Հասարակութիւնը` Ի Խնդիր Կնոջ
Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Անկախութեան
Հ. Գ.
Իրաւունքները չեն հրամցուիր: Անոնց կարելի է միայն տիրանալ` պայքարի իբրեւ արդիւնք: Տնտեսական եւ ելեւմտական անկախութիւնը կը հանդիսանայ այս պայքարի յաջողութեան հիմնական միջոցներէն մէկը` նկատի ունենալով, որ այդ անկախութիւնը խթան կը հանդիսանայ այլ իրաւունքներու ձեռքբերման:
Աշխատանքի իրաւունքը, որ կը հանդիսանայ անհատին տնտեսական եւ ելեւմտական անկախութեան հիմնական միջոցը, ամրագրուած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին մէջ, որուն հիման վրայ անիկա մուտք գործած է զանազան միջազգային օրէնքներու եւ ազգային սահմանադրութիւններու մէջ:
Այս առումով, կնոջ աշխատանքի իրաւունքի պահանջատիրութեան արդար իրագործումը հիմնաքար մըն է անոր տնտեսական եւ ելեւմտական անկախութեան, եւ այդ ճամբով` թէ՛ կնոջ եւ թէ՛ հասարակութեան այլ իրաւունքներու տիրացումին եւ ապահովման:
Համաշխարհային դրամատան 2019-ի նախաքովիտեան տուեալներուն հիման վրայ, կիները կը կազմեն միջազգային աշխատուժին 38,9 առ հարիւրը: Համեմատութիւնը կը տարբերի զանազան երկիրներու մէջ: Օրինակի համար, Եւրոպական Միութեան մէջ կիները կը կազմեն աշխատաուժին 45,9 առ հարիւրը, մինչ արաբական երկիրներուն մէջ այդ համեմատութիւնը միայն 20,4 առ հարիւր է (Լիբանան` 24,5 առ հարիւր, Հայաստան` 44,2 առ հարիւր):
Քանակականէն անդին, հիմնական հարցը կը կայանայ որակականին մէջ, որով հաստատուած կ՛ըլլայ կնոջ աշխատանքային արդիւնաւէտութիւնը, իրաւունքներու ապահովումը եւ հիմնականին մէջ` կնոջ դերակատարութիւնը միջավայրին եւ ընդհանրապէս երկրին ընկերային, հասարակական եւ տնտեսական արդիւնաբերութեան եւ վերելքին մէջ, որոնց ճամբով կինը պիտի կարենայ առաջին հերթին ապահովել եւ ապա պահպանել իր իրաւունքները, հաւասար կերպով մասնակից դառնալ երկրին բարօրութեան եւ, մասնաւորաբար, թօթափել որեւէ տեսակի աշխատանքային կամ անհատական ոտնձգութիւն:
Յատկապէս միջինարեւելեան ու նաեւ հայկական ընկերութիւններուն մէջ, որոնք հիմնուած են նահապետական հասարակութեան սկզբունքներու վրայ, եւ ուր կինը հիմնականօրէն ստանձնած է սերունդի դաստիարակութեան եւ տնային տնտեսութեան պարտականութիւնները, կնոջ «վերապահուած են» աշխատանքային ա՛յն գործնադաշտերը, որոնք արգելք չեն հանդիսանար վերոյիշեալ պարտականութիւններուն իրագործման եւ աւելիով կ՛ամրապնդեն զայն, ինչպէս, օրինակ, կրթական եւ ուսուցչութեան ասպարէզ, կիսաժամ վարչական աշխատանքներ (քարտուղարութիւն, գրասենեակային գործունէութիւն, դրամատնային ասպարէզ եւ այլն), առողջապահական մարզ (բուժքոյր, ընկերային ծառայութիւն եւ այլն):
Ի տարբերութիւն արեւմտեան ընկերութիւններուն, ուր տասնամեակներէ ի վեր եւ յատկապէս 1970-ական թուականներէն սկսեալ գոյութիւն ունին ա՛յն կառոյցները, օրէնքները եւ ապահովագրութիւնները, որոնք կ՛ապահովեն ընտանիքի փոքր անդամներուն բնական զարգացումը մօրը բացակայութեան ընթացքին կամ կ՛երաշխաւորեն գործատեղիէն կնոջ ժամանակաւոր բացակայութիւնը` ընտանեկան պարտականութիւններուն եւ «պարտաւորութիւններուն» ընթացքին, նահապետական հասարակութեան մէջ այդ կառոյցներու հաստատումը (մանկամսուրներ, տնային պէտքերու հոգածութիւն) համատարած չէ, եւ բացակայ են ա՛յն օրէնսդրութիւնները, որոնք կը պաշտպանեն կնոջ իրաւունքը ժամանակաւոր բացակայութիւններու ընթացքին (ծննդաբերութիւն, մանուկներու կամ տարեցներու բժշկական հոգատարութիւն եւ այլն):
Վերոյիշեալ իրականութեան դիմաց, որուն վրայ կ՛աւելնան նաեւ մեր շրջանակին հասարակական «թապուները», կինը չի յաջողիր շինիչ եւ գործնական մրցակիցը դառնալ արական սեռին «վերապահուած» աշխատանքային լայն եւ ընդարձակ մարզերուն, հաւասար, ամբողջական եւ զանգուածային կերպով մուտք գործել աշխատանքային բարձրագոյն ասպարէզներէն ներս (քաղաքական, արդիւնաբերական, իրաւական, ճարտարարուեստ, ազատ ասպարէզ եւ մասնաւորաբար միջազգային ու համաշխարհային ընկերութիւններու օրէնսդիր եւ գործադիր բարձրագոյն մարմիններուն մէջ), պայքարելու համար ի խնդիր իր ընդհանրական իրաւունքներուն տիրացման, եւ ապահովելու համար թէ՛ դիրքային, թէ՛ ելեւմտական եւ թէ ընկերային անկախութիւնը:
Այս առումով եւ նոյն պայմաններուն տակ, արական սեռը հեռու կը մնայ կնոջ «վերապահուած» ասպարէզներէն` աւելիով ամրագրելով նահապետական հասարակութեան ստեղծած բացասական իրականութիւնը:
Կինը միակ տուժողը չէ այս կացութեան հետեւանքներէն: Որեւէ անհաւասակշռութիւն չ՛արտօներ եւ նոյնիսկ կը խափանէ ընկերութեան առողջ զարգացումն ու արդիւնաբերութիւնը:
Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն
Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:
- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 01-253796
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
- Abaad 01-283820
- Himaya 03-414964
- Idraac 01-583583
- Embrace 1564
- Kafa 1745