Նկարը ինքնին խօսուն է:
Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին` Թեսաղոնիկէի մէջ շրջագայող հանրակառքերուն վրայ կը ցուցադրուի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշիի պատմական բերդին պարիսպն ու անոր դարպասը, որոնց վրայէն ազրպէյճանցիները հեռացուցած են հայկական «Շուշի» անունը եւ զայն փոխարինած են ազրպէյճանական տարբերակով: Առաւել, նկարին վրայ գրուած է, որ Շուշին ազրպէյճանական է, իսկ վերի մասը կ՛երեւին Յունաստանի եւ Ազրպէյճանի դրօշակները:
Նկարը երեւցաւ ընկերային ցանցերուն վրայ 23 նոյեմբերին եւ անմիջապէս զայրոյթի ու բողոքի ալիքներ բարձրացուց ո՛չ միայն բոլոր յունահայերուն, այլեւ շատ մեծ թիւով յոյն քաղաքացիներու մօտ, նոյնիսկ` լրագրողներու մօտ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին Թեսաղոնիկէի պետական փոխադրական միջոցներու սպասարկութեան գովազդային ծրագիրը, որ ծայր առած էր քաղաքին մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան ջանքերով ու նիւթական ներդրումով, եւ պահանջեցին անոր չեղարկումը:
Ինչպէս արդէն կողքի լուրին մէջ կը յայտնենք, անմիջական եւ ազդու եղաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքը` վար առնելու գովազդները, որուն շուտով արձագանգեցին պետական պատասխանատուները եւ խոստացան ազրպէյճանական գովազդային արշաւի չեղարկումը:
Ծանօթ է, որ վերջին ամիսներուն Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները զանազան երկիրներու մէջ, յատուկ ուղղութիւններու հետեւելով, կը փորձեն մեծ քաղաքներու փոխադրամիջոցներուն վրայ գովազդել Շուշին եւ Արցախի այլ քաղաքները` որպէս ազրպէյճանական ու թրքական քաղաքակրթութեան օճախներ: Տակաւին թարմ են պատկերները Լոնտոնի մէջ երեւցած նմանօրինակ գովազդներուն, որոնք վար առնուեցան շնորհիւ ՀՅԴ Անգլիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն:
Երէկ երեկոյեան յունահայ գաղութը, ժողովուրդով եւ կառոյցներով, իր ընդվզումն ու բողոքը արտայայտեց այս արարքին ուղղութեամբ: Քանի մը ժամ յետոյ մեր հակազդեցութիւնը տեղ հասաւ եւ իր արդիւնքները տուաւ:
Դժբախտաբար Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրութեան սպասարկութեան պատասխանատուները ընդունած էին ազրպէյճանական «նուէրները»` առանց դոյզն իսկ պատմական ճշմարտութեան որոնումին, տեղ տալով ազրպէյճանական գրգռիչ նախաձեռնութիւններուն, որոնք նպատակ չունէին Ազրպէյճանի զբօսաշրջային գովազդը կատարել, այլ նենգաբար միտում ունէին մրոտել ու վարկաբեկել հայութեան պատիւը, ոտնակոխ ընել անոր զգացումներն ու ա՛լ աւելի խորացնել հայկական Արցախին վրայ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական գրաւումին պատճառով ապրուած ողբերգութիւնը:
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է նաեւ յոյն դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի այցելութիւնը գրաւուած Շուշի` ընկերակցելով աւելի քան յիսուն դիւանագէտներու, որմէ ետք իր քաղաքական պատասխանատուները փորձեցին ամէն գնով արդարացնել դեսպանին անընդունելի այցելութիւնը` թուրք-ազերիական գրաւումին տակ գտնուող Արցախի պատմական տարածքներ:
Թեսաղոնիկէի հանրակառքերու գովազդային արարքի եւ նախապէս յոյն դեսպանին դիւանագիտական սայթաքումին պատճառած դառնութիւնը մտածել կու տան այն ցնցիչ զգացումները, որոնք պատած էին յոյն տարրը ամբողջ աշխարհի վրայ, երբ Թուրքիոյ նախագահը որպէս մզկիթ հռչակեց Կոստանդնուպոլսոյ Այա Սոֆիայի տաճարը, կամ փորձեց վերաբանալ Կիպրոսի Ֆամակուսթա գրաւեալ ու ամայացած քաղաքը:
Կը սպասենք, որ յոյն պետական սպասարկողները աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնեն պատմականօրէն իրենց բարեկամ հայ ժողովուրդի հիմնախնդիրներուն նկատմամբ եւ թոյլ չտան ազրպէյճանական սադրանքներու կրկնութիւնը:
Վերջ ի վերջոյ, նոյն թրքական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն է, որ կը սպառնայ Յունաստանին` Եգէականի մէջ ու Թրակիոյ հանդէպ կատարուած ռազմատենչ գրգռութիւններով:
Տակաւին երկու օր առաջ թուրք պաշտօնատարի մը անընդունելի յայտարարութիւնները, թէ «թրքական բանակը 5 ժամէն պիտի գրաւէ Թեսաղոնիկէն ու Աթէնքը». ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ` նոր-օսմանական տարածաշրջանային եւ միջազգային երազներու կրկնութիւնը, որոնց իրականացման մէկ բաժինը դառն կերպով ճաշակեց արցախահայութիւնը անցեալ տարի, իսկ այսօր թրքական ծաւալապաշտութեան ճիրանները կը սպառնան Հայաստանի պետականութեան գոյութեան:
Յոյն ժողովուրդի աչքին «անմեղ» երեւցող ազրպէյճանական գովազդներու ներկայութիւնը դատապարտելի է ըստ ամենայնի:
Պէտք չէ արտօնել, որ թրքական ծաւալապաշտութեան ալիքները, նոյնիսկ եթէ անոնք թաքնուած են ազրպէյճանական ուժանիւթային միջպետական ծրագիրներուն մէջ, ողողեն յունական աշխարհը:
Յունահայութիւնը պիտի շարունակէ արթուն պահակը ըլլալ Հայ դատին ու Արցախի արդար հիմնահարցին: Ամէ՛ն գնով: