Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակին Ողջունելի Քայլը

December 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախին ու արցախցիին զօրավիգ կանգնող տարաբնոյթ ձեռնարկներու, մարդասիրական ծառայութիւններու, դիւանագիտական, քաղաքական աշխատանքներու չափ ալ կարեւոր են արցախցիին անհատապէս զօրակցելու, անոր հոգեվիճակը բարեփոխելու, աշխարհահայեացքը հարստացնելու եւ հայկական տարբեր համայնքներու հետ անոր գործակցութեան, փորձառութիւններու փոխանակման կարելիութիւնները բազմացնելու ծրագիրը:

Մարդուժի արդիւնաւէտ գործօններ կը համարուին ազգերու յառաջընթացին համար: Անոնց պատրաստութիւնը, որակաւորումն ու վերաորակաւորումը շատ կարեւոր գործընթացներ են, որոնք հարկ է որ բանին անընդմէջ` տուեալ ազգին ապագան երաշխաւորելու հեռանկարով:

Հայ կեանքին մարդուժի հասցնող ամէնէն հիմնական պատասխանատուները երիտասարդական կազմակերպութիւններն են: Առաջադրանքները, ժամանակի եւ պայմաններու փոփոխութեան առընթեր, նոր տեսք ու էութիւն կը ստանան: Այսօր արդէն ներկայ եղանակներուն թելադրած կանոնները կը պարտաւորեցնեն թէ՛ աշխարհընկալման եւ թէ՛ հայ կեանքի ոլորտներու արդիականացման կարեւոր ուղղութիւններու իւրացումը եւ ըստ այդմ աշխատելաոճերու որդեգրումը:

Մասնագիտացման դար է նաեւ երիտասարդական հարցերով զբաղող կողմերու համար:

Հայ կեանքի պարագային, այս ոլորտը արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, յատկապէս երբ սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մեր երիտասարդները ագուցուած կ՛ըլլան իրենց ծրագիրներով, աշխարհընկալման տարբերութիւններով եւ փորձառութիւններով:

Ժամանակակից պայմաններուն թելադրած օրինաչափութիւններուն ընդառաջ, Արցախի մեր երիտասարդական զինանոցը թարմացնելու եւ աշխուժացնելու հեռանկարով, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը  նախաձեռնած է Արցախ-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման ու հզօրացման` ե՛ւ համահայկական, ե՛ւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու մակարդակներով: Այս ծրագիրին որպէս արդիւնք`  22 նոյեմբերին Սուրիա ժամանեցին Արցախի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներ:

Անոնք իրենց կեցութեան ընթացքին ծանօթացան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն, մասնակցեցան վարժողական համապատասխան ծրագիրներու եւ նպաստեցին փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին:

Յաճախ շեշտած ենք, որ նուիրումն ու բարոյախօսական կարգախօսները հարցեր չեն լուծեր: Ուստի մարդուժի պատրաստութիւնը, բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ, մեծ ներդրում կրնայ ունենալ յատկապէս Արցախի մեր չքնաղ երիտասարդութեան զօրակցութեան մարզին: Նման ծրագիր կը նպաստէ ՀՅԴ կառոյցներու մէջ գործող մեր երիտասարդութեան կապերու ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման: Այսպիսի կապեր կը նպաստեն համահայկական հարցերու ամբողջական ընկալումը եւ անոնց լուծումներու ծրագրաւորման ատաղձը ունեցող երիտասարդական ուժի ձեռքբերման:

Թող այս ծրագիրը ընդլայնի եւ մեծաթիւ երիտասարդներ ընդգրկէ:

Նախորդը

Դպրեվանքին Մէջ Արցախի Նուիրուած Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Նշմար. Նոր Ձիւնագնդակը Կը Սկսի Թաւալիլ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.