«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին եւ այդ ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու եւ թղթածրարներու: Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել, իսկ լիբանանահայութեան թիւը` նուազում, Յ. Բագրատունի յայտնեց,...




















