Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Մտահոգ Ենք

Նոյեմբեր 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի ամօթալի տարելիցը ամբողջ հայութիւնը կը գտնէ ծանրօրէն վիրաւոր ու շուարած վիճակի մէջ: Տարիէ մը ի վեր, բայց մանաւանդ վերջին շաբաթներուն ընթացքին ականատես կը դառնանք քաղաքական զարգացումներու, հանդիպումներու եւ յայտարարութիւններու: Անոնց մէջ մասնակցութիւնը, Հայաստանէն ու Ազրպէյճանէն սկսեալ, կ՛ընդգրկէ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ուժերը, որոնք բազմակողմանի ուղերձներ կը ղրկեն` ա՛լ աւելի մշուշոտ եւ անորոշ դարձնելով Հայաստանի ու Արցախի հաշուոյն կատարուող զարգացումները:

Անորոշութիւնը շա՛տ աւելի կը շրջի հայութեան մէջ` նկատի ունենալով հայրենի իշխանաւորներուն կեցուածքը, անոնց երբեմն լուռ, զիրար հակասող կամ բազմակողմանի մեկնաբանութիւններու դուռ բացող յայտարարութիւնները, որոնք փոխանակ մեր վճռակամութիւնը յստակօրէն բնորոշելու, հայկական շահերուն տէր կանգնելու փոխարէն` անորոշութեան ալեկոծ ծովին մէջ փրկութեան լաստ մը փնտռելու անյոյս վիճակը կը ներկայացնեն:

Արդարօրէն, ճակատագրական այս օրերուն հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը ոտքի կանգնած է եւ իր ընդվզումի ձայնը կը բարձրացնէ ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք, ներսէն կամ դուրսէն, ճատրակի խաղեր կը փորձեն սարքել տարածաշրջանէն ներս:

Սփիւռքը ոտքի կանգնած է ամէնուրեք` դիմադրելով այն բոլոր ոտնձգութիւններու, որոնք հայութեան վրայ կը փորձուին, այս անգամ բարի դրացնութեան, խաղաղ համակեցութեան, սահմանազատումի, սահմանագծումի, զանազան հարթակներու ստեղծման քաղաքական հաշիւներու պարտադրութեան տակ:

Անոնցմէ ամէնէն մտահոգիչն ու ծանրօրէն վտանգաւորը կը դառնայ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վարկածը, որ շարունակաբար յառաջ կը քշուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, մինչ հայկական կողմի աղօտ հակազդեցութիւնը աւելի մտահոգութիւններ կը ստեղծէ, քան թէ յստակօրէն կը կասեցնէ երկու երկիրներուն ծաւալապաշտական ախորժակները:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ հայրենի իշխանութեան ներկայացուցիչները կը փութան իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնելու` բանակցելու համար սահմանագծումի եւ սահմանազատումի գործընթացին շուրջ, յենելով խորհրդային տարիներուն պատրաստուած եւ Ռուսիոյ սեփականութեան տակ մնացած քարտէսներուն վրայ: Միւս կողմէ` զարմանք կը պատճառէ, երբ հազիւ երկու օր առաջ Քրեմլինի կողմէ յայտարարուած ղեկավարներու` շաբթուան մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպումին մասին, Հայաստանի վարչապետը կը հերքէ 9 նոյեմբերին տեսակցութիւնը կայացնելու լուրը, որուն կը յաջորդէ նաեւ Քրեմլինի կողմէ նմանօրինակ հերքում մը:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, երբ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կառավարութեան նիստէն ետք կը յայտարարէ, որ Հայաստան պատրաստ է սահմանագծումի եւ սահմանազատումի գործին` յենած ըլլալով արդէն իսկ քննարկուած խորհրդային քարտէսներուն վրայ. անդին` արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան խորհրդարանին մէջ կը յայտնէ, որ տակաւին կանուխ է խօսելու այն քարտէսներուն մասին, որոնց հիման վրայ պիտի իրականացուի սահմանազատում:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ սահմաններու ճշդումի օրակարգը յառաջ կը քշուի, երբ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը տեղ գրաւած են հայկական տարածքներուն վրայ` խախտելով ամէն տեսակի միջազգային օրէնք եւ իրական վտանգ դառնալով մեր ժողովուրդին համար:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ Հայաստանի վրայ կը պարտադրուի «3+3» հարթակի ստեղծումը, որուն գլխաւոր ջատագովները կը դառնան Թուրքիան, Ազրպէյճանը եւ Ռուսիան: Անոնք առիթ չեն փախցներ շարունակաբար արտայայտուելու այս հարթակի արդիւնաւէտութեան կարեւորութեան մասին, մինչ հայկական կողմը այս ուղերձները կը ստանայ առանց որեւէ մեկնաբանութեան:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ամենայն հանգստութեամբ իր ֆրանսացի գործընկերոջ` Մաքրոնին, կը ներկայացնէ «3+3» հարթակի առաւելութիւնները` հաւաստիացում տալով նաեւ Ազրպէյճանի պատրաստակամութեան եւ լիակատար համաձայնութեան մասին:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ այս բոլոր զարգացումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու` Եւրասիոյ հարցերով զբաղող փոխնախարարը տարածաշրջան կ՛այցելէ եւ նոյն պահուն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ ծառայող դեսպաններուն հետ երկար խորհրդակցութիւն մը կ՛ունենայ Երեւանի մէջ:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ ներկայ պահուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի միջնորդութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, մասնաւորապէս երբ անոր դերը յստակօրէն արժեզրկուած տեսնելու միտումով Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը զայն կը փորձեն փոխարինել «3+3» հարթակի ստեղծումով:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին փոխարինուած է, սակայն այս բոլոր զարգացումներուն դիմաց, Ֆրանսան լուռ դիրքերէ կը հետեւի վերջին շրջանին:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բացայայտօրէն կը խօսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ «3+3» հարթակի ստեղծումին ուղղութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան մասին, սակայն հայկական կողմը ուշացումով կը հերքէ զայն, իսկ հարցականները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ Թուրքիոյ պաշտօնական բերաններէն կը լսուի հայկական կողմէն դրական նշաններու երեւումին մասին, մինչ Երեւանի մէջ նստած իշխանաւորներն ալ դրականօրէն գլուխ կը շարժեն:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, որ Արցախի հիմնահարցը կը շարունակէ դուրս մնալ քաղաքական օրակարգէն` վտանգ սպառնալով անոր գոյութենական իմաստին վրայ, միանգամընդմիշտ զայն կուլ տալով թուրքեւազրպէյճանական ծաւալապաշտական ախորժակներուն:

ՄՏԱՀՈԳ ԵՆՔ, շա՛տ աւելի մտահոգ ենք, որ քաղաքական ծանրակշիռ իրադարձութիւններուն դիմաց ու Հայաստանին վրայ պարտադրուած վերջնական լուծումներու ենթապատկերին մէջ հայութեան կարգ մը հատուածներու մօտ ընդվզումի ու հակազդեցութեան ալիքները այնքան մեղմացած են, որ ակամայ «լուռ համաձայնութեան» մը պատկերը կը ներկայացնեն:

Մտահոգ ըլլալով հանդերձ, պիտի շարունակենք ԴԷՄ ըլլալ այն բոլոր լուծումներուն, որոնք պարտադրաբար կը կիրարկուին ի հեճուկս հայ ժողովուրդին:

Ի զուր չեն Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին ծաւալուող ժողովրդային ընդվզումները: Անոնք կու գան հայրենի իշխանութեան յիշեցնելու, որ կարելի չէ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին վրայ կիրարկելու որեւէ քայլ, որեւէ որոշում, որ պիտի վտանգէ Հայաստանի ու Արցախի գոյութիւնը:

9 նոյեմբերի «պարտութեան» տարելիցին հայրենի քաղաքական միտքը պարտականութիւն ստանձնած է ոտքի հանելու հայ ժողովուրդը ընդդէմ այն բոլոր ոտնձգութիւններուն` մեր հայրենիքի ապագան ետ պահելու համար վնասելու ընթացքէն:

Պէտք է մնալ զգօն ու աչալուրջ, մերժել ամէն տեսակի լուծում, որ հայրենիքը կործանումի կ՛առաջնորդէ. պէտք է դէմ կանգնիլ պարտադրուած լուծումներուն:

Վերականգնումի ճամբան երկար ու դժուար է:

Հայութեան միահամուռ ու միասնական կեցուածքը` հրամայական ու անյետաձգելի:

Նախորդը

Այսօր Պարտուածի Եւ Լքման Տխուր 9 Նոյեմբեր Է. Տեւելու Համար` Ազգային-Քաղաքական Եւ Մշակութային-Լեզուական Վերականգնում

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?