Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Պարտուածի Եւ Լքման Տխուր 9 Նոյեմբեր Է. Տեւելու Համար` Ազգային-Քաղաքական Եւ Մշակութային-Լեզուական Վերականգնում

Նոյեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր երկիրը աւերակների երկիր է, աւերուած մի Հայրենիք, որ մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել: Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է եւ այդ աւեր ու անաւարտ շէնքը կանգնեցնելու համար որպիսի՜ ջերմ սէր, որպիսի՜ անձնուիրութիւն, որպիսի՜ բուռն ոգեւորութիւն է հարկաւոր:

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ (1885-1920)

Դար մը առաջ ըսուած իրատեսական խօսք` այդ օրերու կացութիւնը բնորոշող: Նաեւ` գոյատեւման ազգային ռազմավարութիւն սահմանող:

Եթէ Վահան Տէրեան այսօր մեզի հետ ըլլար, մի՞թէ տարբեր բան պիտի ըսէր:

Եթէ պահ մը անբովանդակ պառակտում դարձած մեր տարակարծութիւնները փակագիծի մէջ դնենք, եթէ այդ առաքինութիւնը, հռոմէական virtus-ը ունինք, եւ աշակերտենք Վահան Տէրեանի, ինչե՜ր կրնան փոխուիլ մեր կեանքին մէջ, Հայաստան եւ գերաճող սփիւռք(ներ):

Այն ատեն կը մտածենք. ի՛նչ պէտք չէ ընել, ի՛նչ պէտք է ընել:

Մաս առ մաս պէտք է լսել Վահան Տէրեանի խօսքը, փակագիծներ բանալ, շարունակել միտքը, ուղի ճշդել եւ մանաւանդ` յանձնառու ըլլալ: Հասկնալ ըսուածը. «Մեր երկիրը աւերակների երկիր է, աւերուած մի Հայրենիք, որ մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել»: Եթէ Վահան Տէրեան այսօր ապրէր, պիտի աւելցնէր` «աւերուող երկիր»: Երկիր, զոր կ’աւերեն, կ’աւերենք:

«Աւերակներու երկիր»-ը կրնայ վերաբերիլ հայկական հին եկեղեցիներուն, տաճարներուն, ամրոցներուն, վանքերուն: Հպարտութիւն ունեցող եւ գիտակից ժողովուրդները մասունքի պէս կը պահեն իրենց աւերակները, կը պաշտպանեն, կը վերականգնեն: Տէր կ’ըլլան:

«Աւերակներու Հայրենիք»-ը ժողովուրդի բնավայրն է, ապրելու եւ գոյատեւելու տարածքը, որուն տէր եղած են նախնիները: Եթէ այդ տարածքը աւերակ ըլլայ եւ մնայ, հոն կեանք եւ շարունակութիւն չեն ըլլար, շարունակութիւն չենք ըլլար: Այս խորիմաստ գիտակցութեամբ է, որ Վահան Տէրեան կ’ըսէ, «… որին (Հայրենիքը, Յ. Պ.) մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել»:

Մեր ժողովուրդը, Ա. Հանրապետութեան շրջանին, նաեւ` Խորհրդային Միութեան, հակառակ պատերազմի, բիւր զոհերու, աքսորի, բանտի, սպանութիւններու, հայրենիք պահեց, ուզեց զայն կենդանացնել: Վերանկախացման երեսուն տարիներուն «կամենում ենք կենդանացնել»-ը չկենսագործուեցաւ, «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի եսի արշաւը եղաւ` չարաշահում, կողոպուտ, դիրքապաշտութիւն եւ արտագաղթ: Պէտք է կրկնել, որ երեսուն տարիներ «Հայրենիք կենդանացնել»-ու իսկական կամքը բացակայեցաւ, դիրքեր հետապնդուեցան:

44-օրեայ պատերազմի պարտութեան յառաջացուցած բեկումը դեռ չէ յաղթահարուած, կը յաղթահարուի՞, ինչպէ՞ս, որպէսզի գործի վերածենք Վահան Տէրեանի ցանկութիւնը` «կամենում ենք կենդանացնել»-ը: Ինչպէ՞ս: Ի՞նչ կ’ընենք այսօր: Կեղծ արդիականացման պերճանք հետապնդեցինք, Հայաստանը չդարձուցինք բնակուած երկիր, գոհացանք գրեթէ միաքաղաք Երեւան երկրով:  Չունեցանք աւերակ երկիրը բնակեցումով հայու հայրենիք ստեղծելու կամք: Երեւանի ծայրամասերը, նաեւ մօտի եւ հեռուի քաղաքներն ու գիւղերը չզարգացան, չունեցան կեանքի լաւ պայմաններ, կարծէք դատապարտուած ըլլային կայարանի սպասման սրահ ըլլալու:

Եթէ Երեւանի հազարաւոր մանհաթանեան երկնաքերներու կէսը տարածուէր Հայաստանի շրջաններուն վրայ, ան կ’ըլլար բնակուած, «կենդանացուած» հայրենիք:

Հայրենիքի կենդանութեան առաջին երաշխաւորը հայրենատէր եւ ներկայ բնակող ժողովուրդն է: Ոչ դուրսէն դիտող «հայրենասէր»-ը, որ բախտաւոր պարագային զբօսաշրջիկ է, ոչ` լաւ ապրելու իրաւունքի երազով ապրող, ճամպրուկը կապած, արտագաղթելու պատրաստ-պատրաստուող Հայաստանի բնակիչը:

Ճիշդ է, որ բաղդատելին պէտք է բաղդատել: Բաղդատութեամբ մտածելը ուղիներ կը բանայ: Պատերազմ տեսած Պելճիքայի (Բելգիա) տարածքը, չնչին տարբերութեամբ, Հայաստանին հաւասար է, բայց ունի աւելի քան 11 միլիոն բնակիչ: Ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըներ, չենք ըրած, որ Հայաստանի տէր բնակչութիւնը ըլլայ տասը միլիոն, Երեւանէն դուրս գտնուող հեռու եւ մօտ քաղաքներն ու գիւղերը բնակուին եւ ծաղկին: Այս ընելու համար անհրաժեշտ էր նպատակասլաց կազմակերպութիւն, որ ուղիղ ճանապարհն է Վահան Տէրեանի աւերակ հայրենիքը կենդանացնելու կամքի:

Առանց վերլուծական մշուշի մէջ յամեցող ինքնախաբէական ճառերու` պէտք է ըսենք, թէ ունի՞նք, թէ՞ ոչ այդ կամքը, եթէ չունինք, ո՞վ է պատասխանատու, եւ ինչպէ՞ս զայն ստեղծել: Ապահովաբար` ո՛չ մանր փառասիրութիւններ հետապնդելով եւ կուսակցութիւնները բազմապատկելով, այլ` իրապէս վերանորոգուելով, որպէս տեսիլք եւ որպէս կամք, որ չըլլան բառերով ուռած փուչիկ:

Կենդանացման կամք, զոր այսօ՛ր պէտք է ունենալ` զայն հիմնելով ոչ թէ ամբոխահաճական աճպարարութիւններու, այլ  իրական արժէքներու եւ կարողութիւններու վրայ: Միշտ` ներսը եւ դուրսը:

Վահան Տէրեան մեզի ժամանակակից իրաւ եւ կեղծ վերականգնումի ասպետներէն աւելի իմաստուն քաղաքական միտք արտայայտած է դար մը առաջ, որ այսօր ալ այժմէական է: Այնքա՜ն դիպուկ եւ ճշմարիտ է Վահան Տէրեանի խօսքը, զոր նոյնութեամբ կարելի է կրկնել Հայաստան եւ հոն, ուր հայ եւ հայեր կան. «Մեր  Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է եւ այդ աւեր ու անաւարտ շէնքը կանգնեցնելու համար որպիսի՜ ջերմ սէր, որպիսի՜ անձնուիրութիւն, որպիսի՜ բուռն ոգեւորութիւն է հարկաւոր»: Կրկնել, թարգմանել, տարածել` ի պէտս ընդարմացածներու, նահանջածներու եւ այլացած բանգէտներու:

Այն տարածքը, զոր հայրենիք կը կոչենք, կ’ըլլայ խոպան, եթէ հոն չկայ, հոն չ’ապրիր Հոգեւոր Հայրենիքը: Նոյնը ըսել հաւաքականութիւններու համար, որոնք եթէ չունին Հոգեւոր Հայրենիք, կ’ըլլան անդիմագիծ եւ անինքնութիւն արտադրող-սպառող ամբոխ: Հարիւր տարի առաջ ահազանգ հնչեցուցած է Վահան Տէրեան: Այսօր, աւելի քան երէկ, ահազանգ պէտք է հնչեցնել, քանի որ առանց հայրերու հողին վրայ կեանքի` Հոգեւոր Հայրենիքը դատապարտուած է խամրելու, չքանալու:

Երէկ եւ այսօր, նոյնիսկ հայրերու հողին վրայ, Հոգեւոր Հայրենիքը ենթակայ է բազմաբնոյթ նախայարձակումներու, անոնց թիրախները ժառանգուած արժէքներ, բարքեր, աւանդութիւններ, ընկերային կառոյցներ եւ լեզու են:

Ներսը երէկ` ռուսացում, այսօր` ամերիկայնացում, համագումար` ապազգայնացում: Դուրսը այնքա՜ն բազմաթիւ են օտարացումները, զորս պէտք է տեսնել եւ ճիշդ գնահատել` առանց դեռ տոկացող փոքրամասնութիւններու առթած խաբկանքին, առանց գինովնալու հայանունէ մը մեզի բաժին չեղող հռչակով:

Տարրական ողջախոհութիւնը կը յուշէ, որ ազգը ինքնուրոյնութիւն է, կը կանգնի ընտանիքի, աւանդութիւններու, հասարակաց ըմբռնումներու, յիշողութիւններու եւ արժէքներու վրայ, որպէսզի ապահովուի շարունակութիւնը: Ներսը, բայց` մանաւանդ դուրսը, հայկական համարուած զանգուածներու ո՞ր տոկոսը իրապէս շարունակութիւն է այսօր, ի՞նչ են խոստումները վաղուան համար:

Հոգեւոր Հայրենիքը մշակոյթն է. պատմութիւն, լեզու, գրականութիւն, կրօն` իր աւանդութիւններով, արուեստներ: Վահան Տէրեան հարիւր տարի առաջ ըսած էր, որ «Մեր  Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է»… Ի՞նչ կրնանք ըսել այսօր: Առաջին հերթին լեզուն հետզհետէ կը դադրի ներազգային հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան միջոց ըլլալէ, շատերու համար արդէն դադրած է, հայերէն գիրը, գիրքը եւ թերթը խորթացած են հայ մարդոց եւ ընտանիքներու մեծամասնութեան համար:

Եթէ միջոց ըլլար վիճակագրութիւն մը կազմելու` գիտնալու համար, թէ 3+10 միլիոնի ո՞ր տոկոսի կեանքի եւ մշակոյթի լեզուն է հայերէնը, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, կը հասկնայինք, թէ ո՛ւր կը գտնուէինք: 3+10 միլիոնի դպրոցական տարիքի սերունդի ո՞ր տոկոսը հայերէն կը խօսի եւ կը սորվի: 3+10 միլիոն հայերու ո՞ր տոկոսը տարին գէթ մէկ հայերէն գիրք կը կարդայ եւ կը գնէ…

Թիւերու լեզուն ամբոխավարական-ամբոխահաճական խաղ չի գիտեր: Ճիշդ մտածելու համար թիւերու լեզուն պէտք է լսել:

Ինչ կը վերաբերի լեզուին, ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ սփիւռքի 10 միլիոնին համար ան ամէն օր քիչ մը աւելի նուազ հաղորդակցական եւ կեանքի լեզու է: Հայաստան դեռ պատկառելի տոկոս կը կազմէ ռուսախօսութիւնը, որուն վրայ այսօր գումարուած է համաշխարհայնացումը կրող ամերիկերէնը: Դուրսը հայերէնը փոքրամասնութեան մը լեզուն է, իսկ ներսը ան աղճատուող լեզու է գրաւոր եւ բանաւոր խօսքի մէջ անարգել տուն-տեղ եղած հազարաւոր օտար բառերով: Կը բաւէ հետեւիլ մամուլին, հեռատեսիլին եւ քաղաքական գործիչներու խօսածին ու գրածին:

Վահան Տէրեան կ’ըսէ, որ «անձնուիրութիւն» պէտք է Հոգեւոր Հայրենիքը փրկելու համար: Եթէ էջ մրոտողները եւ հայրենիք փրկելու համար բեմ բարձրացողները «անձնուիրաբար» հայերէնի բառարան մը ունենային իրենց սեղանին վրայ կամ գրպանը, Հոգեւոր Հայրենիքի աւերուած եւ անաւարտ շէնքը կը կառուցուէր:

Այս ընելու համար, ներսը եւ դուրսը, հաւատաւոր առաջնորդներ պէտք են: Անոնց թիւը այնքա՜ն աննշան է, որ հեղեղող աւերին դէմ թումբ չեն:

Դեռ պէտք է հաւատալ ժողովուրդի առողջ բնական ողջախոհութեան, որ ան կը կատարէ Հայրենիքի եւ Հոգեւոր Հայրենիքի կենդանացման  վերականգնման ճշմարիտ ոգեկան յեղափոխութիւնը, վար կ’առնէ դիմակները, հարազատութիւն կը վերանուաճէ, վերջ կու տայ ամէն կարգի դաւաճանութիւններու, ուրացումներու, նահանջներու: Եւ կը հետեւի չարաշահումներէ, կեղծիքէ եւ եսերէ բուժուած  յայտնատեսներուն:

Ինչպէս օր մը ըսած էր Աւետիս Ահարոնեան, «դեռ կայ հրաշքը»… Որուն համար մեր հոգիները եւ աչքերը պէտք է բանանք, լսենք եւ տեսնենք…

9 նոյեմբեր 2021, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Բողոքի Հաւաք Եւ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Մտահոգ Ենք

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?