Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժշտութեան, Երգերու Վատ Ազդեցութի՞ւն

Նոյեմբեր 12, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պարզ է, որ դասական, ժողովրդական կամ այլ տեսակի երգեր եւ երաժշտութիւն անպայման ունկնդիրներուն վրայ ազդեցութիւն կ’ունենան: Նոյնպէս հաստատուած է, որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ դրական կամ ժխտական ըլլալ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Ֆիւչըր» կայքը:

Ն.  

Ինչո՞ւ Ուրախ Երաժշտութիւնը
Կը Ստիպէ Վատ Բաներ Ընել

Զարմանալի մութ կողմ մը կրնայ հաճելի ըլլալ` դիւրին  ունկնդրութեան եւ լաւ զգալու ընթացքին մէջ:

Յատկանշական բացման «Whooah»-էն մինչեւ վախազդու փողային կրկնուող եղանակը, որ կը յաջորդէ բառերու իւրաքանչիւր տողին, Ճէյմս Պրաունի հռչակաւոր I Got You (I Feel Good) երգը երջանկութեան դեղագիր է:

Խորհրդանշական ձայնապնակը անկասկած երբեւէ ստեղծուած ամէնէն լաւատեսներէն մէկն է, որ ձեր սիրտը կ՛արագացնէ, գլուխը կը ցնցէ եւ նոյնիսկ բռունցքը կը շարժէ երաժշտութեան կշռոյթին հետ:

Դժուար է լսել Godfather of Soul-ը, որ կը պայթեցնէ այս մեղեդին եւ բացի ուրախութենէ` այլ բան զգալ:

Ճէյմս Պրաուն (1933-2006)

Այդուհանդերձ, կը թուի, թէ կրնայ չարաբաստիկ բան մը թաքնուած ըլլալ գրաւիչ բառերու եւ եռանդուն կատարման ետին. այս երգը լսելը կրնայ ձեզի ստիպել վատ բաներ ընել:

«Իրական կեանքին մէջ երաժշտութիւնը կը գործածուի մարդիկը  ամէնէն տարբեր ձեւերով հակակշիռի տակ առնելու համար,- կը բացատրէ հոգեբան Նաոմի Զիւ:- Անոնցմէ շատերը կրնան բացասական ըլլալ: Երաժշտութիւնը կրնայ մարդիկը դարձնել աւելի զիջող, աւելի յարձակողապաշտ, նոյնիսկ` ցեղապաշտ»:

Մերիլին Մենսոնի երաժշտութիւնը կը մեղադրուի երիտասարդները բռնութեան մղելու մէջ, սակայն այդ չի համապատասխաներ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններուն:

Այս վերջին բացայայտումները կրնան դրդել բռնի վարքագիծ: Օրինակ, Քոլումպայնի երկրորդական վարժարանի աւարտէն անմիջապէս ետք տարածուեցաւ տեղեկութիւն, որ Մենսոնի երաժշտութիւնը իրարու կը կապէր երկու մարդասպաններ, թէեւ հետագային ապացուցուեցաւ, որ այն կեղծ էր:

Ծայրայեղ երաժշտութիւն լսելը կրնայ զայրոյթը մշակելու առողջ միջոց ըլլալ

Իրականութեան մէջ Աւստրալիոյ Քուինզլենտի համալսարանի հոգեբանները կ՛ենթադրեն, թէ այս երաժշտութիւնը կրնայ իրականութեան մէջ հանգստացնել մեր աւելի զայրացած մղումները:

Ժնեւիեւ Տինկլ եւ անոր գործընկերները միտումնաւոր կը  հակադրէին մարդիկը` անոնցմէ խնդրելով խօսիլ ընկերոջ կամ գործընկերոջ կապուած իրադարձութեան մը մասին, որ  զայրացուցած էր զանոնք, նախքան անոնց  ունկնդրել տալը մեթալ երաժշտութիւն:

Երաժշտութիւնը լսելէ ետք մասնակիցները շատ աւելի դրական զգացումներ յայտնած են, քան անոնք, որոնք լուռ նստած են:

«Ծայրայեղ երաժշտութիւն լսելը կրնայ այս ունկնդիրներուն  համար զայրոյթը մշակելու առողջ միջոց ըլլալ», կ՛ըսէ Տինկլ:

Զիւի ուսումնասիրութիւնը փոխարէնը կ՛ենթադրէ, թէ «դիւրին  ունկնդրուելիք» մեղեդիները ամէնէն շատ վտանգուած են: 2011-ին ան պարզեց, որ երաժշտութիւնը կրնայ  փոխել մարդոց բարոյական դատողութիւնները:

Ան խումբ մը կամաւորներէ խնդրեց ունկնդրել ձայնասփիւռային յօրինուած ծանուցում` կայքի մը համար, որ կը պնդէր, թէ կրնայ կեղծ փաստաթուղթեր ստեղծել, որպէսզի մարդիկ կարողանան աւելի բարձր թոշակ ստանալ: Ծանուցումը ունկնդրողներուն կէսը նոյնպէս ունկնդրած է Մոցարթի Ալեկրոն` A Little Night Music-էն, որ կը նուագուէր խորապատկերին, իսկ միւս կէսը երաժշտութիւն չունէր:

Մարդիկ, որոնք կ’ունկնդրէին զուարթ երաժշտութիւն, հակուած էին աւելի շատ ընդունելու ոչ բարոյագիտական, խաբեբայ վարքագիծ:

Նմանապէս, անջատ խումբէն խնդրեցին լսել այլ ծանուցում մը, որ կը նկարագրէր, թէ ինչպէ՛ս կրնան մասնակիցները համալսարանի  համար նախատեսուած աշխատանք մը կեղծել` օգտագործելով կայք մը:

Կրկին, ծանուցումը ունկնդրողներուն կէսը նոյնպէս լսած է Ճէյմս Պրաունի I Got You (I Feel Good) երգը, որ նոյն ատեն մեղմօրէն կը սփռուէր:

Երկու պարագաներուն ալ, անոնք, որոնք կը լսէին ծանուցումը երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, հակուած էին աւելի ընդունելի ծանուցումներուն մէջ խրախուսուող ոչ բարոյագիտական, խաբեբայ վարքագիծին:

Մասնակիցներէն ոմանք նոյնիսկ յայտնեցին, որ զայն դրական լոյսի ներքեւ կը տեսնեն:

Նրբօրէն կոպիտ

Այլ ուսումնասիրութիւն մը, հրապարակուած` «Psychology of Music» թերթին մէջ, մղեց մասնակիցները անզգուշ ըլլալ այլ մարդու մը հանդէպ:

Այս անգամ Զիւ եւ անոր խումբը խնդրեցին իրենց ծառայութիւն մը ընել` երաժշտութիւն ունկնդրելով քերականական քննութիւն մը աւարտելէ ետք: Ոմանք ունկնդրած են Ճէյմս Պրաունի յայտնի երգը, ոմանք` երգիչ Էլվիս Կրեսպոյի սպանական պարային եղանակը` Suavemente, իսկ հսկիչները ընդհանրապէս երաժշտութիւն չեն ունկնդրած:

Մինչ երաժշտութիւնը դեռ կը հնչէր, ուսումնասիրողները խնդրեցին քանի մը մասնակիցներէ` հեռաձայնել ուսանողուհիի մը, որ պէտք էր մասնակցէր ուսումնասիրութեան, որպէսզի նիշ ստանայ իր դասընթացքը աւարտելու համար, եւ ըսեն անոր, որ այլեւս չի կրնար մասնակցիլ:

Ուսումնասիրողները պարզապէս ըսին. «Ես զայն տեսնելու փափաք չունիմ»:

Այլ խումբէ մը խնդրեցին հիւանդութեան պատճառով նախորդ  կիսամեակին բացակայած ուսանողի մը ըսել, թէ ի վերջոյ չի կրնար ստանալ այն դասընթացքը, որ անոր  խոստացած էին:

Երաժշտութիւն չունկնդրողներուն մեծամասնութիւնը մերժած է խնդրանքը, եւ այս հազիւ թէ զարմանալի ըլլայ. ո՞վ կ՛ուզէ ընել ուրիշին աղտոտ աշխատանքը, յատկապէս երբ այդ կը վնասէ  ուրիշին ուսումը աւարտելու կարելիութիւններուն:

Այդուհանդերձ, Զիւ պարզեց, որ առաջին ստուգումի ժամանակ անոնց 65 առ հարիւրը, որոնք երաժշտութիւնը կը լսէին, երբ ուսումնասիրողները խնդրեցին ծառայութիւնը, համաձայնեցան ընել այն: Երկրորդ ստուգումի ժամանակ երաժշտութեամբ հարցուած խումբին 82 առ հարիւրը համաձայնած է:

«Այդ բաւական ցնցող էր,- կ՛ըսէ Զիւ:- Անոնցմէ կը խնդրէին ընել բան մը, որ կը ներառէր ուրիշ մը վիրաւորելը, եւ անոնցմէ  շատեր ըսին, որ կ՛ընեն այդ»:

Երաժշտական ընդհանուր փորձը կրնայ ամրապնդել մեր հաւատարմութիւնը խումբին

Մարդոց բոլոր խումբերը կը մտածեն` ի՛նչ երաժշտութիւն նուագել առեւտրական կեդրոններու եւ ծանուցումի մէջ, ճիշդ մթնոլորտ ստեղծելու համար:

Այսպիսով, ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ մարդիկ կ՛ունկնդրեն Ճէյմս Պրաունի անդադար լաւատես երգը:

Զիւ կը խորհի, որ պատասխանը կը կայանայ անոր մէջ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ մեր անձին, երբ մենք երջանիկ ենք:

«Նախապէս եղած է աշխատանք, որ ցոյց տուած է, թէ երբ լաւ տրամադրութիւն ունիս, աւելի շատ կը համաձայնիս եւ աւելի նուազ խիստ կը մշակես տեղեկատուութիւնը: Ընկճուած մարդիկ հակում ունին աւելի վերլուծական եւ աւելի նուազ  դիւրաւ համոզուելու անոնց»:

«Սուրբ Ծննդեան երաժշտութիւնը ուրախ երաժշտութեան կատարեալ օրինակ է, որ կը կարողանայ մարդիկը աւելի հնազանդ դարձնել: Կան մարդոց ամբողջ խումբեր, որոնք կը մտածեն, թէ ի՛նչ երաժշտութիւն նուագել առեւտրական  կեդրոններու եւ ծանուցումի մէջ, ճիշդ մթնոլորտ ստեղծելու համար»:

Երաժշտութեան որոշ իւրայատկութիւններ նոյնպէս կրնան խաղալ մեր ուղեղի աշխատանքի հետ: Կշռութաւոր հնչիւնները, օրինակ, կրնայ համակարգել խումբ մը մարդոց վարքն ու մտածելակերպը:

Սինկափուրի համալսարանի ջղաբան Անեթ Շիրմեր պարզած է, որ թմբուկի վրայ կշռութային նուագելը կրնայ յանգեցնել ուղեղի ալիքներու համաժամանակեայ (synchronise) հարուածի:

Անոր յայտնաբերումները կրնան օգնել բացատրելու, թէ ինչո՛ւ թմբուկները այդքան մեծ դեր կը խաղան ցեղային արարողութիւններուն մէջ եւ ինչո՛ւ բանակները կը յառաջանան կամ կը տողանցեն թմբուկի հարուածի տակ:

«Կշռոյթը կը ներգրաւէ խումբին բոլոր անհատները, որպէսզի անոնց մտածելակերպն ու վարքը ժամանակաւորապէս համընկնին»,  կ՛ըսէ Շիրմեր:

Տակաւին պարզ չէ, թէ երաժշտութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել գիտաշխատանոցէն դուրս վարքի վրայ, հակառակ անոր որ Զիւ կը կասկածի, որ ազդեցութիւնները կրնան խոր ըլլալ: «Ես կը կարծեմ, որ իրական աշխարհի մէջ, այդ կրնայ երթալ ծայրայեղութիւններու», ըսաւ ան:

Խմբային համախմբուածութեան եւ թշնամանքի զգացում յառաջացնելով կողմնակի անձերու նկատմամբ, ֆութպոլի համակիրներու երգերը երբեմն կրնան նպաստել յարձակողապաշտ  վարքագիծին

Անհանգստացնող մտածում է:

Ան կը նշէ ֆութպոլի համակիրներու բռնարարքը եւ` այն դերը, որ կրնան խաղալ խմբային երգերը:

«Երաժշտութիւնը կրնայ ստեղծել խմբային համախմբուածութեան եւ համաձայնութեան զգացում», կ՛ըսէ ան:

«Երբ մարդիկ միասին բաներ կ՛ընեն, նոյնպէս աւելի հաւանական է, որ անոնք համաձայնին իրարու հետ: Այս կը յանգեցնէ բանի մը, որ կը կոչուի խմբակային մտածողութիւն, ուր կրնայ ըլլալ բարոյական դատողութեան վատթարացում»:

Այդ նոյնպէս կրնայ փոխել ձեր քուէարկութեան ձեւը: «Երաժշտութիւնը միշտ կ՛օգտագործուի քաղաքականութեան մէջ` գաղափարներու հանդէպ ոգեւորութիւն յառաջացնելու եւ  համաձայնութիւն զարգացնելու համար»:

Երաժշտագէտ Ճէյսըն Մակքոյ կը համաձայնի, որ այդ գովելի է` ենթադրելով, թէ երաժշտութիւնը կ՛օգնէ «բնականոնացնել պատմութիւնը» այլապէս անբարոյական հաղորդագրութիւններու:

Ան կը նշէ պատմութեան այլ օրինակներ, երբ նացիները պարային սուինկ երաժշտութիւն կը ձայնասփռէին, որպէսզի աւելի շատ երիտասարդներ ներդաշնակուին անոր ուղեկցող քարոզչական հաղորդագրութիւններուն:

Մակքոյի սեփական աշխատանքը ուսումնասիրած է, թէ 1994  թուականի Ռուանտայի ցեղասպանութեան ժամանակ երաժշտութիւնը ի՛նչ դերակատարութիւն կրնար ունեցած ըլլալ ձայնասփիւռով սփռուող  ատելութեան հաղորդագրութիւնները աւելի ընդունելի դարձնելու գործին մէջ:

Ան յայտնաբերած է, որ իսրայէլացի զինուորներու  խիզախութիւնը գովաբանող երգեր ունկնդրելը մղած են իսրայէլացի մասնակիցները աւելի թշնամանալ ոչ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու:

Զիւ ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնան հայրենասիրական երաժշտութիւնը եւ ազգային օրհներգները մեծցնել ցեղապաշտական, խտրական վերաբերմունքը եւ չարակամութիւնը ուրիշներու նկատմամբ:

Ակներեւ է, որ երաժշտութիւնը մեր վարքին վրայ խորապէս ազդող բազմաթիւ գործօններէն մէկն է: Բայց ասոնք կ՛արժէ նկատի առնել յաջորդ անգամ, երբ ձեր սիրելի մեղեդին կը հնչէ ձայնասփիւռէն:

Ճէյմս Պրաունի յայտնի երգը սխալ մէջբերելը չի նշանակեր, որ դուք ոչ մէկ վատ բան կրնաք ընել:

Նախորդը

Ազրպէյճան` Իսրայէլեան Գործելադաշտ

Յաջորդը

Հարցազրոյց «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930-ական)» Գիրքի Հեղինակ Խաչատուր Ստեփանեանին Հետ

RelatedPosts

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025
Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը
Մշակութային եւ Այլազան

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Մարտ 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?