Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Նոյեմբեր 23, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Հակապիոթիքներու Դիմադրութեան Դէմ Պայքար
– Կրիֆոնի Հիւթն Ու Կարգ Մը Դեղեր Պէտք Չէ Միասին Առնել
– Գիշերային Զբօսավայրերու Դեղեր

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Հակապիոթիքներու
Դիմադրութեան Դէմ Պայքար

Հակապիոթիքները դեղատեսակներ են, որոնք կ՛օգտագործուին պաքթերիա (ցպկային մարմիններ) յառաջացած վարակներու բուժման համար: Հակապիոթիքները տարիներու ընթացքին փրկած են բազմաթիւ կեանքեր:

Այս դեղերու չարաշահումն ու անպէտք օգտագործումը, սակայն, նպաստած են երեւոյթի մը, որ յայտնի է որպէս «հակապիոթիքներու դիմադրութիւն» (Antibiotic resistance): Այս դիմադրութիւնը կը զարգանայ, երբ վնասակար ու գործուն մանրէներ կը նենգափոխուին (mutate) այնպէս, որ նուազեցնեն կամ չէզոքացնեն հակապիոթիքներու արդիւնաւէտութիւնը:

Հանրային Առողջութեան Խնդիր

Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը աճող մտահոգութիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ: Երբ մարդը կը վարակուի հակապիոթիքի դիմադրող մանրէով, ոչ միայն այդ հիւանդին բուժումն աւելի դժուար կ՛ըլլայ, այլեւ հակապիոթիքի դէմ դիմացկուն մանրէն կրնայ տարածուիլ այլ մարդոց:

Երբ հակապիոթիքները չեն գործեր, հետեւեալները կրնան տեղի ունենալ.

– Աւելի երկար հիւանդութիւններ,
– Աւելի բարդ հիւանդութիւններ,
– Աւելի շատ բժիշկներու այցելութիւններ,
– Աւելի ուժեղ եւ սուղ դեղատեսակներու օգտագործում,
– Մանրէական վարակներով աւելի շատ մահուան պարագաներ:

Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմացկուն դարձած մանրէներու օրինակներ են մաշկի, միզուղիներու, ուղեղատապի (meningitis), սեռական միջոցներով փոխանցուող հիւանդութիւններու եւ շնչուղիներու վարակներ յառաջացնող մանրէները:

Պետական այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ, Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը (FDA) նախաձեռնած է քանի մը միջոցներ` հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը դիմակայելու համար:

Վարչութիւնը հրապարակած է դեղերու մակնշման կանոնակարգ` շեշտը դնելով հակապիոթիքներու խելամիտ ու տրամաբանական օգտագործման վրայ: Կանոնակարգերը կը քաջալերեն առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները` հակապիոթիքներ դեղագրելու միայն քլինիքական անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ խորհուրդ կու տան հիւանդներուն` նման դեղերու ճիշդ օգտագործման եւ անոնց պատուիրածին պէս գործածելու կարեւորութեան մասին:

Հակապիոթիքները Կը Պայքարին Մանրէներու (Bacteria), Եւ Ոչ Թէ Ժահրերու (Virus) Դէմ

Հակապիոթիքները պէտք է օգտագործուին մանրէական վարակներու դիմաց: Օրինակ, անոնք կ՛օգտագործուին սթրեփ կոկորդի բուժման համար, որ կը յառաջանայ սթրեփթոքոքըս մանրէէն, կամ` ստաֆիլոքոքային մանրէներէ յառաջացած մաշկի վարակներու պարագային:

Հակառակ անոր որ հակապիոթիքները կ՛ոչնչացնեն մանրէները, սակայն անոնք արդիւնաւէտ չեն ժահրերու դիմաց: Հետեւաբար անոնք արդիւնաւէտ չեն ըլլար ժահրային վարակներու դէմ, ինչպիսիք են` մրսածութիւնը (common cold), հազի տեսակներու մեծամասնութիւնը, կոկորդի ցաւերու բազմաթիւ տեսակները եւ կրիփը:

Հակապիոթիքներու Օգտագործումը Ժահրային Վարակներու Դէմ

– Չի բուժեր վարակը:
– Ուրիշներու ժահրով վարակուելէ չի պաշտպաներ:
– Չ՛օգներ մարդուն աւելի լաւ զգալու:
– Կրնայ յառաջացնել անտեղի, անպէտք ու վնասակար կողմնակի բարդութիւններ:
– Կրնայ նպաստել հակապիոթիքակայուն մանրէներու զարգացման:

Հիւանդները եւ բուժաշխատողները կրնան կարեւոր դեր խաղալ հակապիոթիքներու դիմացկունութեան դէմ պայքարին մէջ: Հիւանդները պէտք չէ հակապիոթիքներ պահանջեն, երբ առողջապահութեան մասնագէտը ըսէ, որ դեղերը անհրաժեշտ չեն: Առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները պէտք է հակապիոթիքներ դեղագրեն միայն այն վարակներուն, որոնք, իրենց կարծիքով, յառաջացած են մանրէներէ:

Որպէս հիւանդ` ձեր լաւագոյն մօտեցումը հարցնելն է ձեր բուժաշխատողին, թէ արդեօ՞ք հակապիոթիքը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ ձեր պարագային: Նաեւ հարցուցէք, թէ ի՛նչ կրնաք ընել ձեր ախտանիշները թեթեւցնելու համար:

Այսպիսով, ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ, թէ ձեր ունեցածը ժահրային կամ մանրէական վարակ է:

Դեղերու գնահատման եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի բժշկական պատասխանատու Ժոզեֆ Թըռնըր կ՛ըսէ, որ մրսածութեան կամ կրիփի ախտանիշները (ժահրային վարակ) կը նուազին մէկ շաբթուան ընթացքին: Բայց եթէ ունենաք տաքութիւն եւ այլ ախտանիշներ, որոնք կը տեւեն ու կը վատթարանան օրերու ընթացքին, կրնայ ձեր ունեցածը պաքթերիական վարակ ըլլալ եւ այս պարագային պէտք է խորհրդակցիք ձեր բուժաշխատողին հետ:

Հետեւեցէք Ճիշդ Օգտագործման Հրահանգներուն

Երբ ձեզի հակապիոթիք դեղագրեն պաքթերիական վարակ բուժելու համար, կարեւոր է դեղը առնել ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած է: Ահա` հակապիոթիքներու ճիշդ օգտագործումը խթանելու կարգ մը խորհուրդներ.

Հակապիոթիքները առնել սահմանուածին պէս. Կարեւոր է դեղորայքը առնել ձեր բժիշկի նշանակածին համաձայն, նոյնիսկ եթէ ընթացքին դուք ձեզի աւելի լաւ զգաք: Եթէ բուժումը շատ շուտ դադրեցուի, եւ դուք կրկին հիւանդանաք, մնացած պաքթերիաները կրնան դիմացկուն դառնալ ձեր ընդունած հակապիոթիքին նկատմամբ:

  • Մի շրջանցէք չափաբաժինները (doses).
    Հակապիոթիքները առաւել արդիւնաւէտ են, երբ անոնք կ՛առնուին սահմանուած կարգով:
  • Մի՛ խնայէք հակապիոթիքները. Կրնաք մտածել, որ կարելի է հակապիոթիքը պահել յաջորդ անգամ, երբ հիւանդանաք, բայց հակապիոթիքը նախատեսուած է ճիշդ ձե՛ր վարակին համար: Երբեք մի՛ ընդունիք այս դեղերու մնացորդացը: Սխալ դեղամիջոց ընդունիլը կրնայ ուշացնել բուժումը եւ ձեր առողջական վիճակը վատթարացնել:
  • Մի՛ առնէք ուրիշի համար նախատեսուած հակապիոթիքներ. Անոնք կրնան համապատասխան չըլլալ ձեր հիւանդութեան, կրնան ուշացնել բուժումը եւ ձեր առողջական վիճակը վատթարացնել:
  • Խօսեցէք ձեր առողջապահութեան մատակարարի հետ. Հարցուցէք, որպէսզի կողմնորոշուիք:
  • Բոլոր դեղերը ունին կողմնակի ազդեցութիւններ. Տեղեկացուցէք ձեր առողջապահութեան մասնագէտը, եթէ նոր կամ անսովոր ախտանիշներ կամ կողմնակի ազդեցութիւններ ունենաք: Թերեւս անհաճոյ կողմնակի ազդեցութիւն ունեցող հակապիոթիքի դադրեցումը անհրաժեշտ ըլլայ:

Ի՞նչ կ՛ընէ FDA-ը

FDA-ը հակապիոթիքներու դիմադրութեան դէմ կը պայքարի հետեւեալ ձեւերով.

  • Որոշակի նոր հակապիոթիքներու հաստատում. 2015 թուականէն FDA-ը հաստատած է նոր հակապիոթիքներ, որոնք կրնան բուժել որոշակի դիմացկուն պաքթերիաներ: Առողջապահութեան մասնագէտներուն խորհուրդ կը տրուի օգտագործելու նոր հակապիոթիքները պատշաճ կերպով, իսկ որոշ հակապիոթիքներու պարագային, օգտագործել զանոնք միայն այն հիւանդներու մօտ, որոնք ունին բուժման սահմանափակ տարբերակներ:
  • Պիտակաւորման (labeling) կանոնակարգեր, որոնք կը վերաբերին հակապիոթիքներու պատշաճ օգտագործման. Հակապիոթիքներու պիտակաւորումը բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը պարունակէ թելադրանքներ, որոնք խորհուրդ կու տան բուժաշխատողներուն, որ այս դեղերը պէտք է օգտագործուին միայն այն վարակներու բուժման համար, որոնք ենթադրաբար կը յառաջանան պաքթերիաներէ: Պիտակաւորումը նաեւ կը խրախուսէ բուժաշխատողները խորհուրդ տալու հիւանդներուն` դեղերու պատշաճ օգտագործման համար:
  • Համագործակցութիւն` հանրային իրազեկուածութիւնը խթանելու համար. FDA-ը կը համագործակցի Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններուն հետ (CDC) «Դարձէք խելացի. գիտցէք` հակապիոթիքները ե՛րբ կը գործեն» քարոզարշաւով, որ կ՛առաջարկէ կայքէջեր, տեղեկատուական թերթիկներ եւ այլ տեղեկատուական աղբիւրներ, որոնք միտուած են հանրութիւնը լուսաբանելու` հակապիոթիքներու դիմացկուն վարակները կանխարգիլելու համար:
  • Խրախուսել նոր հակապիոթիքներու մշակումը. FDA-ը արդիւնաբերութեան համար մշակած է ուղեցոյցներ այն քլինիքական ուսումնասիրութիւններու տեսակներուն վերաբերեալ, որոնք կրնան իրականացուիլ` գնահատելու, թէ ինչպէ՛ս հակապիոթիքները կ՛աշխատին տարբեր տեսակի վարակներու բուժման համար: FDA-ը կազմակերպած է սեմինարներ եւ մասնակցած է անոնց: Այդ սեմինարներուն նպատակը եղած է մշակումը նոր հակապիոթիքներու, որոնք պիտի բուժեն դիմացկուն պաքեթրիաներու վարակները:

Աղբիւր` FDA

Կրիֆոնի Հիւթն Ու Կարգ Մը
Դեղեր Պէտք Չէ Միասին Առնել

Կրիֆոնն ու իր հիւթը կրնան առողջ սննդակարգի մէկ մասը ըլլալ: Կրիֆոնը կը պարունակէ Սէ. կենսանիւթ եւ կալիոմ (potassium), որոնք անհրաժեշտ են ձեր մարմնին` բնականոն աշխատելու համար:

Կրիֆոնն ու իր հիւթը կրնան ազդել ձեր դեղերու աշխատանքին վրայ, եւ սնունդի ու դեղամիջոցներու փոխազդեցութիւնը կրնայ մտահոգիչ ըլլալ: ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը պահանջած է, որ որոշ դեղագիրով եւ առանց դեղագիրի (OTC) դեղեր, որոնք սովորաբար կ՛առնուին բերնի միջոցով, ներառեն զգուշացումներ` դեղը առած ժամանակաշրջանին կրիֆոն ուտելէ կամ անոր հիւթը խմելէ:

Ահա` որոշ տեսակի դեղերու օրինակներ, որոնց հետ կրիֆոնի հիւթը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել.

  • Որոշ սթաթինային դեղամիջոցներ, որոնք կը նուազեցնեն քոլեսթրոլը, ինչպիսիք են Zocor-ը (Simvastatin) եւ Lipitor-ը (Atorvastatin):
  • Որոշ դեղամիջոցներ, որոնք կը բուժեն արեան գերճնշումը, ինչպիսիք են Procardia-ն եւ Adalat CC-ն (երկուքն ալ` Nifedipine):
  • Որոշ օրկաններու փոխպատուաստման մերժման դեղեր (organ-transplant rejection drugs), ինչպիսիք են Neoral-ն ու Sandimmune դեղահատերը կամ բանաւոր լուծոյթը (երկուքն ալ` Cyclosporine):
  • Որոշ հակաընկճուծութեան դեղեր, օրինակ` BuSpar (Buspirone):
  • Որոշ քորթիքոսթերոյիտներ, որոնք կը բուժեն Քրոնի հիւանդութիւնը (1), ինչպիսիք են Entocort EC եւ Uceris դեղահատերը (երկուքն ալ` Budesonide):
  • Որոշ դեղամիջոցներ, որոնք կը բուժեն սրտի անբնական տրոփումները, ինչպէս` Cordarone-ը (Amiodarone):
  • Որոշ հակահիսթամիններ, ինչպէս` Allergan-ը (Fexofenadine):

Կրիֆոնի հիւթը չ՛ազդեր վերը նշուած դասակարգերու բոլոր դեղերուն վրայ: Խաչաձեւման (interaction) սրութիւնը կրնայ տարբեր ըլլալ` կախուած անհատէն, դեղատեսակէն եւ կրիֆոնի հիւթի քանակէն, որ ան կը խմէ:

Խօսեցէք ձեր առողջապահութեան մատակարարին կամ դեղագործին հետ եւ կարդացէք ձեր դեղագիրով կամ առանց դեղագիրի (OTC) դեղերու պիտակները`  կարգ մը տեղեկութիւններ պարզելու համար, որոնցմէ`

  • Թէ ձեր առած դեղը կրնա՞յ ազդուիլ կրիֆոնի հիւթէն:
  • Եթէ կ՛ազդուի, որքանո՞վ կրիֆոնի հիւթ կրնաք խմել:
  • Ի՞նչ այլ պտուղներ կամ հիւթեր կան, որոնք կրնան նաեւ ազդել ձեր դեղին վրայ` կրիֆոնի հիւթին պէս:

 

Ինչպէ՞ս կրիֆոնի հիւթը կրնայ խանգարել դեղերու ազդեցութիւնը:

Կրիֆոնի հիւթի ազդեցութեան տակ գտնուող դեղերու մեծ մասի պարագային, «հիւթը առիթ կու տայ անոնց` աւելի շատ արեան մէջ ներթափանցելու,- կ՛ըսէ բժիշկ Շիու Մէյ Հուանկ: – Երբ արեան մէջ չափազանց շատ դեղ կայ, դուք հաւանաբար աւելի շատ անոր կողմնակի վատ ազդեցութիւնները (side effects) ունենաք»:

Օրինակ, եթէ դուք քոլեսթրոլը նուազեցնելու համար սթաթինային որոշ դեղեր առնող էք, եւ պատահի, որ շրջան մը կրիֆոնի հիւթ խմէք, դեղը չափէն աւելի կրնայ մնալ ձեր մարմնին մէջ` մեծցնելով լեարդի եւ մկաններու վնասման վտանգը, որ կրնայ յանգիլ երիկամներու անկման (kidney failure):

Շատ դեղամիջոցներ կը քայքայուին (կը նիւթափոխանակուին) (metabolize) բարակ աղիքներուն մէջ` CYP3A4 կոչուող կենսական էնզայմի օգնութեամբ: Կրիֆոնի հիւթը կրնայ արգելափակել աղիքային CYP3A4-ի գործողութիւնը, ուստի նիւթափոխանակութեան փոխարէն` դեղատեսակին մեծ մասը կը ներթափանցէ արիւն եւ աւելի երկար կը մնայ մարմնին մէջ: Արդիւնքը` չափէն աւելի դեղատեսակ ձեր մարմնին մէջ:

Աղիքներուն մէջ CYP3A4 էնզայմին քանակութիւնը կը տարբերի մարդոց միջեւ: Որոշ մարդիկ ունին այս էնզայմէն մեծ քանակութեամբ, ուրիշներ` քիչ: Այսպիսով, կրիֆոնի հիւթը կրնայ տարբեր ձեւով ազդել մարդոց վրայ, նոյնիսկ երբ անոնք կ՛առնեն նոյն դեղատեսակը, նոյն քանակութեամբ:

Թէեւ գիտնականները քանի մը տասնամեակ է գիտեն, որ կրիֆոնի հիւթը կրնայ մարմնին մէջ որոշակի դեղատեսակներու չափազանց մեծ քանակութիւն յառաջացնել, սակայն վերջին ուսումնասիրութիւնները պարզած են, որ հիւթը հակառակ ազդեցութիւն ունի քանի մը այլ դեղամիջոցներու վրայ:

«Կրիֆոնի հիւթը կրնայ յանգիլ ֆեքսոֆենատինի (fexofenadine) աւելի քիչ արեան ներթափանցման». Հիւթը կը նուազեցնէ դեղամիջոցներու արդիւնաւէտութիւնը, կ՛ըսէ Հուանկ: Ֆեքսոֆենատինը (ապրանքանիշը` Allegra) հասանելի է դեղագիրով եւ առանց անոր` եղանակային գերզգայնութեան ախտանիշները թեթեւցնելու համար: Ֆեքսոֆենատինը նոյնպէս կրնայ լաւ չաշխատիլ, եթէ առնուի նարինջի կամ խնձորի հիւթի հետ, ուստի դեղամիջոցի պիտակին վրայ գրուած է. «Չառնել պտուղի հիւթերու հետ»:

Ինչո՞ւ այս հակառակ ազդեցությունը: Նիւթափոխանակութեան վրայ ազդելու փոխարէն` կրիֆոնի հիւթը կրնայ արգելափակել գործունէութիւնը մարմնի կարգ մը սպիտակուցներու (protein), որոնք յայտնի են որպէս դեղերու փոխադրիչներ (transporter), որոնք կ՛օգնեն դեղը փոխադրելու դէպի բջիջներ` ներծծուելու համար: Այս պատճաով, դեղերու աւելի քիչ քանակ կը մտնէ արեան մէջ, եւ դեղը կրնայ արդիւնաւէտ չըլլալ, կ՛ըսէ Հուանկ:

Պարզեցէք, թէ արդեօ՞ք պէտք է խուսափիլ կրիֆոնի կամ այլ պտուղներու հիւթերէ

  • Հարցուցէք ձեր բժշկին կամ դեղագործին, թէ արդեօ՞ք կրիֆոնի հիւթը փոխազդեցութիւն ունի ձեր դեղերուն հետ:
  • Կարդացէք դեղորայքի ուղեցոյցը կամ հիւանդի տեղեկատուական թերթիկը:
  • Կարդացէք Drug Facts պիտակը` ձեր OTC դեղերուն վրայ:
  • Սեւիլեան նարինջները եւ պումալին կրնան ունենալ կրիֆոնի հիւթի նոյն ազդեցութիւնը: Պէտք չէ ուտել այդ պտուղները, եթէ ձեր դեղերը կ՛ազդուին կրիֆոնի հիւթէն:

(1) Քրոնի հիւանդութիւնը – Քրոնի հիւանդութիւնը աղիքներու բորբոքային հիւանդութեան տեսակ է (IBD): Ան կը յառաջացնէ մարսողական համակարգի բորբոքում, որ կրնայ յանգիլ` որովայնի ցաւի, սուր փորհարութեան, յոգնածութեան, ծանրութեան կորուստի եւ թերսնման (malnutrition):

Աղբիւր` FDA

Գիշերային Զբօսավայրերու Դեղեր

Ի՞նչ են գիշերային զբօսավայրերու դեղերը (Club drugs):

Գիշերային զբօսավայրերու դեղերը հոգեգործուն (psychoactive) դեղերու խումբ մըն են: Անոնք կեդրոնական ջղային համակարգի (CNS) վրայ կը գործեն եւ կրնան յառաջացնել տրամադրութեան, գիտակցութեան եւ վարքի փոփոխութիւններ: Այս դեղերը աւելի յաճախ կ՛օգտագործուին երիտասարդներու կողմէ` գինետուներու եւ գիշերային զբօսավայրերու մէջ ու համերգներու կամ երեկոյթներու ժամանակ: Գիշերային զբօսավայրերու դեղերը, ինչպէս դեղերուն մեծ մասը, ունին ծածկանուններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը փոխուին կամ կը տարբերին երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Որո՞նք են գիշերային զբօսավայրերու դեղերու տարբեր տեսակները:

Գիշերային զբօսավայրերու դեղերու տեսակներէն են.

  • MDMA (Methylenedioxymethamphetamine), որ նաեւ կը կոչուի Ecstasy եւ Molly:
  • GHB (Gamma-hydroxybutyrate), որ նաեւ յայտնի է որպէս G եւ Liquid Ecstasy :
  • Ketamine, որ նաեւ յայտնի է որպէս Special K եւ K:
  • Rohypnol, որ նաեւ յայտնի է որպէս Roofies:
  • Methamphetamine, որ նաեւ յայտնի է որպէս Speed, Ice եւ Meth:
  • LSD (Lysergic Acid Diethylamide), որ նաեւ յայտնի է որպէս Acid:

Այս ցանկէն կարգ մը դեղեր հաստատուած են որոշակի բժշկական օգտագործման համար: Այս դեղերու այլ կիրարկումները սխալ օգտագործում են:

Որո՞նք են ժամադրութեան բռնաբարութեան դեղերը (date rape drugs):

Ժամադրութեան բռնաբարութեան դեղերը այն տեսակի թմրանիւթերը կամ ալքոլային խմիչքներն են, որոնք կ՛օգտագործուին սեռական բռնութիւնը դիւրացնելու համար: Ոեւէ մէկը կրնայ դնել անոնցմէ մէկը ձեր խմիչքին մէջ, երբ դուք չէք նայիր:

Գիշերային  զբօսավայրերու դեղերը երբեմն կ՛օգտագործուին նաեւ որպէս «ժամադրութեան բռնաբարութեան» թմրանիւթեր: Այս դեղերը շատ ազդու են: Անոնք կրնան շատ արագ ազդել ձեր վրայ, եւ դուք չէք կրնար գիտնալ, թէ սխալ բան մը կը պատահի: Ազդեցութեան տեւողութիւնը կը տարբերի: Այդ մէկը կախուած է, թէ որքա՛ն դեղ կայ ձեր մարմնին մէջ եւ արդեօք դեղը խառնուա՞ծ է այլ դեղերու կամ ալքոլի հետ: Ալքոլը կրնայ ա՛լ աւելի զօրացնել թմրանիւթերու ազդեցութիւնը եւ կրնայ լուրջ առողջապահական խնդիրներ յառաջացնել եւ նոյնիսկ` մահ:

Կա՞ն քայլեր, որոնց կրնամ դիմել, որպէսզի պաշտպանուիմ այս տեսակի դեղերէն:

Այո՛, ահա` անոնցմէ քանի մը հատը.-

  • Չձգել ձեր խմիչքը` առանց հսկողութեան:
  • Մի՛ ընդունիք խմիչքներ` այլ մարդոցմէ:
  • Եթէ պահածոյէ կամ շիշէ կը խմէք, դո՛ւք բացէք ձեր խմիչքը:
  • Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր ընկերներուն եւ խնդրեցէք, որ իրենք ալ ուշադրութիւն դարձնեն ձեզի:

Աղբիւր` «ՄԵՏԼԱՅՆ ՓԼԱՍ»

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի Տարեդարձին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

Յաջորդը

Մեռելածին Նորմ` Արցախցի Ներքին Տեղահանուածների Համար

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?