Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Աշխարհէն. Թադէոս Եսայեանի «Պարզ Ու Տաքուկ Բառերով» Նորատիպ Հատորը

Նոյեմբեր 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս Երեւանէն, շնորհակալութեամբ ե՛ւ մեծ ուրախութեամբ, ստացած էի ճարտարագէտ-բանաստեղծ` Թադէոս Եսայեանի նոր լոյս ընծայած «Պարզ ու տաքուկ բառերով» բանաստեծութիւններու հաւաքածոն:

Բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանի անունին մօտիկէն ծանօթ էի Դիմատետրէն եւ, անշուշտ, ցարդ մամուլի ճամբով իր ստորագրած արձակ եւ բանաստեղծութիւն էջերէն: Յայտնեմ, որ հայերէն նոր գիրքի մը հրատարակումը ինծի համար միտք եւ հոգի ջերմացնող երեւոյթ ալ է, որովհետեւ տակաւին տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս տակաւ կը նուազի հայախօսներու թիւը, հայերէն իմացող սերունդը կը նօսրանայ հայերէն գիրք կամ մամուլ կարդացողներու եւ գրողներու թիւին հետ միատեղ: Հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ: Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամէն տեղ կը փորձենք նաւարկել աշխարհի բազմազան հոսանքներուն դէմ` յանուն հայապահպանման:

Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հայերէն գիրքը ինծի համար դարձած է մեծ ցանկութիւն, ուղեկից եւ հաւատարիմ բարեկամ: Ան եղած է նաեւ միտքիս նոր ճանապարհ բացող, գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը բացայայտող ազդակ:

Ու Թադէոս Եսայեանը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` օտար միջավայրի մէջ հայութեամբ տագնապող հայ գրող մը: Աւելի՛ն. յորդառատ զգացումով բանաստեղծ մը: Հարուստ տողերով ու սրտի մօտիկ եւ տաղանդով: Ան նաեւ ունի յատուկ երեւակայութիւն: Իր գրիչով հաւատարիմ մնացած է իր գրականութեան ու այդ ձեւով ալ կը շարունակէ հարստացնել զայն` իւրայատուկ հաղորդականութեամբ: Իր էջերուն մէջ է, որ կը հանդիպինք աւանդական սէրերու, երախտատապարտ բառերով յարգանքի եւ գուրգուրանքի շաղախուած տողերու:

Որովհետեւ Թադէոս Եսայեան բանաստեղծի սիրտը միշտ կը տրոփէ հայ կեանքին, իր ծնողքին եւ ընտանիքին, հայ ժողովուրդին, իր հայրենիքին, հայ գրողներուն, հայոց պատմութեան եւ անոր մեծ ու փոքր արժէքներու առօրեային հետ:

Եսայեանը հասկնալու համար պէտք է կարդալ անոր ստեղծագործութիւնները: Ունի գրելու մտերիմ եւ իւրայատուկ ձեւ ու խորք` հանդարտ, հասկնալի, պարզ եւ հաճելի ոճով: Ազգայինին կողքին, նաեւ տեսակ մը հայու շունչով մարդկային խորք կայ իր բառերուն տակ:

Եսայեան բանաստեղծը հայ գրականութեան ցանկապատէն ներս առաջին անգամ եւ համարձակ մուտք գործած էր 1985-ին, իր «Առաջին փորձեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյով: Ապա, անկէ ետք, իրերայաջորդ կերպով հրամցուցած է «Երկրորդ փորձեր» (1985), «Պտղունց մը սէր» (1987), «Կեանք մը տողերու վրայ» (1989), «Պատկերազարդ ցուցահանդէս» (1991): Իսկ ճիշդ քսան տարիներ ետք, ահա այս օրերուն այս նորը` «Պարզ ու տաքուկ բառերով»-ը:

Գիրքին մէջ համեստօրէն նաեւ յիշուած է, որ ճարտարագէտ-բանաստեղծ մեր այս հեղինակը, «Finishing Works In Buildings» հինգ հատորներու ծաւալով պատկերազարդ ու լայնածաւալ անգլերէն լեզուով քաղուածք մը ունի, որ կը դասաւանդուի իր գործած պաղեստինեան ընկերութեան «Consolidated Contractors Company» արհեստավարժական դպրոցէն ներս:

Իսկ գալով նորատիպ այս հատորին` նախ պարզեմ, որ ան լոյս տեսած է այս տարի (2021), Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն:

Ընդհանուր բովանդակութիւն.

Հատորը կը բաղկանայ 154 էջերէ, որոնց մէջ տեղաւորուած են 148 բանաստեղծութիւններ: Այս գիրքէն հրատարակուած է միայն 300 օրինակ, եւ հեղինակը իբրեւ նուէր պիտի բաշխէ փափաքողներուն: Հատորին սրբագրութիւնը կատարած է «Ռատիօ Այգ»-ի տնօրէն,  հաղորդավար Շաքէ Մանկասարեանը, որ միաժամանակ Երեւանի մէջ հետեւած է հրատարակութեան խրթին ու երկար գործընթացին:

Հատորի առաջին էջերը գրաւած են «Երկու խօսք»-ն ու «Գիր ողջոյնի»-ն: Առաջինը, դարձեալ ծանօթ գրիչ, ազգային գործիչ, առցանց «Ռատիօ Այգ»-ի հիմնադիր տնօրէն-հաղորդավար ու ծանօթ դէմք` Շաքէ Մանկասարեանի ստորագրութեամբ, իսկ երկրորդը սփիւռքահայ հանրածանօթ առակագիր` Եզնիկ Բալայեան: Երկուքն ալ իրենց տողերով վեր առած են բանաստեղծին` արեւմտահայ գրականութեան բերած վաստակը, խոհուն եւ գեղեցիկ ներաշխարհով, որակելով զայն` իբրեւ մեր «գրական ծաղկամանին ստեղծագործ մտքի ծաղիկներ»:

Նոր լոյս ընծայուած այս հատորին չափածոյ բոլոր ոտանաւորները կը ներկայացնեն խոհեր, կեցուածքներ եւ երախտապարտ զգացումներ, որոնք ի սրտէ բխած են զգացական, սակայն անկեղծ պոռթկումներով: Նաեւ էջերուն մէջ տեղ գրաւած են բանաստեղծին մտքի թռիչքէն ծնունդ առած ոտանաւորներ, որոնք նուիրուած են իր հօր, մօր, քրոջ, գարնան, Արցախին, Շուշիին եւ նոյնիսկ` թոռներուն: Հետաքրքրական է, որ հայրենիքին, ծնողքին, բնութեան ու բազմատեսակ կարօտի ու սիրոյ իր էջերուն կողքին, ան` իբրեւ երախտապարտ գրիչ, իր բանաստեղծութիւններէն շատ-շատերը նուիրած է նաեւ արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն եւ իր սրտին մօտիկ` Դուրեանին, Մեծարենցին, Զարիֆեանին, Թէքէեանին, Օշականին, Սիւրմէլեանին, Զ. Եսայեանին եւ շատ մը ուրիշ «գրիչ»-ներու: Ու առ ի յիշատակ նման ստեղծագործութիւններու շարքը բաւական կ՛երկարի:

Անկասկած, բանաստեղծ Եսայեան այս ձեւով կը հաստատէ իր յարգանքն ու խոնարհումը արեւմտահայ գրական աշխահի մեր մեծերուն: Հետաքրքրական ու աչքառու է տեսնել, թէ ամբողջ հատորին մէջ ան ո՛չ մէկ ատեն վերջակէտ գործածած է, այլ միշտ գոհացած է «կախման» կէտերով: Իբրեւ հաստատ օրինակ` անկեղծօրէն փորձեցի իր ստեղծագործութիւններէն քանի մը նմուշ հրամցնել ընթերցողին, ու այս ձեւով ալ` զարդարել տողերս: Բայց չկարողացայ հատորին բազմաշերտ եւ բազմատեսակ ոտանաւորներէն կատարել ընտրութիւն մը: Ուստի այդ բաժինը ընթերցողի «ուսերուն» ձգեցի, որպէսզի ան ըմբոշխնէ հրամցուածը ու ինք անձամբ զատէ իր նախընտրած գեղեցիկ կամ բացառիկ «կտորը», որոնց շարքը, կը կարծեմ, բաւական երկար պիտի ըլլայ:

Ահա հոս է, որ կ՛իմաստաւորուի հատորին ներկայութիւնը մեր գրադարաններուն մէջ:

Արդ, սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր շատ սիրելի եւ տաղանդաւոր ճարտարագէտ-բանաստեղծը, իր այս նոր լոյս ընծայած քերթողագիրքին առթիւ եւ առողջութեան ու արեւշատութեան բարի մաղթանքներուս կողքին, նաեւ կ՛աւելցնեմ նորանոր ու յաջող ստեղծագործութիւններու բաժինն ալ:

Գրիչդ դալար, յարգելի՛ բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Անդրադարձ. Ազգային, Մշակութային, Հողային Եւ Պատմական Ժառանգութեան Տէրը Միայն Ամբողջ Հայ Ժողովուրդն Է` Ուրիշ Ո՛չ Մէկը

Յաջորդը

Մուսա Լեռ-Այնճար. Բնական (Organic) Պարարտացուցիչներու Պատրաստութիւն` Պարտէզներու Համար

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?