Երեխաներու Չարաշահումը
Եւ Պաշտպանումը
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՒՃԷԼԵԱՆ
Բռնութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ յաճախ աննկատ կ՛անցնի երեխաներու չարաշահումը: Ըստ ՄԱԿ-ի Երեխայի իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրին, երեխայ են բոլոր անոնք, որոնք 18 տարեկանը չեն ամբողջացուցած: Ուրեմն, իրականութեան մէջ, ինչպէս չափահասները, մանուկները նաեւ, յատկապէս աղջիկները, զոհեր են բռնութեան` ֆիզիքական, հոգեբանական, անտեսման եւ կամ սեռային:
Երեխայի չարաշահումը որեւէ ձեւի վարք է, որ վնաս կը հասցնէ երեխային. անիկա կանխամտածուած անառողջ վերաբերմունք է, որ կրնայ վնասել` երեխային ապահովութեան, բարեկեցութեան, արժանապատուութեան եւ զարգացումին: Երեխայ մը չարաշահումի կրնայ ենթարկուիլ ոչ միային «օտար»-ի մը կողմէ, այլ նաեւ «վստահելի» ծանօթի մը, ինչպէս` ծնողք, խնամող, ուսուցիչ, ընտանիքի անդամ, դրացի կամ բարեկամ եւ այլն:
Սեռային, ֆիզիքական կամ նոյնիսկ հոգեբանական բռնութիւն կիրարկողները իրենք զիրենք կը փորձեն արդարացնել տարբեր առարկութիւններով, ինչպէս` կարգապահութիւնը, «սէրը», կատակը, մշակութային աւանդութիւնները, կրօնի արտօնութիւնը, տնտեսական ծանր պայմանները, կամ նոյնիսկ երեխայի իսկ համաձայնութիւնը կամ թոյլտուութիւնը` տուեալ արարքի մը: Սակայն, ի՛նչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, ո՛վ որ ալ ըլլայ բռնութեան ենթարկողը, երեխայի չարաշահումն ու անոր նկատմամբ բռնութիւնը անընդունելի եւ անարդարացուցիչ են:
Չարաշահման տեսակները
Չարաշահումը կ՛ենթադրէ դաժանութեան կամ բռնութեան վերաբերմունք: Ան յաճախ տեղի կ՛ունենայ կանոնաւորապէս կամ կրկնակի: Չարաշահման չորս հիմնական տեսակ կայ:
Ա.- Ֆիզիքական. Երեխայի նկատմամբ ֆիզիքական ուժի օգտագործումը, ինչպէս ծեծն ու չարչարանքը:
Բ.- Սեռային. Երեխայի եւ չափահասի միջեւ որեւէ սեռային շփում, ինչպէս` սեռային ոտնձգութիւն, բռնաբարում, երեխան անպատշաճօրէն դիտել, մծղնէութիւն (ընտանիքի անդամներու միջեւ սեռային յարաբերութիւն), պոռնկագրութեան բովանդակութիւն դիտեցնել եւ կամ նկարահանել, համացանցի վրայ շահագործում եւ այլն:
Գ.- Հոգեբանական. Երեխան զրկել սիրոյ, ապահով եւ ընդունուած զգալու իրաւունքէն: Մանուկի զգացական եւ հոգեկան շահագործումը, զայն մեկուսացնելը, պուլիինկ-ի ենթարկելը, ոչ կառուցողական քննադատութիւնը` բոլորն ալ հոգեբանական չարաշահման օրինակներ են:
Դ.- Անտեսում. Երեխային չտրամադրել անհրաժեշտ իրերը եւ պայմանները` իր գոյատեւման եւ աճման համար, ինչպէս` պատսպարանը, սնունդը, մաքրութիւնը, վերահսկողութիւնը, բժշկութիւնը, կրթութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
Չարաշահման նշանները
Չարաշահման ենթարկուած երեխան խառնաշփոթ վիճակ մը կրնայ ունենալ: Մեղաւոր, յանցաւոր եւ շուարած կը զգայ: Յաճախ վախի ու սարսափի պատճառով լուռ կը մնայ եւ չի պատմեր չարաշահման մասին, մանաւանդ եթէ բռնարարը ծնող է, ազգական կամ ընտանիքի բարեկամ: Երեխային լռութեան պատճառներէն է այն, որ ինք կը կարծէ, թէ ոչ ոք պիտի հաւատայ իր ըսածներուն, տրուած ըլլալով, որ ամբաստանուածը «հոգատար եւ վստահելի» կարգավիճակի մէջ է: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ մանուկի վարուելակերպին եւ ընդգծել արտասովոր կամ մտահոգութիւն պատճառող արարքեր, կեցուածքներ կամ արտայայտութիւններ:
Վերջինս կրնայ բացայայտուիլ հետեւեալ դէպքերով. երեխային` ընկերներէ հեռանալով, սովորական գործողութիւններէ դադրելով, վարքի անհասկնալի փոփոխութիւններով, նախայարձակի վիճակի մէջ ըլլալով, դասերէ եւ դպրոցական աշխատանքէ ետ մնալով, զայրոյթով, թշնամութեամբ, ընկճուածութեամբ, անհանգստութեամբ, տունէն կամ դպրոցէն փախուստի փորձերով, ինքզինք վնասելու եւ/կամ անձնասպանութեան փորձերով եւ այլն:
Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր պարագայ տարբեր է, ուրեմն իւրաքանչիւր երեխայ կրնայ տարբեր ձեւով հակազդել կամ վերաբերիլ պատահածին: Չարաշահման նշանները եւ ախտանիշերը կը տարբերին` ըստ չարաշահման տեսակին: Օրինակ, ֆիզիքական բռնութեան իբրեւ հետեւանք` կրնանք երեխային մարմնին վրայ գտնել անբացատրելի վէրքեր, ինչպէս` կապտուկներ, կոտրուածքներ կամ այրուածքներ: Սեռային բռնութեան մէջ կարելի է տեսնել երեխային ոչ պատշաճ սեռային գիտելիքները եւ վարքը, կամ իր ներքնազգեստերուն մէջ արիւն գտնելը, հասակակիցներու հետ սեռային անառողջ շփումը, իրենց մարմնի սեռական բաժիններուն հանդէպ չափազանց հետաքրքրութիւնը, սեռավարակները (sexually transmitted infections), միզարձակութիւնը (enuresis), ինչպէս նաեւ` յղութիւն: Հոգեբանական բռնութեան հետ կապուած` երեխան կրնայ տառապիլ ինքնավստահութեան եւ ինքնասիրութեան կորուստէ, զգացական եւ ընկերային տհասութենէ, անապահով կապակցութիւններէ եւ կամ ուրիշերու հետ յարաբերելու անտարբերութենէ: Անտեսման պարագային, նկատելի կը դառնան հագուածքի նկատմամբ զգուշութեան, սննդառութեան, առողջապահութեան ու կրթութեան պակաս եւ շատ պարագաներու երեխան կը միանայ աշխատանքի շուկային:
Որոշ երեխաներ կը յաղթահարեն չարաշահման ֆիզիքական եւ հոգեբանական հետեւանքները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ունին ամուր ընկերային հոգատարութիւն եւ առաձգականութեան հմտութիւններ, որոնք կ՛օգնեն յաղթահարելու վատ փորձառութիւնները: Սակայն շատերու պարագային չարաշահումը կրնայ պատճառել առողջապահական եւ հոգեբանական լուրջ խնդիրներ, նոյնիսկ` դէպքէն տարիներ անց, եթէ անոնք չկասեցուին եւ համապատասխան բուժում ու խնամք չստանան:
Որպէս դարմանական հոգեբան (clinical psychologist)` այս պարագաներուն ծանօթ եմ, մանաւանդ` ի պաշտօնէ «Հիմայա» ոչ կառավարական կազմակերպութեան մէջ աշխատանքովս: 2008-էն ի վեր «Հիմայա»-ն ամբողջ Լիբանանի մակարդակով կ՛աշխատի երեխաներու ֆիզիքական եւ հոգեբանական ապահովութեան օրակարգով: Կ՛աշխատինք թէ՛ անիրաւուած երեխային, թէ՛ անոր ծնողքին, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ու ընկերութեան հետ, որպէսզի մանուկը ամէն տեսակի վտանգէ հեռու մնայ: Կը տրամադրենք հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, ծնողական ուղղութիւն, հասարակական ծրագիրներ եւ դասընթացքներ:
Ինչպէ՞ս աջակցիլ ձեր երեխաներուն
Ձեր երեխաները բռնութիւններէ պաշտպանելու համար պէտք է ձգտիք երեխաներու համար անվտանգ, կայուն եւ սնուցանող յարաբերութիւններ ապահովել:
Տուէ՛ք ձեր երեխաներուն սէր եւ ուշադրութիւն: Խնա՛մք տուէք ձեր մանուկներուն եւ երեխաներուն, լսեցէ՛ք եւ ներգրաւուեցէ՛ք իրենց կեանքերուն մէջ: Վստահութիւն եւ լաւ հաղորդակցութիւն զարգացուցէք ձեր միջեւ: Քաջալերեցէ՛ք ձեր երեխան` խօսելու ձեզի հետ, պատմելու ձեզի իրենց օրուան մասին, հաճոյքներուն եւ խնդիրներու մասին: Աջակցող ընտանեկան միջավայրը կրնայ խթանել ձեր երեխային ինքնասիրութիւնը եւ ինքնագնահատականի զգացումը:
Շեշտեցէ՛ք` երբ «ո՛չ» ըսել: Հետամուտ եղէք, որ ձեր երեխան հասկնայ, թէ ինք երբեք ստիպուած չէ որեւէ անպատշաճ բան ընելու, մանաւանդ եթէ անիկա սարսափելի կամ անյարմար կը թուի իրեն: Խրախուսեցէ՛ք ձեր երեխան` հեռանալու վախնալիք կացութիւններէ եւ օգնութիւն խնդրելու վստահելի մեծահասակէ մը: Ինչ որ պատահի, որքան որ «անընդունելի», «ամօթ» կամ «աններելի» թուի պատահածը, քաջալերեցէ՛ք ձեր երեխան խօսելու խնդիրին եւ պատահածին մասին ձեզի հետ եւ կամ մէկ այլ վստահելի մեծահասակի մը հետ (քոյր, եղբայր, ուսուցիչ եւ այլն): Հանգստացուցէ՛ք ձեր երեխան, որ լաւ է խօսիլ, խոստովանիլ, իրականութիւնը պատմել, եւ որ` ան պիտի չպատժուի պատմելուն կամ պատահածին համար, այլ զինք միշտ լսող, մտիկ ընող ու իրենց հաւատացող կայ:
Սորվեցուցէ՛ք ձեր երեխային, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահով մնալ համացանցի վրայ: Որոշ տարիքի մը համար համակարգիչը դրէք ձեր տան մէջ տեղ մը, ուր կրնաք դուք ալ տեսնել, ոչ թէ` երեխային ննջասենեակը: Օգտագործեցէք ծնողական հսկողութիւնները ձեր երեխային այցելած կայքերու տեսակները սահմանափակելու համար եւ ստուգեցէ՛ք ձեր երեխայի գաղտնիութեան կարգաւորումները ընկերային ցանցերու վրայ: Անկեղծօրէն խօսեցէք ձեր զաւակներուն հետ` համացանցի կարելիութիւններուն, առաւելութիւններու եւ վնասներուն մասին: Ընդգծեցէք կարեւորութիւնը անձնական տեղեկութիւններ, ոչ պատշաճ նկարներ եւ վիտէօներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորական կամ վախցնող հաղորդագրութիւն չփոխանակելու: Շեշտեցէք, որ պէտք չէ օտար հաշիւի մը հետ հաղորդակցիլ եւ կազմակերպել անձամբ կամ առցանց շփում` առանց ձեր թոյլտուութեան: Կարեւոր է հասկնալ, որ սեռային կամ հոգեբանական ոտնձգութիւնները կրնան նաեւ առցանց պատահիլ եւ անոնք նոյնքան անընդունելի ու պատժելի են:
Գաղութի բոլոր մակարդակներու վրայ պէտք է աշխատինք մանուկներու եւ երեխաներու նկատմամբ ամէն տեսակի բռնութիւնները կանխելու համար: Իւրաքանչիւրս դեր մը ունի կատարելիք: Բռնութեան զոհերուն անհրաժեշտ եւ անվճար հոգեբանական, ընկերային, բժշկական եւ իրաւական աջակցութիւն պէտք է տրամադրենք` թոյլ տալով, որ անոնք վերամիանան մեր իրականութեան` որպէս արդիւնաւէտ անդամներ: Զօրակցութիւն` բռնութեան ենթարկուողներուն: Հաշուետուութիւն` բռնարարներուն: Միասին պէտք է ձգտինք աւելի ապահով եւ հոգատար միջավայրի մը: