Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Տիեզերական Աղօթք Եւ Հանդիպում Ֆրանսիս Պապին Հետ

December 4, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին, Կիպրոսի Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոսին եւ Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ «Սուրբ Խաչ» Լատին եկեղեցւոյ մէջ տիեզերական աղօթքի արարողութեան Հռոմի Պապի եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք՝ Բիեռպաթիսթա Բիզապալլայի հանդիսապետութեամբ ու մասնակցութեամբ խումբ մը կղզին ապաստանած գաղթականներու եւ փախստականներու:

Աղօթքի արարողութենէն ետք, Շուէտի դեսպանութեան հովանիին տակ գործող Religious Track-ի նախօրօք համադրուած ծրագրին, Սրբազան Պապը առանձին հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներուն հետ, ի ներկայութեան Շուէտի դեսպան՝ Պրն. Անտըրս Հէկէլպէրկի եւ Religious Track-ի գրասենեակի վարիչ՝ Տիկին Սալբի Էսքիճեանի հետ: Պրն. Դեսպանը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին, Նախագահական պալատէն ներս պաշտօնական իր պատգամին մէջ յատուկ կերպով անդրադառնալուն Religious Track-ի դերին, աշխատանքներուն եւ առաքելութեան: Իւրաքանչիւր կրօնապետ իր կարգին առիթ ունեցաւ ողջունելու Սրբազան Պապը: Սրբազան Հայրը, նախ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի եղբայրական ողջոյնները ու ապա, Կրօնական, Ազգային Ժողովներու եւ Կիպրահայ Գաղութի անունով բարեմաղթութիւններ կատարեց: Բոլոր կրօնապետները ստացան յուշանուէր մը Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:

Յայտնենք, որ Կաթողիկոսական Փոխանորդը նաեւ պատեհութիւնը ունեցաւ զրուցելու Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին եւ Լիբանանի Մարոնիթներու Ռայի Պատրիարքին հետ, որուն՝ տասնեակ տարիներու ընտանեկան բարեկամութիւն եւ մտերմութիւն ունի իր ծննդավայր Ճիպէյլի (նախքին՝ Պիպլոս – Լիբանան) օրերէն:

Արարողութեան աւարտին, Radio Vatican-ը անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով հարցազրոյց մը կատարեց Սրբազան Հօր հետ, Պապին Կիպրոս այցելութեան եւ գաղթական-փախստականներու վերաբերեալ: Կաթողիկոսական Փոխանորդը պատասխանելով բոլոր հարցումներուն ընդհանրապէս արտայայտուելէ ետք գաղթականներուն ու փախստականներուն Միջին Արեւելքի եւ այլ երկիրներէն, մասնաւորապէս կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին, անցեալ տարի Արցախեան 44օրեայ պատերազմին Ազերիներու կողմէ սկսուած ու տարբեր ազգերու ե՛ւ յատկապէս Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ, որուն հետեւանքով անկախ բազմահազար նահատակներու, անյայտ կորսուածներու, հարիւրաւոր գերիներուն, այսօր նաեւ բազմահազար հայ գաղթականներ ու անպատսպառեալներ կան, որոնց մասին աշխարհը լուռ կը մնայ… ըսաւ Սրբազանը: Ապա, մաղթեց որ զէնքերու համար մսխուած անեզր գումարները, երանի մարդոց հիւանդութիւնները բժշկելու եւ աշխարհին խաղաղաղութեան համար տրամադրուին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

4 Դեկտեմբեր 2021

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Բանակցութիւնները Լաւ Կ՛ընթանան, Սակայն Դանդաղ Են»

Յաջորդը

«Օմիքրոն»-ը` Աշխարհի 30 Երկիրներու Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.