ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Անկախութիւն է դարձեալ. բնականաբար այդ մասին կը յուշէ օրացոյցը, ապա պետութիւնը, իսկ վերջին օրերուն` բանակի հրամանատարութիւնը, որ որոշած է զինուորական խորհրդանշական տողանցքով մը նշել Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակը:
Երկրին մէջ տիրող պայմանները, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կը յուշեն, որ քաղաքացին ի վիճակի է` տօնելու իր անկախութիւնը, հպարտ զգալու իր դրօշով, բանակով, պետութեամբ, կամ` թոքերը լեցնելու ազատութեան թթուածինով:
Այս բոլորը շա՜տ հեռու են այսօրուան իրականութենէն:
Հաւանաբար այս օրերուն ամէնէն դժուար գործն է խօսիլ բանի մը մասին, որ չկայ, գոյութիւնը զգալի չէ, հասցէն` անգտանելի. մէկ խօսքով` անհետ կորսուած:
Երկրի մը անկախութիւնը բաղկացնող յատկանիշներէն կը նկատուի նաեւ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին ոտնակոխ եղած է պետութեան իսկ կողմէ:
2019-ին լիբանանցիներուն աղքատութեան համեմատութիւնը 42 առ հարիւր էր, իսկ երկու տարի ետք, այսօր այդ համեմատութիւնը հասած է 82 առ հարիւրի:
Օրուան հացը, ջուրը եւ ամէն մանրամասնութիւն, որ մէկուն միտքէն կ՛անցնի կեանքը շարունակելու` ապրելու եւ գոյատեւելու համար, քաղաքացիներուն համար դարձած է լուրջ խնդիր, որովհետեւ երկրին իշխանութիւնները անելի դիմաց կը գտնուին այն աստիճան, որ անոնք կարծես մահաքունի մէջ ըլլան:
Պետութեան կողմէ կարծէք որդեգրուած ըլլայ ժողովուրդը ստրկացնելու ընթացք մը, որ նախորդ 48 ժամուան ընթացքին աւելի ծաւալեցաւ եւ վերածուեցաւ ժողովուրդը սպաննելու ընթացքի մը, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել դեղորայքի սակերը տասնապատկելու արարքը: Ի՞նչ կը նշանակէ դեղորայքին տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնել: Ի՞նչ արժէք ունին այն խոստումները, որ մահացու հիւանդութենէ տառապող պարագաներուն դեղորայքին տրամադրուած նպաստը պիտի շարունակուի: Ո՞վ կը հաւատայ:
Տակաւին, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն իրականութիւնը, որ դեղորայքին յատկացուած նիւթական նպաստին վերացումէն ետք մեծ թիւով դեղատեսակներ վերստին յայտնուած են լիբանանեան դեղարաններուն մէջ:
Ինչպիսի՞ մաֆիա մըն է գործողը: Ի՞նչ է տարբերութիւնը պենզինին եւ մազութին տրամադրուած նպաստը վերացնելէ առաջ տիրող կացութեան եւ ներկայ իրադարձութիւններուն միջեւ: Դժբախտաբար նոյն բեմագրութիւնն է` քաղաքացիներուն ստրկացումը թեմայով, սակայն անոր դերակատարները տարբեր մաֆիաներ են:
Վերոնշեալ աւազակներուն կու գան միանալու նաեւ ամերիկեան տոլարի արժէքին սեւ շուկան ճշդողները, որոնք արժեզրկեցին լիբանանեան դրամանիշը եւ առ այսօր գրաւուած կը պահեն դրամատուներուն մէջ օրին պահ դրուած լիբանանցիներուն գումարները: Օրին կ՛ըսենք, որովհետեւ այդ գումարներուն ճակատագիրը եւս կը մնայ անյայտ ու անհասցէ:
Այս բոլորը կը ծանրացնեն քաղաքացիներուն շունչը եւ ամբողջ հաւաքականութիւնը կը մղեն հոգեկան ընկճուածութեան, որ միաժամանակ երեւելի է եւ աներեւոյթ, այն պարագային, երբ մարդիկ կը փորձեն ծածկել զայն:
Երկրին մէջ տիրող այս իրավիճակին պատճառով խոցելի դարձած է լիբանանցիին արժանապատուութիւնը: Կարիքաւոր եզրը արդէն վերացած է, որովհետեւ լիբանանցիներուն 82 առ հարիւրը աղքատ է:
Սովորական աշխատաւորէն ու պաշտօնեայէն սկսեալ, մինչեւ պատասխանատուներն ու տնօրէնները կը թուեն սակեր` մատնանշելով իրենց առօրեային մէջ օգտագործուող ապրանքատեսակներուն սղութիւնը եւ գիներուն երեւակայական ըլլալու իրողութիւնը: Ասիկա դարձած է լիբանանցիներուն առօրեայ նիւթը:
Անոնք համեմատութիւններ եւ հաշուարկներ կը կատարեն ամսական աշխատավարձի ներկայացուցած «արժէքին» եւ անոր ապահովելիք «կարելիութիւններուն» մասին: Ստացուած պատկերները ցաւալի են. այսօր Լիբանանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձ ստացողը մը կրնայ օրական դրութեամբ մէկ կապ հաց ապահովել, մէկ հատ պիւթակազ, քիչ քանակութեամբ ընդեղէն եւ առաւելագոյնը` բանջարեղէն: Միայն այսքան:
Նման պայմաններու մէջ գտնուող քաղաքացիէն ի՞նչ պէտք է սպասել. անկախութեան նշո՞ւմ:
Լիբանանի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն դժուար ու ծանր տագնապը` տնտեսական եւ ելեւմտական, դրամատնային, ընկերային եւ առողջապահական մարզերը գրեթէ փուլ եկած են, կանգուն կը փորձեն մնալ կրթութեան մարզը, զբօսաշրջութեան մարզը, որոնց գոյատեւման շունչը կրնայ երկար չըլլալ:
Ամէնէն մտահոգիչը կը մնայ դատական իշխանութեան իրավիճակը, որուն հանդէպ վստահութիւնը հետզհետէ կը նուազի:
Իսկ քաղաքական առումով, լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ներքին երկփեղկումները սրած են, երկիրը կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին, նոր կառավարութիւնը կազմուած է, սակայն անդամալուծուած վիճակի մէջ կը գտնուի: Աւելի՛ն. Լիբանան կը դիմագրաւէ դիւանագիտական տագնապ մը իր արաբ եղբայրներուն հետ` Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներու:
Տակաւին կայ այլ օրակարգ մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ մերթ ուղղակի մերթ անուղղակի կերպով. անիկա Հըզպալլան շրջափակելու եւ անոր զէնքը ապօրինի պիտակի դնելով` «ներկայացումներ բեմագրելու» փորձերն են, որոնք աշխարհին ուշադրութիւնը կը փորձեն հրաւիրել անոր վրայ եւ պարտադրել անոր ապազինումը:
Ի՞նչ անկախութիւն, երբ լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերուն միջամուխ եղող երկիրներուն միջեւ պարանաձգութիւնը կը շարունակուի: Ի՞նչ գերիշխանութիւն, երբ մեծ պետութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն ձախողութիւնը պատճառ կը դառնայ Լիբանանի մէջ քաղաքական յաւելեալ անելի, պատճառ կը դառնայ երկրին մէջ մեծ պետութիւնները ներկայացնող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն սանձարձակ յայտարարութիւններուն, բանավէճին ու կացութեան լարուածութեան, որ ինքնաբերաբար կ՛ազդէ ամէնէն տկար օղակին` լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումին:
Ապահովական իր կայունութեամբ հպարտացող լիբանանցիին համար այդ հպարտութիւնը յօդս կրնայ ցնդիլ, որովհետեւ երկիրը կը նմանի լարուած ռումբի մը եւ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:
Անկախ եւ ազատ պետականութեան յատկանիշներէն է նաեւ ընկերային արդարութիւնը: Այն ի՞նչ ընկերային արդարութեան մասին է խօսքը, երբ երկրին վարչապետը անկախութեան նախօրեակին կը յայտարարէ, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան կէս ամսական աւելի պիտի տրուի` իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն: «Կէս ամսականը պէտք չէ մէկուկէս միլիոն . ոսկիէ աւելի նուազ ըլլայ եւ ոչ` երեք միլիոն լ. ոսկիէ աւելի», կ՛ըսէ վարչապետ Միքաթի:
Արդեօք Միքաթի անտեղեա՞կ է, որ Լիբանանի սեփական մարզի պաշտօնէութիւնը երկրին աշխատող մարդուժին 80 առ հարիւրն է, եւ այդ պաշտօնէութիւնն է, որ ամէնէն աւելի հարուածներ ստացած է եւ տասնեակ տարիէ ի վեր յաւելում չէ ստացած: Արդեօք Միքաթիէն վրիպա՞ծ է, որ պետական մարզի պաշտօնեային իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն տրուելիք նուազագոյն կէս ամսականը սեփական մարզի պաշտօնեային ամսական աշխատավարձէն աւելի է:
Այս ի՞նչ ընկերային արդարութիւն է, եւ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն իրականութիւնը, որ նման որոշում կը տրուի դեղորայքին տրուած նիւթական նպաստը կասեցնելէ 24 ժամ ետք:
Այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ լիբանանցի քաղաքացին, որ սեփական մարզին մէջ կը գործէ: Այսինքն պետութիւնը իր մարզի պաշտօնեաներուն յաւելեալ վճարում կրնայ տրամադրել, սակայն դեղորայքին չի՞ կրնար նպաստել:
Հոս պէտք է փակագիծներ բանալ եւ ընդգծել նաեւ, որ սեփական մարզը բաղկացնող կարգ մը հաստատութիւններ, զգալով իրավիճակին ծանրութիւնը, արդէն իսկ յաւելեալ կէս ամսական կը վճարեն իրենց պաշտօնեաներուն: Կարգ մը այլ հաստատութիւններ անդրադառնալով, որ անկարելի է մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց 1515 լ. ոսկիի հիման վրայ ստացուած աշխատավարձը` մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց 23.150 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ ծախսել, որոշած են, իրենց պաշտօնեաներուն յաւելեալ կէս ամսական շնորհելու փոխարէն, ամսական աշխատավարձը հաշուել մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց 3900 լ. ոսկիի հիման վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, Լիբանան հակադրութիւններու երկիր է, եւ որպէսզի երկրին մէջ տիրող պատկերը ամբողջական կերպով փոխանցենք, պէտք է նաեւ ըսել, որ կայ այլ խաւ մը, որ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնեայ ըլլալուն, կամ Լիբանանի մէջ գործող օտարերկրեայ հաստատութեան, կամ գործարանին մէջ աշխատելուն պատճառով կը վճարուի ամերիկեան տոլարով:
Այդ խաւին համար ամէն բան դիւրին է: Այդ խաւն է, որ ոչինչէ զրկուած է: Անոր ներկայացուցիչներն են, որոնք ողողած են Լիբանանի լաւագոյն ճաշարաններն ու գիշերային զբօսավայրերը, ու այդ պատճառով է, որ Լիբանան ճոխութեան իր երբեմնի մթնոլորտը որոշ շրջաններու մէջ տակաւին կը պահէ:
Ողջ մնալու համար պայքարող եւ իր ուժերէն շատ աւելի վեր նկատուող ճնշումներու դիմադրող ժողովուրդին այս ցաւերն ու տառապանքը չեն արտօներ, որ այս յօդուածը գրեմ` սրտիս մէջ լիբանանեան քայլերգը ունենալով, կամ երեւակայութիւնս փայփայեմ` անկախութիւն ապրելու պատրանքով, այլ հանգիստ կերպով կ՛արտօնեն, որ մահերգի կշռոյթը յիշեցնող մեղեդիներ հնչեն ուղեղիս մէջ:
Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով համբերութիւն կը մաղթեմ լիբանանցիներուն` յուսալով, որ Լիբանանը շարունակէ մնալ եւ լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը օր մը կարելի ըլլայ վերականգնել: