Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհարազատ Այցելութիւն

Նոյեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Տեսուչ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգեւոր ճեմարանի

Հայաստանի Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանին մէջ որքան բերկրանք եւ հրճուանք կը պատճառէ մեզ` հիւրընկալել Լիբանանէն ժամանած իւրաքանչիւր հայորդիի այցը , ալ ո՛ւր մնաց այդ անձը ըլլայ բոլորիս համար հոգեհարազատ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեցինք Հայաստանի ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներն ու անոնց ելքեր որոնելու ուղիները:

Մեր սրտբաց զրոյցը հոգեկան գոհունակութիւն պարգեւեց եւ յուշեց, որ Լիբանանէն դուրս` անգամ մայր հայրենիքի մէջ հայը հաւատարիմ է իր ծննդավայրին ու միշտ եւ ամէնուր պատրաստ է աջակցելու ու նեցուկ կանգնելու այնտեղ ապրող իր հայրենակիցներուն:

Անցեալին Իրաքն էր, երէկ Սուրիան, իսկ այսօր` Լիբանանը, բոլորին պարագային սփիւռքահայը ձեռնածալ չմնաց եւ դիտորդի դիրք չորդեգրեց, այլ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որ տուեալ երկրի մէջ տառապող եւ տուժող հայը նուազագոյն վնասով դուրս գայ:

Յար եւ նման բազում-բազմապիսի հրատապ հարցեր արծարծեցինք:

Այցելութեան ընթացքին Յ. Բագրատունին մօտէն ծանօթացաւ հոգեւոր ճեմարանին մէջ մեր ծաւալած ազգանուէր եւ հոգեւոր արժէքներով լի առաքելութեան` ժառանգաւորներու առօրեային եւ անոնց օրակարգին: Ան շրջեցաւ Ճեմարանի յարկերը` ժողովրդապետութեանս եկեղեցին, դասարանները, խաղավայրը, հիւրասենեակն ու ճաշասրահը, ինչպէս նաեւ` մոմաշինութեան փոքրիկ աշխատանոցը, ուր աշակերտները իրենց ձեռքերով կը պատրաստեն եկեղեցւոյ մոմերը:

Այցի աւարտին երեսփոխանը խոստացաւ միշտ այցելել մեզի եւ իր այցելութեամբ շէնցնել մեր կրթօճախը:

Երեւան

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը, Դիմադրութիւն, Արմատականութիւն

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?