Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՛նչ Ակնկալել Երկրի Մը «Շնորհուած» Անկախութենէն (22 Նոյեմբեր 1943)

Նոյեմբեր 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Լիբանան հեռանկար  չունի…

Ղասսան Ալ Շամի
(Վաստակաւոր լրագրող եւ մտաւորական )

Իր խոհական ու փիլիսոփայական մտածումներով եւ քաղաքական յախուռն կեցուածքներով քաջածանօթ լիբանանցի այս լրագրող-մտաւորականին վերոնշեալ նախադասութիւնը քիչ մը զարմացուց մեզ, երբ ան հանգամանալից վերլուծութենէ ետք կ՛եզրակացնէր, թէ Լիբանան` իբրեւ երկիր, պետութիւն թէ հասարակական կեանք, չունի հեռանկար` ապրելու եւ գոյատեւելու:

Ապրելու` իբրեւ ստեղծագործ ժողովուրդ եւ գոյատեւելու` իբրեւ կայացած ու ինքնիշխան պետութիւն, որ արժանի է ազգերու ողջ պատմութեան մաս կազմելու եւ իր եզակի քաղաքակրթական նուաճումները ապահովելու:

Անշո՛ւշտ, խօսքը կը վերաբերի լիբանանեան քաղաքական համակարգին, որ ստեղծուեր է երբեմնի գաղութարար երկիր(ներու) մը ուղղակի թելադրութեամբ, յստակ ու նպատակաուղղուած միտումով, պարզապէս ազդեցութիւններու եւ հակակշիռի տակ պահելու Լիբանանն ու լիբանանցին:

Լիբանանը, որ 1860-էն ի վեր կը տուայտի` կռուախնձոր ըլլալուն համար, եւ լիբանանցի, որ նախնիներէն ժառանգած է պատեհապաշտութիւն, ստրկամտութիւն հաճոյակատարութիւն եւ այլատեացութիւն:

Հաւատացած ենք, որ Լիբանանի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան քաջածանօթ եւ քաղաքական գործընթացներուն հետեւող քաղաքացին  ըստ էութեան ապացուցած է, որ կեղծ ու ստապատիր, ինքնատեաց ու հակոտնեայ մօտեցումներով յագեցած հասարակութիւն մը չէր կրնար (անցեալին) ու չէ կրցած (ցարդ) խաղաղ երկիր ու ինքնիշխան պետութիւն մը կառուցել, հակառակ, այսպէս ըսած, տարբեր պայմաններու, հանգամանքներու թէ ընձեռուած առիթներու:

Ըստ երեւոյթին, եկած է ժամանակը ընդմիշտ արձանագրելու, թէ Լիբանան կոչուած հողատարածքին վրայ ապրած իրերայաջորդ սերունդներ, փաստօրէն, չեն յաջողած կառուցել ազգային-գաղափարական եւ քաղաքատնտեսական ապահով ու արդիական պատուանդան, որուն վրայ կարելի պիտի ըլլար ձեւաւորել նոր ժամանակներու պետականութիւնը:

Պետականութիւն մը, որ զերծ է շահամոլի, հատուածապաշտի, կաշառակերի եւ փտածի ախտավարակ վիճակներէ, երեւոյթներէ, աւելի՛ն. ունի ազգային դիմագիծ, մարդկային պահուածք, պատկանելիութեան խոր զգացողութիւն եւ հաւաքական  արժանապատուութեան գիտակցութիւն:

Կրնայ ըսուիլ, հապա ինչո՛ւ այնքան քրտինք եւ արիւն թափուած է երկար տարիներ շարունակ, յանուն ո՛ր երազին, ծրագիրին ու տեսլականին:

Նաեւ կրնայ ընդգծուիլ, որ Լիբանան իր անկախութեան հռչակումէն (1943) ասդին, իբրեւ ժողովրդավար երկիր, փորձ կատարած է ձերբազատելու գաղութարար երկիրներու պարտադրած հանդերձանքէն եւ ամէն ճիգ ի գործ դրած` ունենալու սեփական քաղաքական ուղեգիծ եւ գերիշխանութիւն, սակայն չէ յաջողած, աւելի՛ն. տեղիք տուած է սպառնալիքներու եւ կորսնցուցած իր ուժականութիւնը:

Ի դէպ, Մեծն Լիբանանի ստեղծումով (1920), տուեալ ժամանակի գաղութատէր պետութիւնները, այդքան ալ հետամուտ չէին լիբանանցի ժողովուրդին շնորհելու այն մեծ ուրախութիւնը` սեփական պետութիւն ունենալու, այլ անոնց կողմէ առնուած նման քաղաքական աքթ մը պարզապէս հետեւանք էր աշխարհաքաղաքական մեծ խաղերու եւ ծրագիրներու, մանաւանդ` տնտեսական շահերու:

Սպիտակ թուղթի վրայ արձանագրուած Մեծն Լիբանանը փոքր կը մնար քաղաքական քարտէսներու լայքնին ու երկայքին, որովհետեւ ենթակայ էր թէ՛ մեծ պետութիւններու քմայքին ու շահերուն, եւ թէ  աւատապետներու կողոպուտին:

Այո՛, ներքին աւատապետներ, ամբողջ Լիբանանի տարածքին հաստատուած, որոնք չունին քաղաքական կողմնորոշում, դիմագիծ, մարդկային պահուածք, բացի մէկ ու միակ ուղղուածութենէ` ամէն գնով եւ բոլոր ժամանակներու մէջ յօշոտել նոյնինքն լիբանանցին, առաւել աղքատացնել եւ արժանապատուութենէ զրկել իր իսկ հովանիին տակ ապրող եւ իրեն հաւատարիմ քաղաքացին, թիզել անսահման ու անհաշիւ հարստութիւն, ստեղծել անգոյ թշնամութիւն, ծառայել ու քծնիլ մեծ ուժերու եւ բռնատէրներու, այլապէս օգտագործել, այսպէս ըսած, ժողովրդավարական ամէն կարելիութիւն` յանուն դիրքապաշտութեան եւ գոյութենական պահպանումին:

Ինչեւէ,

Ինչպէս շատերու, նաեւ մեզի համար ա՛լ համոզում է, որ համայնքայնութիւնը ոչ միայն կուրցուցած է լիբանանցիին հոգեմտային աշխարհը, այլ նաեւ փճացուցած է հասարակական ողջ տրամաբանութիւնը, դէպի ապագայ նայելու կարողութիւնը:

Փաստօրէն, 1943-ին, երբ Լիբանան իր անկախութիւնը կը հռչակէր, օգտուելով այդ օրերու աշխարհաքաղաքական ու պատերազմական վիճակներէ, յայտնապէս չէր գիտակցած, թէ Սահմանադրութիւնը, որ ծնունդն էր տքնաջան աշխատանքի, եթէ երբեք կեանքի փորձարկումներու թէ քաղաքական նկրտումներու բովէն չանցնէր, այլապէս պատճառ պիտի դառնար անդոհանքներու, եղբայրասպան կռիւներու, եւ օր մըն ալ պիտի փլուզուէր ամբողջ պետական կարգն ու սարքը:

Աւելի՛ն. ներքին խաչագողները, որոնք պետութեան եօթը գլխանի վիշապի մը ուժը կը ներկայացնեն, աւելի քան հարիւր տարի է, լիբանանցին կեղեքեցին, առանց խղճմտանքի քաղաքացին ստորնացուցին, կողոպտեցին, սատակի վերածեցին, եւ այժմ կը շարունակեն լիբանանցի ժողովուրդի դիակն անգամ յօշոտել:

Այս մարդակերները, ցաւ ի սիրտ, կը շարունակեն շնչել եւ ապրիլ, իսկ համեստ ու աստուածավախ քաղաքացին իր գոյութեան քարշ կու տայ եւ կը սպասէ մօտալուտ սպանդանոցին:

Այսօրուան Լիբանանը կ՛ապրի իր դժբախտութեան ամէնէն վատ օրերը: Մէկ կողմէ պետական համակարգի քայքայումը կը սպառնայ երկրի ամբողջական փլուզումին, մասնատումին, միւս կողմէ փտածութիւնը` բարձր մակարդակի կողոպուտը, կը շարունակէ իր աւերները գործել եւ սպառնալ երկրի գոյութեան:

Երբեմնի համայնքային հատուածականութիւնը, այսինքն որոշակի համայնքի մը տիրապետումը` երկրի քաղաքական վերնախաւին, այսօր փոխարինուած է բազմահատուածականութեամբ, երբ իւրաքանչիւր համայքի ներկայացուցիչ, ատիկա ըլլայ կրօնական թէ քաղաքական, կը փորձէ իր շահերը ապահովել, պետական դիրքերը ամրացնել եւ առաւելագոյնս օգտուիլ ստեղծուած խաժամուժ վիճակէն:

Թող ներեն մեր նախնիները, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած էին եւ իրենց շունչը քաշած հիւրընկալ այս երկրի ափերուն, անոնք յաճախ կը յիշեցնէին, որ երախտապարտ պէտք է ըլլալ այս ժողովուրդին: Եկած է ժամանակը, որ, ըստ երեւոյթին, պիտի ըսենք, որ անոնք «սխալած էին» իրենց գնահատումին մէջ, ոչ թէ երախտագէտի առումով, այլ նաեւ «բնիկ» ժողովուրդին կառուցուածքը հասկնալ չկարենալուն համար:

Այո՛, շինարար, աշխատասէր, իր քաղաքացիական պարտականութեան եւ պարտաւորութեան հաւատարիմ լիբանանահայութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ իր ամէնէն դաժան օրերը, հակառակ ներազգային կեանքի իրերօգնութեան նուիրական աշխատանքին:

Թէեւ իբրեւ լիբանանահայութիւն պարտաւոր ենք տոկալ եւ նուազագոյն վնասով դուրս գալ դժոխային այս վիճակէն, այդուհանդերձ, եկած է ժամանակը նաեւ վերատեսութեան ենթարկելու աշխատանքային մեր ողջ ուղղուածութիւնը, ատիկա ըլլայ կրօնական, քաղաքական, գաղափարական թէ միութենական:

Քաջութիւն է պէտք նախաձեռնելու յստակ ծրագիրներու մշակման եւ անյապաղ իրագործման, որպէսզի յառաջիկային համայնքի դիմագիծն ու ուժը, դիմադրողականութիւնն ու առաքելութիւնը առաւել ամրապնդուի:

Հնաբոյր եւ նեխած կարգախօսները մեզ հասցուցին այս օրուան:

Արդ,

երբ գաղութարարը ինք ժողովուրդի մը կը շնորհէ անկախութիւն եւ զայն «կը պահէ» իր հովանիին ու ափին մէջ,

երբ ժողովուրդի մը պատմութեան էջերուն բացակայ են հերոսապատումներն ու ազգային արժանապատուութեան համար մղուած մաքառումները,

երբ համայնքայնութիւն կոչուած քաղցկեղը գերադաս է հաւաքական արժէքէ եւ նուիրական հասկացութենէ,

երբ ժողովուրդի մը հնամաշ բարքերը կը շարունակեն անարգել գործել, առանց դոյզն ինքնասրբագրումի, պայծառատեսութեան,

երբ ժողովուրդ մը կամովին գերին է դարձեր համայնքայնութիւն կոչուած ճամբարին եւ կը զուարճանայ իր համաքաղաքացին ատելով եւ սպաննելով,

երբ ժողովուրդ մը, այսպէս ըսած, գիտակից է իր տառապանքին ու ցաւին խոր պատճառներուն, սակայն կրկին կ՛ընտրէ իր դահիճը եւ կ՛երկրպագի անոր դիմաց,

երբ երիտասարդութիւն մը, մոռնալով իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը, կամքն ու նախաձեռնութեան ոգին, կը փարի օտարածին շրջանակներու, ինչ-ինչ լոզունքներու թիրախ դառնալով,

երբ օտարի ծառայութեան կոչուած քաղաքական վերնախաւ մը կը փորձէ ամէն գնով ստրկացնել իր շրջապատը եւ բռնատէրի իր արդի ըմբռնումները պահել,

Ա՛լ ինչ խօսք անկախութեան տարեդարձի մասին:

 

 

Նախորդը

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

Յաջորդը

Առանց Արժանապատուութեան` Ի՞նչ Անկախութիւն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?