Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան Սահմաններով Հայաստանին

Նոյեմբեր 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

25-26 ապրիլ 1920-ին,  Համաշխարհային Ա. պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից  պետութիւններուն եւ անոնց զօրավիգ ուժերու Գերագոյն խորհուրդը երկու խնդրանք  ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ   Ուիլսընին.

– ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութիւնը,

– իրաւարար վճիռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ  միջեւ սահմանը:

Առաջինը անմիջապէս մերժեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը: Նախագահը հրաժարեցաւ:

Երկրորդ խնդրանքը պաշտօնապէս ամրագրուած  էր Փարիզի  խաղաղութեան վեհաժողովին, Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար  Ալեքսանտր Միլերանի` 27 ապրիլ 1920-ի պաշտօնագիրով:  Միեւնոյն խնդրանքը, 89-րդ յօդուածի  տեսքով ներառուեցաւ Սեւրի  դաշնագիրին մէջ: Հայաստանի, Թուրքիոյ, ինչպէս  նաեւ դաշնագիրը ստորագրող շուրջ քսան պետութիւններու անունով յղուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը, իրաւասու  կառոյցներ հայցը մանրազնին ուսումնասիրելէ ետք, կայացուցին իրաւարար վճիռը:

Ըստ Սեւրի հայցադիմումին, զայն ստորագրող կողմերը Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւարարի հայեցողութեան կը ձգէին  Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծի որոշումը, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի  նահանգներու տարածութիւնները, ինչպէս նաեւ դէպի Սեւ ծով Հայաստանին ելք ճշդելու հարցը:

Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին  ներկայացուց իր որոշումը: Համաձայն Ուիլսընի  իրաւարար վճիռին, Հայաստան մօտաւորապէս   103.599 քառ. քմ. տարածութիւն մը պիտի ունենար դէպի ծով ելքով:

Ուիլսընի իրաւարար վճիռը թուղթի  վրայ կը մնայ առ այսօր, որովհետեւ քեմալական Թուրքիան, յենելով խորհրդային  Ռուսիոյ  ռազմաքաղաքական աջակցութեան վրայ եւ օգտուելով արեւմտեան  պետութիւններուն  միջեւ յամառ պայքարէն, խախտեց Մուտրոսի զինադադարը, ոտնահարեց Սեւրի դաշնագիրը: Դաշնակիցներէն անտեսուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէն մինակ մնաց քեմալական բանակներուն առջեւ: Յաջորդական պարտութիւններ կրեց եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին  իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն: Այս  միջոցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը   ներկայացնող որոշ անդամներ ստիպողութեան տակ, 3 դեկտեմբեր 1920-ին ստորագրեցին  Ալեքսանտրապոլի համաձայնագիրը, ուր  հրաժարեցան Սեւրի համաձայնագիրէն: Միւս   կողմէ, յատկանշական է իմանալ, որ թրքական  պատուիրակութիւնը նոյնպէս չէր ներկայացներ   Թուրքիոյ  օրինական իշխանութիւնը: Ըստ  միջազգային օրէնսդրութեան,  Ալեքսանտրապոլի    համաձայնագիրը  ի սկզբանէ ապօրէն էր եւ անվաւեր:

Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պարտադիր  յանձնառութիւն կը մնայ զոյգ կողմերուն համար:  Անիկա չունի պայմանաժամային սահմանափակում: Անոր կարգավիճակը կախեալ չէ վճիռին հետագայ ճակատագիրէն:

Լա Հէյի մէջ (Հոլանտա) կայացած  միջազգային խորհրդաժողովը (1907), ուր ամփոփուած  եւ ամրագրուած է իրաւարար վճիռներու կարգավիճակը,  պայմանաժամային ոչ մէկ  պարտաւորութիւն կը դնէ յանձնառու կողմերուն առջեւ: Սակայն կարելի չէ հրաժարիլ   գործադրութենէն:

Ըստ միջազգային իրաւունքի յօդուածներուն,  կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ իրաւարար  վճիռի որոշումին կը  ներկայացնեն իրենց վէճը, միանգամայն կ՛ընդունին, որ վճիռը ընդունելի պիտի ըլլայ իրենց համար: Կ՛արժէ նշել, որ Հայաստան եւ Թուրքիա առանձին ներկայացուցած են իրաւարարութեան հայցը: Անոնց  կողքին հայցը ներկայացուցած են տասնվեց  երկիրներ: Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պարտադիր է բոլոր հայցուորներուն համար` Մեծն Բրիտանիա. Քանատա, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա, Հարաւային Ափրիկէ, Հնդկաստան, Փաքիստան, Պանկլատեշ, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան,  Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Չեխիա, Սլովաքիա, Սերպիա, Խրուաթիա, Սլովենիա, Պոսնիա, Հերցեկովինա, Մակեդոնիա եւ Մոնթենեկրօ:

Միացեալ Նահանգներ նոյնպէս յանձնառու կը մնան  իրաւարար վճիռին գործադրութեան, որովհետեւ  Միացեալ Նահանգներու նախագահի որեւէ  դիրքորոշում կը հանդիսանայ երկրին դիրքորոշումը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր, իբրեւ  ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ պետութիւն, կրնայ ՄԱԿ-ի    միջազգային դատարանին միջոցով (ըստ  Միջազգային ատեանի կանոնագրութեան)  հաւաստել նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի  իրաւարար վճիռին վաւերականութիւնը եւ պահանջել վճիռով Հայաստանին յատկացուած տարածութիւնը:

Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը   միջազգային այն փաստաթուղթն է, որ ճանչցաւ եւ ամրագրեց Հայաստանի սահմանները:

Պահանջատիրական մեր երթը այսօր  կը վերանորոգենք պետականօրէն տէր կանգնելով  ուիլսընեան սահմաններով ճշդուած ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուրքանիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայութեան Արդարացի Իրաւունքը Անժամանցելի Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?