Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հայաստան-ՄԱԿ Գործակցութիւն Դամասկոսի Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ UNMAS-ի (United Nation Mine Action Service) միջեւ 25 հոկտեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրով, 21-22 նոյեմբերին Դամասկոս այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» կազմակերպութեան ականազերծողներու խումբը` տնօրէն Վաղինակ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Հայ ականազերծողները` տուեալ համաձայնագիրով, իրականացուցած են Դամասկոսի արուարձանի Տարայա աւանի գիւղատնտեսական նշանակութեան մօտաւորապէս 2 միլիոն քմ հողատարածքներու մակերեսային եւ խորքային մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներ:
22 նոյեմբերին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեան ընդունեց նշեալ կեդրոնի տնօրէն Վաղինակ Սարգսեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան իրականացուելիք ծրագիրներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու` Սուրիոյ մէջ աշխատանքներու իրականացման վերաբերող մանրամասնութիւններ: Վ. Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ UNMAS-ի (ՄԱԿ ականազերծման ծառայութեան) ղեկավարութեան եւ սուրիական կողմը շահագրգռող կառոյցներու ղեկավարներուն հետ:
Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութենէն Ներկայացուցիչներ Կ՛այցելեն Սուրիա
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 22 նոյեմբեր 2021-ին Սուրիա այցելեցին Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներ` Վահագն Խաչատրեան (Մարտունի) եւ Բենօ Բաբայեան (Ստեփանակերտ):
Անոնք Սուրիոյ մէջ կը ծանօթանան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն, կը մասնակցին վարժողական համապատասխան ծրագիրներու եւ կը նպաստեն փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին:
Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ հիմնակէտ ունենալով ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի առաջնային նպատակը` Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման ու հզօրացման վերաբերեալ, ե՛ւ համահայկական, ե՛ւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու մակարդակով:
Արցախի երիտասարդները արդէն իսկ այցելեցին Հալէպի հայկական եկեղեցիները, նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատուն, ծանօթացան խմբագրակազմին եւ անոր աշխատանքներուն, զրուցեցին խմբագիրին հետ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի ներկայ իրավիճակին շուրջ:
Նախատեսուած է, որ անոնք այցելեն Սուրիոյ ազգային վարժարաններ, Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկ, Բերիոյ Հայոց թեմի եկեղեցիներ, ազգային ու մշակութային կառոյցներ:
Թեհրան
Էստոնիայի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Արմէն Մութաֆեանին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
15 նոյեմբերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի մէջ հաւատարմագրուած Էստոնիայի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Արմէն Մութաֆեանը` ընկերակցութեամբ իր եղբօր` Ալպերթ Մութաֆեանի:
Երկու կողմերը զրուցեցին Էստոնիայի մէջ հայ համայնքին հետ յարաբերութիւններ մշակելու հնարաւորութեան, ինչպէս նաեւ գաղութի հիմնահարցերու մասին:
Նոր Ջուղա
«Արժանապատուութեան Եւ Դիմադրութեան Կազմակերպում» Խորագիրով Բանախօսական Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 8 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական երեկոյ` «Արժանապատուութեան եւ դիմադրութեան կազմակերպում» խորագիրով:
Ծրագրին մեկնարկը տրուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնութեամբ նոյն օրը Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն նկարներու ցուցադրութեամբ: Այնուհետեւ ձեռնարկի հաղորդավար Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակը: Ան անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կայացած հանրահաւաքին` շեշտեց, որ այդ հաւաքը ոչ թէ քաղաքական, այլ ժողովրդական համահաւաք է, ընդգծելով, որ հարկ է ձեւաւորել համահայկական դիմադրութիւնը եւ մթնոլորտը` հայրենիքին սպառնացող բոլոր վտանգները կանխելու համար:
Այնուհետեւ բանախօսական ելոյթով հանդէս եկաւ ազգային-հասարակական գործիչ Վրէժ Շիրւանեանը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` հայրենիքին եւ հայութեանը նպաստող կարեւորագոյն գործունէութեան` յատկապէս շեշտելով ազգային դիմադրութեան կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանքները: Բանախօսը նշեց, որ սոյն համահաւաքի կազմակերպումը հերթական փաստն է սփիւռքի եւ հայրենիքի միասնականութեան ու համախմբուածութեան` Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Ան հերթաբար նշեց անցնող երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանի իշխանութեան վարած ոչ հայրենանպաստ քաղաքականութիւնն ու ժողովուրդին տուած կեղծ խոստումները, արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները եւ այն սպառնալիքները, որոնք ներկայ դրութեամբ վտանգի տակ կը դնեն Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ «Հայաստան դաշինք»-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանին յղած պատգամի տեսերիզը` ուղղուած Նոր Ջուղայի համահաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ ան շեշտած էր, որ դիմադրութիւնը պէտք է դառնայ համաժողովրդական, աւելցնելով, որ Հայաստանի հարցով պէտք է փորձենք համոզել մոլորութեան մէջ գտնուող մեր հարեւանները եւ մերձաւորները եւ պէտք է դիմագրաւենք Արցախի հայաթափումը, որովհետեւ առանց հայ բնակչութեան` Արցախը այլեւս Արցախ չէ:
Միացեալ Նահանգներ
Օրինակելի Բարեսիրական Համերգ` Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
14 նոյեմբերին երկու պատանիներ` Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Պենճըմին Զասլաւսկի, այցելեցին Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի` իրենց ծնողներուն հետ: Երկու պատանիները, որոնք 17 հոկտեմբերին կազմակերպած էին «Կեանքեր փոխեցէք, աշխարհը փոխեցէք» բարեսիրական համերգը եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին յանձնեցին համերգին շնորհիւ հաւաքուած գումարը` 18 հազար տոլարի վճարագիրով:
Գումարը պիտի յատկացուի Լիբանանի ու Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներու` Ազգային առաջնորդարանի միջոցով, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան:
Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց` երկու նախաձեռնարկ պատանիներուն, անոնց ծնողներուն, մասնակից երաժիշտներուն ու երգիչներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն: Ան գնահատագրեր յանձնեց Անահիտ Ինճիկիւլեանին, Պենճըմին Զասլաւսկիին եւ համերգին միւս մասնակիցներուն` միաժամանակ հրաւիրելով բոլորը, որ իրենք զիրենք նկատեն մայր եկեղեցւոյ «մշակութային» ծխականներ:
Հանդիպում` Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեանի Հետ
Կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, 13 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-հանդիպում մը` ներկայութեամբ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի:
Մտերմիկ սեղանի շուրջ արծարծուեցան Արցախը յուզող նիւթեր, որոնց կարգին` սահմաններու պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն, բանակի վերակազմութիւն, գերիներու ազատ արձակում, գաղթականներու օժանդակութիւն եւ այլ առաջնահերթ հարցեր:
Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին Այցելութիւնները
* 24 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ պատարագեց տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան հայրը քարոզեց Գիւտ Խաչի տօնի մասին` քաջալերելով հաւատացեալները, որ իւրաքանչիւր ոք կեանքի իր խաչը գտնելով` իր գոյութեան իմաստը եւ երկրաւոր առաքելութիւնը առաւել պայծառութեամբ ընկալէ ու գործէ:
Պատարագի աւարտին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 83-ամեակի տօնախմբութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց համայնքային գործակցութիւնը, մանաւանդ համավարակի ընթացքին` առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեանի: Մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու, չափահասներու եւ տարեցներու մասնակցութիւնը նկատեց ամէնէն յուսադրիչ երեւոյթը` գաղութի կենսունակութեան: Այս առիթով պարգեւատրուեցաւ եկեղեցւոյ ատենապետ Վահան Մահտեսեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկէն ետք սրբազան հայրը եկեղեցւոյ հովիւին հետ այցելութիւն տուաւ 100-ամեայ հաւատաւոր ծխական Ռոզ Պուչաքլեանին, «Լէյքշոր Սիենա» խնամատարութեան կեդրոնին մէջ եւ բժշկութեան յատուկ աղօթք մը կատարեց:
* 30 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան մատուցեց ս. պատարագ` տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ ընտանիքի քրիստոնէական ըմբռնումի մասին եւ բարձրօրէն գնահատեց ընտանեկան ջերմ յարաբերութեամբ լեցուն եկեղեցւոյ անդամներուն փոխյարաբերութիւնը:
Պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազանը գնահատանքի վկայագիր յանձնեց եկեղեցւոյ բազմավաստակ ատենապետ Յարութիւն Իշխանեանին: Այնուհետեւ Տիկնանց միութիւնը հայկական տոհմիկ ճաշով պատուեց ներկաները: Սրբազան հայրը դրուատեց գաղութին միասնականութեան ոգին, որով յաղթահարելով համավարակի ստեղծած տագնապը, կը շարունակեն բոլորուիլ եկեղեցւոյ շուրջ` վառ պահելով իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը:
* 7 նոյեմբերին մեծ շուքով նշուեցաւ Իլինոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ 78-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեդարձի յիշատակելի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ 130 ծխականներու: Եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Վահան քհնյ. Գույումճեանի աղօթքով ճաշասեղանի օրհնութենէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց միամեայ գործունէութեան ամփոփ պատկերը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յատկապէս անցնող տասնութ ամիսներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնը բերին եկեղեցւոյ եւ համայնքի պահպանման:
Այս առիթով Ազգային առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան` Քնարիկ Յարութիւնեան, Մարալ Փոլատեան, Մանուշակ Շանթ, Թոնի Ճէյքոպ, նաեւ Ժիրայր եւ Շարի Գազարեան ամոլը` իր ծառայութեան եւ զօրակցութեան համար:
Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ տարեդարձին առընթեր շնորհաւորեց համայնքը, որ մասնակցելով այս ձեռնարկին` համավարակի ստեղծած ընկերային կեանքի կղզիացումէն դուրս եկաւ: Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Վահան քհնյ.Գույումճեանի եւ երէցկին Մակի Գույումճեանի սիրայօժար յանձնառութիւնը, որոնք ամէն շաբաթ Նիւ Ճըրզիէն կու գան Շիքակօ` աշխուժ պահելով գաղութի բազմակողմանի կեանքը: Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները` իրենց ցուցաբերած անվհատ կամքին համար:
* 13 նոյեմբերին, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համայնքը (Պեթեստա, Մերիլենտ) խմբուեցաւ ապագային կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողամասին վրայ եւ անդաստանի արարողութեամբ նոր երազներու իրագործման առաջին քայլը առաւ:
Արարողութեան յաջորդեց եկեղեցւոյ 57-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Ազգային առաջնորդարանի «Արժանեաց» գնահատագիրով պարգեւատրուեցաւ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանը, իսկ գնահատագիր ստացաւ Նորա Գասպարեանը: Կարպօ Աֆարեանը ստացաւ հոգեւոր հովիւի գնահատագիր:
Եկեղեցւոյ ատենապետ Արամ Սարաֆեանի միամեայ ամփոփ զեկոյցէն եւ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Ագթաւուգեանի` եկեղեցւոյ մարմիններուն ուղղուած գնահատանքի խօսքէն ետք, թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան դրուատեց գաղութին ներդաշնակ գործակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւնը` նոր երազներու իրագործման ճամբուն վրայ:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
14 նոյեմբերին առաջնորդ սրբազանը հոգեւոր հովիւին հետ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտութեան հետ: Ս. պատարագի ընթացքին սրբազանը դպիր ձեռնադրեց Անդրանիկ եւ Պօղոս Թաթառեանները եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատարմութեամբ գործադրելու փոքր պարտականութիւններ, որոնք ի վերջոյ կ՛առաջնորդեն պատասխանատու պաշտօններու:
Աւստրալիա
Սիտնիի Մէջ Լսարանական Առցանց Ձեռնարկ
27 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանի «Լսարանական երեկոյ» ծրագիրին առցանց չորրորդ դասախօսութիւնը` հովանաւորութեամբ Հայկազուն արքեպիսկոպոսին, դասախօս` Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Անոր նիւթն էր` «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը քրիստոնեայի յարափոփոխ կեանքին մէջ»: Երկլեզու դասախօսութիւնը եկած էին ակնդրելու նիւթով հետաքրքրուած 55 անձեր, որոնցմէ ութը` Աստուածաշունչի ընկերութեան զանազան երկիրներու ոչ հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Նորվեկիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Անգլիայէն, Նոր Զելանտայէն եւ այլ երկիրներէ: Թեքնիք հարցերու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս միշտ, ստանձնեց Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանը:
Հանդիսավար Լորա Արթինեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ զայն հրաւիրեց արտասանելու իր խօսքը:
Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ կազմակերպողներուն, իսկ իբրեւ դասախօսութեան առանցք` հիմք ունեցաւ Աստուածաշունչը, անկէ փոխանցուող պատգամը, զայն մեկնաբանելու ձեւը:
Փաուըր փոյնթի միջոցով եւ երկու լեզուներով դոկտ. Ճէպէճեան յստակ դարձուց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ լեզուամշակութային եւ լեզուամտածողութեան գործօններուն, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին Աստուածաշունչը հասկնալու եւ մեկնաբանելու գործընթացին մէջ: Ասոր ցայտուն օրինակը բազմաթիւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առկայութիւնն է, սակայն բոլորին աղբիւրը Աստուածաշունչն է` իր երկու կտակարաններով: Բանախօսը հերքեց այն թիւր հասկացողութիւնը, որ իբր թէ Հին կտակարանը հրեաներու պատմութիւնն է միայն եւ անոնց քաղաքական նպատակներուն սկզբունքներու ներշնչման աղբիւրը, եւ իբր թէ երկու կտակարանները կապ չունին իրարու հետ: Ան ըսաւ, որ այս վկայութիւնները յերիւրածոյ են, եւ այսօրուան քաղաքական հակամարտութիւնները օգտագործելով` երկու կտակարանները իրարմէ անջատելու փորձեր են: Երկու կտակարանները զիրար ամբողջացնող գիրքեր են, եզրակացուց դասախօսը:
Դասախօսը անդրադարձաւ ընկերային փոփոխութիւններուն, որոնք յարատեւ տեղի կ՛ունենան մարդու կեանքին մէջ եւ լայն բացատրութիւն տուաւ անոնց մասին:
Աստուածաշունչի յանձնառութեան ծիրին մէջ դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ զանազան հարցերու եւ հետեւեալ պատգամներուն` «Սիրէ դրացիդ քու անձիդ պէս» (Մատթ. 22:39)-ի եւ «Բայց կ՛ըսեմ բոլոր անոնց, որոնք կը լսեն, սիրեցէք ձեր թշնամիները» (Ղուկաս 6:27): Ան վերլուծեց զանոնք` մարդկային ու հայկական տեսանկիւններէն դիտուած: Այս նիւթերուն շուրջ եղած հարցումներուն լայն բացատրութիւն տուաւ դասախօսը` շեշտը դնելով ներողամտութեան գործօնին, բայց նաեւ արդարութեան ունեցած կարեւորութեան վրայ:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան պատասխանեց ակնդիրներու բոլոր հարցումներուն:
Ան նաեւ յայտնեց, որ իր նոր պատրաստած «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-էն 30 օրինակներ, իսկ իր հեղինակած գիրքէն` «Bible Engagement: The Discovery of Faith, Hope and Self» 10 հատոր պիտի նուիրէ առաջնորդարանին:
Սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց դոկտ. Ճէպէճեանի արժանիքները եւ անոր Աստուածաշունչի տարածման աշխատանքը: Սրբազանը խիստ կարեւոր նկատեց Աստուածաշունչը կարդալը, զայն թարգմանելը եւ զայն մեկնաբանելը, աշխատանք մը, զոր Աստուածաշունչի ընկերութիւնը կը կատարէ եւ այդ աշխատանքներուն մէջ իր հսկայ ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Հ. Ճէպէճեան: