունդի ամէն դառնութիւն եւ աքսոր ճաշակած` ապրած ենք անկախ Հայաստանի երազով: Եւ Հալէպը` որպէս հայակերտման գլխաւոր հնոց, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կերտած է Հայ դատի պայքարի աննահանջ վճռակամութիւն: Ես ալ սփիւռքի այդ իտէալապաշտ հայորդիներէն եմ, Հալէպի զաւակ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Փրկենք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Եթէ այսօր ցանկագրենք մեր դժուարութիւնները` կենցաղային, տնտեսական, կրթական, դրամատնային, առողջապահական եւ ապահովական, կրնամ ըսել, որ բաւական յուսահատական ու մտահոգիչ վիճակի մը մէջ կը գտնուինք: Բոլոր մակարդակներու վրայ տնտեսական տագնապը քաոս ստեղծեց մեր ընտանեկան, անձնական, հաւաքական եւ ընդհանրական կեանքին մէջ: Դրամի արժեզրկումը եւ ամսաթոշակներու անհեթեթ գումարը ո՛չ թափ ձգեցին ո՛չ տեսիլք, ոչ յստակ հորիզոն` գալիքի հաշուոյն: Ելեկտրականութեան, ելեկտրածին շարժակներու...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեծն Բրիտանիոյ Յապաղումը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեծն Բրիտանիոյ Յապաղումը

«Հայկական հարցը պարզ եւ որոշ կը դառնար, եթէ մէկ կողմ ձգուէր քաղաքականութիւնը եւ մարդկային տարրական իրաւունքները յարգուէին, ու Եւրոպան լոկ ցանկար վերջ դնել այդ խայտառակութեան» ՃԷՅՄՍ ՊՐԱՅՍ (1838-1922, բրիտանացի իրաւագէտ եւ պատմաբան) Մեծն Բրիտանիան միշտ ալ, իր նիւթական եւ քաղաքական հաշիւները նկատի ունենալով (մեր բառարանին մէջ անոր տուած ենք «մութ» որակումը), աւանդականօրէն համակրանք ցոյց չէ տուած Հայաստանին եւ հետեւողականօրէն արհամարհած...

Հայրենասիրութիւնը Սահման Չունի…   Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Նուիրուած Նահատակ Հերոս Գէորգ Հաճեանի

Հայրենասիրութիւնը Սահման Չունի… Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Նուիրուած Նահատակ Հերոս Գէորգ Հաճեանի

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Հոկտեմբեր 3-ին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցում տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նուիրուած նորոգ նահատակ, ազգային հերոս Գէորգ Հաճեանի: Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը լայնօրէն անդրադարձաւ նրա գործունէութեան. «Ինծի համար Գէորգը հերոս էր իր նահատակութիւնէն առաջ ալ, հերոս էր իր հայրենասիրութեամբ, հերոս էր իր երգերով եւ ելոյթներով: Ան հոկտեմբեր 6-ին առաւել եւս հերոսացաւ իր նահատակութեամբ: Գէորգին համար Հայաստանը, Արցախը, հայրենի...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Ակնարկ. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Մասին (1)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Նորերս լրահոսի նիւթ դարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կապուած գայթակղութիւն մը, որ ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Պարզապէս հանրութիւնը կ՛իմանայ միա՛յն բացայայտուածը, կատարուածէն ետք,  եթէ անշուշտ պատրիարքարանի նեղ վերնախաւը, ո՞վ գիտէ` ի՛նչ պատճառով, չկարենայ ծածուկ պահել պատահարը: Այս վերջինը անոնցմէ էր, լուրը հանրայնացաւ, ապա պատրիարքարանէն «պատասխանատու» ներկայացուցիչ մը, իբրեւ բացատրական ու արդարացում, երկարաշունչ հաղորդագրութիւն մը...

Ընկերվարական Քրոնիկ.  Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շռնդալից Վերադարձը

Ընկերվարական Քրոնիկ. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շռնդալից Վերադարձը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սեպտեմբեր 26-ին տեղի ունեցան Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի (Պունտըսթակ) հերթական ընտրութիւնները, որոնք յատկանշուեցան տեղւոյն Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան շռնդալից յաղթանակով: Կուսակցութիւնը, ձայներու 25,7 առ հարիւր համեմատութեամբ, արձանագրեց իր ամենաբարձր արդիւնքը 2005 թուականէն ի վեր, իսկ 2002 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անիկա դարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարանական մեծագոյն կուսակցութիւնը: Իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն դաշինքը արձանագրեց իր ամենավատ արդիւնքը` ձայներուն 24,1 առ հարիւր...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. «Պաքուի Անվտանգութիւնը Մեզի Համար Թել Աւիւի Անվտանգութեան Չափ Կարեւոր Է», Կ՛ըսէ Ուզի Արատ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը 3 նոյեմբեր 2021-ի, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոստ» օրաթերթի աշխատակից Ճիլ Հոֆմանի հարցազրոյցին, որ կատարած է 31 հոկտեմբեր 2021-ին (1) Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի նախկին աւագ աշխատակից եւ Իսրայէլի վարչապետի (Նեթանիահու*) ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատի հետ: Այս յօդուածը նկատած եւ անգլերէնէ թարգմանած է Գէորգ Եազըճեան, եւ ե-նամակով տարածուելով` հասաւ ինծի. իմ կողմէս կարգ մը յաւելումներով ստորեւ...

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, որ 6 նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին` գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր նպաստը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն` վերջին առաւել քան 40 տարիներուն ընթացքին: Հալէպ ծնած եւ հասակ նետած Տատոյեան հեղինակ է աւելի քան 10 հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու: Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան...

«Հայ Ապրինք»

«Հայ Ապրինք»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Մատլեն Գարայակոբեանը ծնած է Թուրքիա: 1980 թուականին եկած է Ժընեւ, Զուիցերիա: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ինչո՞ւ ձգեց Թուրքիան, ան  պատասխանեց. «Աւելի լաւ կեանք մը ունենալու համար»: Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ յաճախ կը հանդիպիմ եւ կը լսեմ այս արտայայտութիւնները: Հայը կ՛ուզէ աւելի լաւ կեանք: Թէեւ ան իր ծննդավայրը կը լքէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու ապահովական պատճառներով, բայց նոյնքան նաեւ`...

Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնն Ու Սահակ Կիս. Քէշիշեանի Սարկաւագական Ձեռնադրութիւնը

Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնն Ու Սահակ Կիս. Քէշիշեանի Սարկաւագական Ձեռնադրութիւնը

ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ Դպրեվանքիս պաշտպան Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի տօնը նուիրական է մեզի` ժառանգաւորացս համար: Իւրաքանչիւր տարի մեծ ակնածանքով զայն կը նշենք: Սակայն անցեալ տարի, մեկնած առողջապահական եւ տնտեսական անցուկ պայմաններէն, չափազանց անշուք անցաւ, բայց մենք մտադրած եւ ծրագրած էինք, որ յառաջիկային զայն փոխարինենք աւելի մեծ տօնախմբութեամբ` առ ի հատուցում նախորդ տարուան զանցառման: Սակայն բոլորովին չէինք նախատեսած, որ այդ օրը պիտի յիշատակէինք...

Page 384 of 1112 1 … 383 384 385 … 1,112

Արխիւներ