Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լեռ-Այնճար. Բնական (Organic) Պարարտացուցիչներու Պատրաստութիւն` Պարտէզներու Համար

Նոյեմբեր 10, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ  

Վերջերս, երբ բարեկամի մը հետ Այնճարի Պիթիաս թաղի արեւմուտքը գտնուող պարտէզները կը շրջէինք, հանդիպեցանք շրջանէ մը ի վեր բնական (Organic) պարարտացուցիչներու պատրաստութեամբ զբաղող երիտասարդ Վարուժ Պագգալեանի հետ: Աշխատանքին նորութիւնը եւ հետաքրքրական ըլլալը պատճառ դարձան, որ օր մը նստիմ եւ իրեն հետ հարցազրոյց մը ունենամ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Վարուժ, ինչո՞ւ ձեռնարկեցիր այս գործին, ի՞նչն էր դրդապատճառը` նախաձեռնելու այս տեսակ գործ մը:

ՎԱՐՈՒԺ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ.- Երբ երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ եղայ 1988-ին, սկսայ հօրս հետ զբաղիլ բանջարեղէնի եւ պտուղի ցանքով: Բայց հետագային տեսայ, որ ցանքի գործը հետզհետէ կը դադրի շահաբեր ըլլալէ` արտերկրէն աւելի աժան գինով ներածուող բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն պատճառով:

Իննսունական թուականներուն  Քալիֆորնիայէն Հայաստան կը ներածուէին բնական պարարտացուցիչ «Californian Red Wigglers» որդերը: 2013-ին այցելեցի Հայաստան, եւ բաւական ուսումնասիրելէ ետք, երկու տարուան ընթացքին Հայաստանէն ներածեցինք շուրջ 60.000 որդեր, որոնց թիւը քանի մը տարուան մէջ մօտաւորապէս 2 միլիոնի հասաւ: «Eartհ worm» որդերն են, որոնք կենդանիներու աղբեր, պարտէզներու մէջ բանջարեղէններու արմատներ, թափուած խաւաքարտի աւելցուքներ եւ այլ աղբեր ուտելով` կ՛արտադրեն բնական (organic) պարարտացուցիչները:

Հ.- Կարելի՞ է հակիրճ ձեւով անդրադառնալ ձեր կենսագրականի մասին. կեանքդ Այնճարի մէջ, ուսում, զբաղումներ եւ ընտանեկան պարագաներ:

Վ. Պ.- Հայրով-մայրով այնճարցի եմ: Հայրս` Տիգրան Պագգալեան եւ մայրս` Սիմա Ցոլագեան, ծնած են Ճեպել Մուսա: Ես ծնած եմ 1969-ին, Այնճար: Շրջան մը Այնճարի աւետարանական վարժարանին մէջ ուսանելէ ետք, 12-րդ դասարանին, 1987-1988 թուականին յաճախած եմ Պէյրութի Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան: Ամուսնացած եմ այնճարցի Թամար Ներսէսեանին հետ եւ ունիմ երկու զաւակ. մանչը Խաժակ` 21 տարեկան եւ աղջիկը Գետակ` 12 տարեկան: Տղաս ներկայիս հետս կ՛աշխատի եւ իր ներդրումը կը բերէ պարարտացուցիչի արտադրութեան գործին մէջ:

Հ.- Ձեր պատրաստած պարարտացուցիչը կարելի՞ է գործածել ամէն տեսակի պարտէզներու մէջ, թէ՞ ամէն մէկ պարտէզ իր պարարտացուցիչը ունի: Ընդհանրապէս,  տարուան ո՞ր եղանակին  պարարտացուցիչը կը գործածէք:

Վ. Պ.- Մեր պատրաստած պարարտացուցիչը կարելի է գործածել որեւէ պարտէզի համար: Պարարտացուցիչը կը գործածուի բանջարեղէնի, ծաղիկի կամ ծառի համար:

Ընդհանրապէս գարնան է, որ կ՛օգտագործուի պարարտացուցիչը, բայց Լիբանանի կլիմային համար բոլոր եղանակները յարմար են անոր գործածութեան:

Հ.- Ի՞նչ կը հասկնանք, երբ կը խօսիք թոներով պարարտացուցիչի մասին: Երբ նման մեծ քանակութեամբ է ձեր գործը, ուրկէ՞ կը գտնէք այս բոլորին նախանիւթը: Անոնց համար պահեստ ունի՞ք, թէ՞ զանոնք ապսպրանքով կը պատրաստէք:

Վ. Պ.- Մեր յաճախորդները ընդհանրապէս պարտիզամշակներ են, ու անոնց պարտէզներուն տարածութիւնը հեկտարներով է, ուստի պարարտացուցիչի պահանջը` թոնով:

Պարարտացուցիչի հում նիւթը մեզի կը հայթայթեն ագարակներու տէրերը` կենդանիներու աղբերով, պարտիզպանները` պարտէզին մէջ մնացած բանջարեղէնի արմատներով, ծառի չորցած տերեւներով եւ զանազան ուտելիքներէ մնացած աղբով: Որդերու եւ աղբերու քանակն է, որ կը սահմանէ արտադրուող պարարտացուցիչին քանակը: Մենք այսօր ամիսը 5 թոն պարարտացուցիչ հայթայթելու վիճակի մէջ ենք, բայց յառաջիկայ մէկ-երկու տարիներուն, գործի ընդարձակումով, ծրագրած ենք արտադրութիւնը 5 թոնէն մինչեւ 50 թոնի հասցնել:

Հ.- Ինչպէ՞ս հանրութեան կը ներկայացնէք ձեր արտադրութիւնը: Ներկայիս գովազդի նոր միջոցներ կան համակարգիչի ու համացանցի միջոցով, արդեօք կ՛օգտուի՞ք այդ բոլորէն: Կրնա՞ք գաղափար մը տալ ձեր արտադրած պարարտացուցիչի գինի մասին:

Վ. Պ.- Ունինք Դիմատետրի մեր էջը,  (https://www.facebook.com/vermicompostbakkalianorganicfertilizer/), որուն միջոցով մեծ թիւով նոր յաճախորդներ կ՛ապահովենք: Կարելի չէ շուտով ընդլայնել մեր գործին տարողութիւնը` մեր ունեցած համեստ կարելիութիւններուն պատճառով: Իսկ ինչ կը վերաբերի պարարտացուցիչի գինին` այսօր անոր թոնը կը վաճառուի 350 ամ. տոլարի, իսկ մէկ քիլոն` 35 սենթի:

Հ.- Գիտենք, որ առեւտրական աշխարհի մէջ աշխատանքը կ՛ընթանայ «պահանջի եւ հայթայթումի» սկզբունքին վրայ (supply and demand), կրնա՞յ պատահիլ, որ պահանջը ձեր կարելիութենէն վեր ըլլայ, այն ատեն ինչպէ՞ս կը լուծէք հարցը:

Վ. Պ.- Ընդհանրապէս կը փորձենք գոհացում տալ յաճախորդի պահանջին, եւ այնուհետեւ,  ամէն տարի մեր արտադրական կարողութիւնը կ՛աւելնայ: Պէտք է խոստովանիլ, որ մինչեւ այսօր լուրջ մրցակիցներ չունինք:

Հ. Այնճարը ի՞նչ ձեւով կ՛օգտուի ձեր արտադրութենէն:

Վ. Պ.- Այնճարի մէջ բնական պարարտացուցիչ գործածողներու թիւը շատ փոքր է, բայց յոյսով ենք, որ այնճարցին մօտիկ ապագային բարձր կը գնահատէ բնական պարարտացուցիչի առաւելութիւնը եւ քիչ-քիչ կը սկսի հեռանալ քիմիական պարարտացուցիչներ գործածելէ:

Հ.- Յաւելեալ ի՞նչ նորութիւններ ունիք յայտնելիք:

Վ. Պ.- Առաջին` փճացած հողամասերը օգտագործելով, բնական պարարտացուցիչները կը դառնան բանուկ եւ օգտակար կը դառնան շրջապատին:

Երկրորդ` քիմիական պարարտացուցիչին փոխարէն բնական պարարտացուցիչ գործածելով, մարդու առողջութեան նպաստած կ՛ըլլանք:

Երրորդ` վերջերս կը փորձենք բնական պարարտացուցիչի մասին ցուցահանդէս մը կազմակերպել, ժողովուրդը լուսաբանելու համար այս հարցին շուրջ: Զանազան տեղերէ ուսանողներ եւ գիտաշխատողներ յաճախ կու գան մեր արտադրութեան կեդրոնը` գաղափար ունենալու համար բնական պարարտացուցիչի մասին:

Չորրորդ` այսօր մեր արտադրութիւնը կը հասնի Լիբանանի բոլոր շրջանները` Պեքաա, Սայտա, Սուր, Պէյրութ, Պշարրէ, Ժիպէյլ, Թրիփոլի:

Հինգերորդ` մեր արտադրութիւնները կը պատրաստուին յատուկ հսկայ վրաններու տակ (30x8x3m) եւ աւելի մեծ` արտադրութիւնը պաշտպանելու համար ձմրան ցուրտէն եւ անձրեւէն:

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով Վարուժ Պագգալեանին` կը խոստանամ կրկին այցելել զարմանահրաշ արտադրութեան կեդրոնը:

Այնճար – 12 հոկտեմբեր 2021

Նախորդը

Գիրքերու Աշխարհէն. Թադէոս Եսայեանի «Պարզ Ու Տաքուկ Բառերով» Նորատիպ Հատորը

Յաջորդը

Համազգային Լիբանանի Կառոյցի Ընթրիք-Հանդիպում` Միութենական Վերամուտին Առիթով

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?