Յարգա՛նք` Լուռ Աշխատողներուն
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօր, փաստօրէն, մեր կրթական, կրօնական, ազգային, ընկերային, մարզական եւ մշակութային բոլոր բնագաւառներուն մէջ տակաւին կան տոկուն սրտով, ամուր համոզումով, հաստատ հաւատքով եւ հպարտ պահուածքով հարիւրաւոր նուիրեալ պաշտօնեաներ, որոնք անցնող աւելի քան երկուքուկէս տարիներուն, հակառակ տնտեսական ծանր պայմաններուն, հակառակ «Քորոնա»-ի պարտադրած վիճակներուն եւ երկրին մնայուն անորոշ ու անհեռանկար վիճակին, տակաւին լուռ եւ անտրտունջ կը գործեն, կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն...




















