Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ազգային, Մշակութային, Հողային Եւ Պատմական Ժառանգութեան Տէրը Միայն Ամբողջ Հայ Ժողովուրդն Է` Ուրիշ Ո՛չ Մէկը

Նոյեմբեր 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ո՛չ մէկ անհատ, խմբակ, կամ կառավարութիւն իրաւունք ունի հայ ժողովուրդին անունով որեւէ տեսակի զիջումներ կատարելու: Իսկ սահմանները առաջին հերթին զէնքով կը պաշտպանուին, այսինքն` մարտունակ բանակով, որ սահմանը պաշտպանելու համար պէտք չէ՛ սպասէ կառավարական հրամանի մը, եւ երկրորդ` միջազգային իրաւունքով, այսինքն` դիւանագիտութեամբ: Երկու պարագաներուն ալ Հայաստանի այժմու վարչախումբը իշխանութեան հասնելէն ի վեր քայքայեց թէ՛ բանակը, թէ՛ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ թէ՛ ալ դիւանագիտական կազմը եւ արհամարհեց իր բնական դաշնակիցները` Իրանն ու Ռուսիան:

Այս վարչախումբը Երեւանի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ հակառուս եւ հակափութին յեղափոխութեան 3 դասընթացք-ճամբարներ կազմակերպեց, որուն մասնակցեցան 150 երիտասարդներ` նախկին խորհրդային երկիրներէն (1): Միացեալ Նահանգներու նախագահին ազգային անվտանգութեան հարցերով տխրահռչակ խորհրդական Ճոն Պոլթընը Երեւանի մէջ ընդունելէ ետք, այս վարչախումբը մեր հարաւի հարեւան Իրանի դէմ կարգ մը պատժամիջոցներ կիրարկեց (2): Ճոն Պոլթըն «Արմնիուզ»-ին հետ հարցազրոյցին ընթացքին բացատրած է, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հիանալի դիրքի վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վճռական որոշում տալու համար (3):

Աւելի՛ն. այս դաւադիր վարչախումբը,  նախքան 44 օրեայ պատերազմը, արդէն պարտուած ու ենթարկուած էր Թուրքիոյ` անոր շահերը պաշտպանելով, Հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքահաճոյ դարձնելով: Շատ մը խեղաթիւրումներու կողքին, Արեւմտեան Հայաստանը վերցնելով դասագիրքերէն եւ քարտէսներէն, փոխարինելով զայն թրքական անուանումով` արեւելեան Անատոլուով: Բողոքի ցոյցերը եւ պատմութեան կաճառներու բողոքը քմծիծաղով ծաղրեց օրուան կրթութեան նախարարը` Արայիկ Յարութիւնեանը, որ պաշտօնի բարձրացում ստացաւ եւ  վարչապետի խորհրդական նշանակուեցաւ:

Ինչպէ՞ս վստահիլ այսպիսի վարչախումբի մը, որ դաւաճաններով կը կառավարուի, որուն վարչապետը իր անհատնում ձաբռտուքներուն ընթացքին հրապարակաւ հայկական քաղաքներ եւ շրջաններ հայկական չէ կ՛ըսէ եւ նուէր կու տայ թշնամիին… Ա՞յս վարչախումբին պիտի վստահուի որեւէ սահմանագծում: Որքա՛ն անտարբեր ու ապազգային գտնուեցաւ այն զանգուածը, որ այս վարչախումբը իշխանութեան վերադարձուց: Ահաւոր աղէտ:

Սակայն 6500-է աւելի մեծ ու փոքր պատերազմ տեսած Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը (4) 6501-երորդ պատերազմին պիտի պատրաստուի այժմ: Զինատեսակներու գիւտերու բնօրրան մեր երկիրն ու ռազմական ժողովուրդը անպայման պիտի ձերբազատին այս դաւաճան իշխանութենէն եւ վերանորոգեն իրենց հերոս բանակը` ազգ-բանակ կարգախօսով, պաշտպանելու համար մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ ազատագրելու մեր բոլոր գրաւեալ հողերը:

Փա՛ռք հերոս հայ զինուորին ու հերոսնե՛ր ծնող մայրերուն եւ յարգա՛նք մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

8 նոյեմբեր 2021

haroutchekijian.wordpress.com  

————

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/489550

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/489920

(3)  https://www.aztagdaily.com/archives/480337

(4)  https://www.aztagdaily.com/archives/497464

(5)  https://www.aztagdaily.com/archives/469784 (յաւելեալ ընթերցում)

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Գիրքերու Աշխարհէն. Թադէոս Եսայեանի «Պարզ Ու Տաքուկ Բառերով» Նորատիպ Հատորը

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?