Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Ու Քաջ Հովիւը, Որ Իր Կեանքը Նուիրեց Իր Հօտին

November 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան. անուն մը, բարի անուն մը հայ մարդու, հայ հօր, հայ նուիրեալ հոգեւորականի բարի անուն մը, որ պիտի մնայ օրինակելի ու յիշատակութեան արժանի` յաջորդ սերունդներուն համար:

Հերոսական Հաճընի նահապետական Կոստանեան ծանօթ գերդաստանի շառաւիղներէն  տէր Յարութիւն, շնորհիւ իր ունեցած նախ` քաջ ու պատուական մարդու ամուր նկարագիրին, ապա` շնորհիւ իր բարի ու ազնիւ բնաւորութեան, միշտ գնահատելով գաղութահայ առօրեան, երիտասարդ տարիքէն թափանցած էր իր շրջապատի մարդոց սիրտերէն ու հոգիներէն ներս: Իսկ իր ազգին, եկեղեցիին ու հայկական շրջանակներուն հանդէպ ունեցած անմնացորդ սէրը զինք առաջնորդած էր դէպի Հայաստանեայց առաքելական ս. եկեղեցին, նախ որպէս լուսարար, ապա որպէս քահանայ` ծառայելու հոն, հեռանալով աշխարհիկ կարգերէն:

Պէտք է բարձրաձայնել, որ քահանայական ասպարէզին մէջ անոր ունեցած ուղիղ, ճշմարիտ ու հեզահամբոյր բնաւորութիւնը պատճառ եղած էր, որ ան մեծապէս գնահատուէր հոգեւոր բարձր դասէն, եկեղեցական իշխանութիւններէն ու պատասխանատուներէն, եւ մանաւանդ` մեր ժողովուրդի լայն խաւերէն: Տէր Յարութիւնի տասնամեակներ շարունակ ունեցած հոգեւորականի առողջ ու ուղիղ ծառայութիւնը այսօր հաւատացեալ զանգուածներ երբեք ու երբեք չեն մոռնար, լաւագոյնս կը վկայեն անոր մարդասիրական ու բարեգործական կատարումները եւ ջերմօրէն կը գնահատեն` անոր տարիներու վրայ երկարող արդար կեցուածքը, մաքուր գործելաոճը, աղքատին, տնանկին, որբին, այրիին եւ կարիքաւորներուն օգտակար հանդիսանալու ազնիւ արարքները, որոնք հիմա դարձած են յիշատակութեան արժանի բարի յուշեր, բայց` դասալի եւ խիստ օրինակելի:

Իր կեանքին մեծագոյն մասը իր ժողովուրդին բարօրութեան համար տրամադրած Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան, ճիշդ է, այսօր չկայ, բայց անոր` իր հօտին մէջ ցանած բարի հունտերն ու սերմերը տեսանելի, շօշափելի ու գնահատելի են ամէն կողմ:

Բարիքի ու բարեգործութեան մարդը` տէր հայրը, իր գիտակցական կեանքին մէջ, թէ՛ որպէս հայ քաջ մարդ, թէ՛ որպէս առաքինի ու պարտաճանաչ ամուսին, թէ՛ որպէս զոհուած ու նուիրեալ հայր, շահած էր բարի անուն, համբաւ ու ներկայութիւն` գաղութին մէջ զինք ճանչցող հազարաւոր հայորդիներուն մօտ:

Իսկ հոգեւոր բազմամեայ տարիներու իր ծառայութիւնը այսօր կարելի է բնորոշել մէկ նախադասութեամբ. «Մշակ` առանց ամօթի»: Ան չվազեց փառքի, դիրքի եւ նիւթականի ետեւէն: Մնաց համեստ, ընկերային, մարդոց հոգերն ու ցաւերը լսող, իր հօտի զաւակներուն օգտակար հանդիսացող եւ Քրիստոսի օրինակին հետեւող քահանայ հայրը:

Իր համեստ տան, իր զաւակներուն ու մանաւանդ հօտին համար տարիներու կեանք մաշած քահանայ հայրը, շնորհիւ իր աւանդապաշտ բնաւորութեան եւ ազգային բծախնդիր կեցուածքին, հայօրէն ու բարձրօրէն կրթեց, դաստիարակեց ու ազգին նուիրեց գիտակից, զարգացած եւ մանաւանդ հայ ազգի ցաւերով մտահոգ հպարտ զաւակներ, որոնք պատիւ կը բերեն մեր ժողովուրդին եւ մեր հասարակութեան:

Այս պահուն, երբ արդէն անվերադարձօրէն մեզմէ հեռացած է տէր Յարութիւնը, մեզի կը մնայ ըսել.

Հանգիստ իր ոսկորներուն:

  ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԸ

Նախորդը

Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.