Յօդուածներ

Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

ՑՈԼԵՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Ինծի համար շատ տարօրինակ կը թուի յօդուած մը գրել` առանց քու կարծիքդ առնելու: Աւելի՛ն. ինծի համար շատ խորթ կը թուի գրել քու մասիդ, որովհետեւ չէիր սիրեր խօսիլ քու եւ քու յաջողութիւններուդ մասին: Պարզ, համեստ, ընկերասէր եւ կատակասէր անձ մըն էիր: Կը սիրէիր շուրջիններդ պահել ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ: Չէիր նեղացներ մէկը, նոյնիսկ երբ անոնք սխալած ըլլային: Փոքր...

Տարի Մը Առաջ

Տարի Մը Առաջ

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Տարի մը առաջ հայու յոյսը անմար էր, Տարի մը առաջ խուճապը անյայտ գաղափար էր, Տարի մը առաջ յանձնուիլը անհնար էր, Տարի մը առաջ հայու պարտութիւնը անվկայ էր: Ինչո՞ւ այսօր այդպէս չէ: Այսօր հայու սիրտը փշրուած է, Այսօր ամբողջ ազգը ցնցուած է, Այսօր անոր վստահութիւնը վերացած է. Այսօր հայու էութիւնը ապշած է: Եւ կայ մէկ դարման` յառաջանալ դէպի ինչպէս...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին.   Գործը Ինքնին Խոստում Է

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային ահռելի տագնապի մէջ է: Անդամալուծուած է գրեթէ ամէն ինչ: Եւ ամէն օր տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ զիրար կը հրմշտկեն Լիբանանն ու լիբանանցին հարուածող անակնկալ կեցուածքներն ու իրադարձութիւնները: Խոստումներն ու յոյսերը տեղատուութիւն կամ մակընթացութիւն կ՛ապրին, սակայն ամէնուրեք յուսալքութեան եւ անձնատուութեան հոգեվիճակ կը տիրէ: Ու այս ընդհանուր թոհուբոհին մէջ Լիբանան կը...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

«Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը` Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին առիթով*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ» խորագիրով հատորը, 16-րդն է կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչան հիմնադրամ»-ի շարքին: Բովանդակութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ գիտական աշխատասիրութիւն` նկատի ունենալով օգտագործուած աղբիւրներու հարուստ ցանկը, յատկապէս` արխիւային եւ փաստաթղթային բաժինը բնականաբար այդ ցանկին ներառուած են տպագիր յուշագրութիւններ, ժամանակակիցներու վկայութիւններ եւ հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ` հայալեզու եւ օտարալեզու տարբեր բնոյթի հրատարկութիւններ,...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Խաչատուր Ստեփանեանի Հատորին Շնորհահանդէսին Առիթով*

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Հնդիկ քաղաքական գործիչ, գրող եւ դիւանագէտ Շաշի Թարուր ըսած է. «Պատմութիւնը կը պատկանի անցեալին, բայց զայն հասկնալը պարտականութիւնն է ներկային»: (1) Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը բերրի դաշտ մըն է, զոր պեղելն ու անկէ օգտուիլը հրամայական պարտաւորութիւն է` մեր ներկան ու ապագան յստակ տեսնելու, եթէ իրապէս կը ձգտինք գոյատեւել որպէս ազգ: Իսկ վերջին 100 տարուան մեր պատմութեան խոր եւ...

Զարմանքի Արտայայտութիւնը Ինչո՞ւ Նոյնն Է Բոլոր Երկիրներուն Մէջ

Զարմանքի Արտայայտութիւնը Ինչո՞ւ Նոյնն Է Բոլոր Երկիրներուն Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ինչո՞ւ երբ  ջղայնանաք ձեր ձեռքերը կը սեղմէք եւ անակնկալէն, ցնցումէն կը ծածկէք ձեր դէմքը: Ասիկա այն կեցուածքն է, որ մենք կրկին ու կրկին կը տեսնենք աղէտներու նկարներուն մէջ. մարդիկ, որոնք ձեռքերը կը դնեն իրենց բերաններուն կամ գլուխը բռնած` կը նային սարսափած: Կը թուի, թէ մարդկային ընդհանուր բան մը կայ աղէտներուն արձագանգելու ձեւին մէջ, բայց ըստ մասնագէտներու, միայն աղէտը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Մեծագոյն Բախումը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի եւ թուրք-ազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ 16 նոյեմբեր 2021-ը պիտի արձանագրուի իբրեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին մեծ, ամէնէն մտահոգիչ բախումը, որ այլապէս կրնայ նախաճաշակ մը տալ, թէ ցնորական խաղաղասիրութիւն հետապնդող Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ինչպիսի՛ նոր պատուհասներ կրնայ բերել Հայաստանի գլխուն, նաեւ` քանի մը աստիճան աւելի՛ շեշտել այն, որ Արցախի մեծ մասին (այսինքն` պաշտպանողական վահանին) կորուստէն ետք, Հայաստանի համար...

Մի՛ Արտօներ

Մի՛ Արտօներ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Որ նոր ցաւեր ունենանք Մեզի շատ մօտ կը բնակի մահը Պատնէշ եղիր Մեր եւ մահուան միջեւ... Ապրող մարդոց մէջ չգտանք, ոչ ալ` նահատակուածներուն աճիւններուն մէջ: Գերիներուն մէջ եթէ ըլլար, գոնէ  աղօտ յոյս մը կ՛ունենայինք... Շիրիմներուն մէջ անունդ չկայ, զինո՛ւոր: Ո՞ւր ես: Կը փնտռենք քեզ օր ու գիշեր` յոյսի ծուէն մը միայն շալկած մեզի  հետ: Անունդ մեր ճակատներուն կապած`...

Տեսակէտ.  Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

Տեսակէտ. Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ «Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ՛երթայ» ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ Հայ եկեղեցական երգեցողութիւնը, որ դարերու տողանցքով մեզի հասած է, այսօր կը տառապի անկարող տիրացուներէն եւ անվարժ դպրապետներէն: Շատ յաճախ գրուած ու շեշտուած է կարեւորութիւնը` հայ եկեղեցական երգերու պատշաճ կատարման: Այս երգերու խումբին կը պատկանին` շարականները, տաղերը, մեղեդիները, սրբասացութիւնները, ս. պատարագի երգերը եւ այլն: Իւրաքանչիւր երգիչ, ունենալով իր...

Խնդրում Եմ Եւ Յորդորում` Ոտքի Կանգնել

Յովհաննէս Աղպաշեան. մեծանուն Հայը

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Իրաւաբանական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր Յովհաննէս Աղպաշեան անուն-ազգանունը ինձ ծանօթ է 1980-ականներից, երբ հնարաւորութիւն ունեցայ աւելի մօտիկից ծանօթանալու սփիւռքեան մամուլին,  ընթերցելու Յովհաննէս Աղպաշեանի հրապարակախօսական եւ երգիծական յօդուածները: Ապա հանդիպեցի նոյն ազգանուամբ այլ հեղինակի` Պարոյր Աղպաշեան, եւ յետագայում, ոչ ի զարմանս ինձ, տեղեկացայ, որ արժանաւոր հօր արժանաւոր որդին նոյնպէս հրապարակախօս-խմբագրապետ է: Այն  ասացուածքը, որ  պտուղը ծառից հեռու չի ընկնում, կարելի...

Հանգիստ` Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի

Հանգիստ` Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի

Կիրակի, 14 նոյեմբեր 2021-ին, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան միաբան Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանը: Ան 18 տարիներ պոլսահայ համայնքին մէջ կրօնական ծառայութիւններ մատուցած է եւ բազմաթիւ պաշտօններ վարած: Հայր սուրբին վերջին օծումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին, Գումգաբուի աթոռանիստ Ս. Աստուածածին մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարքին, յընթացս Ս. եւ անմահ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Լուրջը Կատակէն Ծանր Է

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ 15 նոյեմբերի առաւօտը դիմաւորեցին քաղաքական «փոքր ռումբ»-ով մը, որ մասամբ քողարկեց իշխանութեան վնասարար քաղաքականութեան պատճառով իրականացած նորագոյն նահանջին` աւելի վտանգաւոր «ռումբ»-ը: Փոքր ռումբը փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեանի պաշտպանութեան նախարար նշանակումն էր, իսկ վտանգաւոր ու մտահոգիչ ռումբը` Հայաստանի սահմաններէն ներս ազերիական նոր թափանցումներու ցաւցնող իրականութիւնը եւ զայն պարտկելու իշխանաւորներուն ձախաւեր փորձերը (վաղը կրնան արդարացնել ալ): *** Դառն կատակի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ընդդիմութեան Եւ Դիմադրութեան Զոյգ Մարտահրաւէրներու Գիտակցութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ընդդիմութեան ալիքը արդէն մտած է նոր փուլ, եւ «Հայաստան» դաշինքի յայտարարութիւնները կը խօսին համաժողովրդական դիմադրական շարժում շղթայազերծելու նոր իրականութեան մասին: Այսինքն նոր եւ հզօր սկի՛զբ մը` մեր ժողովուրդի կեանքին ու մտքին մէջ եւ նոր մեկնա՛րկ մը` մեր երկրին համար: Ընդդիմութենէն դէպի դիմադրական շարժում եւ դէպի նոր քաղաքական մշակո՛յթ: Այս տեսլականն է, որ այժմ կ՛ուղղորդէ պարտութեան վարչակարգին հակադրուած քաղաքական...

Գեղարուեստի Սենտիքայի Վարչութեան Անդամ Առաջին Հայուհի Մարալ Մանիս. «Արուեստով Պէտք Է Զարգանալ Ու Հոգին Կրթել, Որովհետեւ Առանց Արուեստի` Ժողովուրդը Պատմութիւն Չունի»

Գեղարուեստի Սենտիքայի Վարչութեան Անդամ Առաջին Հայուհի Մարալ Մանիս. «Արուեստով Պէտք Է Զարգանալ Ու Հոգին Կրթել, Որովհետեւ Առանց Արուեստի` Ժողովուրդը Պատմութիւն Չունի»

«ԱԶԴԱԿ».- Հետաքրքարական էր գիտնալ, որ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի վարչութեան անդամ ընտրուած էք` պատմութեան մէջ առաջին հայը ըլլալով: Խնդրեմ` ըսէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ այս ընտրութիւնը: ՄԱՐԱԼ ՄԱՆԻՍ.- Լիբանանցի նկարիչներու եւ քանդակագործներու սենտիքան հիմնուած է 2002-ին, եւ ընդհանրապէս անոր վարչութիւնը բաղկացած կ՛ըլլայ 12 անդամներէ: 2008-ին մշակոյթի նախարարութիւնը վաւերացուց այս սենտիքան եւ զայն դարձուց պաշտօնական, որովհետեւ այս սենտիքային նպատակը արուեստագէտներուն իրաւունքները պաշտպանել եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Պատերազմի Նահատակներու Առաջին Տարելիցին Առիթով Քեսապ 7 նոյեմբերին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ երեք հերոսներուն` Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, որմէ ետք «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Յուշակոթող, Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Հայրենիքի Գաղափար

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Յուշակոթող, Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Հայրենիքի Գաղափար

Վերջին քանի մը օրերու հայկական մեր կեանքը յուզող, հայ քաղաքական միտքը փոթորկող զարգացումները կու գան հաստատելու մէկ իրականութիւն` դարեր շարունակ պայքարող հայութեան կեանքը կրկին սպառնալիքներու դէմ յանդիման կանգնած է: Այդուհանդերձ, պատմութեան վերլուծումը աչքի առջեւ ունենալով, համահայկական մակարդակով մեր ազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելու գործնական քայլերու նախաձեռնելով, դիմադրողական ամրակուռ վահան մը ստեղծելու կարելիութիւնը երեւելի կրնայ ըլլալ: Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Որքան Բան Կը Փոխուի Հայաստանի Մէջ, Այնքան Բան Նոյնը Կը Մնայ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Վերնագիրը բխած է ֆրանսերէն արտայայտութենէ մը, զոր օգտագործած եմ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը նկարագրելու համար: Հայաստանի անկախութենէն 30 տարի անց, այսօր կարելի է ակնկալել պայմաններու էական փոփոխութիւններ, սակայն, ցաւօք, պատկերը այդպէս չէ: Անկախութեան սկզբնական տարիներուն, երբ ոեւէ մէկը մատնանշէր ղեկավարներու որոշումներուն թերութիւնները, անոնք այսպէս կը պատասխանէին. «Մենք դեռ երիտասարդ հանրապետութիւն ենք»: Այդ...

Իմ Ազգը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան, Որովհետեւ Խաղաղութիւնը Նսեմ Չի Լինում. Գագիկ Գինոսեան

Իմ Ազգը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան, Որովհետեւ Խաղաղութիւնը Նսեմ Չի Լինում. Գագիկ Գինոսեան

ԱՆՆԱ ԲԱԼԵԱՆ Իմ ազգը պատրաստ չէ խաղաղութեան, որովհետեւ խաղաղութիւնը նսեմ չի լինում`  «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցում ասաց արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմների մասնակից, ազատամարտում Լէոնիտ Ազգալդեանի «ազատագրական բանակէ ջոկատի մարտիկ, 1992 թուականից` «արծիւ մահապարտներէ յատուկ նշանակութեան գումարտակի անդամ, հասարակական, մշակութային գործիչ, «կարինէ աւանդական երգի-պարի խմբի հիմնադիր Գագիկ Գինոսեանը: «Թուրքի հետ խաղաղութեան մասին խօսելը նոյնն է, թէ ինքնախաբէութեամբ զբաղուել: Իսկ ով հասկանում...

Միրէյ Կոկիկեան Կ՛արժանանայ Յատուկ Մրցանակի` «Լորենզօ Իլ Մանիֆիքօ» Ոսկեայ Մետալին

Միրէյ Կոկիկեան Կ՛արժանանայ Յատուկ Մրցանակի` «Լորենզօ Իլ Մանիֆիքօ» Ոսկեայ Մետալին

Լիբանանահայ գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան Իտալիոյ քաղաքներէն Ֆլորանսի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆլորանս պիենալ» գեղանկարներու, քանդակի, լուսանկարներու, վիտէոյի, թուայնացած արուեստի, ինչպէս նաեւ արուեստի տարբեր ոճի ու ձեւի գործեր ընդգրկող ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 23-31 հոկտեմբեր 2021-ին: Ցուցահանդէսին ներկայութիւնը համաշխարհային եւ արաբական մակարդակով աննախընթաց էր: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 350 արուեստագէտներ, որոնք կը ներկայացնէին 87 երկիրներ: Համաշխարհային կարեւորագոյն ցուցահանդէսներէն նկատուող «Ֆլորանս պիենալ»-ին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վահրամ Բալայեանին Շնորհուեցաւ Արցախի Գիտութեան Վաստակաւոր Գործիչի Կոչում Նոյեմբեր 10-ին, Գիտութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Այս մասին յայտնեցին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութենէն: Նախարար Լուսինէ Ղարախանեան, գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, պատմական...

Page 383 of 1112 1 … 382 383 384 … 1,112

Արխիւներ