Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Դեկտեմբեր 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶՈՄ

Մեր խօսքը` Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւին առիթով

16 Օրերու Փոխարէն` 365 Օր
Պայքարիլ Սեռային Բռնութեան Դէմ

Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ անհատը, աշխարհի ո՛ր կողմն ալ գտնուի, ունենայ իր մարդկային հիմնական իրաւունքները` անկախ իր պատկանելիութենէն (ազգ, սեռ, գոյն, կրօն, լեզու, եւլն): Այս իրաւունքներու օրինակներէն են` ինքնութիւն ունենալը, բռնութենէ եւ խտրականութենէ զերծ ապրիլը, կրթութիւն ստանալը, սեփականութիւն ունենալը, քուէարկելը, արժանավայել աշխատավարձով վարձատրուիլը եւ այլն:

Սակայն այս մէկը ընդհանրապէս չի գործադրուիր: Աշխարհասփիւռ անթիւ կիներ ու աղջիկներ կ՛ենթարկուին սեռի հիմամբ անհաւասար վերաբերմունքի, որ ի վերջոյ կը յանգի սեռային բռնութեան:

Երկար տարիներ կիներու իրաւունքներու շարժումները ջանասիրաբար պայքարած են այս անհաւասարութիւնները չէզոքացնելու համար` զանազան օրէնքներ փոխելով եւ կիներու իրաւունքները պահանջելով: Ընկերային ցանցերու այս դարաշրջանին #MeToo արշաւին նման շարժումներ ի յայտ կու գան, որոնք կը բացայայտեն եւ լուսարձակի տակ կ՛առնեն սեռային բռնութիւնն ու անկէ բխած յոռի երեւոյթները: Այս շարժումներու ընդմէջէն, կիներ, աշխարհի բոլոր կողմերը զօրաշարժի ենթարկուած, հաւաքական ուժերով, ոտքի կանգնած` կը պահանջեն իրենց իրաւունքները:

Մեր հասարակութեան մէջ վատ սովորութիւն մը դարձած է այն հակազդեցութիւնը, երբ սեռային բռնութեան ենթարկուած անձեր ահաբեկումներու կամ սպառնալիքներու մատնուելով` լուռ կը մնան եւ չեն արձագանգեր բռնութեան դէպքերուն մասին: Անոնք լռութեան կը դիմեն` համոզուած ըլլալով, որ ոչ ոք լուրջի պիտի առնէ իրենց կոչերը, եւ իրենք պիտի նկատուին իբրեւ հիմնական յանցաւորներ:

Կարեւոր է նաեւ նշել, որ մեր շրջապատին մէջ չունինք բաւարար հաստատութիւններ, որոնք կ’օժանդակեն սեռային բռնութիւններէ վերապրողներուն: Նաեւ իրաւական մակարդակի վրայ օրէնքները եւ դատական դրոյթները չեն քաջալերեր, որ վերապրողները արտայայտուին եւ բաժնեկցին իրենց պատմութիւնները: Իսկ երբ պատահի, որ անոնք արձագանգեն այդ բռնութիւններուն մասին, շատ յաճախ օրէնքը կը պաշտպանէ յանցագործներն ու բռնութիւն կիրարկողները, որոնք չեն պատժուիր եւ չեն կրեր իրենց գործած յանցագործութիւններուն հետեւանքները:

2021 թուականը «16-օրեայ արշաւ` սեռային հիմքի վրայ կատարուող բռնութեան դէմ» միջազգային արշաւին սկզբնաւորման 30-ամեակն է: Այս կը նշանակէ, որ 30 տարիներէ ի վեր պայքար կը մղուի իգական սեռի հանդէպ խտրականութեան երեւոյթներու վերացման, եւ բռնութիւնները կանխարգիլելու առնչութեամբ:

Մարդկութիւնը կը պահանջէ յարգել ու պաշտպանել ուրիշի իրաւունքը, ու կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները մարդկային ըլլալով` հարկ է պաշտպանել զանոնք:

Իբրեւ ուսանողներ եւ երիտասարդներ` համոզուած ենք, որ պէտք է զօրակցիլ բոլոր անիրաւուածներուն, որպէսզի անոնք քաջ գիտակցին, որ մինակ չեն: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ բոլորս պէտք է նախ առիթ տանք, որ բռնութեան մատնուածները, յատկապէս` կիներն ու աղջիկները, բարձրաձայնեն իրենց պատմութիւնները, եւ ապա մենք պատրաստ ըլլանք մտիկ ընելու անոնց: Պէտք է ստեղծենք հարթակ մը, ուր վերապրողները անյայտ կամ բացայայտ ձեւով իրենց փորձառութեան մասին արտայայտուելու կարելիութիւն ունենան:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ըլլան անոնք կին կամ տղամարդ, երիտասարդ կամ տարեց, որ միանան մեզի եւ կիներու ու աղջիկներու հանդէպ խտրութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին:  Բոլորս պէտք է դառնանք կիներու եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութեան ջատագովներ:

Կը հաւատանք, որ կարելի է բռնութենէ զերծ աշխարհ մը ունենալ: Սակայն այս տեսլականը իրականութիւն դարձնելու համար մեր բոլորէն կը պահանջուի քաջութիւն, հաստատակամութիւն եւ համագործակցութիւն:

Եկէ՛ք` պայքարինք կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար, սեռային անհաւասարութիւններու ու բռնութեան դէմ, ոչ միայն այս 16 օրերուն, այլ` տարուան 365 օրերուն ընթացքին:

 

Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն

Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:

  • ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն  01-253796
  • «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
  • Ազգային առաջնորդարանի ընկերային  ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
  • Abaad 01-283820
  • Himaya 03-414964
  • Idraac 01-583583
  • Embrace 1564
  • Kafa 1745
Նախորդը

Շողիկին «Երազ»-ը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Միաբանական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

Սեպտեմբեր 27, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Մեղաւոր Է… Դաշնակցութիւնը

Սեպտեմբեր 27, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Բոլորս Արցախ Ենք

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In