Ա. Ա.
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն մէջ աննախընթաց լարուածութիւն մը կ՛ապրին Ազրպէյճան-Իրան յարաբերութիւնները` քանի մը պատճառներով: Երբ Իրան Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ լայնածիր ռազմափորձեր կատարեց, Թեհրան-Պաքու քողարկուած լարուածութիւնը ստացաւ հրապարակային փոխադարձ կշտամբանքի եւ քննադատութիւններու վիճակը, ուր իրանցիք առաւելաբար խօսեցան իրանեան սահմաններուն մօտ եւ Իրանի ազդեցութեան ծիրին մէջ գտնուող գօտիներու մէջ իսրայէլեան աշխուժ գործունէութիւններու եւ ներկայութեան վտանգներուն մասին, որոնք անընդունելի համարուեցան, եւ յայտարարուեցաւ սիոնական պետութեան Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայութեան գործօններուն չէզոքացման վերաբերեալ Իրանի հաստատակամութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Էմիր Ապտոլահեան Մոսկուայի մէջ ռուս իր պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի հետ տեսակցութենէն ետք կատարեց առաջին հրապարակային յայտարարութիւնը եւ կշտամբեց Պաքուի իշխանութիւնները` Իրանի ազգային շահերն ու, ապահովութիւնը անտեսելու եւ վտանգելու համար եւ շեշտեց, որ Իրանի դէմ ոչ մէկ պետութիւն կրնայ արգելքներ յարուցել` իր ազգային ապահովութեան դէմ ցցուած վտանգները չէզոքացնելու համար:
Իրանցիք քանի մը շաբաթէ ի վեր բացէ ի բաց կը խօսին Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլեան գործունէութիւններու աշխուժացման մասին: Ապտուլահեան նշեց այն գործօնները, որոնք կը մտահոգեն Իրանը: «Արտաքին որոշ ուժեր կը ջանան ազդեցութիւն գործել Հարաւային Կովկասի վրայ, որպէսզի փոխեն սահմանները, փակեն սահմանային անցումները կամ զանոնք տեղաշարժի ենթարկեն: Միաժամանակ մենք նկատեցինք ահաբեկիչներու ներկայութիւնը, որոնք Հարաւային Կովկաս հասան Արցախի պատերազմին ժամանակ: Մենք այս նշումները կը կատարենք` առանց հարցականի տակ առնելու մեր դրացի երկիրներուն հողային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանի մեր գործընկերները բանակցութիւններուն ընթացքին մեզի վստահեցուցին, որ Հարաւային Կովկասը ահաբեկիչներէն մաքրելու քայլերու պիտի դիմեն», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ըստ Ապտոլահեանի, Թեհրան նաեւ չափազանց մտահոգ է իսրայէլեան գործօնով: «Պէտք է նաեւ նշեմ սիոնական վարչակարգին սադրիչ շարժումը Հարաւային Կովկասի մէջ` Ազրպէյճանի տարածքէն: Ասիկա Թեհրանի համար անընդունելի է, եւ այս խնդիրը պէտք է կարգաւորուի բարի դրացնութեան եւ բարեկամութեան հիմամբ», աւելցուց ան: Անընդունելի է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները խզուին երրորդ երկրի մը պատճառով», ըսաւ ան եւ հաստատեց, որ քանի մը շաբաթ առաջ Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ իրանեան ռազմափորձերը այս հարցին պատճառով կազմակերպուեցաւ: «Հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ իրանեան ռազմափորձերուն պատգամը խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն էր` դրացի երկիրներուն հետ: Իսկ նպատակն էր կանխարգիլել սիոնական վարչակարգին եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու Հարաւային Կովկաս ներթափանցումը», ընդգծած էր ան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սէյիտ Խաթիպզատէ Ապտոլահեանի այս յայտարարութիւններէն քանի մը օր ետք առաւել կարծրացուց քննադատական ոճը եւ շեշտեց, որ Ազրպէյճանէն Իրանի ակնկալութիւնները չեն արդարացած, հաստատելով, որ Թեհրան չի պատրաստուիր համակերպելու սիոնական վարչակարգին ներկայութեան իր սահմաններուն մօտ: «Իրան կատակ չ՛ըներ իր ապահովութեան հարցերուն մէջ: Մեր դրացիները շատ լաւ գիտեն այս մասին: Մենք յստակօրէն փոխանցած ենք մեր մտահոգութիւնները Ազրպէյճանի ղեկավարութեան, որ խոստացած է քննարկել:
Պաքուի հակադարձութիւնը չուշացաւ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտիւլայեւա, առանց դիւանագիտական ձեւակերպումներու, պնդեց, որ Իրան կը զրպարտէ Ազրպէյճանը: «Քառասունչորսօրեայ պատերազմին ընթացքին մենք յայտարարած ենք եւ այսօր ալ կը վերահաստատենք, որ Ազրպէյճանի մէջ ահաբեկիչներ չեն եղած եւ չկան: Նման յայտարարութիւններ չեն բխիր Իրանի շահերէն», աւելցուց Ապտիւլայեւա:
Թեհրանի եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական այս սուր բանավէճը այսքանով, չսահմանափակուեցաւ: Աղմկայարոյց յայտարարութիւն մը կատարեց Իրանի սահմանապահ զօրքերու հրամանատար զօրավար Ալի Կիւտարզի, երբ պնդեց, որ Իսրայէլի դրդմամբ Ազրպէյճան նոր կարգ ու կանոն հաստատած է Իրանէն Հայաստան ուղղուող մայրուղիին վրայ, որուն քսանմէկ քիլոմեթրը արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած է: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասեան շրջանին մէջ Իսրայէլ ամէնէն աւելի ներկայութիւն է Ազրպէյճանի մէջ: Մինչ այդ ազրպէյճանական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Իրան փակած է իր օդային տարածքները` ազրպէյճանական զինուորական օդանաւերու դիմաց: Սակայն այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չհաստատուեցաւ:
Ճիշդ է, որ արցախեան երկրորդ պատերազմը լուսարձակի տակ բերաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալու Թուրքիոյ ծրագրերը, Ազրպէյճանի տրամադրուած իսրայէլեան զինուորական օժանդակութիւնները առաւելաբար մնացին շուքի մէջ: Իսրայէլեան այս օժանդակութիւնը արդիւնք էր Պաքու-Թել Աւիւ արդիւնաւէտ գործակցութեան մը, որ ազրպէյճանական ցամաքային ուժերուն եւ օդուժին տրամադրեց իսրայէլեան հրթիռներ ու գերարդիական անօդաչու թռչող սարքեր: Այս ծիրին մէջ ալ պէտք չէ մտահան ընել, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանի զինամթերքին քառասուն առ հարիւրին հայթայթիչն է:
Ազրպէյճան-Իսրայէլ նման գործակցութեան դիմաց, Հայաստան միայն անցեալ տարի Թել Աւիւի մէջ բացաւ իր դեսպանատունը, իսկ դեսպանը տուն կանչեց` բողոքելով արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին իսրայէլեան զինական օժանդակութիւններուն դէմ, որոնք տրամադրուած էին Ազրպէյճանի:
Առաւել հասկնալու համար Ազրպէյճանի օժանդակելու Իսրայէլի նպատակները, անշուշտ առաջին հերթին պէտք է ի մտի ունենալ իրանեան գործօնը: Իրանի մէջ այսօր կ՛ապրին աւելի մեծ թիւով ազերիներ, քան ազրպէյճանցիներ` Ազրպէյճանի մէջ: Ասիկա Իրանի համար երկսայրի ահաւոր սուր մըն է, որուն յատկութիւնները շատ լաւ ըմբռնած են թէ՛ իսրայէլացիները եւ թէ՛ ազրպէյճանցիները: Կայ նաեւ ամերիկեան գործօնը, որ կը դրսեւորուի Իրանի դէմ տնտեսական եւ այլ բնոյթի ծանր պատժամիջոցներու գործադրմամբ, եւ Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլեան ազդու ներկայութիւն մը այս իմաստով ամերիկացիներուն հաշուոյն կու գայ: Այս պատճառով ալ իրանցիք ոգի ի բռին կը պայքարին, որպէսզի Գորիս-Կապան մայրուղիին Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած քսանմէկ քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածին վրայ իրանեան բեռնատարներուն երթեւեկութեան հարցը բարւոք լուծում մը գտնէ, որովհետեւ Թեհրան այս հարցը տեղաւորած է իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն ծիրին մէջ:
Դիւանագիտական լարուածութեան նման ենթահողին վրայ էր, որ կայացաւ Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցաւ իրանեան բեռնատարներուն երթեւեկութեան դէմ դրուած ազրպէյճանական արգելքներուն եւ սահմանափակումներուն խնդիրը: Սակայն Ապտոլահեան-Պայրամով հաղորդակցութիւնը աւելի քան ճիգ մըն էր` քննարկելու համար Պաքու-Թեհրան լարուածութեան խնդիրները, որոնց շարքին ամէնէն վտանգաւորը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար շրջանին մէջ իսրայէլեան ներկայութիւնն է, որուն նկատմամբ նաեւ միշտ պէտք է ի մտի ունենալ թրքական պաշտօնական կեցուածքները, որոնք աւելի կրնան յստականալ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութենէն ետք: