Ուրբաթ, 5 նոյեմբերին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութենէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ նորանշանակ դեսպան եւ վարչապետ Փաշինեանի հլու կամակատար` ՔՊ-ական Լիլիթ Մակունցի հետ:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար հետեւեալ երիտասարդականներէն` Վրէժ Տաուլի (Շիքակոյի «Արարատ» մասնաճիւղ, ատենապետ) եւ Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղէն` Սօսի Պուրուճեան, Ալեք Մանուկեան, Արամ Պալեան եւ Սիփան Օհաննէսեան:
Պատուիրակութեան անդամները դեսպան Մակունցին պաշտօնապէս յայտնեցին իրենց լուրջ մտահոգութիւնը վարչապետ Փաշինեանի կատարած անխոհեմ զիջումներուն` Արցախի եւ յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ:
«Եռակողմ համաձայնագիրը խաղաղութիւն չհաստատեց եւ պիտի չհաստատէ, այլ, ընդհակառակը, աւելի պիտի վատթարացնէ կացութիւնը: Մենք` երիտասարդներս կը մերժենք նմանօրինակ ապակառուցողական քաղաքականութիւն, որ մեզ կը տանի դէպի անդունդ եւ կործանում», յայտնեց Վրէժ Տաուլի:
Այս պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Անի Չաղլասեան: