Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միտք, Խիղճ Եւ Հաւատք

December 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

Ներկայ աշխարհը արագընթաց զարգացման իրավիճակ ունի: Արդիականութեան գաղափարը շուտով թափանցեց արհեստներէն եւ արուեստներէն ներս: Գիտութիւնը եւս ողջունեց այս մեթոտը: Աւելի՛ն. զայն որդեգրեց որպէս նոր յայտնաբերումներու եւ շահեկան եզրակացութիւններու նպաստող գործնական միջոց: Մասնագէտներ սկսան մասամբ մը լուսաբանական բացատրութիւններ տալ որոշ  երեւոյթներու մասին, նոյնիսկ լուծումներ առաջարկեցին խորթ թուացող անլուծելի խնդիրներու նկատմամբ:

Նորարարութիւնը այլեւս անբաժան եղաւ մեր կեանքէն: Այլ խօսքով, կարիքներ բաւարարող, պահանջներ գոհացնող եւ առողջական անլուծելի հարցերէն ազատող կարեւոր տուեալ հանդիսացաւ:

Միտքի զարգացման շօշափելի իրականութիւնն է նորարարութիւնը: Փնտռտուքներու եւ փոձարկումներու լոյսին տակ գիտութիւնը իր ըսելիքը ունեցաւ երբեմն մեղմ ակնարկով եւ երբեմն` համարձակ ոճով: Բայց միաժամանակ շատեր այս դրութեան մէջ խղճի ձայնը երկրորդական համարեցին, հաւատքի ճշմարտութիւնները էական չնկատեցին եւ միայն միտքի ճարտարութեամբ հարցեր լուծելու ուղիներ որոնեցին: Սակայն կարելի չէ միայն միտքով նայիլ աշխարհին: Միտքը խղճի ձայնով եւ հաւատքի զտարանով կ՛ունենայ` յստակ հեռանկար, պայծառ հորիզոն, շահեկան նպատակ, աստուածահաճոյ մղում եւ մարդասիրական հակում: Այլապէս միտքը հետամուտ կ՛ըլլայ սխալ պատկերացումներու, անհեթեթութիւններու եւ ինքնահաճոյ ցանկութիւններու:

Կան խելացի եւ սրամիտ մարդիկ, որոնք իրենց փափաքները կատարելու համար հնարամտութեամբ յարմարագոյն առիթը կ՛օգտագործեն, բայց, աւա՜ղ, չկան անոնց արարքներուն բարի պտուղը, օգտաշատ արդիւնքը, դրական անդրադարձը եւ հոգեշահ հետեւանքը: Սատանան ալ ունի արագ շարժելու եւ համոզելու բազմահազար հնարքներ: Ան մեղքի առաջնորդելու համար կը փորձէ եւ կը խաբէ, որպէսզի անխնայ կերպով մոլորեցնէ: Աւետարանին մէջ բազմաթիւ հոմանիշներ յիշուած են, որոնք ցոյց կու տան սատանային նկարագրային գիծերը եւ անունները: Օրինակ` «Մարդասպան», «Չարախօս», «Ստութեան հայր»:

Կարելի է ըսել, որ մտքի թռիչքներու երկու թեւերն են հաւատքը եւ խիղճը: Ողջմիտը կը ծրագրէ, արթուն խիղճ ունեցողը կը կշռադատէ, եւ հաւատքով ընթացողը բարին կ՛ընտրէ: Երբ մարդը իր միտքին, խղճին եւ հաւատքին նկատմամբ բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերէ, այն ատեն կը լծուի աշխարհը գեղեցկացնելու վսեմ արուեստին, վեհ աշխատանքին եւ առաքինի վարքով կ՛արտացոլացնէ իր ներաշխարհին գեղեցկութիւնը: Ուրեմն միտքը, խիղճը եւ հաւատքը ընկերակիցներ են: Իրարու հետ ներդաշնակ կշռոյթով, զուգահեռ կերպով, վայելուչ ներկայութեամբ եւ սերտ գործակցութեամբ կրնան ազատութեան սատարել` առանց ծայրայեղութեան, նորարարութեան նպաստել` առանց աւելորդաբանութեան եւ մարդկայնութեան համար գործել` առանց քմահաճութեան:

Յաճախ անմտութեան, անխղճութեան եւ թերահաւատութեան պատճառով մարդիկ սրբութիւններ պղծած, հարցեր բարդացուցած, յարաբերութիւններ խզած, իրաւունքներ յափշտակած եւ արժէքներ ոտնակոխած են:

Ներկայ չար աշխարհին մէջ Աստուծոյ ապաւինողը, ի տես մեղքի եւ մոլութեան հոսանքներուն, յարատեւ կը պայքարի` սրբադրոշմ դաւանանք եւ բարոյական նշանաբան ունենալով Պօղոս առաքեալին այժմէական այն խրատը, որ կ՛ըսէր. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը` գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն` ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ»: (Հռ 12.2)

Միտքի կայծերը տգիտութեան դէմ ըմբոստանալու նշաններ են:

Խղճին կանչերը անմարդկային արարքները դատապարտելու հրաւէրներ են:

Հաւատքի ճշմարտութիւնները աստուածասէր եւ այլասէր ըլլալու կ՛առաջնորդեն:

Հետեւաբար ընելիք ունինք: Ձեռնածալ չենք կրնար մնալ:

Որովհետեւ`

Միտքը դրամագլուխ է,
Հաւատքը հաշուեկշիռ է,
Իսկ խիղճը հաշուեքննիչ է:

(Հալէպ)

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ական Գրիչի Ու Միտքի Մեծ Երախտաւոր Սամուէլ Մկրտիչեանի Կորուստը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.