Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 1, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախօրօք ժամադրութեամբ Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Գերմանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Տիկին՝ Անգէ Սէչլիմ եւ հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:
Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այս առաջին այցելութեան համար, որ ծանօթացման բնոյթ ունէր եւ շնորհաւորեց Դեսպանին նոր պաշտօնի ստանձնումը եւ Կրօնական Դասուն ու Կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ ըրաւ:
Աւելի քան մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Գերմանիոյ եւ Հայ ժողովուրդի հետ առնչուած հարցեր, Արցախի պատերազմին եւ ներկայ իրավիճակին ներառեալ Հայաստանի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնն ու անուրանալիութիւնը եւ Պապին Կիպրոս այցելութեան առիթը:
Տիկին Դեսպանը խօսելով հայութեան մասին, հիացումով անդրադարձաւ սփիւռքի հայոց միասնականութեան եւ յատկապէս աշխարհի ամէն տարածքներուն անոնց դրական ներդրումին զանազան մարզերու մէջ:
Սրբազանը Հայրը մանրամասն տեղեկութիւններ ալ փոխանցեց Կիպրահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կառոյցներու, հայութեան դիմագրաւած դժուարութեանց, աշխատանքներուն, յաջողութիւններուն եւ ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներու մասին: Ապա, ան հարց տուաւ դեսպանին ի՞նչ է իր եւ Գերմանիոյ պետութեան կեցուածքն ու զգացումները Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած ըլլալու առնչութեամբ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

1 Դեկտեմբեր 2021
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովել Երեխան Տեղին Եւ Չափաւոր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.